Եթովպիա-Լոնտոն-Պոլիս՝ հարազատներու եռանկիւն
Իւրաքանչիւր անգամ, որ «Ակօս»ի էջերուն կը հրատարակուի «Հարազատները կը փնտռեն» խորագրեալ ծանուցում, թերթի աշխատողներս ակամայ կը տարուինք մտածելու, թէ արդեօք պիտի յաջողի՞ն գտնել։ Գիտենք, որ աշխարհասփիւռ հայ մամուլի կարեւորագոյն առաքելութիւնը եղած է այս տեսակի ծանուցումներու հրատարակութիւնը, որոնց վերջին տողին կը կցուէր «արտասահմանի թերթերէն կը խնդրուի արտատպել» ազդարարութիւնը։ Մեծ Եղեռնէն դար մը անց բնականաբար բաւականին հազուադէպ են նման ծանուցումներու երեւոյթը հայ թերթի էջերուն վրայ։ Սակայն մեր ապրած երկրի իրողութիւնը կը թելադրէ բոլորովին տարբեր բան, քանի որ հարազատ ինքնութեան գիտակցութիւնը նոր ոստում մը կ՚ապրի Թուրքիոյ մէջ եւ այդ փնտռտուքի առաջնահերթ գործօնը կը դառնայ «Ակօս»։ Ստորեւ կը ներկայացնենք յետ Եղեռնեան շրջանին Եթովպիա ապաստանած եւ ապա մօտ 40 տարիներ առաջ Լոնտոն տեղափոխուած ընտանիքի մը զաւկին՝ Ռաֆֆի Ուզունեանի իր պատումով ընտանիքի անդամները փնտռելու ոդիսականը։
«1915-ին մեծ մօրս հայրը ֆրանսական ընկերութեան մը մէջ կ՚աշխատէր։ Այդ ընկերութեան շնորհիւ ինք աշխատանք մը գտաւ եւ յաջողեցաւ ամբողջ ընտանիքով երկրէն ելլել։ Բայց քոյր մը ունէին, որ ամուսնացած էր, ան մնաց Պոլիս։ Մեծ մայրս այս պատճառաւ միշտ կ՚ըսէր, թէ ինք պոլսահայ է։ Աւելի ուշ անցած են Եթովպիա։ Մինչեւ այդ տարիները մեծ մայրս կապ պահած էր իր հօրաքրոջ հետ։ Աւելի ետք այդ կապը փրթաւ։ Հազիւ վեց ամիս առաջ յաւելալ լրացուցիչ տեղեկութիւններ ունեցայ։ Այս բոլորը իմանալով ուզեցի մեր անջատուած կապը հաստատել։ Յայտնի եղաւ, որ մինչեւ 1970-ական թուականներ նամակցած են նոյնիսկ լուսանկարներ փոխանցած, բայց մեր Եթովպիայէն բաժնուելէն ետք այդ կապը ձեւով մը փրթած է։ Մայրս Եթովպիա ծնած եւ հոն մեծցած էր։ Հոն ալ ամուսնացած է հօրս հետ։ Եղբօրս Շահէնին ծննդէն ետք քաղաքական պայմանները դժուարացան եւ հայրս որոշեց երկրէն հեռանալ։ Իմ ընտանիքս համեմատաբար աւելի կանուխ ելողներէն է։ Նախ Գերմանիա գացին, հոն որոշ ժամանակ սպասեցին թուղթերու դասաւորման համար եւ ապա անցան Անգլիա։ Ես 77-ին ծնած եմ։ Մեր Անգլիա հաստատուելէն շուրջ մէկ տարի ետք։ Երբ Պոլիս էի պատահաբար փողոցի վրայ հանդիպեցայ հայերէն խօսողներուն։ Այդ պահուն միտքովս անցաւ, որ թերեւս իրենք մեր ընտանիքի կորած շառաւիղներն են։ Այդպէս սկսաւ ընտանիքի կորսուած հատուածի մասին մտածելու այս ոդիսականը։ Անշուշտ վերադարձիս աւելի շատ հարցումներ հարցուցի մօրս եւ վերջապէս «Ակօս»ի մէջ ելած ծանուցումը առիթ եղաւ, որ ես գտնեմ զիրենք։ Այդ ծանուցումը լոյս տեսնելէն ետք մեկնած էի Հայաստան։ Քանի մը շաբաթ անց հայրս Հայաստան իմաց տուաւ, որ անդէն արձագանգ եղած է եւ ահա երկրորդ անգամ եկած եմ իրենց հետ հանդիպելու համար։ Անշուշտ այս իրար գտնելու խնդիրը իր մէջ ունի նաեւ ուրիշ մանրամասնութիւններ։ Ուղղակի իրենք չէ, որ տեսած են այդ ծանուցումը, այլ եղած են մարդիկ, որոնք գիտեն զիրենք եւ ծանուցումը տեսնելով համոզուած են, որ իրենց ծանօթ մարդկանց մասին է։ Վերջապէս երկար տարիներու ընդհատումէ մը ետք վերստին իրար գտնելը բոլորիս համար շատ յուզիչ երեւոյթ էր։ Հիմա կ՚ուզեմ տարիներ անց անգամ մը եւս մայրս բերել Պոլիս եւ ապահովել իր ազգականներու հետ հանդիպումը»։

