Հաճընն ու Հէճնօ ճիները
ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
Կէօքսուէն քիչ մը արեւմուտք, Լեռնային Կիլիկիոյ մէջ, եռանկիւնաձեւ բլուրի վրայ փռուած էր Հաճընը։ Այն կանգնած էր Ք.Ա. 1-ին դարի հռովմէական բերդի աւերակների վրայ, եղել էր այդու ետք Բիւզանդիոյ կազմի մէջ, ապա՝ Կիլիկիոյ հայոց թագաւորութեան։
Հինէն քաղաքի հայերը կառուցած են Սուրբ Յակոբ վանքը (XI դար), ուրկէ հետագայում կը գործէր գիշերօթիկ վարժարան։ Այդուհետ կառուցուած էին եւս վեց եկեղեցիներ, որոնք բոլորն էլ կից ունէին վարժարաններ, որոնցմէ նշանաւոր էր Սահակ-Մեսրոպեանը։
Հաճընի մէջ յատկապէս մեծ թիւով հայեր են հաստատուած Կիլիկիոյ հայոց թագաւորութեան անկումէն (1375թ.) ետք։ Այս առթիւ աւանդութիւն մը կայ, որ կը պատմէ, թէ ինչպէս Հաճընը «Հաճըն» եղաւ։
Յայտնի է՝ Վեստ Սարգիսը յոյներուն ծախեց Անի քաղաքը։ Ու երբ կործանուեցաւ հոյակերտ Անին, քաղաքի հայութիւնը երեք չորս ընտանիք մէկ եղան եւ Տաւրոս լեռներուն մէջէն եկան Կիլիկիա, «աղուոր տեղ մը կը գտնեն, անուշ ջուրն ալ մէջէն կը վազէ, անտառն ալ կայ, իրարու կ՚ըսեն. -Ասկէ աւելի աղուոր տեղ ուր պիտի գտնենք։ Հոստե՛ղ ալ կ՚ապրինք»։
Տարիներ կ՚անցնեն, իրար կ՚օգնեն, տուն-տեղ կը շինեն, ութ-տասը տուն կը դառնան։ Ետքը ուրիշ գաղթականներ ալ կու գան, կը տեսնան՝ օդը աղուոր, ջուրը աղուոր, իրենք էլ որոշում կ՚առնեն հոն հաստատուիլ։ Այսպէս օրէցօր կ՚աճին, կը շատանան, մի քաղաք մարդ կը դառնան։ Կը խորհին՝ ինչպէս անուանել քաղաքը. «Չէ՞ որ էկածնէն ի վեր շատ աճեց»։ Եւ անունը դրին Աճըն։ Ամենքն ալ աս անունը յարմար կը գտնեն, այդպէս ալ անունը կը մնայ Հաճըն։
Բայց եթէ հաճընցուն հարցնես, թէ ինչու քաղաքը Հաճըն կը կոչուի, նա, անպայման, կը պատմի մէկ ուրիշ, առաւել զարմանահրաշ պատմութիւն։ Հաճընցիներն իրենց բարբառով Հաճընը Հէճին կ՚ասեն, զի Հէճնոյում ճիներ կան շատ։ Ու անպայման ամէն տուն կ՚ունենայ իր պատմութիւնը ճիների մասին։
«Աուդիս ախպայ, իդօ Հէճնօ խուղը ինչօց կացիր, նօխըլ էյօ (պատմիր), լէսէնք» - այսպէս կը դիմէին բոլոր Ճերեճեանները, Սարամեանները Աւետիս եղբօրը Աւետիս խթումի գիշերը՝ խնդրելով Աւետիս քեռուն պատմել իր հետ պատահածը։ Եւ Աւետիս եղբայրը կը պատմէր՝ ինչպէս մի օր առաւօտեան լուսաբացին ճամբայ ելաւ դէպի իրենց այգու հիւղը։ Ճամբին յանկարծ իրեն մօտեցաւ էշին նստած մի մարդ եւ մինչեւ այգու հիւղը հետեւեց նրան։
«Յանկարծ տեսայ այս մարդը մէկ էր, երկու, երեք, չորս, հինգ դարձան, հաւաքուեցին, շրջապատեցին ինձ, ասացին. «է, է, է, Աւտիս ախպայ, բօյ մը բայէ, ամմա միդմէնիս գինէղը չբայէս (Աւետիս եղբայր, մի երգ երգիր, բայց մեր մտքում եղածը չերգես)»։ Ես էլ տեսայ, որ լոյսը բացւում էր, «Առաւօտ լուսոյ»ն երգեցի։ Մէկ էլ տեսայ, որ մէկի քիթը երկարեց, մէկի ականջը երկարեց, մէկի բերանը մեծացաւ, ամէն մէկը մի կենդանու դէմք առաւ։ Մի կրակ վառեցի։ Դէմքերը փոխուեցին։ Այն ժամանակ ես շատ էի վախեցել»։
Աւետիսի եղբայրներն ու հօրեղբայրները լսելով այս պատմութիւնը, միաբերան հաստատեցին, որ անշուշտ Աւետիսը ճիներին էր հանդիպել։ Դրա համար հինէն մեծերը կ՚ասէին. «Հէճին՝ճին շօդ գօ, էնօն համօյ է անէվը Հէճին էն տէյօձ (Հէճին ճին շատ կայ, ատոր համար էլ անունը Հաճին են դրել)»։
15-րդ դարուն Օսմանեան կայսրութիւնը գրաւած է Հաճընը։ 1915-ին Հաճընի հայերը (իսկ քաղաքի 35 հազար բնակչութենէն շուրջ 30 հազարը հայեր էին) բռնութեամբ տեղահանուած ու աքսորուած են Տէր Զօր, ուր անոնց մեծ մասը կոտորուած է։
1919 թուին, երբ Հաճընն անցած է Ֆրանսիոյ կառավարութեան հովանու ներքոյ, մօտ 8 հազար հաճընցիներ ետ դարձած են Հաճըն։ Շատ չանցած ֆրանսական կառավարութիւնը Կիլիկիան՝ Հաճընի հետ, կը յանձնի Թուրքիոյ ձեռքը։ Հաճընը դիմած է ինքնապաշտպանութեան, ինչի շնորհիւ նրանց մի մասը խուսանաւած է կոտորածէն ու ապաստանած այլեւայլ երկրներում։
Թուրքերը Հաճընը վերանուանած են Սալիմպէյլի՝ Հաճընի ջարդարարի անունով։
1958-ին Հայաստանում հիմնուած է Նոր Հաճընը։

