Իսթանպուլի Փառատօնը ընդմիշտ

Երբեմն յանկարծակի երեւոյթներ կը յուշեն անցնող տարիները։ Այդպէս յանկարծակի առերեսում մը ապրեցանք երբ որմնազդի վրայ տեսանք «Իսթանպուլի 43-րդ Երաժշտական Փառատօն» գրութիւնը։ Այդ որմնազ­դը ինքնա­բերա­բար մեզ տա­րաւ վաղ երի­տասար­դութեան տա­րինե­րու։ 1972 տա­րեթիւն է մատ­նանշուածը։ Տա­րեթի­ւը՝ որ դուրս եկած ենք ծնո­ղական ան­մի­ջական հո­գատա­րու­թե­նէ եւ սկսած ենք որո­նել մեզ ձե­ւաւո­րող ճա­շակ­նե­րը, միտ­քե­րը, մի­ջավայրնե­րը։ Ձեռ­նարկած ենք Սա­յաթ Նո­վա երգչա­խումբի հիմ­նարկութեան։ Եթէ նա­խապէս ամ­բողջո­վին շրջա­պատուած էինք ըն­տա­նեկան կամ դպրո­ցական յա­րաբե­րու­թիւննե­րով, հի­մա դուրս եկած այդ դաշ­տէն կը փոր­ձէինք նոր ծա­նօթու­թիւններ, նոր ըն­կե­րու­թիւններ կազ­մե­լ։ Այ­սօր սի­րելի յի­շատակ մը դար­ձած Արա Ղու­պե­սերեանի հետ ծա­նօթա­նալով գիւ­տը ըրած էինք դա­սական երաժշտութեան։ Գիւտ մը, որ մեր առ­ջեւ լայ­նօ­րէն կը բա­նար հա­մաշ­խարհայնաց­ման դռնե­րը։ Այդ դռնէն կը մտնէինք նոր աշ­խարհ մը որ մեզ պի­տի պար­գե­ւէր աւե­լի նուրբ ճա­շակ, աւե­լի զգա­յուն երաժշտա­կան ըն­կա­լում, որոնցմով աւե­լի հա­րուստ պի­տի զգա­յինք մենք

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Երբեմն յանկարծակի երեւոյթներ կը յուշեն անցնող տարիները։ Այդպէս յանկարծակի առերեսում մը ապրեցանք երբ որմնազդի վրայ տեսանք «Իսթանպուլի 43-րդ Երաժշտական Փառատօն» գրութիւնը։ Այդ որմնազ­դը ինքնա­բերա­բար մեզ տա­րաւ վաղ երի­տասար­դութեան տա­րինե­րու։ 1972 տա­րեթիւն է մատ­նանշուածը։ Տա­րեթի­ւը՝ որ դուրս եկած ենք ծնո­ղական ան­մի­ջական հո­գատա­րու­թե­նէ եւ սկսած ենք որո­նել մեզ ձե­ւաւո­րող ճա­շակ­նե­րը, միտ­քե­րը, մի­ջավայրնե­րը։ Ձեռ­նարկած ենք Սա­յաթ Նո­վա երգչա­խումբի հիմ­նարկութեան։ Եթէ նա­խապէս ամ­բողջո­վին շրջա­պատուած էինք ըն­տա­նեկան կամ դպրո­ցական յա­րաբե­րու­թիւննե­րով, հի­մա դուրս եկած այդ դաշ­տէն կը փոր­ձէինք նոր ծա­նօթու­թիւններ, նոր ըն­կե­րու­թիւններ կազ­մե­լ։ Այ­սօր սի­րելի յի­շատակ մը դար­ձած Արա Ղու­պե­սերեանի հետ ծա­նօթա­նալով գիւ­տը ըրած էինք դա­սական երաժշտութեան։ Գիւտ մը, որ մեր առ­ջեւ լայ­նօ­րէն կը բա­նար հա­մաշ­խարհայնաց­ման դռնե­րը։ Այդ դռնէն կը մտնէինք նոր աշ­խարհ մը որ մեզ պի­տի պար­գե­ւէր աւե­լի նուրբ ճա­շակ, աւե­լի զգա­յուն երաժշտա­կան ըն­կա­լում, որոնցմով աւե­լի հա­րուստ պի­տի զգա­յինք մենք զմեզ։

Ահա այդ տա­րինե­րուն կը զու­գա­դիպէր Իս­թանպու­լի Երաժշտա­կան Փա­ռատօ­նի նա­խափոր­ձե­րը։ Մեր ժա­մանակ­նե­րուն քա­ղաքը զուրկ էր այ­սօ­րուայ հսկայ, գե­ղակերտ հա­մեր­գասրահ­նե­րէն։ Ամէն ինչ կ՚ըն­թա­նար շատ աւե­լի հա­մեստ պայ­մաննե­րու տակ։ Հա­մերգնե­րը մե­ծաւ մա­սամբ կը կա­յանա­յին Հար­պի­յէի բա­ցօթեայ թատ­րո­նին մէջ, ուր հա­մեր­գի մը յար­մար ձայ­նի սար­քա­ւորու­մը իսկ մեծ խնդիր կը կազ­մէր։ Բայց պէտք է նշել որ փա­ռատօ­նը այդ տա­րինե­րուն այ­սօ­րուան նման ընտրա­նինե­րու մե­նաշ­նորհ մը չէր եր­բեք, այլ շատ աւե­լի ժո­ղովուրդա­կան ան­ցուդարձ մը։ Տոմ­սակնե­րը, բաղ­դատմամբ այ­սօ­րուայ, շատ աւե­լի մատ­չե­լի էին։ Երբ պայ­մաննե­րը այսպէս կը ներ­կա­յանար, մենք՝ երի­տասարդներս ալ չէինք դժուարա­նար հա­մերգնե­րու հե­տեւե­լու։ Ան­ցան տա­րիներ եւ փա­ռատօ­նի կազ­մա­կեր­պութիւ­նը շատ աւե­լի ար­հեստա­վարժ գոր­ծընթա­ցի մը վե­րածուեցաւ։ Այդ պայ­մաննե­րու մէջ այ­լեւս հա­մեր­գասրահ­նե­րը պի­տի բա­ցուէր նիւ­թա­կան որոշ կա­րողու­թիւն ու­նե­ցող զան­գուածի դի­մաց միայն։ Կաս­կած չկայ որ հա­րուստնե­ր ու­րախ էին այս զար­գա­ցու­մով։ Բայց մենք որ ու­սա­նողի կամ աշ­խա­տողի մեր հա­մեստ քսակ­նե­րով բա­ժին կը քա­ղէինք այդ ու­րա­խու­թե­նէն, հետզհե­տէ ետ մղուեցանք, գո­հանա­լով մե­զի հա­մար այդքան հա­ճելի դա­սական երաժշտու­թիւնը փո­խանակ հա­մեր­գասրահ­նե­րէն, ձայ­նապնակ­նե­րու մի­ջոցաւ լսե­լու։ Ու­րեմն աւե­լի քան 30 տա­րինե­րու ընդհա­տու­մով յե­տադարձ ակ­նարկ մը գո­յացուց Իս­թանպու­լի Փա­ռատօ­նի այդ գո­վազ­դը։ Տա­րիներ ետք, այս ան­գամ Ակօ­սի աշ­խա­տակից ըլ­լա­լու պար­գե­ւած առի­թով ան­գամ մը եւս եկած ենք դա­սական հա­մերգ մը ըմ­բոշխնե­լու։ Եւ պէտք է խոս­տո­վանիլ որ մեր ըմ­բոշխնա­ծը իրա­կան վա­յելք մըն է, այլ ոչ թէ սո­վորա­կան հա­մերգ։ Եթէ այդ հաս­տա­տու­մը որոշ չա­փով պի­տի ար­դա­րանայ երա­ժիշտնե­րու բարձր կար­գի կա­տարու­մէն, աւե­լի մեծ մա­սով ալ առնչուած պի­տի մնայ մեր ան­ցեալի երի­տասար­դութեան ապ­րումնե­րու հան­դէպ բաղ­ձանքի յա­գեցու­մէն։

«Մոսկվա­յի Մե­նակա­տար­ներ» կը կո­չուէր նուագող խումբը։ Նա­խապէս նոյն փա­ռատօ­նի շրջագ­ծով լսած ըլ­լա­լով առաս­պե­լական Սբի­վակո­վի «Մոսկվա­յի Վիր­դիւօզ­ներ» խումբը, ուղղա­կի զուգահեռ­ներ գո­յացու­ցած էինք լա­րաւոր­նե­րու այս եր­կու նուագա­խումբե­րու մի­ջեւ։ Տե­սանք որ բո­լորո­վին սխալ չեն եկած մեր կան­խա­կալ հա­մոզումնե­րը։ Ու­րեմն անուանի ջու­թա­հար Եու­րի Պաշ­մէ­թի ղե­կավա­րած խումբն ալ յա­ջողե­ցաւ նուաճել ունկնդրի հա­մակ­րանքը։ Մնաց որ խումբը օժ­տուած էր նաեւ տա­ղան­դա­ւոր դաշ­նա­կահա­րով մը, Դա­նիլ Թրի­ֆանո­վի ար­տա­կար­գօ­րէն յա­ջող նուագակ­ցութեամբ։

Որ­պէսզի ապ­րումը աւե­լի յստակ ըլ­լայ, կ՚ար­ժէ նկա­րագ­րել նաեւ հա­մեր­գասրա­հը։ «Մոսկվա­յի Մե­նակա­տար­ներ»ու հա­մեր­գը կա­յացաւ քա­ղաքի ամե­նալաւ աքուստիկ յատ­կութիւն ու­նե­ցող վայ­րե­րէն մէ­կուն՝ պատ­մա­կան «Այա Իրի­նի» բիւ­զանդա­կան եկե­ղեց­ւոյ կա­մար­նե­րուն ներ­քեւ։

Նա­խապէս այս նոյն եկե­ղեց­ւոյ մէջ լսած էինք վե­րոյի­շեալ Սբի­վակո­վի Մոսկվա­յի վիր­դիւօզ­նե­րը կամ յոյն երգչու­հի Ֆո­թէինի Տա­րան եւ դեռ շատ ու­րիշներ։ Ամէն ան­գա­մուն ապ­րած էինք նոյն հիացու­մը եկե­ղեց­ւոյ հնչե­ղակա­նու­թեան մա­սին։

Եու­րի Պաշ­մէ­թի խումբը նախ ներ­կա­յացուց Ֆրէտ­րիխ Շո­փէնի դաշ­նա­մու­րա­յին քոն­ցերթը։ Այս բաժ­նին մէջ ար­դէն հան­դի­սատե­սը հիացու­մով լսեց երի­տասարդ դաշ­նա­կահար Դա­նիլ Թրի­ֆանո­վի կա­տարո­ղական մեծ տա­ղան­դը։ 24 ամեայ այս երի­տասարդ երա­ժիշ­տը ար­դէն այժմէն նուաճած է իր արուես­տի մե­ծագոյն բար­ձունքնե­րը։ Բա­զում պար­գեւնե­րու ար­ժա­նացած Թրի­ֆանով աշ­խարհի բազ­մա­թիւ քա­ղաք­ներ շրջե­լէ ետք եկած էր Իս­թանպուլ, իր կա­տարո­ղական տա­ղան­դը մեզ շռայ­լե­լու հա­մար։

Երկրորդ բա­ժինը սկսաւ Ճորճ Ֆի­լիպ Թե­լեմա­նի ջու­թի քոն­ցերթով։ ԺԷ. դա­րու այս անուանի եր­գա­հանի երաժշտու­թիւնը յա­ճախ զու­գա­հեռ­ներ կը թե­լադ­րէ Պա­խի պա­րոգա­կան երաժշտու­թեան հետ։ Ջու­թի քոն­ցերթն ալ կը թո­ղուր նոյն տպա­ւորու­թիւնը։ Չորս բա­ժին­նե­րով այս գոր­ծին մէջ Եու­րի Պաշ­մէթ թէ խմբա­վար էր եւ թէ մե­նակա­տար ջու­թա­հար։

Յա­ջոր­դող գոր­ծը Չայ­գովսգու եր­գա­ցան­կի իւ­րա­յատուկ մէկ օղա­կը կը կազ­մէր՝ «Ֆլո­րան­սի Յու­շեր»։ Դար­ձեալ չորս բա­ժին­նե­րով երաժշտու­թիւն մը, որու ըն­թացքին մեր միտքն ալ կը թռչէր դէ­պի վե­րած­նունդի մայ­րա­քաղաք՝ Ֆլո­րանս։ Վե­րած­նունդի խոր­հուրդը տե­ղի կու տայ նոր միտ­քե­րու։ Կը խոր­հինք եւ­րո­պական մշա­կոյ­թի հիմ­քե­րուն մա­սին։ Յի­շողու­թիւննե­րը դեռ կը թե­ւածեն եւ մեր մտքին մէջ կը յայտնուին Փրոֆ. Սեր­վեր Թա­նիլ­լի կամ Տոց. Պետ­րետտին Ճէօմերթ անուննե­րը։ Վե­րած­նունդի, լու­սա­ւոր­ման եւ առ­հա­սարակ եւ­րո­պական մշա­կոյ­թի մա­սին մեր սե­րունդնե­րը մեծ պա­շար կու­տա­կեցին անոնց ու­սումնա­սիրու­թիւննե­րէն։ Եր­կուքն ալ ֆա­շիստնե­րու գնդակ­նե­րուն թի­րախ եղան։ Ճէօմերթ մա­հացաւ երի­տասարդ հա­սակով, իսկ Թա­նիլ­լի դա­տապար­տուեցաւ սայ­լա­կի վրայ ապ­րե­լու։

Ժա­մանա­կակից չի­նացի յօ­րինող Թան Տու­նի կար­ճա­տեւ մէկ գոր­ծով աւար­տին հա­սաւ այս խիստ տպա­ւորիչ հա­մեր­գը։

Իս­թանպու­լի Երաժշտա­կան Փա­ռատօ­նի խորհրդան­շա­նը ան­շուշտ որ ծո­վափայլ այս քա­ղաքի ամա­ռուայ գի­շեր­ներն է։ Ահա այդպի­սի գի­շերուան մը գիր­կը կ՚իյ­նանք Այա Իրի­նիյէն դէ­պի Սուլթա­նահ­մէ­տի հրա­պարակ քա­լելով։ Րա­մազան ամ­սուայ յա­տուկ ու­րախ բազ­մութիւն մը լե­ցու­ցած է բա­զում դա­րերու վկա­յու­թիւնը պա­հող այս հրա­պարա­կը եւ յա­րակից փո­ղոց­նե­րը։ Կը խառ­նուինք այդ բազ­մութեան եւ հա­մարեայ մեր վաղ երի­տասար­դութեան տա­րինե­րուն յա­գեցու­մով կը բռնենք տուն դար­ձի ճամ­բան, երանի տալով ապրուած օրին։