«Բամպակ» կատուն դպրոց այցելեց
6 Դեկտեմբեր 2025, Շաբաթ օր, Լոս Անճելըս քաղաքի Փասատենա հայաշատ արուարձանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Փեթակ շաբաթօրեայ դպրոցը հիւրընկալեց «Բամպակ» պատանեկան գիրքի հեղինակ Լիզա Մանոյեանը՝ դպրոցական օրը վերածելով հէքիաթային, միեւնոյն ժամանակ կենդանաբանական գիտելիքներով հարուստ հանդիսութեան մը։
«Բամպակ». ի՛նչ բնական եւ գեղեցիկ անուն ընտանեկան կատուի մը համար։ Մանոյեան ընտանիքը երբ իրենց հասունացող դուստրին կը հարցնէ, թէ որպէս շրջանաւարտութեան նուէր ի՛նչ կը փափաքի, երիտասարդուհին փոխանակ «Ժամացոյց», կամ «Ոսկի ապարանջան» պահանջելու, կը զարմացնէ իր ծնողները եւ կ’ըսէ՝ «…Կատու մը»։
Շուտով Մանոյեան բնակարանը կ’ունենայ նորածին կատու մը։ Զայն կ’անուանեն «Բամպակ», իր սպիտակափայլ եւ փափուկ մազերէն ներշնչուած: (Առանց գիտնալու, թէ նորածին կատուները գոյն կը փոխեն։ Բամպակը այժմ մոխրագոյն է։)
Տիկին Մանոյեանը աշակերտներու հետաքրքիր նայուածքներու տակ դպրոց մտաւ, հետը բերած ըլլալով գիրքի բազմաթիւ օրինակներ, ինչպէս նաեւ անոր մէջ լոյս տեսած նկարներու բնօրինակները։
Հիւր հեղինակը նախ խօսեցաւ Բամպակի առօրեայի մասին եւ պատմեց անոր առտնին ծիծաղելի արկածախնդրութիւնները։ Աշակերտները հրճուանքով (երբեմն ալ ծափելով) լսեցին այդ սիրունատես փոքրիկն «Մանոյեան»ի հէքիաթային չարաճճիութիւնները։
Հեղինակը Բամպակի բազմաթիւ լուսանկարներ ցոյց տուաւ եւ աշակերտներուն պատմեց կատուներու յատուկ կենդանաբանական գիտելիքներ, թէ անոնք սուր լսողութիւն ունին, որովհետեւ անոնց ականջը կազմուած է 32 մկաններէ, կը մռմռան երբ գգուանք կը վայելեն, իրենց պոչը կը ձեւափոխուի երբ տարածքի մէջ օտար կենդանի մը կը նկատեն, նոյնիսկ «խմոր կը շաղեն», այսինքն իրենց թաթերը ծածկոցի մէջ խռած կը խաղան, որպէսզի խաղաղին։
Բամպակը հայախօս է։ Չ՞էք հաւատար։ Ան իր «մօր» եւ «հօր» հայերէն հրահանգները բառ առ բառ կը կատարէ։ Ան նաեւ հայկական դասական երաժշտութեան հաւատարիմ ունկնդիր մըն է։ Երբ հեռատեսիլի վրայ Հայաստանի Հանրապետութեան 30 ամեակի ուղիղ հաղորդումի ժամանակ Ա. Խաչատուրեանի «Սուրերու պարը»ն նուագեր է, Բամպակը վազելով եկեր է պաստառին առջեւ՝ անթարթ եւ ամբողջութեամբ լսեր է այդ կտորը։
Բամպակը բարեսիրտ է։ Թաղի մէջ քաղցկեղէ տառապող հիւանդի մը անդորրութիւն տուած է անոր գիրկը նստելով եւ արտօնելով որ այդ տիկինը իր մազերը շոյէ որքան որ ուզէ։
Գիրքը իր մէջ կը պարունակէ սէր, գուրգուրանք եւ ընտանեկան ջերմութիւն։ Աշակերտները յափշտակուած լսեցին, դիտեցին եւ վայելեցին այդ պատմութիւնները։
Իսկ աւարտին անոնք գիրքէ հատոր մը գրկած շտապեցին հեղինակին, որպէսզի ան իրենց անունը մակագրէ անուանաթերթին վրայ։ Տիկին Մանոյեանը իր մակագրութեան մէջ մաղթեց, որ Փեթակի աշակերտները ընթերցասէր մնան եւ իրենց փոքրիկ գրադարաններու մէջ հայկական բազմաթիւ այլ գիրքեր ունենան։
«Բամպակը» 20 էջ է։ Զարդարուած է քողտրիկ նկարներով։ Գիրքը ունի տպագրական ոլորուն եւ փափուկ տառատեսակ մը, որ մանուկներու աչքին հաճելի է։ Օրուան աւարտին դպրոցի կամաւորներ Մարմարը եւ Տերեւը հիւր հեղինակին նուիրեցին փունջ մը ծաղիկ եւ շնորհակալական բացիկ մը։ Իսկ տնօրէն Նորայր Տատուրեանը շնորհակալութիւն յայտնեց տիկին Լիզա Մանոյեանին, որ սիրով եկաւ դպրոց եւ ուսուցչուհիի իր բազմամեայ հեղինակութեամբ դաստիարակիչ, մինեւնոյն ժամանակ զուարճալի ներկայացում մը պարգեւեց աշակերտներուն։ Դպրոցի սաներն ու սանուհիները, իրենց կարգին, ականատես եղան գիրքի մը մակագրութեան, եւ իրենց ուսուցչուհիներու օրինակով տեսան, թէ ինչպէս պէտք է պատուել եւ որպէս հիւր ընդունիլ հեղինակ մը։ Կը մաղթենք որ Լիզա Մանոյեանի գրիչը դալար մնայ եւ «Բամպակ»ին հետեւին այլ գիրքեր։

