Բոյր
«Մեղքի բոյրը ամրան այգին ծփում է / տագնապների մէջ հասուն եւ մեղաւոր բոյրերի»։
Յովհաննէս Գրիգորեան
7 բոյր, 7 մեղք
Տասնամեակ մը առաջ, յարգելի ընթերցող, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Եօթ մեղք, եօթ բոյր» ցուցահանդէսը։ Ազգային օծանելիքին նուիրուած այդ միջոցառումը կը պարունակէր պար, նկարչական ցուցադրութիւն եւ, ինչպէս դուք կռահեցիք, շքեղ շիշերու մէջ ամփոփուած եօթը բոյր։ Այդ բոյրերու համար որպէս հումք մասնագէտները գործածեր էին հայկական լեռնաշխարհի ծաղիկները։ Այդ եզակի օրը անցաւ, գնաց, բայց մնաց բոյրը։ Այսօր, մինչ հայ տարրաբաններ կը շարունակեն առինքնող եւ զգլխիչ բոյրեր հնարել, ես կ’առաջարկեմ, որ մենք ճեմենք հայկական քնարերգութեան բուրաստանի խնկաբոյր կամարներու, վարդաբոյր այգիներու եւ գինեբոյր բաժակներու մէջ, ապա սիրով լեցուած՝ ներշնչենք գեղեցկուհիի մը ծոթրինաբոյր խուրձ մը ծամը։ Իսկ երբ մեր բուրումնաւէտ պտոյտը հասնի իր աւարտին, երազենք, թէ մենք, մանուկ մըն ենք դարձեալ եւ խաղաղութիւն գտնենք մօր կաթնաբոյր ծոցին մէջ։ Ահա հայկական գրականութեան եօթը բանաստեղծի եօթը բոյրը։
Հայրենաբոյր
1850, Օրթագիւղ, Պոլիս։ Ջերմ գարուն։ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան Պոսֆորի ափին լիաթոք կը շնչէ հեռաւոր հայրենիքի հրապուրիչ բոյրը եւ կը գրէ «Երգ Հայրենի» քերթուածը։ Այդ ստեղծագործութեան մէջ Հայաստանի բոյրը առինքնող է եւ ցանկալի. «Մինչ բոյր ի բոյր փթթին ծաղկունք / Եւ ճռուողեն նորեկ ծիծռունք, / Ի քեզ ես դարձ առնեմ յայնժամ, / Ո՜վ ցանկալիդ իմ Հայաստան»։ Պէշիկթաշլեանը մինչեւ իր մահուան օրը ցանկացաւ հայրենիքի ծաղկաբոյր բնութեան վերադառնալ. «Դառնամ առ քեզ, Հայաստա՚ն, / Եւ հովի՚տք ծաղկաբոյր»։ Դանիէլ Վարուժանը Պէշիկթաշլեանէն աւելի բախտաւոր էր։ Ան կ’ապրէր հայրենի հողի վրայ։ Վարուժանը, որպէս ուխտագնացութիւն, յաճախ կ’այցելէր Մխիթար Սեբաստացիի ծննդավայր Հողդար գիւղակը։ Դուք, յարգելի ընթերցող, գիտէ՞ք, թէ ինչ բոյր ունին Հողդարի հովերը։ Դանիէլը կանգնեցաւ բլրակի վրայ եւ գրեց. «Քու համեստ բարձունքիդ վրայ կանգնած կ՚ունկնդրեմ անմահութեան երգը չորս բուրումնաշունչ հովերուն»։ Մէկ այլ վիպապաշտ տղայ, Չարենցը, երեւան-Գառնի ճանապարհի վրայ, Ողջաբերդ գիւղի մօտ, 1500 մ. բարձրութեան վրայ նկատեց Արարատեան դաշտի համայնապատկերը եւ ծնունդ տուաւ հայրենաբոյր մէկ այլ քերթուածի. «Արնանման ծաղիկների ու վարդերի բոյրը վառման… Ու նայիրեան աղջիկների հեզաճկուն պարն եմ սիրում»։ Աշոտ Գրաշին, հայրենի բո՞յրն էր պատճառը, Պաքու քաղաքէն տեղափոխուեցաւ Երեւան։ Այնուհետեւ, բանաստեղծի քնարը սնանեցաւ Հայաստանի ջուրով եւ բոյրով. «Ես ջուրն եմ խմել ամէն աղբիւրիդ / Անոյշ ակունքից, անոյշ Հայաստան, / Ինձ օրօրել է ամէն մի ուռիդ, / Սնել քո բոյրդ, անոյշ Հայաստան»։ Իսկ Համօ Սահեանը մեզի բացատրեց, թէ հայոց պատմութիւնը սեփական բոյրի պատմութիւնն է. «Արիւնի ծովեր ենք տուել, / Որ պահենք այս հողը մի բուռ, / Անունը Հայաստան պահենք… / Սեփական մեր բոյրը պահենք»։
Խնկաբոյր
Հայկական գրականութիւնը խունկ կը բուրէ, ինչպէս Մկրտիչ Աճէմեանի 1908 թուականին լոյս տեսած գիրքը, որ նուիրուծ է «Ի յիշատակ իր սիրեցեալ կողակիցին Հեղինէ Աճէմեանին»։ Գիրքին անունը՝ «Խունկի բուրումներ»։ Նոյն օրերուն Յովհաննէս Թումանեան հասարակ, կիսամութ տաճարի մը վառող մոմերը դիտեց եւ այդ մոմերը կոչեց, ի՚նչ հանճարեղ գիւտ, «խնդաբոյր». «Աստծոյ տաճարում / Մոմը սեղանից / Խնդաբոյր ծխում, / Վառւում է հանգիստ»։ Իսկ հոգեւոր հայր մը, Խորէն քահանայ Պէրթիզլեանը, բարեպաշտ ընթերցողիս պատգամ ուղղեց. «Երբ աղօթես, աղօթքդ թող ըլլայ խնկաբոյր պաշտամունք»։
Ղարսի բոյրը
Դուք, յարգելի ընթերցող, բուռն կարօտով, չէ՞, կ’ուզէք Շիրակի կամ Ղարսի տաք հողի բոյրը շնչել։ Աւա՜ղ, ես հողի վրայ չեմ, որ ափ մը առնեմ, սեւ, կարմիր, կամ գորշ, եւ բերեմ ձեզի։ Բայց, համաձա՞յն էք, որ մենք կանգնենք սարի մը վրայ, կամ դաշտի մը մէջ ու ընթերցենք հայրենի հողի զաւակ բանաստեղծ տղու մը քերթուածները՝ մեր մազերը հովերուն տուած՝ լիաթոք շնչենք հողի բոյրը։ Ահա մանուկ Յովհաննէսն է, որ իր հասունութեան տարիներուն պիտի կոչուի «Շիրազ»։ Տան շեմին կը սպասէ իր հօր, որ «բոստաններէն» պիտի գայ։ Ահա հայրը կու գայ եւ իր հետ կը բերէ դաշտերու բոյրը. «Կը գար հայրս Շիրակի հովերի հետ իրիկուայ, / Կը շողշողար բահն ուսին, սարից ելնող լուսնի պէս, / Կը գար հայրս, կը յիշեմ երազի պէս երէկուայ, / Կարծես աշխարհն էր մտնում մեր խրճիթի դռնով ներս… / Կը գար բոլոր Շիրակի բոստանների բոյրերով»։ Տարիներ անցան։ Ղարսը թուաց հեռու։ Բայց բոյրը մնաց… «Չգիտէի հօրս բոյրն համեմներից էր գալիս»։
Ծոթրինաբոյր
1910, Սեբաստիա։ Դանիէլ Վարուժանը կ’աշխատի Հողդար շաբաթաթերթին համար։ Հողդարը Մխիթար Սեբաստացիի հայրենի գիւղն է։ Վարուժանը կը սիրէ Հողդարի բլրակը ելլել եւ շնչել հողը։ Այդ ինքնամոռացութեան մէջ, աչքերը փակ, Վարուժանը խօսեցաւ Հողդարի հետ. «Քու գորշ հողդ ծոթրին կը բուրէ»։ Ապա, միտքն ակամայ թռիչք մը կ’առնէ եւ Դանիէլը կը տեսնէ այն օրը, երբ մանուկ Մանուկը հրաժեշտ տուաւ Հողդարին։ Այդ Մանուկը, յարգելի ընթերցող, ապագային պիտի կոչուէր Մխիթար Սեբաստացի. «Խրճիթի մը դուռը ճռնչեց, եւ դուրս ելաւ Մանուկ մը դեդեւուն քայլերով, տժգունօրէն գեղեցիկ, արշալոյսի առաջին համբոյրովը զգաց, որ ճակատին վրայ Աստուծոյ շրթունքը դպաւ։ Ամբողջ քու ծոթրինաբոյր հողովդ բեռնաւոր՝ թողուց հովերդ ու ծառերդ, աղբիւրներդ ու հիւղակներդ, գնա՜ց, գնա՜ց»։
Մահաբոյր
Պետրոս Դուրեանը «Սեւ հողեր կամ յետին գիշեր Արարատեան» պատմական ողբերգութեան մէջ փորձեց Հայաստանի ցաւը եւ թշուառութիւնը պատմել։ Այդ թատերախաղի մէջ հայ հանդիսատեսը լսեց ընտիր ածական մը. մահաբոյր. «Ահա կը խաւարի Հայաստանի պերճ բախտը… Ո՜վ երկինք, դուք գոնէ գթութեան կաթիլ մը ցօղեցէք թշուառ ճակտիս վրայ, դուք գոնէ յուսոյ նշոյլ մը սփռեցէք խաւար հորիզոնիս վրայ… Մահաբոյր խաւար պատեց»։ Մէկ այլ «մահաբոյր» բանաստեղծ էր Աւետիք Իսահակեանը։ Օր մը երբ հորիզոնը մռայլացաւ, սեւ եւ խորհրդաւոր մութը թանձրացաւ, աշնան դաշտերը սկսան լալ, բու մը յայտնուեցաւ չարաշուք, կարապ մը ցաւալի երգը երգեց՝ բանաստեղծը անյոյս ու վհատ՝ դալկացած մատներով գրեց. «Լերկ ուռիները անորոշ շարքով / Մահաբոյր քամուց դոդում են, կծկւում»։ Իսկ հայ ընթերցողը երբ նոյն բառը ընթերցեց Սիամանթոյի «Սուրբ Մեսրոպ» քերթուածի մէջ, տեսաւ Մաշտոցին օրհնաբանող բարի ծերունի մը. «Եւ լսէ այսօր, թոթովախօս ծաղկոցի / Շուշանմարմին մանուկներէն՝ / Մինչեւ ծերերն հողաբոյր, / Քու սուրբ անունդ կ՚օրհներգեն»։
Նարեկաբոյր
Հազուագիւտ է բառս, լուռ, խոնարհ, ինչպէս Նարեկ ընթերցող մամիկը։ Եթէ Սեդրակ Երկանեանը չգործածէր զայն գէթ մէկ անգամ, «նարեկաբոյր» բառը բոլորովին անտեսանելի պիտի մնար։ Ահա Երկանեանի գրական պատկերը. «Նարեկաբոյր իմ մայրս Մեծ»։ Իսկ մենք, յարգելի ընթերցող, այսօր ըլլանք գթասիրտ եւ առատաձեռն, ու այս ընտիր բառին տանք փայլ, յուսալով, որ բարեխիղճ ընթերցող մը կը գործածէ այս նոր արտայայտութիւնները. «Նարեկաբոյր մատեան», «Նարեկաբոյր մեղեդի», «Նարեկաբոյր մրմունջներ», «Նարեկաբոյր տաղեր»…
Քնքշաբոյր Տէրեանը
Այսօր, յարգելի ընթերցող, հայկական քնարերգութեան 7րդ անմեղ բոյրը վերապահեցի Վահան Տէրեանին։ Թախծոտ աչքերու, մեղեդիներու, բաժանումներու, հեռացումներու բանաստեղծն էր Տէրեանը, տխրաբոյր, բայց զարմանալիօրէն քնքշաբոյր։ Տխրութիւնն, մահն, բաժանումն իսկ քնքոյշ է, երբ Տէրեանը կը պատմէ. «Քո ժպիտը թունոտ ծաղկանց բոյրի նման… / տիրաբար արբեցնելով մահ է բերում»։ Գարնան բոյրերն իսկ անզօր են Տէրեանի վիշտը ամոքելու. «Ծաղիկներն անոյշ բոյր են բուրվառում. / — Իմ սիրտը տրտո՜ւմ, իմ սիրտը մենա՜կ...»։ Օրուան ամենէն տխրաբոյր ժա՞մը։ Ըստ Տէրեանի, իրիկունն է ան. «Տրտում իրիկուն. / Իմ սրտում անցաւ / Մահացող ծաղկանց բոյրը ցաւ բերող»։ Տէրեանը կը շնչէ քնքշաբոյր ծաղիկները, աւա՜ղ չկայ սիրածը. «Դու շրջում ես ամենուրեք… / Հմայում ես, կանչում, կանչում ու լռում. / Քնքուշաբոյր ծաղիկների թերթերում»։ Հիւանդ Տէրեանը, ապա երգեց իր կարապի երգը. «Հիւանդ քնքշութեամբ երկինք է պարզում. / Մեռնող ծաղիկը իր բոյրը վերջին»։
Հարսնաբոյր
Հայկական գրականութիւնը քաղցրաբոյր օծանելիքի գրաւիչ շիշ մըն է։ Անոր պարունակած եօթը կաթիլով օծեցինք մեր մտքի աչքերը։ Բայց մենք Տէրեաններ չենք, որ հրաժեշտի պահուն երգենք երգեր տխրաբոյր։ Ես կ’առաջարկեմ, որ մենք դիմենք Խաչատուր Աւետիսեանին։ Անուշաբոյր երգերու այդ յօրինողը մեղմ ծիծաղով պիտի առաջարկէ, որ մենք լսենք «Ծաղկած բալենի» երգը։ Իսկ ես կը մտածեմ եօթը այլ բոյրի նոր պատմութիւն մը գրի առնել եւ ձեր գրական ճաշակը ագնամ մը եւս օգել…
Հարսի նման ճերմակ հագած ծաղկած բալենի
Կարծես լոյսի ճամբով եկաւ, իմ յոյս բալենի
Ինձ առ ճերմակ թեւերիդ մէջ, իմ քոյր բալենի։
Դու ինձ հիմա շատ ես նման քո բոյր ու նազով
Քեզ տեսնելիս լցւում եմ ես, անոյշ մուրազով։

