Ուխտագնացութիւն դէպի Երուսաղէմ
ԼՈԻՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ
Վարսերը սպիտակած կանայք թախծոտ աչքերով դէպի երկինք կ՚աղերսեն։ Չեն վհատիր օտարութենէն, ճամբաներու ամայութենէն, «Երուսաղէմ, բոլոր կրօններու ծննդավայր, Յիսուս Փրկիչի քաղաքը, մեզ ընդունէ» կը պաղատին եւ կ՚ընդունուի իրենց պաղատանքը։
Յունուար ամիսն էր երբ քահանայ ամուսինս հնչող հեռախօսին պատասխանելէ ետք ինծի դարձաւ ու հարցուց. «Երուսաղէմ երթա՞մ»։ Անվարան պատասխանեցի. «Գնա՛, բայց մե՛զ ալ հետդ տար»։ Վճռական այդ ելոյթիս դիմաց աչքերը խոշոր բացաւ ու ժպտաց։
7 Յուլիս Երեքշաբթի կէս գիշերը անց մէկտեղուած ենք Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ բակը։ Մտերիմներով շրջապատւած եմ։ Մօտ 25 կիներ եւ Հայր Մաղաքիա ինձմէ առաջ եկած են արդէն։ Առաւօտուն չորս անց կէսն է եւ եկեղեցւոյ ապահոված հանրաշարժով եկած ենք Սապիհա Կէօքչէնի անունը կրող օդակայանը։ Հոս աւելի ալ բազմացանք, հիմա 36 հոգի ենք։ Ի վերջոյ երկու ժամուայ թռիչքով տեղ կը հասնինք։ Կ՚ափսոսամ անգլերէն չիմանալուս։ Սակայն կը նկատեմ որ մեր խումբէն շատեր ալ ինձ նման չեն գիտեր։ Կը մխիթարուիմ, «Ով տէր Յիսուս Քրիստոս, քու զօրութիւնովդ եկած ենք, դուն օգնական եղիր մեզի», ըսած ու ճամբայ ելած ենք։
Օդակայանէն ելքին ժամը արդէն 10 եղած էր։ Բոլորս անքուն ենք։ Յոյս ունիմ որ հիւրանոց կ՚երթանք եւ գոնէ քիչ մը կը հանգստանանք։ Եկուր տես որ ուղղուեցանք պատմական Սուրբ Գէորգ եկեղեցին։ Վերջապէս հիւրանոց հասած ենք, կը զգուշացնեն «մինչեւ ժամը չորս հանգստացէք, ապա հանրաշարժով պիտի մեկնինք Նուրհան պատրիարքին մօտ»։ Հանգստացանք։ Կ՚երեւի քիչ մը երկար հանգստացանք քանի որ մենք մինչեւ որ հիւրանոցի ընդունման սրահը իջնենք, հանրաշարժը արդէն մեկնած էր։ Տեղացի հայ ընտանիքի մը օգնութեամբ կը հասնինք Ս. Յակոբի վանքը։
Նուրհան պատրիարք դիմաւորեց մեզ, բացատրութիւններ տուաւ վանքի մասին։ Հայր Մաղաքիա Օրթագիւղի եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի արծաթեայ նուէրը յանձնեց պատրիարքին։ Խումբով նկարուեցանք իրեն հետ։ Այդ պահուն նկատեցի որ աղջիկս Մանէն բացակայ է։ Քիչ յետոյ հսկայ կուժով մը յայտնուեցաւ։ Զարմացած էի, «այս ուրկէ՞ ելաւ» հարցուցի։ Նուրհան պատրիարքը նուիրեր է իրեն, շատ խորիմաստ հարցում մը հարցնելուն պատճառաւ։ Մինչեւ հիմա չենք լսած թէ ի՞նչ հարցուց։
Յաջորդ առաւօտ Տէր Զաքար շատ կանուխ ճամբայ ելաւ Ս. Մարիամ եկեղեցին երթալու համար։ Աւելի ետք մենք ալ խումբովին նոյն եկեղեցին այցելեցինք։ Այս եկեղեցւոյ մէջ են Ս. Աստուածածնի մօր՝ Սրբուհի Աննային, հօր՝ Ս. Յովակիմին եւ նշանածին՝ Ս. Յովսէփին շիրիմները։ Աստիճաններով իջանք եւ տեսայ որ ամուսինս՝ Տէր Զաքար, Մարիամ Աստուածածնին շիրիմին վրայ պատարագ կը մատուցէ։ Բայց այդ ի՞նչ, նոյն պահուն ղպտի ու ասորի քահանաներ ալ նոյն տեղ իրենց լեզուներով կ՚աղօթեն։ Աննախադէպ փորձ մըն էր բայց շատ ալ տպաւորիչ։ Հաղորդութիւն ստացանք եւ այս անգամ ուղղուեցանք Գեթսեմանիի պարտէզը ու Համբարձման լեռը։ Այստեղ Յիսուսին երկինք համբարձած ժայռը այցելեցինք, աղօթքներ մրմնջացինք։ Ժայռին շուրջ բոլորը ասորիներու, ղպտիներու, հայոց եւ յունաց պատկանող վրաններ կային որոնց մէջ խորաններ։ Հայր Սուրբը հաստատեց որ սա պիղծ խորան է եւ պէտք է գինիով մաքրենք որպէսզի պատրաստ ըլլայ յաջորդ օրուան արարողութեան։ Յաջորդ առաւօտ կանուխ մեկնեցանք Համբարձման լեռ։ Նոյն օրը այցելեցինք Յորդանանի գետը, ուր մկրտուած էր Յիսուս Փրկիչ։ Ցերեկուայ ճաշէ ետք այցելեցինք Մեռեալ ծով։

Անապատի ճամբաներով
Յիսուս Փրկիչ 40 օր փորձուած էր անապատի մէջ ու ապա բարձրացած՝ լեռ։ Մենք այդ ճամբու երեք քառորդը անցանք ճոպանուղիով։ Սակայն գագաթ հասած ատեն ոտքի կենալու կարողութիւնը չունէինք։ Յետոյ ներքեւ իջանք եւ տեսանք Մարիամ Աստուածածնի ծննդաբերած մսուրը։ Այցելեցինք Յիսուսի հարցաքննութեան պահուն կապուած ձիթենին։ Շարունակեցինք մեր երթը դէպի Գողգոթա, Յարութեան տաճար, հոս է որ փուշէ պսակ դրին Յիսուսի գլխուն, հոս է որ խաչուած Յիսուսը վար առին խաչափայտէն եւ պատանքեցին։ Ապա Երուսաղէմի մէջ շրջեցանք եւ այցելեցինք եւ տեսանք Յիսուսի դատուած վայրի վրայ կառուցուած երկու եկեղեցիները։ Անգամ մը եւս բոլոր ուժերնիս սպառած վերադարձանք հիւրանոց։
12 Յուլիս Կիրակի օր հիւրանոցէն կը բաժնուինք եւ կ՚ուղղուինք Թէլ Ավիվ, Կանա եւ Նազարէթ։ Այցելեցինք Սուրբ Կոյս Մարիամի մահացած վայրը, Յիսուսի ապրած Նազարէթ քաղաքը եւ Կանա, ուր Յիսուս օրհնեց այդ գիւղի հարսանիքը եւ ջուրը վերածեց գինիի։ Օրը աւարտեցինք Տիբերիոյ լիճի ափին։
Երկուշաբթի, վերադարձի օր։ Այդ օր նաւ մը վարձելով շրջեցանք Տիբերիա լիճին վրայ։ Այցելեցինք այն եկեղեցին, ուր Յիսուս հինգ հացով եւ երկու ձուկով կշտացուցած էր բազմահազարներ։ Պատմեցին թէ նախապէս եկեղեցւոյ մէջ բազմաթիւ ու բազմերանգ ձուկեր կը պահուէին աւազանի մը մէջ, սակայն նախորդ տարի հրեայ մոլեռանդ արմատականներու վոհմակ մը եկեղեցին հրկիզած, ձուկերն ալ սատկեցուցած են։
Կատարեցինք մեր ուխտը, բոլորս այդ գոհունակութեամբ վերադարձանք մեր տուները։ Այլեւս մահտեսի կը համարուինք։ Կը մաղթեմ ամէն ցանկացող քրիստոնեայ արժանանայ այս նոյն գոհունակութեան։


