ՆԱՐՕՏ ԵԱՆԸՔՕՂԼՈՒ
Այսպիսի ատեններ խօսելէն զատ գրելու փափաքը կ՚արթննայ իմ մէջ։ Ասիկա ալ այդ ատեններէն մէկն է։ Տխուր լուրը առնելէս 10-15 վայրկեան յետոյ ինքզինքս գրասեղանիս առջեւը գտայ եւ սկսայ գրելու։ Արդէն միշդ ինծի կ՚ըսէիր՝ «Գրէ՛ բաներ մը, տպենք հայերէնի էջերուն մէջ»։ Շատ բաներ սորվեցուց ինծի, բացի սորվեցնելէ քաջալերեց հայերէն գրելու մասին։ Ինքը իմ աչքիս անյատակ ջրհորի մը նման էր։ Ինչ որ հարցնեմ, անպայման պատասխան մը ունէր։ Շա՜տ բաներ սորվեցայ եւ սորվելիք դեռ շա՜տ բաներ ունէի։ «Ակօս»ին հայերէն էջերուն մէջ աշխատակցած ատեն Պարոնիս քաջալերութեամբ գրելու սկսած էի, բայց հիմակուան գրութեան նման գրութիւն մը գրելիքս միտքէս բնաւ չէի անցուցած։ Ամենէն դժուարը ո՛չ թէ առաջին գրութիւնը, այլ այս գրութիւնը գրելը եղաւ։
Դեռ համալսարանի ուսանող էի, երբ սկսայ «Ակօս» շաբաթաթերթի հայերէն էջերուն մէջ աշխատելու։ Կ՚ուզէի հայերէնս ալ աւելի յառաջացնել, որպէսզի անգլերէնի ուսուցչութեան քով կարենամ նաեւ հայերէն լեզուն ալ դասաւանդել։ «Ակօս»ին մէջ գրաշարութիւն եւ թարգմանութիւն պիտի ընէի, անանկ որոշում տուած էինք։ Այո՛'գրաշարութիւն պիտի ընէի, բայց ինչպէ՞ս... Գործի սկսած ատեն ուղղագրութիւնս շատ լաւ չէր, բազմաթիւ գրութիւններուս մէջ ուղղագրական առնուազն տասը հատ սխալներ կ՚ըլլային։ Այս մէկը նուազագոյնն էր։ Երբեք չեմ մոռնար, Չորեքշաբթի գիշեր մըն էր, կ՚աճապարէինք լրագիրը տպարան հասցնելու։ Պարոն Բագրատին հետ կ՚աշխատէինք առաջին էջին վրայ։ Ան կ՚ըսէր ես կը շարէի։ Գրութիւնը երբ աւարտեցաւ, առանց ժամանակ կորսնցնելու գրութիւնը Պարոն Սերովբեանին ուղարկեցի եւ ան սկսաւ կարդալ։ Ամէն անգամուն, որ Պարոն Սերովբեանին գրութիւն մը ուղարկէի, կ՚աղօթէի որ քիչ ուղղագրական սխալ ըրած ըլլամ։ Այդ գիշերն ալ այդպէս ըրի։ Բայց գրութիւնը ուղղարկելէս հինգ վայրկեան յետոյ աչքերը վրաս սեւեռելով ըսաւ. «Նարօտ, գոնէ Չորեքշաբթի օրերը քիչ ուղղագրական սխալ ըրէ, որ այս փաթըրթըյին մէջ գործերնիս դիւրանայ»։ Կարմրեցայ եւ «աւելի ուշադիր պիտի ըլլամ Պարոն» ըսի։ Յետոյ խնդալով հարցուց. «հիմա դուն այս խօսքիս հաւատացի՞ր» ես ալ պատասխանեցի «այո»։ Կրկին խնդալով «Պիտի վարժուիս, այս գործը կարգ մը կարեւոր կէտեր ունի, անոնք պիտի սորվեցնեմ քեզի։ Կարեւոր չեն սխալներդ, կը բաւէ որ դուն հայերէն գրէ, ես հազար անգամ կը ստուգեմ» ըսաւ։
Նայէ՛ Պարոն, այս անգամ առանց ուղղագրական սխալի գրեցի...