Շրջագայող շիրմաքարեր

ՀայՃար միութիւնը շարժման անցաւ շիրմաքարը Պաղլարպաշըի Հայոց Գերեզմանատունը փոխադրելու համար։ Նշենք որ Պալեան գերդաստանի անդամներուն կարեւոր մէկ մասը կը հանգչին այդ գերեզմանատան մէջ եւ աշխատութիւններ կան այդ հատուածը կոթող դամբարանի մը վերածելու համար։ Այս մասին շփումներ կատարուեցան Իսթանպուլի Մայր Քաղաքապետարանի հետ։

ՊԱՐՈՅՐ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
baruyr@agos.com.tr

«Ակօս»ի նախորդ թիւով արձագանգած էինք Գարթալի Սողանլըք թաղամասէ ներս Իսթանպուլի քաղաքապետարանի պատկանող շինարարական տարածքի մը վրայ գտնուած հայկական շիրմաքարերու լուրը։ Այս մասին լուրը մեզի հասած էր Գարթալի բնակիչ ընթերցողի մը միջոցաւ։ Փութացած էինք տուեալ վայրը եւ պարզուած էր թէ շիրմաքարերէն մէկը կը պատկանէր արքունի ճարտարապետ Կարապետ Պալեանի։ Այս լրատուութիւնով ՀայՃար միութիւնը շարժման անցաւ շիրմաքարը Պաղլարպաշըի Հայոց Գերեզմանատունը փոխադրելու համար։ Նշենք որ Պալեան գերդաստանի անդամներուն կարեւոր մէկ մասը կը հանգչին այդ գերեզմանատան մէջ եւ աշխատութիւններ կան այդ հատուածը կոթող դամբարանի մը վերածելու համար։ Այս մասին շփումներ կատարուեցան Իսթանպուլի Մայր Քաղաքապետարանի հետ։

Թերթիս հրատարակութենէն ետք քաղաքապետարանը իսկոյն պահակ կարգեց տուեալ վայրի վրայ քարերու հաւանական անհետացումը կանխելու համար։ Այս նիւթի շուրջ նախորդ լրատուութեան մէջ հեգնական ոճով խօսած էինք շիրմաքարերու զբօսաշրջութեան մասին։ Իրականացաւ մեր հեգնանքը եւ այս անգամ ալ շիրմաքարերը փոխադրուեցան Հնագիտութեան թանգարան։ Այստեղ հնագէտներու ուսումնասիրութենէն եւ հաստատումէն ետք միայն քարերը պիտի փոխադրուին առ որ անկ է։ Մենք նախապէս քարակոյտի բլուրի մը վրայ յաջողած էինք զատորոշել Կարապետ Պալեանի շիրմաքարը։ Հնագիտութեան թանգարան փոխադրութենէ ետք տեսանելի եւ ընթեռնելի դարձաւ մի այլ կարեւոր անձնաւորութեան տապանաքարը։ Թէեւ վերեւի մասը կիսով կոտրուած եւ այդ իսկ պատճառաւ անունը ջնջուած շիրմաքարը կը պատկանէր ուրիշ երեւելի անձնաւորութեան մը։ Հազիւ արձանագրութիւնը վերծանելով հաստատեցինք թէ ան ալ կը պատկանէր արքունի վառօդապետ Սիմոն Ամիրա Տատեանի։ Անգամ մը եւս դիմեցինք Բարս Թուղլաճըի ուսումնասիրութեան եւ հաստատեցինք որ 12 Մարտ 1832-ին մահացած Սիմոն Ամիրա Տատեան թաղուած է Պէշիքթաշի գերեզմանատունը։ Արուեստի պատմաբան Էլմոն Հանչէրի հաստատումն ալ ոեւէ կասկածի տեղ չի թողուր, պարզուած է շիրմաքարին տէրը։

Գալով Սիմոն Ամիրա Տատեանի, ան ուրիշ մէկը չէ եթէ ոչ Ղրիմի պատերազմին բերած նպաստին պատճառաւ «Պէյ» կոչումին արժանացած Յովհաննէս Պէյ Տատեանի եղբայրը։ Սիմոն Տատեան կը յիշուի նաեւ Եշիլգիւղի Սուրբ Ստեփաննոս Հայոց եկեղեցւոյ հիմնադիրը։ Գիտենք թէ այս եկեղեցւոյ վերջին նորոգման շրջանին եկեղեցւոյ բակը գտնուող բարերարներուն, մեծաւ մասամբ Տատեան ընտանիքի անդամներուն շիրմաքարերը մէկտեղուած էին մուտքի դրան ձախ կողմը։ Կը կարծուի թէ թերթիս այս հրատարակութենէն ետք Եշիլգիւղի թաղական խորհուրդն ալ շարժման պիտի անցնի իր հիմնադիրի շիրմաքարը արժանի կերպով տեղադրելու համար եկեղեցւոյ շրջապատին մէջ։