Դէպի ակունքն Արեգական

«Ակօս»ի բարեկամներէն Ամէտ Կէօքչէն «Մերօրեայ պատմահայրը» կը կոչէր թերթիս հայերէն էջերու աւագ խմբագիր Սարգիս Սերովբեանը։ Իր թարմ կորուստով մենք զրկուած էինք առասպելներու եւ դիցաբանութեան կախարդական աշխարհին վերաբերող յօդուածներէ։ Ուրախութիւնով կը ներկայացնենք այս անգամ եթէ ոչ պատմահայր, բայց ապագայ պատմաքոյր կոչելու արժանի երիտասարդ յօդուածագիր մը։ Յետայսու այս էջերու վրայ ան աւանդազրոյցներ կը փոխանցէ հայ վիպասանութեան հսկայ ժառանգէն գաղուած եւ մենք ալ ձեւով մը շարունակած կ՚ըլլանք սիրելի Սարգիս Սերովբեանի թողած աւանդը։

Արեւ բա­րի ընդ ձեզ։

Կայ նաւ մը, որ Արե­գակունք կը կո­չուի։ Արա­րուած է այն դի­ցային աշ­խարհին մէջ՝ յա­ւեր­ժա­հարսնե­րի ձեռ­քով եւ Հա­զարան Բլբու­լի եր­գով։ Այն իւ­րա­յատուկ բա­նալի է, որ կը բա­նայ դռնե­րը դէ­պի վի­պաշ­խարհի այ­լե­ւայլ ծայ­րե­րը։

Այ­սօր Արե­գակունքը մեզ կը տա­նի հե­ռու-հե­ռու՝ դէ­պի աշ­խարհի ծայ­րը, ուր կը գտնուի Արե­ւի տու­նը։ Այն շի­նուած է կա­պոյտ մար­մա­րէ եւ շրջա­պատուած է տաս­ներկու կա­մարա­կապ բա­կերով. որոնք աստղա­տու­ներն են։ Բա­կերուն մէջ շատ­րուան ու աւա­զան կայ, բայց ո՛չ ծառ ու կա­նաչ, ո՛չ հաւք, ո՛չ անա­սուն եւ ո՛չ ալ ու­րիշ արա­րած։ Ցե­րեկ­նե­րը խո­րունկ լռու­թիւն կը տի­րէ տա­ճարին մէջ. հա­զար ու բիւր աստղունք կը ննջեն կա­մար­նե­րու ներ­քոյ։ Կեդ­րո­նը՝ գլխա­ւոր աւա­զանի վրայ, ոս­կե­ղէն տա­ղաւար է, ուր փռուած է Արե­ւի մարգրի­տէ ան­կո­ղինը։

Մի ան­կիւնը նստած է Արե­ւամայ­րը՝ «թա­գու­հի մը լոյ­սե­րու մէջ ու ինքն լու­սե­ղէն»։ Եւ ահա օրուայ շրջա­գայու­թիւններէն վե­րադառ­ձաւ Արե­գակը՝ բո­ցերի մէջ կո­րած, մտաւ ջրա­ւազան, լո­ղացաւ, իսկ աստղե­րը արթնա­ցան, ոտ­քի կանգնե­ցին, ող­ջունե­ցին Արե­ւին եւ բարձրա­ցան երկնքի երե­սը։ Արե­ւամայ­րը գրկին, վեր կը հա­նէ ջրէն Արե­գակին եւ կը պառ­կեցնէ ան­կո­ղինը՝ իր ծո­ցը ու «ծիծ կու տայ՝ անհնա­նալի, ան­ծե­րանա­լի, մշտա­մանուկն Արե­գակին»։ Վեր­ջինս կը քնէ-հանգչի, որ­պէսզի յա­ջորդ օրն առա­ւօտեան վերսկսի իր մշտա­կան շրջապ­տոյտը։ Այստե­ղից է, որ արե­ւամու­տը մայ­րա­մուտ (մօր մօտ մտնել) կամ մայր մտնել կ՚ըսեն, իսկ արե­ւածա­գին՝«արե­ւը մօր ծո­ցէն ելաւ»։

Արե­ւը երկնա­կամա­րով կը սլա­նայ իր առիւ­ծի հետ, որը զի­նուած է հսկայ թու­րով, ին­չով ան Արե­ւին կը պաշտպա­նէ քաջ­քե­րէն ու գի­շերա­մայ­րե­րէն։

Երբ արե­ւը կը սկսի աւե­լի ու աւե­լի մօ­տենալ երկրին, յան­կարծ անոր դէմ կ՚ել­լէ վիթ­խա­րի մի թռչուն։ Թռչու­նի տա­րածած լայն թե­ւերու շնոր­հիւ Արե­ւի կի­զիչ ճա­ռագայթնե­րը չեն հասցներ մո­խիր դարձնել եր­կի­րը։ Երբ արե­ւը կը սկսի հե­ռանալ երկրէն, թռչու­նը՝ խան­ձուած թե­ւերով, ու­ժասպառ ու կի­սամեռ կ՚իյ­նայ ծո­վը, կը զո­վանայ, կը բու­ժէ իր թե­ւերը։ Առա­ւօտեան ան դար­ձեալ կ՚ել­լէ Արե­ւի դէմ եւ իր հո­վանու տակ կ՚առ­նէ եր­կի­րը։

Արե­ւի մէկ այլ աւա­զանն ալ Վա­նայ ծո­վն է։ Վեր­ջա­լոյ­սին Արե­ւը կը մտնէ Վա­նայ ծով, կը լո­ղանայ, մաք­րուի, կ՚իջ­նէ ծո­վի յա­տակը՝ քնանալու եւ հանգչե­լու օրուայ շրջա­գայու­թե­նէն։ Այդ պա­հուն արեւ­մուտքը երեւ­ցած շա­ռագոյն, մոխ­րա­գոյն եւ ձիւ­նա­թոյր ծալ-ծալ ամ­պե­րը Արե­ւի ան­կողնի քօղն ու վա­րագոյրներն են։ Ան­կո­ղինը անոր փռուած է ծո­վի խոր­քում՝ փրփու­րի վրայ։

Ար­շա­լոյ­սին Վա­նայ ծո­վի յա­ւեր­ժա­հար­սունք կ՚արթնաց­նեն Արե­ւին, կը հագցնեն հրե­ղէն զգեստներ։ Ահա սար ու դաշտ կը ծած­կուի ցօ­ղով. այդ Արեւն է, ջու­րը դէմ­քէն կը ցայ­տէ չորս դին։ Ցօ­ղէն կ՚արթննայ Հա­զարան Բլբու­լը եւ շուրջբո­լորը կը տա­րածուի անոր նուրբ ձայ­նը՝

Առա­ւօտ լու­սոյ

Արե­գակն ար­դար

Առիս լոյս ծագ­յա։

Արե­ւել­քը գտնուող հսկայ լե­ռան տա­կէն կ՚ել­նեն արե­ւի թիկ­նա­պահ­նե­րը՝ 12 սե­ւաթոյր արաբ­ներ, լու­սե­ղէն ճի­պոտ­նե­րով ճա­ռագայ­թի պէս կը զար­նեն լե­րանը, լե­ռը կը ցած­րա­նայ, եւ շուրջբո­լորը ամէն լեռ ու սար նոյնպէս կը խո­նար­հին Արե­ւին։ Յան­կարծ այդ պա­հուն սարերու թիկունքէն կը նշմարուի Արեւի ոսկէ գլուխն ու հրեղէն մազերը, ան կը բարձրանայ երկնակամար...

Արեւ բարի ընդ ձեզ։