Հայերն ու ալեւիները միասին նշեցին Զինի զոհերը
ՆԱԶԵԼԻ ԱՒԱԳԵԱՆ
Ոչ մէկ բան այնպէս չի մօտեցներ մարդկանց, ինչպէս նոյն ցաւը եւ այդ ցաւը միասին յաղթահարելու ու ձեռք-ձեռքի պայքարելու վճռակամութիւնը։
Թրքական ոճրագործութիւններու եւ կոտորածներու ցաւը մշտապէս «ճաշակած» հայ եւ ալեւի ժողովուրդներու ներկայացուցիչները Թուրքիոյ Քըլըչքայա գիւղը Օգոստոսի 8-ին միաւորուած էին 1937-38 թուականներուն Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ իրականացուած հերթական ցեղասպանութեան՝ այս անգամ Զինի կոտորածի անմեղ զոհերու յիշատակման ու ոգեկոչման միջոցառումով։
1937 եւ 1938 թուականներուն՝ Տերսիմի ապստամբութենէ անմիջապէս ետք, Թուրքիոյ զինուած ուժերը ամենադաժան կերպով ճնշելով ապստամբութիւնը, կազմակերպած են զանգուածային ջարդեր եւ էթնիկ մաքրում տեղական բնակչութեան հանդէպ, որոնց զոհ գացած են հիմնականին ալեւի քիւրտեր եւ զազաներ, նաեւ կրօնափոխ եւ ձուլուած հայեր։ Արդարեւ տարբեր տուեալներով սպանուած է 13,606-էն մինչեւ 70,000 բնակչութիւն, այդ թուում՝ ներկայիս Քըլըչքայա (նախկին Սուր Վահան) գիւղէն շուրջ 100 մարդ։ Գիւղի բնակիչները կը պատմեն, թէ ինչպէս թուրք ժանտարմները մարդկանց շղթայակապ բարձրացուցած են Զինի լեռը եւ այնտեղ գնդակահարած՝ դիակները թողելով անթաղ՝ որպէս թռչուններու կեր։ Այնուհետեւ այրած են գիւղը եւ մարդկանց աքսորած։ Ամէն տարի Օգոստոսի 7-ին ալեւիները կը բարձրանան Զինի լեռ, մոմ կը վառեն, իսկ յաջորդ օր կը հաւաքուին գիւղը եւ յարգանքի տուրք կը մատուցեն անմեղ զոհերու յիշատակին։
Զինի կոտորածի 80-րդ տարելիցին յիշատակի միջոցառումը նախորդ տարիներէն կը տարբերուէր, քանի որ առաջին անգամ ալեւիներէն բացի կը մասնակցէին նաեւ հայեր՝ ժամանած Հայաստանի Հանրապետութենէն։ Հայերու պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր հայ պատգամաւորներու միջազգային ասոցիացիայի համակարգող խորհուրդի նախագահ, «Վերադարձ» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ, «Արեւմտահայոց ազգային համագումար» միջազգային կազմակերպութեան համանախագահ Արագած Ախոյեանը։ Պատուիրակութեան կազմին էին հնագէտ-արուեստաբան Յակոբ Սիմոնեանը, ռեժիսոր-դրամատուրգ Խաչիկ Չալըքեանը, «Ֆիտայիներ» բարեգործական հասարակական կազմակերպութեան հիմնադիր նախագահ, ազատամարտիկ Սեյրան Չիլինգարեանը, «Նուբար» աւանդական երգի-պարի համոյթը, «Վերադարձ» հիմնադրամի ներկայացուցիչներ եւ այլք։ Ինչպէս կը նշէ հայկական պատուիրակութեան ղեկավար Արագած Ախոյեանը, Զինի զոհերու յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցելու գաղափարը ծնած էր դեռ քանի մը ամիս առաջ՝ 2018 թ. Մարտին, երբ Ֆրանսայի ալեւիներու միութեան խորհուրդի նախագահ, Եւրոպայի ալեւիներու համամիութեան փոխնախագահ էլտար Քըլըչպէյի ջանքերով Հայաստանն էին Եւրոպաբնակ ալեւիներու կառոյցներու ներկայացուցիչները։ Ճիշդ այդ ժամանակ կողմերը պայմանաւորուեցան այսուհետեւ միասին ըլլալ երկու ազգերու դէմ կատարուած ցեղասպանութիւններու հետեւանքներու վերացման պայքարին եւ հասկցան, որ բաւականաչափ չեն ճանաչեր զիրար, թէեւ դարեր շարունակ ապրած են կողք կողքի եւ միեւնոյն ճակատագրով։
-Մեր պատմութիւնը եւս լի է կոտորածներով,- ողջունելով Հայաստանէն Քըլըչքայա եկած բախտակից եղբայրներուն ու քոյրերուն՝ կը նշէ Ֆրանսայի ալեւիներու միութեան նախագահ Էլտար Քըլըչքայան եւ կը շարունէ,- Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն շատ ալեւիներ փրկած են հայերուն՝ թաքցնելով եւ ապաստան տալով իրենց տուները, բայց, ցաւօք, երբ ալեւիներս կը կոտորուէին, մեր հայ եղբայրները չկարողացան օգնութեան ձեռք մեկնել մեզ»,- կ՚ըսէ ան եւ կ՚աւելցնէ, որ այսուհետեւ հայ եւ ալեւի ազգերու ցեղասպանութիւններու ճանաչման եւ հետեւանքներու վերացման պայքարին երկու ազգերը պէտք է միասին ըլլան եւ սատարեն զիրար։
Ահա ճիշդ այս առաքելութեամբ է, որ «Վերադարձ» հիմնադրամը, հաւատարիմ մնալով գարնան ալեւիներուն տըւած իր խոստումին, հերթական անգամ Արեւմտեան Հայաստան կատարած իր ուխտագնացութեան շրջանակներով, ի թիւս հայապահպանման եւ մշակութային մի շարք միջոցառումներու, Քըլըչքայա իր գիւղը կը մասնակցի Զինի զոհերու յիշատակի ոգեկոչման արարողութեան, ուր տեղաբնակներէ եւ հայերու պատուիրակութենէ բացի ներկայ էին նաեւ Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի պատգամաւոր, Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան (HDP) ներկայացուցիչ Զէյնէլ Էօզէնը, Ֆրանսայի ալեւիներու միութեան նախագահ Էլտար Քըլըչքայան, Եւրոպայի ալեւիական տարբեր կառոյցներու ներկայացուցիչներ, որոնք միասին յարգանքի տուրք մատուցեցին անմեղ զոհերու յիշատակին։
Էլտար Քըլըչքայան եւ Զէյնէլ Էօզէնը շնորհակալութիւն յայտնեցին հայկական պատուիրակութեան՝ Թուրքիա գալու եւ իրենց ցաւը կիսելու համար։ Ի պատասխան՝ հայկական պատուիրակութեան ղեկավարը նշեց, որ այս իրենց պարտքն էր.
«Սիրելի՛ բարեկամներ, մենք պէտք է այստեղ ծնած ըլլայինք, բայց ծնած ենք այնտեղ՝ մեր միւս հայրենիքը։ Մենք խորապէս կը հասկնանք եւ կը կիսենք ձեր ցաւը, միասին ենք ձեզ հետ պայքարին։ Ինչպէս կ՚ըսեն՝ մենք նախաճաշ էինք, դուք՝ ճաշ դարձաք։ Մենք շատ լաւ գիտենք պատմութիւնը, գիտենք, որ ցեղասպանութեան օրերուն ձեր շնորհիւ շատ հայեր փրկուած են, եւ մեր այցով մենք ոչ միայն մեր յարգանքն ու երախտագիտութիւնն կ՚արտայայտենք։ Այլեւ կը փորձենք հիմք դնել նոր գործելակերպի, կը կառուցենք համագործակցութեան կամուրջներ թուրքական վարչակազմի քաղաքականութենէն ու թուրքական ազգայնամոլութենէն տուժած ժողովուրդներու միջեւ եւ միասին կը գտնենք լուծումներ՝ դատապարտելով եւ կանխելով հետագայ ցեղասպանութիւնները» նշեց Արագած Ախոյեանը։
Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի պատգամաւոր Զէյնէլ Էօզէնը նշեց, որ ինքը եւ իրենց կուսակցութիւնը հանդէս կու գան Թուրքիա բնակող բոլոր ազգային փոքրամասնութիւններու անունով, կը փորձեն իրենց հնարաւորութիւններու սահմաններով պաշտպանել ազգային փոքրամասնութիւններու շահերը, սակայն Թուրքիոյ մէջ ձեւաւորուած ոչ ժողովրդավարական համակարգի պայմաններուն ներկայ փուլին խորհրդարանի մէջ անհնար է որեւէ բան ընել.
«Իւրաքանչիւր պետութիւն, իւրաքանչիւր հասարակութիւն պէտք է կարողանայ առերեսուիլ սեփական պատմութեան հետ, բայց Թուրքիա հիմա ալ բռնատիրութիւն է, մեր կուսակացութեան հարիւրաւոր անդամները եւ Ազգային ժողովի 12 պատգամաւորները ներկայիս ձերբակալուած են։ Ազգային ժողովին անհնար է միայնակ որեւէ բան փոխել, հարկաւոր է պայքարիլ եւ խորհրդարանը, եւ փողոցները» ընդգծեց պատգամաւորը։
Էլտար Քըլըչքայան սակայն համոզուած է, որ միաւորելով աշխարհասփիւռ ալեւիներու, հայերու եւ Թուրքիոյ վարչարարութիւններէն տուժած ժողովուրդներու ջանքերը, հնարաւոր է հասնիլ արդարութեան վերականգման եւ Թուրքիոյ իրականացուցած ցեղասպանութիւններու ոչ միայն դատապարտման, այլեւ հետեւանքներու վերացման։
Անմեղ զոհերու յիշատակի միջոցառման ընթացքին «Նուբար» աւանդական երգի-պարի համոյթի եւ ալեւի երաժիշտներու կատարմամաբ հնչեցին հայկական եւ ալեւիկան թեմատիկ կատարումներ, որոնցմով նոյն ցաւն էր, նոյն վիշտը՝ այս անգամ արտայայտուած երաժշտութեան լեզուով, իսկ անմեղ զոհերու յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցող հայերու եւ ալեւիներու աչքերուն նոյն թախիծն էր եւ արդարութիւնը վերականգնելու նոյն անսասան հաւատն ու երբեք չմարող յոյսը։