Յարգանք՝ մանկութիւն չունեցող սերունդի բոլոր վերապրողներուն
ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈԳԵԱՆ
Ցեղասպանութեան վերապրածներու սերունդէն ազնուաբարոյ կին մըն էր Վարսէն Օրունճաքչըէլ, որ իր հոգին աւանդեց 104 տարեկան հասակին։ Ան վերջին տարիներուն խորհրդանշական կերպար մը դարձած էր բոլոր արաբկիրցիներուն համար։ Քաղաքի վերջին 100 տարիներու կենդանի վկայութիւնը դարձած էր։ Շնորհիւ իր պայծառ յիշողութեան, բոլորին կը փոխանցէր ծննդավայրի անցեալը, բազմաթիւ վկայութիւններ կը բերէր թախծոտ անցեալէն։ 1915-ի սարսափը ապրած Արաբկիրի հայութեան համար յաջորդող տարիներն ալ լեցուն էին բազմաթիւ տանջանքներով։ Խտրականութենէ, անհանդուրժողականութենէ զզուած Արաբկիրի հայութիւնը հարկադրուեցաւ իր սիրելի երկիրը թողել եւ զանգուածաբար գաղթել նախ Պոլիս ու ապա աշխարհի տարբեր ծագերը։ Այսօր խորհրդանշական իմաստով միայն մէկ հայ կը բնակի Արաբկիրի մէջ, իբրեւ վերջին մոհիկան։
Վերջերս Մալաթիոյ Հայոց Հայրենակցական Միութեան հիմնադրութենէն ետք դէպի նախնեաց երկիր կատարուած ուխտագնացութիւններուն զուգահեռ արաբկիրցիներն ալ իրենց կարգին համարձակեցան պատմական գերեզմանատունը բարեզարդել։ Տարածքը շրջապատեցին եւ խնամեցին նախնեաց շիրիմները։ Ափսոս Վարսէն մայրիկ ինք անձամբ չկրցաւ մասնակցիլ այդ ուխտագնացութիւններուն, բայց բոլոր մանրամասնութիւններուն տեղեկացաւ շնորհիւ սոյն շրջագայութիւններու գլխաւոր կազմակերպիչ իր աղջկան՝ Մարգրիտ Աթմաճայի փոխանցած տպաւորութիւններով։
Ծանօթ լրագրող Մայտա Սարիս քանի մը տարի առաջ յատուկ հատորի մը մէջ հրատարակած էր Վարսէն Օրունճաքչըէլի հետ կատարած հարցազրոյցը։
Մեսրոպ Պատրիարք Մոթաֆեան 2005 թուին Պօյաճըգիւղի եկեղեցւոյ մէջ մատուցած պատարագէն ետք ներկաներուն հետ կիսած էր 90-ամեակի յիշատակման համար իր մտածումները։ «Ներառեալ 1915 թուին ծնածները, Ապրիլի 24-ին Պատրիարքարան պիտի հրաւիրեմ մեր բոլոր վերապրող սերունդը եւ այդ օրը պիտի անցնեմ իրենց հետ»։ Ափսոս որ չկայացաւ տարաբախտ պատրիարքին այդ կամքն ալ։ Համոզուած ենք որ նախորդ տարուայ Ապրիլի 24-ին հայ ժողովուրդի անմեղ նահատակներուն հետ սրբադասուած են նաեւ եղեռնէ մազապուրծ փրկուածներու սերունդն ալ, որոնց կարգին էր Վարսէն Օրունճաքչըէլ։
Յարգանք իր յիշատակին։

