Խաղողի տօնը՝ Աստուածածին
ՍԱՐԳԻՍ ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ
Հայոց հինգ տաղաւարները, ինչպէս նաեւ այլ կրօնական ու ազգային միւս տօները մեր ժողովուրդի ձեւաւորման շրջաններէն մեզի հասած են, դարերու ընթացքին անընդհատ ձեւափոխութիւններու ենթարկուելով եկած են մինչեւ մեր օրերը։ Հայ ժողովուրդի տօնացոյցի մասնագէտներ եւ ուսումնասիրողներ կը բացայայտեն արեւի ու կրակի, ջուրի եւ հողի պաշտամունքին նուիրուած տօնական հանդիսութիւններ, ինչպէս նաեւ հեթանոսական շրջանի աստուածութիւններուն նուիրուած ծէսեր։
Քրիստոնէութեան ընդունումէն յետոյ հայ ժողովուրդի աւանդական տօնացոյցն ալ վերածուեցաւ քրիստոնէական աշխարհայեացքի։ Այսուհանդերձ նոր կրօնը հին պաշտամունքներն ու հաւատալիքները բոլորովին վերացնելու փոխարէն ներմուծեց իր տօնացոյցին մէջ։ Այսպէս մենք Ծննդեան Ջրօրհնէքի, ինչպէս նաեւ Վարդավառի խորհուրդին մէջ կը նկատենք ջուրի պաշտամունքի, իսկ Տեառնընդառաջի մէջ կրակի, Ծաղկազարդի մէջ ալ բնութեան պաշտամունքին հետքերը։ Զատկի, օրինակ՝ Քրիստոսի յարութեան մէջ կը տեսնուի մահուան եւ վերածնունդի խորհուրդը, եւ որովհետեւ հայերը արեւապաշտ էին, բնութեան նոր յարութիւնը, այսինքն գարունը կը հռչակէին «Յաղթութիւն արեգական զօրութեան», ինչպէս որ յետոյ քրիստոնեաները զայն հռչակեցին «Յաղթութիւն արեգական արդարութեան», քանզի Քրիստոս ճիշդ այդ օրերուն իր յարութեամբ աշխարհին տուաւ նոր կեանք։
Խաղողօրհնէք, Վերափոխումն Ս. Աստուածածնի
Ինչպէս որ ընդունուած չէր, Վարդավառէն առաջ խնձոր ուտելը, այնպէս ալ ընդունուած չէր խաղող ուտել մինչեւ Օգոստոսի 15-ին նախորդող կամ յաջորդող Կիրակի օրը՝ Խաղողօրհնէքի տօնը։
Աշխարհի բազմաթիւ ժողովուրդներու նման հայոց մէջ ալ աւանդաբար պահուած սովորութիւն եղած էր հասունցած առաջին բերքը կամ պտուղները զոհաբերել ուխտավայրերու կամ պաշտամունքի այլ օճախներու, որմէ ետք կարելի էր միայն ուտել։
Հայոց մէջ ալ, տարբեր տօներու զոհաբերուած ուտելիքներ ու պտուղներ են.- հաւկիթը՝ Զատիկին, կաթն ու կաթնապուրը՝ Համբարձումին, խնձորը՝ Վարդավառին, հացահատիկը՝ Նոր Տարւոյն, իսկ խաղողին նուիրուած էր յատուկ տօն՝ Խաղողօրհնէք։
Պատահական չէ, որ Օգոստոս ամիսը կը զուգադիպի հին Հայոց Նաւասարդ ամսուան հետ։ Այլ խօսքով Նաւասարդի առաջին օրը, այժմու Օգոստոսի 7 կամ 8, հայերու Ամանորը, ուրեմն մեծագոյն տօնն էր, քանի որ հողագործ հայ ժողովուրդը այդ օրերուն աւարտած կ՚ըլլար արտի գործերը, իրականացուցած՝ հունձքը, կալը, բերքահաւաքը, ու լեցուցած կ՚ըլլար ամբարները։ Այլեւս ժամանակն էր մեծահանդէս տօնելու նոր տարեմուտը, յանուն ոսկիածին, ոսկեմայր Անահիտի ու հանդիսաւոր կերպով երախտագիտութիւն յայտնել անոր, իր պարգեւած շնորհներուն ու բարիքներուն համար։
Զարմանալի զուգադիպութեամբ, Մարիամ Աստուածածնի մահը պատահեցաւ այս ամսուն այս օրերուն մէջ, ուրեմն Անահիտի ձօնուած տօնական օրերը նոյնացուեցան Աստուածածնի յերկինս վերափոխուելու տօնական օրերուն հետ։ Հաւանաբար այդ զոյգ առիթներու պատճառաւ կիներու փառքն է Աստուածածինը եւ ոչ մի տօն կիներու համար այնքան մեծ նշանակութիւն ունի, որքան այս մէկը։ Իրենց ամէն ուխտ եւ ամէն ուրախութիւն այս տօնին պահուած է գրեթէ։ Այս տաղաւարի օրերուն մէջ կը շնորհաւորուին բոլոր այն կիներուն անունները, որոնք յատուկ տօնական օր չունին։ Աստուածածնի նախորդող օրը, որ կը յիշուի Շողակաթը, որ գուցէ մակդիրն էր Անահիտի, եւ որ փոխանցեցաւ ի փառս Տիրամօր. իսկ այս տօնի Ա. օրը կը շնորհաւորուին Մարիամ անուն կրողները, Բ. օր՝ Թագուհի, Գ. օր՝ Սրբուհի, Դ. օր՝ Պայծառ, Ե. օր՝ Երանուհի, Զ. օր՝ Համասփիւռ, Է. օր՝ Անթառամ, Ը. օր՝ Տիրուհի, Թ. օր՝ Մարգրիտ։
Հայոց այգիներու խաղողներ
Վերադառնալով խաղողին, յիշենք հայոց այգիներու մէկ- երկու պատահարներ, որոնք կը վերաբերին խաղողին։ Անգամ մը, Լիոնաբնակ (ֆրանսահայ) բարեկամներու խումբով մը իջեւանած էինք Խարբերդի Ծովք անուն լիճի ափին մօթէլ մը։ Երեկոյեան ընթրիքէն յետոյ մեր սեղանները զարդարուեցան առատ խաղողի պտղամաններով եւ պանդոկատէրը ըսաւ, որ Էլազըղ քաղաքի մինչեւ այսօր դեռ «Հայոց այգիներ»
կոչուած այգիներէն իր ձեռքով մեզի համար քաղած էր այս խաղողները։ Բայց երբ նկատեց, որ մարդիկ ողկոյզները թուղթեր փաթաթելով իրենց պայուսակները կը դնեն, ամէն մէկին զատ զատ տոպրակներու մէջ նուիրեց նոյն խաղողներէն, տուն տանելու համար։
***
Այլ խումբով մը, այլ պտոյտի մը Ամասիա էինք այցելած, ուր հետաքրքրութեամբ հարցուցի պանդոկատիրոջ, որ իմ ամասիացի քեռայրս ամէն տարի գինի եւ խնձոր բերել կու տար այս քաղաքէն։ Պատասխանը եղաւ հետեւեալը.- «Գինին հառամ ըլլալուն հայոց ժամանակէն մնացած այգիները փճացուեցան ու անոնց տեղ բարձրայարկ շէնքեր կառուցուեցան։ Նոյն ճակատագրին ենթարկուեցան խնձորենիները եւ այլեւս դժուար կը ճարուի Ամասիոյ համբաւաւոր խնձորը»։
-Ինչո՞ւ, հարց տուի, խնձորն ալ հառամ է՞ր։
***
Աղթամար գացողները գիտեն. վերջին տարիներուն Սուրբ Խաչի տօնին կղզի այցելող ամենազգի ուխտաւորներուն բաժնելու համար Մշեցի մը սնտուկներով խաղող կը բերէ Տարօնի հայոց այգիներէն։
Խաղողը կը կոչուի «Վաքաս», որ ըստ Թէոդիկի «Ամենուն Տարեցոյց»ի 1926 հատորի, խաղողի ու այգիի մասին աշխատասիրութեան «Վաղհաս» կոչուած խաղողն է, որ կանուխ հասնելուն գինի կը շինեն եղեր։

