«Թուրքիա-Յունաստան յարաբերութիւնները յաջողութեան պատրուակներ չեն»
Տակաւին կը շարունակուի Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի դէպի Յունաստան կատարած այցելութեան եւ այդ միջոցին Լոզանի դաշնագիրը վերատեսութեան մատնելու մասին ըրած առաջարկներու արձագանգները։
Իսթանպուլի մէջ յունարէն լոյս տեսնող «Ափոյեւմաթինի» թերթին մէջ 18 Դեկտեմբեր Երկուշաբթի օր նախկին պոլսահայ Ալեքօ Փափատոփուլոսի հանրապետութեան նախագահին ուղղած նամակը, թերթի խմբագիր Միխայիլ Վասիլեատիսի կողմէ թարգմանուեցաւ «Ակօս»ի ընթերցողներուն համար։
Խորհին շնորհակալութեամբ կը հրատարակենք այս խիստ շահեկան նամակը եւ կը յանձնենք մեր ընթերցողներու ուշադրութեան։
ԱԼԵՔՕ ՓԱՓԱՏՈՓՈՒԼՈՍ
Յարգելի նախագահ քեզի կը դիմեմ յարգելի նախագահ ըսելով, քանի որ այս տարիքիս դիւանագիտական պարտադրանքները ինչ որ ալ ըլլան չեմ կրնար կեղծաւորութիւն ընել։ Միշտ սիրած եմ ճիշդը խօսիլ։ Երբեմն այդ սովորութիւնը նոյնիսկ որ բաւական սուղ հատուցեմ։ Ներող եղիր այս անմիջական խօսելակերպին համար։ Վերջապէս ես այս եղանակը աւելի հարազատ, աւելի անմիջական եւ աւելի մտերմիկ կը գտնեմ։ Չէ՛, որ Բարձրեալն Աստուծոյ իսկ կը դիմենք «դուն» ըսելով։ Թէ ներքուստ մնացած լրագրողի հետաքրքրութիւնով եւ թէ իմ մէկ կողմէն յոյն, մէկ կողմէն թուրք ինքնութեան բերումով ուշադրութեամբ հետեւեցայ դէպքերուն։ Իմ թուրք ինքնութեան հիմքը կու գայ պոլսեցի ըլլալէ։ Իսկ յոյն ինքնութիւնս ձերոնց վերաբերումէն ձանձրանալով յուսախաբման մատնուած Յունաստանի պետականութեան վերջապէս մեզ ալ քաղաքացի համարելու եւ օտարազգիներու գրասենեակին հետ մեր կապը խզելու որոշումէն ետք։ Կարծեմ հասկցար ես պոլսեցի հոռոմ մըն եմ։ Այսինքն ո՛չ յոյն, ո՛չ ալ թուրք։ Մինչեւ օրս ոչ ոք գիտական տուեալներով կրցած է ապացուցել, թէ ես ո՞վ եմ, արմատներս ո՞ւր կը հասնին եւ մինչեւ օրս ո՛չ ոք ինծի համար ըսած է «մեզմէ ես»։ Թերեւս այս նոյն վիճակը քեզի համար ալ խնդրոյ առարկայ է, բայց լաւ գիտեմ որ քու գտնուած դիրքին մէջ այս մասին ոչ ոքի հետ կրնաս խօսիլ։
1934-ին ծնած եմ։ Այսինքն քեզի հետ բաղդատած բաւական տարեց եմ։ Կեանքիս առաջին երեսուն տարիները ապրեցայ հոն։ Հոն ուսանեցայ, հոն հասունացայ, հոն զինուորական ծառայութիւն հատուցեցի։ Որպէս ենթասպայ ծառայած եմ Էրզրումի 220-րդ յետնորդներու գունդին մէջ։ Կեանքի վերաբերեալ իմ առաջին ծրագիրները հոն մշակեցի համոզուելով, թէ ծննդավայրս նաեւ իմ հայրենիքն է։ Հոն ձեռնարկեցի առաջին աշխատութիւններուս։ Յաջող համարած առաջին քայլերս հոն նետած եմ։ Յաջող կ՚ըսեմ քանի, որ տակաւին 21 տարեկան հասակիս ստանձնեցի այդ շրջանին Պոլսոյ մէջ յունարէն հրատարակուող երկու թերթերէն մէկուն խմբագրի պատասխանատուութիւնը։ Հոն ամուսնացայ, հոն բոյն կազմեցի, որդիս ալ հոն ծնաւ։ Թէ ինչո՞ւ այս բոլորը կը գրեմ քեզի մի՛ շտապեր, քիչ մը համբերէ, որ պատմեմ։ Խնդրեմ ուրիշ հանդիպումի մը յետաձգենք մ՛ըսէր։ Որովհետեւ գիտեմ, թէ մնացեալ ժամանակը բաւարար պիտի չըլլայ խօսքերս վերջացնելու համար։ Կ՚ուզեմ քու դէպի Յունաստան վերջին այցելութեան մասին խօսիլ։ Որքան միամիտ ըլլալս տեսիր, որ քու գալուն մասին լսելով կարծեցի, որ հին ծանօթի մը, նոյնիսկ բարեկամի մը պիտի հանդիպիմ։
«Միայն պահանջելու համար եկար»
Ափսոս՜ անգամ մը եւս սխալեցայ, քանի որ ո՛չ թէ բարեկամ մը ըլլալով, այլ պահանջատէր մը ըլլալով եկած էիր։ Եկած էիր՝ Թրակիոյ մահմետականներու իրաւունքները պաշտպանելու։ Անշուշտ իրաւունք ունիս անոնց նկատմամբ ուշադրութիւնդ հրապարակելու։ Մերոնց նման մակերեսային չմնալու։ Բայց այս անգամ ուրիշներն ալ առիր հովանիի ներքեւ։ Յունաստան եթէ ցանկանար դիւրաւ կրնար լուծումի ենթարկել փոմակները եւ ռոմանները։ Դուն անոնց հետ ո՛չ մէկ կապ ունենալով հանդերձ իրենց հաշւոյն ալ պահանջատէր եղար։ Ամէն պարագայի այս ու նման խնդիրներուն պիտի չառարկեմ, քանի որ թէ բաւականին գաղափար չունիմ եւ թէ իմ անմիջական խնդիրներս չեն։ Մնաց, որ այդ բոլորին մասին կարծեմ թէ նախապէս երկկողմանի ձեւով ծրագիր մշակած էք եւ դուք կ՚անդրադառնաք այդ բոլորին։ Օրագիրներ՝ որոնց էջերը արդէն դեղնած ըլլալու են անցնող ժամանակներու ընթացքին։ Այնպէս ինչպէս, որ մեզ յոյներուս մեր ծնած տեղերը մարդավայել ապրելու հաւանականութեան քիչ-քիչ անհետանալը։
Յոյն վարչապետի մաղթանքը՝ «մէկ երկիր»
Նախ յիշողութիւնս ու ապա արխիւս կը թերթեմ։ Հին թերթ մը կը յայտնուի, անցեալին Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած «Վիմա» թերթի 19 Ապրիլ 1952-ի թիւը։ Թուղթը դեղնած է կը դժուարանամ կարդալու։ 65 տարիներ անց կը թերթեմ լրագրի էջերը ու առաջին էջի վրայ կը տեսնեմ Յունաստանի այդ ժամանակուայ վարչապետ՝ զօրավար Նիքոս Փլաստիրասը, «Լը Մոնտ» թերթի Յունաստանի թղթակիցը, Յունաստանի Մամլոյ ծառայութեան տնօրէնը ու ես ինքս։ Տակաւին 18 տարեկան եմ այդ թուականին եւ անփորձ թղթակիցը պատմական թերթի մը։ Զօրավարը հիւանդ է։ Զգալի է իր տժգունութիւնը։ Բայց համբերութեամբ կը պատասխանէ ուղղուած բոլոր հարցումներուն։ Զրոյցը կը շարունակուի երկար ժամանակէ ի վեր խօսուած նիւթի մը շուրջ՝ Թուրքիա-Յունաստան յարաբերութիւններ։ Յունաց վարչապետի խօսքերը բաւականին յստակ են։ Իր տեսութիւնները բովանդակալից կերպով ներկայացնելէ ետք խօսքը կ՚աւարտէ մաղթանքով մը՝ «Թուրքիա եւ Յունաստան մօտ ապագային մէկ երկիր պիտի դառնան»։ Շուտով կը վերադառնամ Պոլիս, ուր այս արտայայտութիւնը պիտի փորձեմ խորագիր ըլլալով գործածել լրատուութեանս մէջ։ Նոր շրջանի մը աւետաբերը կը համարեմ ես զիս այդ պահուն։ Կը կարծեմ, թէ այս խօսքերը բազմաբնոյթ նպաստներ պիտի ունենան պոլսաբնակ յոյներու կեանքին մէջ։ Աստուած իմ ի՛նչ միամտութիւն։
Հասարակ ապակի մըն էր, որ ես ադամանդ կարծեցի
Ապա զարգացումները իրար յաջորդեցին։ Դէպի յառաջ ամէն քայլին յաջորդեց չորս ետ քայլեր եւ դէպքերը վերջապէս պսակուեցան 6-7 Սեպտեմբերի ողբերգութիւնով։ Դուն տակաւին մանուկ էիր այդ ժամանակ հազիւ 14 ամսական։ Անշուշտ, որ անձնական կարծիք մը չի պիտի կրնաս ունենալ, բայց կարելի չէ, որ այդ խաւար գիշերին պատահածներու մասին լսած չըլլաս։ Կ՚ուզե՞ս մանրամասնութիւններ ալ փոխանցեմ։ Բայց ո՛չ պէտքը չկայ այդ մասին խօսելու։ Պիտի չի թուեմ նաեւ խտրականութեան թղթածրարին։ Անվիճելի իրողութիւն է, որ հայրենիքը ամէն անգամուն, որ ինքզինք նեղ կացութեան մատնուած զգաց Յունաստանի դէմ, մեզ տեսաւ որպէս քաւութեան նոխազ։ Այսպէսով անցեալին 10 հազարներով հաշուող մեր բնակչութիւնը նուազուեցաւ եւ հասաւ 2 հազարէն աւելի ցած թուանշանի մը։ Անոնց ալ մեծամասնութիւնը տարեցներ են։ Այս ալ ապացոյց է, որ տասնամեակ մը անց այս երկրի մէջ հազիւ մոմով պիտի փնտռենք յոյն քաղաքացի մը։ Անշուշտ այս արդիւնքն ալ ոմանց մեծ ուրախութիւն պիտի պատճառէ։ Անդին մնացած մեր բազմահազար տարիներու հետքերը ինչպէս Անաթոլիայի մէջ շտեմարաններու վերածուած եկեղեցիներ մեր, այդ օրերու նախասիրութիւններուն համապատասխան կերպով կամ առեւտուրի կեդրոններու պիտի վերածուին կամ ալ երկնաքեր շէնքերու։ Մի գուցէ մեր գերեզմանոցները վկայեն այդ անցեալին մասին։ Անշուշտ եթէ անոնք ալ, այդ նոյն ճակատագիրը բաժնելով առեւտուրի կեդրոններու չեն վերածուած։
Հապա ի՞նչ եղաւ կամուրջի միւս կէսը
Եւ դուն յարգելի նախագահ առջի օր, երբ հպարտօրէն կը ձայնէիր քու ցեղակիցներուն իրենց միամտօրէն կ՚առաջարկէիր Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ կամուրջի մը դերը ստանձնելու մասին։ Քու յոյն խօսակիցը փոխանակ այդ պահուն «լաւ, բայց սիրելի բարեկամ ի՞նչ եղաւ կամուրջի միւս կողմը» հարցնելու, առիթ կու տար, որ դէպի մեզի այսինքն յոյներուս այդ հրաշալի պատգամդ կրկնես եւ խորհուրդ տաս վերադարձի մասին՝ վերադարձէք Թուրքիա։ Իբրեւ թէ յուսացած հրաւէրը քու։ Դուն մեզի ի՞նչ կարծեցիր սիրելի նախագահ միթէ՞ այդքան շուտ կրնանք գաղթի ճամբան բռնել։ Դուն կրնաս հաւատալ, որ Լոզանի դաշնագիրը վերատեսութեան ենթարկուի։ Բայց իմ այնտեղ թողած ունեցուածքս ինչպէ՞ս պիտի վերատեսութեան ենթարկես։ Շիշլիի Ուղղափառաց գերեզմանատան մէջ ննջող հայրս ինչպէ՞ս պիտի վերարժեւորես։ Հապա՛ անցեալին Սինասոսի գերեզմանը ննջող եւ այսօր ուր ըլլալը իսկ չգիտցած մեծ հօրս գերեզմանը պիտի կրնա՞ս այժմէականացնել։ Նոյնիսկ համարձակեիմ տղուս առաջարկելու, թէ թող լքէ մինչեւ օրս կուտակած ամէն ինչը եւ մենք վերադառնանք Թուրքիա։ Միթէ պիտի չըսէ՞ թէ «հայրիկ դուն շուարա՞ծ ես։ Դարձեալ ինչպէ՞ս կ՚երթանք հոն, այսքան պատահարէ ետք»։ Հետեւաբար քու ալ չհաւատացած այս պատմութիւնները յաճախ մի՛ կրկներ ու կենար։ Բան կայ կ՚ըլլայ, բան կայ չըլլար։ Եթէ պայմանները շրջենք վստահ եմ, որ դուն քու զաւակներուդ նման բան մը պիտի չառաջարկէիր։ Անցեալները Աթէնքի մէջ նախագահական նստավայր ունեցած ելոյթիդ կ՚ըսէիր որ, եթէ գլուխնիս եկածներէն դաս չքաղենք պատմութիւնը կը կրկնուի։ Կ՚երեւի պայմաններու համաձայն խօսքերդ կը փոխես։ Դուն քեզի համար ուրիշ չափորոշիչներ կը ճշդես եւ մեզի բոլորովին հակառակը կը թելադրես։ Անշուշտ եթէ մեզ պատմութեան կրկնութիւնը ապացուցելու համար չես հրաւիրած։
Կ՚ուզե՞ս շարունակեմ։ Սիրով կը շարունակեմ։ Թէեւ ըսելիք շատ բան ունիմ, բայց նորէն ալ կ՚ուզեմ ժամավաճառ չընել։ Ժողովուրդիս առակներէն մէկն է «խուլին դուռը ուզածիդ չափ թակէ» կ՚ըսեն։ Բայց ես այս օրինակով չի պիտի դիմեմ։ Գիտեմ որ խուլ չես։ Ընդ հակառակը լսողութիւնդ տեղն ու տեղն է։ Կը լսես ամէն ինչ։ Նոյնիսկ եթէ պէտք է չըսուածները անգամ կրնաս լսել։ Կը բաւէ որ քեզ համար պիտանի ըլլայ։ Փոքրիկ թաղամաս մը իսկ չենք կազմեր այլեւս։ Թէ դուն եւ թէ Թրակիոյ մէջ քու փողը հնչեցնողներդ վերջերս յաճախ կը խօսիք կրօնական ազատութիւն վայելող Պոլսոյ յոյներու մասին։ Դուք, ո՞ր փոքրամասնութեան մասին կը խօսիք չեմ հասկնար։ Սա պահուն մենք փոքրիկ թաղամաս մը անգամ կազմելէ հեռու ենք։ «Կը պահանջենք» ըսիր։ «Թուրք փոքրամասնութեան համար միջազգային չափանիշերով իրաւունքներ կը պահանջենք» ըսիր։ «Այսպէսով Թուրքիոյ ակնկալութիւնները տեղ կը հասնին, այս է մեր պահանջարկը» ըսիր։ Եւ հպարտացար։ Այո՛ հպարտացար, քու վարչապետութեան շրջանին, իբրեւ թէ մեզի ի նպաստ կատարուածներուն համար հպարտացար՛։ Իբրեւ օրինակ նշեցիր Իմրոզի մէջ քո նախնիներու օրով փակուած դպրոցի վերաբացումը։ Այն նախնիները, որոնք Իմրոզը ծանր յանցանքներու դատապարտուածներու համար բաց բանտի վերածած եւ ժողովուրդին իր ծննդավայրի փախուսին պատճառ եղած էին։
Հապա՛ Հոգեւոր Ճեմարանը՞
Տակաւին քեզի չեմ հարցուցած Հէյպելի Կղզիի Հոգեւոր Ճեմարանը արդեօք բացուեցաւ եւ ես չլսեցի՞։ Բացի այդ Թրակիոյ միւֆթիւի խնդրին համար ալ բաղդատութիւն մը կատարեցիր եւ ըսիր թէ, Սուրբ Սինոտի անդամ հոգեւորականներուն քաղաքացիութիւն շնորհած ես։ Դուն պիտի կրնա՞ս ինծի վստահեցնել, թէ Սուրբ Սինոտի Պատրիարքական ընտրութիւնը պիտի ճանչնաս եւ պիտի չյանգիս Իսթանպուլի կուսակալին պատրիարքի մը թեկնածու նշանակելուն։ Եթէ այդ միտքով շարունակենք հաւանաբար աշխարհի երեսին ուղղափառ հոգեւորականի ընտրութեան խնդրի մէջ շատ իւրայատուկ երեւոյթ մը գոյացած պիտի ըլլայ։
Տակաւին անհամար օրինակներ կրնամ թուել, բայց արդեօք ինչի՞ կը ծառայէ։ Թուրք-Յունական մերձեցման անխոնջ ջատագովը հանդիսացող ես, Յունաց վարչապետ զօրավար Փլաստիրասի վերեւ յիշած այս խոստումէն ի վեր նոյն յոյսը սնուցած էի։ Տե՛ս որ, որքան միամիտ գտնուած եմ։ Կարծեցի որ որդեգրած պիտի ըլլաս Աթաթիւրքի «խաղաղութիւն երկրի մէջ, խաղաղութիւն աշխարհի երեսին» պատգամը եւ այդ պատգամով պիտի գաս Յունաստան։ Բայց դուն պահանջներու հսկայ ծրարով մը եկած ես։ Ինչպէս բոլորը կը խոստովանին հեղինակաւոր անձնաւորութիւն ես։ Քայլ առ քայլ բարձրացար իշխանութեան աստիճաններով 14 տարիէ ի վեր երկիրը կը ղեկավարես եւ այդ երկրի տնտեսական զարգացումին բերած նպաստդ ալ անուրանալի է։ Բայց թոյլ տուր, որ յիշեցնեմ մարդ իր հարեւանին ամենադժուար ժամանակին ծառացած մեծ խնդիրները լուծելու համար գերմարդկային ջանք վատնած օրերուն լոկ «կը պահանջեմ» ըսելով դուռը չերթար։ Ես անձամբ ուրախացած էի կարծելով, որ ձեռքդ ձիթենեաց ճիւղով առկայ խնդիրները լուծելու համար կու գաս դէպի մեր դուռը։ Պատերազմէն անմիջապէս ետք Աթաթիւրք եւ Վենիզելոս այդպէս ըրած էին։ Մնաց, որ յարգելի նախագահ թուրք-յունական խնդիրները լոկ յաղթանակի մը ապացոյցները չեն։

