Լեւոն Լաչիկեանի նոր ու վերապրեցնող արուեստը

«Պա­տահակնն է որ նոր ներշնչումնե­­րու տե­­ղի կու տայ։ Եւ երբ յայտնուի այդ ներշնչու­­մը, պա­­տահա­­կանը դուրս կու գայ գոր­­ծընթա­­ցէն եւ կը սկսի ծրագ­­րուածը։ Պա­­տահա­­կան ծա­­նօթա­­ցայ «Փա­­րօս» պար­­բե­­­րակա­­նի խմբագ­­րին՝ Մայ­­տա Սա­­րիսի հետ։ Բայց երբ այդ ծա­­նօթու­­թիւնը հա­­սաւ Պոլ­­սոյ մէջ ան­­հա­­­տական ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սի մը մտադ­­րութեան, սկսած էր ար­­դէն ծրագ­­րուած աշ­­խա­­­տան­­քը։

«Պա­տահակնն է որ նոր ներշնչումնե­­րու տե­­ղի կու տայ։ Եւ երբ յայտնուի այդ ներշնչու­­մը, պա­­տահա­­կանը դուրս կու գայ գոր­­ծընթա­­ցէն եւ կը սկսի ծրագ­­րուածը։ Պա­­տահա­­կան ծա­­նօթա­­ցայ «Փա­­րօս» պար­­բե­­­րակա­­նի խմբագ­­րին՝ Մայ­­տա Սա­­րիսի հետ։ Բայց երբ այդ ծա­­նօթու­­թիւնը հա­­սաւ Պոլ­­սոյ մէջ ան­­հա­­­տական ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սի մը մտադ­­րութեան, սկսած էր ար­­դէն ծրագ­­րուած աշ­­խա­­­տան­­քը։ Պի­­տի ըսեմ որ բա­­ւական տան­­ջանք է այդ հանգրուանը։ Ստիպուած պի­­տի ըլլաս դուն քեզ զա­­նազան հար­­ցումներ ուղղել, որոնց պա­­տաս­­խա­­­նը այդքան ալ յստակ չեն։ Պի­­տի պատ­­րաստես նոր գոր­­ծեր, կրկին կա­­րիքը պի­­տի զգաս մու­­սա­­­ներուն, բայց անոնք ալ կազմ եւ պատ­­րաստ քեզ սպա­­սողը չեն։ Չես գի­­տեր թէ, երբ ցան­­կութիւն կ՚ու­­նե­­­նան եւ կ՚այ­­ցե­­­լեն։ Իսկ միւս կող­­մէ ճշդուած է թուական մը։ Տե­­սած ես ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սի վայ­­րը։ Նոյ­­նիսկ ճշդած ես այս ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սին յա­­տուկ խո­­րագիր մը։ Ու­­րեմն կաշ­­կանդուած ես զա­­նազան գոր­­ծօննե­­րով»։

Գե­­ղան­­կա­­­րիչ Լե­­ւոն Լա­­ճիկեան յաղ­­թա­­­նակ մը տա­­րաւ նա­­խորդ Չո­­րեք­­շաբթի, Գը­­նալը կղզի՝ Տորք Մի­­րիճա­­նեանի «Ճաշ» ճա­­շարա­­նին մէջ իր վեր­­ջին գոր­­ծե­­­րը ներ­­կա­­­յաց­­նե­­­լով պոլ­­սա­­­հայ արուես­­տա­­­սէր հա­­սարա­­կու­­թեան։ «Յաղ­­թա­­­նակ» կը կո­­չենք արուես­­տա­­­գէտի այս հան­­դի­­­պու­­մը, քա­­նի ան յա­­ջողե­­ցաւ իր գոր­­ծով հմա­­յել ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սը այ­­ցե­­­լող­­նե­­­րը։

Լա­­ճիկեան վե­­րի տո­­ղերով մին­­չեւ 22 Յու­­լի­­­սի երե­­կոյ իր մատ­­նուած հո­­գեբա­­նու­­թիւնը փո­­խան­­ցե­­­լէ ետք, զգա­­լիօրէն լու­­սա­­­ւորուած դէմ­­քի ար­­տա­­­յայ­­տութիւ­­նով կը շա­­րու­­նա­­­կէ՝

«Յա­­գեցած եմ, հի­­մա այս բո­­լորը մար­­սե­­­լու պահն է որ կ՚ապ­­րիմ։ Յա­­ջոր­­դող օրե­­րուն կը վե­­րապ­­րիմ այն քա­­նի մը ժա­­մերը, ուր ծա­­նօթ-ան­­ծա­­­նօթ բազ­­մութիւն մը հիացու­­մով կը դի­­տէին գոր­­ծերս եւ անոնցմէ շա­­տեր ալ կ՚ու­­զէին ընդմիշտ դի­­տել իրենց տան պա­­տին վրայ։ Ոգեւորող ար­­տա­­­յայ­­տութիւննե­­րը կը վեր­­յի­­­շեմ ու կրկին կը լծուիմ ար­­տադրե­­լու։ Չէ որ նոր պա­­տուեր­­ներ ստա­­ցած եմ։ Մար­­դիկ իրենց եր­­բեմնի տան լու­­սանկա­­րով կը դի­­մեն, կը խնդրեն որ նկա­­րեմ հոն երեւ­­ցող եւ այժմ գո­­յու­­թիւն չու­­նե­­­ցող տու­­նը։ Ես լու­­սանկա­­րէն աւե­­լի տա­­րուած կ՚ըլ­­լամ խօ­­սակ­­ցիս աչ­­քե­­­րուն։ Կը զգամ որ այդ ան­­հե­­­տացած տու­­նը նկա­­րելով պի­­տի վե­­րակեն­­դա­­­նանան բազ­­մա­­­թիւ կեր­­պարներ, որոնք տան նման այ­­սօր չկան, բայց ար­­ժա­­­նի են յի­­շուե­­լու։ Ի՞նչ կրնամ ըսել որ, արուես­­տա­­­գէտի տե­­սան­­կիւնը այսպէս է»։

Մե­­զի հա­­մար նո­­րու­­թիւն չէ Լա­­ճիկեանի ան­­ցեալի եւ յի­­շողու­­թեան հան­­դէպ հե­­տաքրքրու­­թիւնը։ Իր գոր­­ծե­­­րը դի­­տելով նկա­­տած ենք որ ան ներ­­կան ապ­­րե­­­լով դիւ­­րաւ կրնայ թա­­փան­­ցել նաեւ ան­­ցեալին։ Պատ­­մա­­­կան հնու­­թիւն դար­­ձած շի­­նու­­թիւննե­­րուն նա­­յելով ան կրնայ տես­­նել դար մը, նոյ­­նիսկ քա­­նի մը դար ան­­ցեալը եւ այդ տպա­­ւորու­­թիւնը կը ցո­­լաց­­նէ գոր­­ծին։ Օրի­­նակ կրնանք թուել «Տոլ­­մա­­­պահ­­չէի մզկի­­թը» կամ «Անա­­տոլու­­հի­­­սարը» գոր­­ծե­­­րը։ Մզկի­­թի ետին, Պէ­­շիք­­թաշ թա­­ղամա­­սի բար­­ձունքնե­­րը այ­­լա­­­սերած նոր հա­­մայ­­նա­­­պատ­­կեր մը կայ այ­­սօր, բայց նկա­­րիչը ան­­տե­­­սած է երկնա­­գեր շէն­­քե­­­րով յայտնուած տգե­­ղու­­թիւնը։ Նմա­­նապէս ԺԴ. դա­­րու վեր­­ջե­­­րուն կա­­ռու­­ցուած բեր­­դի ծո­­վափին կը տես­­նենք նաւ մը, որ կը պատ­­կա­­­նի այդ հին ժա­­մանակ­­նե­­­րուն։

«Ծանր բեռ մը շալ­­կած էի, փառք որ ողջ առողջ տա­­րի, իր տե­­ղը հաս­­ցուցի այդ բե­­ռը եւ հի­­մա ատե­­նը եկած է տուն դառ­­նա­­­լու, այս բո­­լորը տնե­­ցինե­­րուս հետ կի­­սելու, մար­­սե­­­լու, իւ­­րացնե­­լու։ Յե­­տոյ կրկին կը սպա­­սեմ մու­­սա­­­ներու այ­­ցե­­­լու­­թիւնը»։

Այս ըսե­­լով վեր կա­­ցաւ Լե­­ւոն Լա­­ճիկեան։ Հրա­­ժեշտ առաւ խմբագ­­րա­­­տու­­նէն եւ ուղղուեցաւ դէ­­պի կղզի, քա­­նի որ ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սը դեռ բաց է եւ կը սպասէ այցելուներուն։