Լոյս տեսաւ հայոց հոգեւոր գրականութեան նոր ու գեղատիպ հատոր մը
Պոլսոյ Հայոց Պտրիրաքարանը լոյս ընծայեց նոր ու գեղատիպ հատոր մը. «Աստուածաշունչին պատգամը այսօրուան մարդուն» անունով։
Հոգեւոր գրականութեան մաս կազմող այս գիրքի հեղինակն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն՝ Հոգշ. Տ. Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան։ Հատորին թարգմանութիւնը կատարեց Պատրիարքարանի դիւանի քարտուղար Երէցկին Սանտրա Օհանեան։

Աւելի քան 150 Աստուածաշնչական հոգեւոր մեկնութիւններու փունջ հատորը կը բացուի հեղինակ Հայր Սուրբի երկու խօսքով, որ կ’ըսէ. «Աստուածաշունչը ամէն օր նո՛ր բան ունի ըսելիք իր սիրահար ընթերցողներուն։ Ինչպէս արեւը նոյն արեւն է բայց ամէն օր նո՛ր լոյս ու նո՛ր ջերմութիւն ունի տալիք մեզի, այնպէս ալ Աստուածաշունչը բնա՛ւ չի հիննար, նոյնը ըլլալով հանդերձ, ամէն օր նո՛ր լոյս, նո՛ր պատգամ, նո՛ր թարմութիւն կու տայ Աստուածասէր մարդուն»։
315 էջեր ունեցող հատորը կը բաղկանայ Սուրբ Գրային նախադասութենէ մը եւ անոր մասին հակիրճ մեկնութիւն-խորհրդածութենէ ու հանդիպակաց էջի վրայ բնագրի թրքերէն թարգմանութենէն։
Գիրքի հրատարակութեան մեկենասութիւնը ստանձնած է Ժանէթ Շիրինօղլու եւ զայն ձօնած է իր հանգուցեալ ծնողներուն՝ Ճէմիլ եւ Աննա Թօփլայըճըներու յիշատակին։
Ենիգաբուի Ս. Թադէոս-Բարթողոմէոս Եկեղեցւոյ մէջ, 6 Փետրուար 2026, Ուրբաթ, յետ հոգեւոր զրոյցի հաւաքի սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Այստեղ կատարուեցաւ նորատիպ հատորի գինեձօնը:
Սրտի խօսք արտասանեց հատորի թարգմանիչ Երէցկին Սանտրա Օհանեան ուրախութիւնը յայտնեց տարիներ առաջ իր կատարած աշխատանքին, որ այսօր Նորին Ամենապատուութեան հրամանաւ եւ Աթոռոյ հրատարակչութենէն լոյս տեսած է արդէն եւ յոյս յայտնեց, որ սոյն գիրքը հոգեւոր շինութեան առիթ պիտի ըլլայ մեր հաւատացեալ ժողովուրդին:
Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ գիրքի մեկենաս Ժանէթ Շիրինօղլու, որ անդրադարձաւ իր հանգուցեալ հօր ու մօր, որոնք իրենց հաւատքով ու աղօթքով օրինակելի դարձան իրենց ընտանիքի անդամներուն եւ սոյն հատորի հրատարակութեամբ իրենց յիշատակը վառ պիտի մնայ։
Խօսք առաւ նաեւ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան եւ ուրախութիւն յայտնեց հատորի ի լոյս ընծայման առթիւ։ Տէր Հայրը ըսաւ, որ հեղինակ Հայր Սուրբը իր ուսուցիչը եղած էր Անթիլիասի մէջ եւ տարիներ առաջ կարդացած էր սոյն օգտակար գիրքը։ Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց հատորի մեկենաս Ժանէթ Շիրինօղլուին, որ սիրով ընդառաջեց հրաւէրին ու ստանձնեց մեկենասութիւնը։ Տէր Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Նորին Ամենապատուութեան, իր փոխանցած օրհնութեան ամէն աշխատանքի, որ կը ծառայէ մեր ժողովուրդի հոգեւոր շինութեան։
Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Հրատարակչական Բաժանմունքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ., որ նորատիպ հատորի հրատարակութեան պատրաստողն է։ Հայր Սուրբը յիշեցուց, թէ յառաջիկայ շաբաթ կը պատրաստուինք նշել հաւատքի ախոյեաններու՝ Ս. Ղեւոնդեանց եւ Ս. Վարդանանց յիշատակը, որոնց պատմիչը՝ Ս. Եղիշէ գրի առած էր նշանաբանը. Մեր մայրը Ս. Եկեղեցին է եւ հայրը՝ Ս. Աւետարանը։ Այս սկզբունքով շարժեցան մեր նախնիքը եւ մենք ալ նոյն սկզբունքով հրատարակեցինք սոյն հատորը։ Ան ըսաւ նաեւ, որ «ամէն մարդ բան մը ըրաւ. Հայր Վաղինակը գրած էր, Պատրիարք Հայրը հրահանգեց ու իր օրհնութիւնը տուաւ, Երէցկին Սանտրան թարգմանեց, մենք հրատարակութեան պատրաստեցինք, Գրիգոր Սահակեանը կողքն ու ներքին ձեւաւորումը կատարեց, Ժանէթ Շիրինօղլուն մեկենասութիւնը ստանձնեց։ Եւ ահա հիմա տպագրուեցաւ ու պէտք է միայն մէկ բան. ընթերցող: Բարի ընթերցում»։
Մեր Հոգեւոր Պետը նոր հատորի հրատարակութեան առթիւ իր ուրախութիւնը յայտնելէ ետք շնորհաւորեց եւ օրհնեց բոլոր ներդրում ունեցողները։ Ըսաւ որ նոր գիրքը գինիի նման թող ոգեւորէ ընթերցողը եւ մխիթարէ։ Խաղողի ջուրը գինիի կը վերածուի, այս գիրքն ալ աւելի ոգեւոր թող դարձնէ ընթերցողը, ըսաւ Պատրիարք Հայրը։ Ապա ծափահարութեանց ներքեւ Նորին Ամենապատուութիւնը «Աստուածաշունչին պատգամը այսօրուան մարդուն» գիրքը երկլեզու լոյս աշխարհ բերողներուն հետ միասնաբար, գինիով լուաց նոր հատորի օրինակը ու մաղթեց, որ շնորհաւոր ըլլայ եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն հոգեւոր շինութեան ծառայէ։
Առ ի տեղեկութիւն անոնք որոնք կը փափաքին այս հատորէն ունենալ, կրնան դիմել Պատրիարքարան, աշխատանքային ժամերուն, ինչպէս նաեւ մեր կեդրոնական եկեղեցիներէն։

