Պատմութիւն բռնակալ պետութեան
ՄԱՐԳԱՐ ՉԱԼԸՔԵԱՆ
Յարատեւ քարոզչութեան հետեւանքով մեզ թուրքիացիներուն ընկալումները որոշ դերութիւններ ունի։ Շատ անգամ կանտեսենք երկրի բռնատիրական բնոյթը եւ կը տարուինք բռնութեան որոշ շրջաններ յիշելու։ Օրինակի համար այս օրերուս երբ քրտաբնակ շրջաններուն մէջ ապահովութեան ուժերու ձեռքով սարսափազդու յարձակումներ կը կատարուին խաղաղ բնակիչներու դէմ, շատեր կը մտաբերէն 90-ական տարեթիւերը։ Այդ թուականներուն ալ ոստիկանութիւնը եւ բանակը, մանաւանդ ալ անոնց ապօրէն կազմակերպութիւնները նման բնոյթով բռնութեամբ կը տանջէին ժողովուրդը։ Մինչեւ օրս չսպիացող վէրք մըն է այդ միաւորումներու կողմէ ձեռբակալուած եւ անյայտ կորած մօտ 15 հազար մարդկանց պատմութիւնը։ Անոնց մայրերը, կիները կամ զաւակները ամէն շաբաթ օր նոյն ժամուն կը մէկտեղուին Կալաթասարայի հրապարակի վրայ եւ իրենց հարազատներուն համար արդարութիւն կը պահանջէն։ Այսօրուան դէպքերը դիտելով «90-ականներուն կը վերադառնանք» մտավախութիւնը արտայայտողները ահա այդ տարիները կը յիշէն։
Բայց ո՞վ կրնայ պնդել թէ 80-ական տարեթիւերը աւելի ժողովուրդական կամ խաղաղ տարիներ էին։ 12 Սեպտեմբեր 1980-ին Թուրքիոյ զինեալ ուժերը ձեռք դրին երկրի իշխանութեան։ Լուծեցին խորհրդարանը, արգիլեցին քաղաքական կուսակցութիւնները եւ բանտարկեցին կուսակցութիւններու նախագահները։ Արգիլեցին բանուորներու արհմիութիւնները։ Վերջ դրին համալսարաններու ինքնավարութեան։ Պաստրաստեցին նոր սահմանադրութիւն մը որուն գլխաւոր հրամայականն էր պետութիւնը պաշտպանել ժողովուրդի դէմ։ Թէ այդ սահմանադրութիւնը եւ թէ անոր ծնունդ տուող մտայնութիւնը մինչեւ օրս կը գերիշխէ Թուրքիոյ մէջ։ Իսկ այդ տարեթիւերուն եկած էինք անցնելով սարսափի ուրիշ շրջաններ։ 70-ական տարեթիւերուն մանաւանդ ալ 1977 թուին Մայիս 1-ին Թուրքիոյ մէջ բեմադրուեցաւ դաւադրութիւն մը որուն մանրամասնութիւնները մինչեւ օրս չեն լուսաբանուած բայց համատարած համոզում մըն է որ այդ դաւադրութիւնը ծրագրուած էր երկրէ դուրս, սահմաններէ դուրս հեռաւոր նոյնիսկ ովկիանոսէն ալ անդին գործող մութ սենեակներու մէջ։ Բայց ինչպէս ըսինք մինչեւ օրս կարելի չէ եղած այս պնդումները փաստացի տուեալի մը վերածել։ Այդ օր աւելի քան 35 բանուորներ մահացան բեմադրուած ծուղակին հետեւանքով։ Հազիւ տարի մը անցած էր որ այս անգամ Մարաշ քաղաքի մէջ գործադրուեցաւ դաւադրութեան մի այլ փորձ։ Արհեստականօրէն գրգրուած զանգուածներ յարձակեցան ալեւիներուն բնակած թաղամասերուն։ Դէպքերը ցեղասպանութեան բնոյթ ունէին եւ ժամերու ընթացքին սպաննուեցան բազմաթիւ ալեւիներ լոկ իրենց կրօնքին պատճառաւ։ Այս բնոյթին վայրագութիւնները կրկնուեցան Չորումի եւ Սեբաստիոյ մէջ ալ։ Մամուլը կը խեղաթիւրէր պատահածները եւ եղածները կը ցոլացնէր իբրեւ ալեւիներու եւ սիւննիներու միչեւ դաւանանքային կռիւ։ Վերջապէս Թուրքիոյ ապա տեղեկատուական քարոզչութեան կարեւորագոյն գործիքն է մամուլը իբրեւ քարոզչամեքենայ։
Շարունակենք տարիներու հոլովոյթին եւ դիտենք 60-ական թուականները։ Բանակը դարձեալ միջամտած է երկրի կառավարման, դարձեալ լուծած է խորհրդարանը եւ բոլորին յիշեցուցած է որ ի դէմ ընտրութեան բոլոր ձեւակերպութիւններուն, ինքն է երկրին իսկական տէրը։ Այն ատեն ալ նոր սահմանադրութիւն մը գրուած, ապա ձեռնարկուած էր ընտրութիւններու։ Այս անգամ պետութեան յարատեւութիւնը ապահովողը եղաւ Սուլէյման Տէմիրէլ։ Անոր իշխանութեան տարիներուն է որ ուսանողներու բողոքները շնորհիւ ոստիկաններու բռնութեան, վերածուեցան զինեալ ապստամբութեան։ Համակարգը անվարան կախաղան հանեց ժողովուրդի կողմէ այնքան սիրելի երիսատարդութեան երեք առաջնորդներ։
Եթէ 60-ական տարեթիւերը այսպէս էին, հապա ի՞նչ էր երկրի վիճակը 1950-ականներուն։ Ուսանողաց դէմ անհանդուրժողականութեան ցայտուն օրինակն է վարչապէտ Ատնան Մէնտէրէս։ Անոր ջանքերով կը զարգանային հակակոմունիստական միութիւնները։ Ըստ երեւոյթի հասարակական կազմակերպութեան տպաւորութիւնը արդող այդ միութիւնները իրականութեան մէջ պետութեան թելադրանքներով կը հիմնուէին եւ կը գործէին կարգ մը խորունկ տարրերու ցուցմունքներով։
Այդպէս բեմադրուած մեծ յանձագործութիւն մըն է 1955-ի 6 եւ 7 Սեպտեմբեր թուականներուն կատարուած թալանը։ Տարիներ անց զօրավար Սապրի Եիրմիպէշօղլու հպարտութեամբ կը խոստովանէր թէ 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերը յատուկ ծառայութեան յաջող մէկ գործողութիւնն է։ Թերեւս ալ ճիշդ այս պատճառաւ մարդիկ տասնամեակներ ամբողջ այս մասին խօսելէ իսկ խուսափեցան։
Քառասունական տարիները համաշխարհային բռնութեան ծաւալման տարիներն էին։ Բ. Համաշխարհային պատերազմը բոլոր երկիրներու մէջ միլիոնաւոր զոհեր խլած էր։ Թուրքիոյ իշխանութիւնները յաջողեցան պատերազմէն դուրս մնալու, միշտ սպասելով պատեհ պահը։ Սպասման այդ շրջանը նախապատրաստութեան շրջան էր նաեւ։ Երկու բարձրաստիճան ոստիկանապէտներ յատուկ պաշտօնով Գերմանիա ուղարկուեցան հրեաներու հրկիզման ծառայող փուռերը ուսումնասիրելու համար։ Անոնք վերադարձին իրենց հետ բերին այդ փուռերու համար անհրաժեշտ սարքերը եւ երկու փուռեր կառուցեցին հրեաներու բնակած թաղերուն մէջ։ Կրնանք միամիտօրէն ուրախանալ որ այդ վայրագութիւնը գործադրելու առիթ չմնաց Գերմանիոյ պարտութենէ ետք։ Պետութեան այդ պարտութիւնով ապրած հիասթափութիւնը սփոփելու համար առիթ մը եղաւ «Թան» թերթի դէմ գործադրուած յարձակումը եւ թալանը։
1930-ականներու կարեւորագոյն ոճիրն է Տերսիմի ժողովուրդի դէմ գործադրուած ջարդը։ Հանրապետութեան կամքը պարտադրելու համար ձեռնարկուած այդ ոճիրին զոհ գացին փիւրաւոր գիւղացիներ։ Վերապրածները աքսորուեցան եւ որբերն ալ բաժնուեցան թուրք զինուոր ընտանիքներու։ Նոյն տարիներուն Թրաքիոյ հրեաներն ալ կը վայելէին պետութեան դրդումով գոյացած յարձակումներ, որոնց հետեւանքով տարածքաշրջանի բոլոր հրեաները ստիպուեցան Պոլիս գաղթել։
Երբեք սխալած չենք ըլլար եթէ պնդենք թէ հանրապետական Թուրիքիոյ այս բռնակալ ոգին կառուցուած է հայոց ցեղասպանութեան փորձին վրայ։ Ցեղասպանութեան կազմակերպիչ եւ գործադրիչներն էին որ հիմնեցին հանրապետութիւնը։ Քարոզչամեքենան լաւ օգտագործելով այս փաստը սրբեցին սերունդներու յիշողութենէն։ Այսօր 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերուն 60 ամեակի առթիւ անգամ մըն ալ փորձենք Թուրքիոյ պետութեան ժողովուրդավարութենէ հեռու, բռնակալ դիմագիծը տեսնել։ Դիմագիծ մը՝ որ այս հողերուն վրայ բոլոր իշխանութիւններու կողմէ աւանդուած է Հռոմէական կայսրութենէն մինչեւ մեր օրերը։

