Համասեան ճախրեց դուրս գալով Այա Իրինիյի գմբեթէն

Շաբաթ մը ետք դար­ձեալ Այա Իրի­նի պատ­մա­կան տա­ճարն ենք։ Այս ան­գամ եկած ենք անուանի Ճազ-դաշ­նա­կահար Տիգ­րան Հա­մասեանի եւ Յա­րու­թիւն Թո­փիկեանի ղե­կավա­րու­թեամբ Երե­ւանի սե­նեկա­յին երգչա­խումբի հա­մեր­գը լսե­լու։ Հա­մասեանի նա­խորդ հա­մերգնե­րուն ար­ձա­գանգնե­րը ալ աւե­լի սրած են մեր հե­տաքրքրու­թիւնը։

Շաբաթ մը ետք դար­ձեալ Այա Իրի­նի պատ­մա­կան տա­ճարն ենք։ Այս ան­գամ եկած ենք անուանի Ճազ-դաշ­նա­կահար Տիգ­րան Հա­մասեանի եւ Յա­րու­թիւն Թո­փիկեանի ղե­կավա­րու­թեամբ Երե­ւանի սե­նեկա­յին երգչա­խումբի հա­մեր­գը լսե­լու։ Հա­մասեանի նա­խորդ հա­մերգնե­րուն ար­ձա­գանգնե­րը ալ աւե­լի սրած են մեր հե­տաքրքրու­թիւնը։

Հա­մեր­գասրա­հի վե­րածուած եկե­ղեցին ամ­բողջո­վին լե­ցուն է երաժշտա­սէր­նե­րով։ Կը նկա­տենք թէ անոնց մէջ սո­վորա­կանէն շատ աւե­լի մեծ հա­մեմա­տու­թիւն կը կազ­մեն հա­յերը։ Տիգ­րան Հա­մասեան հո­ղագոյն շա­պիկ մը հա­գած է, իսկ երգչա­խումբը եւ խմբա­վարը ծի­րանա­գոյն։ Բո­լոր շա­պիկ­նե­րուն կրնա­կը կը զար­թա­րէ հայ­կա­կան խա­չը։ Կը զգանք թէ այդ խա­չերուն դէմ է որ ան­հանդուրժո­ղու­թեան նո­պայի մատ­նուած է Կար­սի ազ­գայնա­մոլ­նե­րու ֆա­շական պե­տը։

Երաժշտու­թեան առա­ջին ելե­ւէջ­նե­րով մագ­նի­սական ձգո­ղու­թիւն մը տի­րեց բազ­մա­դարեան այդ պա­տերէն ներս։ Ձայ­նը այնքան հզօր ձեր­բա­կալեց մեր զգայ­նա­կանու­թիւնը, որ պահ մը դուրս մնա­ցինք բո­լոր իրա­կանու­թիւննե­րէ։ Եւ այդ պա­հը տե­ւեց ամ­բողջ մէ­կ ու կէս ժամ, մին­չեւ հա­մեր­գի աւար­տին։ Կար­ծես Այա Իրի­նիի լայն գմբեթը բա­ցուեցաւ մեր գլխուն վե­րեւ եւ հո­գինե­րը սա­ւառ­նե­ցան երկնա­կամա­րի տակ։ Տա­րուած էինք ձայ­նի կան­չով ու կը ճախ­րէինք դէ­պի հա­յոց լեռ­ներ։ Գոյ­ներ իրա­րու մէջ կ՚ընթլու­ծուէին։ Կը զար­մա­նայինք մոխ­րա­գոյ­նի եւ հո­ղագոյ­նի ներ­դաշնա­կու­թիւնը տես­նե­լով։ Այդ գոյ­նե­րէ հիւ­սուած շեր­տեր, իբ­րեւ ժայ­ռա­բեկոր դուրս կու գա­յին սպի­տակ ձիւ­նա­ծածկ գա­գաթէն ու կ՚իջնէին մին­չեւ զմրուխտեայ դաշ­տեր։ Յոր­դա­ռատ կը հո­սէր գետ մը, որուն անու­նը ճշդե­լու կը դժուարա­նանք։ Արա­ծանի՞, Մեղ­դա­գե՞տ, Թէ ինքն Եփ­րատ կամ Տիգ­րիս։ Հոգ չէ թէ կը դժուարա­նանք անու­նը ճշդե­լու՛ գի­տենք թէ մերն են, մեր երկրի գե­տերը, մեր անա­ռիկ լեռ­նե­րը։ Բար­ձունքնե­րու վրայ սա­ւառ­նող առ­ծիւն ալ մերն է։ Ու վեր­ջա­պէս Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի, Ներ­սէս Շնոր­հա­լիի շա­րական­նե­րու հնչիւննե­րով կ՚ինքնամ­փո­փուուինք։ Այս պա­հուն մենք ենք մեր սա­րերը։ Թրքա­կան Հիւրրի­յէթ թեր­թի թղթա­կիցը «ժա­մանա­կը կանգ առա­ւ» ըսե­լով կը բնու­թագրեր Հա­մասեանի Աղ­թա­մար կղզու հա­մեր­գը։ Կը ձայ­նակցինք այդ հաս­տա­տու­մին։ Մենք ալ դուրս եկած ենք ժա­մանա­կի սահ­մա­նու­մէն։ Կը ճախ­րենք աւե­լի քան հա­զար հինգ հա­րիւր տա­րինե­րու մի­ջեւ։

Հայկազեան բա­ռամ­թերքը խիստ ան­բա­ւարար է Հա­մասեանի երաժշտու­թիւնը նկա­րագ­րե­լու հա­մար։ Ու­րեմն կը մնայ պա­հը ըմ­բոշխնել եւ իւ­րացնել միայն։ Ի զուր է այդ պա­հը չվայ­ելած մէ­կուն փո­խան­ցել հոն գո­յացած զգա­ցական աշ­խարհը։ Իսկ հոն գտնուող­նե­րէն իւ­րա­քան­չիւրը ու­նի իր տպա­ւորու­թիւնը, վասն զի կա­րիք չու­նի այս տո­ղերուն։ Մե­զի ալ կը մնայ նե­րողու­թիւն խնդրել բո­լոր ըն­թերցող­նե­րէն, այս սրտա­բուխ մե­նախօ­սութեան համար։