«Էրկիրի ձայնը կը լսեմ»

Օգոստոսի երկրորդ շաբթուն Հայաստան Աղվերանի մէջ Հելսինքեան Քաղաքացիական Անսամպլի Վանաձորի գրասենեակի նախձեռնութեամբ կայացաւ Եավաշ-Կամաց ամառնային դպրոցը։ Այս աշխատութեան երկու զեկոյցներով մասնակցած էր թերթիս աշխատակից Զաքարիա Միլտանօղլու։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Միլտանօղլույի գրիչով Երեւանեան պատումներ։

ԶԱՔԱՐԻԱ ՄԻԼՏԱՆՕՂԼՈՒ

zakaryamil@gmail.com

Դասընթացքի վերջին օրը յատկացուած է ցե­ղաս­պա­նու­թեան յու­շարձա­նի եւ թան­գա­րանի այ­ցե­լու­թեան։ Երե­կոյեան հա­մար ալ նա­խատե­սուած է հրա­ժեշ­տի ընթրիք մը։

Երե­ւանի եր­բեմնի հա­րուստ ըն­տա­նիք­նե­րէն Ափ­րի­կեան­նե­րու անու­նը կրող ճա­շարա­նին մէջ մէկ­տե­ղուած ենք։ Ի տար­բե­րու­թիւն Թուրքիայէ, այստեղ ճա­շարան­նե­րու մէջ ծխել կա­րելի է։ Բայց ես չծխող­նե­րը նկա­տի ու­նե­նալով դուրս կ՚ել­լեմ։ Ական­ջիս կը հաս­նի «թուրք-թուրք» հնչող խռպոտ ձայն մը։ Ճա­շարա­նը կի­սան­կուղ դիրք մը ու­նի։ Կը բարձրա­նամ այդ քա­նի մը աս­տի­ճան­նե­րը եւ եր­կու ձեռ­քե­րով բազ­րի­կին կռթնած մար­դը կը տես­նեմ։ Զիս տես­նե­լով կը կրկնէ «թո՞ւրք»։ «Ո՛չ» կ՚ըսեմ, «թուրք չեմ, հայ եմ, բայց Թուրքիայէն կու գամ»։ Ապա կը պատ­մեմ Երե­ւան գտնուելու մեր նպա­տակը։ Կը հարցնեմ թէ ինք ի՞նչ կ՚ընէ այստեղ այսպէս կանգնած։ «Էր­կի­րի ձայ­նը կը լսեմ։ Թրքե­րէն որ կը խօ­սիք այդ իմ երկրի ձայնն է»։ Ցնցուած եմ։ Ան­գամ մը եւս ցնցուած եմ հայ մար­դու երկրի նկատ­մամբ լցուած կա­րօտով։ Ան­գամ մը եւս կը գի­տակ­ցիմ թէ ին­չո՞ւ հա­մար հա­յոց գրա­կանու­թեան մէջ «էր­կիր» բա­ռը եւ անոր խորհրդան­շած իմաստնե­րը այսքան ցայ­տուն են։ Կար­ծես աճա­պարուած ըլ­լայ, մէկ շունչով կը պատ­մէ թէ հայ­րը սե­բաս­տա­ցի, իսկ մայ­րը վա­նեցի է։ 1928-ին ներ­գաղթած են Հա­յաս­տան, ուր ծնած է ինք։ «1995-ին այ­ցե­լած եմ հօրս ծննդա­վայր Սե­բաս­տիոյ Հա­ֆիք գա­ւառի Կոթ­նի գիւ­ղը։ 11-րդ փո­ղոցի, 12-րդ շէնքն է հօրս ծնած տու­նը, ուր այ­սօր Էր­սոյ եւ Ալի Էպու­սէ­յիտ անուն մար­դիկ կ՚ապ­րին»։ Ապա գրպա­նէն կը հա­նէ, ցոյց կու տայ երկթերթ մա­շած փաս­տա­թուղթ մը։ «Ղա­րաբա­ղեան պա­տերազ­մին մաս­նակցած էի, աւար­տին այս փաս­տա­թուղթը տուին»։

«Մի՛ լար աղ­ջիկ մի՛ լար լաւ պի­տի լի­նի»

Նոյն պա­հուն ամառ­նա­յին դա­սըն­թացքի տե­ւողու­թեամբ մաս­նա­կից­նե­րու գրած զե­կոյցնե­րը խմբագ­րող, անոնց տպագ­րութիւ­նով զբա­ղուող Էօզ­լէմ Տալ­քը­րան վրայ հա­սաւ ու միացաւ մե­զ։ Թրքե­րէնով ներ­կա­յացուց զինք «անունս Էօզ­լէմ է» ըսե­լով։ Եւ իս­կոյն աւել­ցուց թէ Էօզ­լէ­մի թարգմա­նու­թիւնը կա­րօտ է։ Ակնթար­թի մէջ Էօզ­լէ­մին կը ծա­նօթաց­նեմ Յով­սէփ Ժամ­կո­չեանը եւ Յով­սէ­փին ալ Էօզ­լէ­մը։ Էօզ­լէմ ալ ինձ նման թախ­ծոտ է։ Շու­տով կը թրջին աչ­քե­րը։ Գլու­խը դրած է Ժամ­կո­չեանի ու­սին, մինչ ան գուրգու­րանքով ձեռ­քը կը համ­բուրէ Էօզ­լէ­մին ու կը մխի­թարէ՝ «Մի՛ լար աղ­ջիկ մի՛ լար լաւ պի­տի լի­նի» ըսե­լով։

Յա­ջորդ օր օդա­կայանն ենք եւ ես դարձեալ թա­խիծը կը տես­նեմ Էօզ­լէ­մի աչ­քե­րուն մէջ։ Յու­սա­հատ կը հարցնէ՝ «դեռ մին­չեւ ե՞րբ այսպէս լա­լաքին պի­տի բաժ­նուինք Երե­ւանէն»։

Պա­հապան Հրեշ­տակ

Ծրագ­րին մէջ կայ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան Թան­գա­րանի այ­ցե­լու­թիւն։ Ճամ­բուն կ՚ապա­հովենք մեր ծաղ­կե­փունջե­րը։ Նա­խապէս քա­նի մը ան­գամ այ­ցե­լած եմ այս հա­մալի­րը, բայց հի­մա Թուրքիայէն ժա­մանած 20 երի­տասարդ այ­ցե­լու­նե­րով բո­լորո­վին տար­բեր տրա­մադ­րութիւն մը կը տի­րէ։ Խումբի թարգմա­նու­թիւնը ստանձնած Ալին Օզինեան, յա­ջողած է մե­զի հա­մար ժա­մադ­րութիւն մը ապա­հովել թան­գա­րանի տնօ­րէն Հայկ Դէ­մօեանէն։ Դէ­մօեան թան­գա­րանի մուտքին կը դի­մաւո­րէ մեզ եւ ան­ձամբ կը ծա­նօթաց­նէ ցու­ցադրուած­նե­րը։ Թան­գա­րանը, թէ վե­րանո­րոգուած եւ թէ ընդլայ­նած է։

Կը նկա­տեմ որ աշ­խա­տանո­ցի Հա­յաս­տա­նեան մաս­նա­կից­նե­րէն Կրէ­դա Բաղ­րա­մեան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան Հա­մալի­րի մուտքէն իսկ կող­քիս է։ Դա­սըն­թացքնե­րու մի­ջոցին իմ զե­կոյցս զգա­ցական փո­թորիկ մը յա­ռաջա­ցուցած էր։ Բո­լորը անդրա­դար­ձած էին որ խօ­սելու պա­հուն յա­ճախ կանգ կ՚առ­նեմ, թուքս կուլ կու տամ եւ ձայնս կը դող­դո­ղայ։ Կրէ­դա այս բո­լորը յի­շելով չու­զէր որ առան­ձին ըլ­լամ սիրտ մա­շեց­նող այս նկար­նե­րուն դի­մաց։ Թե­ւը մէջ­քիս փաթ­թած հո­գատար պա­հապան հրեշ­տակ մըն է ան այս պա­հուն։ Իսկ ես հիացած եմ երի­տասարդ հա­սակին մէջ դրսե­ւորած այս հա­սու­նութեան ու պա­տաս­խա­նատուու­թեան գի­տակ­ցութեան հան­դէպ։ Թան­գա­րանէն ել­քի պա­հուն լամ­բա­կիս ան­մո­ռուկ մը զե­տեղողն ալ ինքն է։

Մեզ կը մօ­տենայ զե­կու­ցողնե­րէն Էմի­նէ Ու­չաք։ Շատ ազ­դուած է թան­գա­րանի լրջու­թե­նէն. «Շատ զգուշ գտնուած են ցու­ցադրուած նկար­նե­րը ընտրե­լու գոր­ծին մէջ։ Թուրքիոյ մէջ աւե­լի շատ կը տես­նենք այս նիւ­թի շուրջ արիւնլուայ լու­սանկար­ներ, քան այստեղ»։

Ետ դար­ձի ճամ­բուն ձախ կող­մը եր­կա­րող պա­տին վրայ նշուած են զան­գուածա­յին ջար­դե­րու կեդ­րոննե­րը։ Սե­բաս­տիա, Կե­սարիա, Ամա­սիա, Տի­յար­պէ­քիր… ցան­կը այսպէս կ՚եր­կա­րի։ Ին­ծի կը վի­ճակի բո­լոր այդ տե­ղանուննե­րը մի առ մի նշել։

Ռի­զէցի Մահ­մուտ եւ
«թշնա­մու լե­զուն»

Զուարթնոց օդա­կայանն ենք եւ վեր­ջին գնումնե­րը կը կա­տարենք։ Վճար­ման կէ­տի առ­ջեւ հերթ գո­յացած է։ Աս­պա­րէզի բեր­մամբ կը ճանչնամ շի­նարար­նե­րը։ Կը զգամ որ շի­նարար մը խնդիր ու­նի պաշ­տօ­նեայի հետ։ Կ՚երե­ւի ես ալ իրեն ծա­նօթ թուացած եմ, որ հար­ցուց՝ «հա­յերէն գի­տե՞ս»։ Դրա­կան պա­տաս­խանս լսե­լով պա­ղատե­ցաւ որ օգ­նա­կան ըլ­լամ։ Նիւ­թը դիւ­րաւ պար­զուեցաւ։ Շիշ մը կո­նյակ գնած է եւ վա­ճառո­ղը կը դժուարա­նայ վրա­դիրք ման­րուքնե­րը ճա­րելու։ Խոր­հուրդ կու տայ որ քա­նի մը րո­պէ սպա­սէ։ Այս լսե­լով հան­գիստ շունչ մը կը քա­շէ ռի­զեցի շի­նարա­րը։ «Հօ­բար ճան ողջ ըլ­լաս։ Քա­նի մը ղրու­շին խօս­քը՞ կ՚ըլ­լայ։ Հոս է որ դրամ կը շա­հինք»։

Հեր­թը ին­ծի հա­սած է։ Վճա­րելու պա­հուն կը հարցնեմ «ին­չո՞ւ քա­նի մը բառ թրքե­րէն չէք սոր­վիր»։ Վա­ճառոր­դուհին գո­ռոզ գտնուեցաւ, «այդ իմ թշնա­մու լե­զուն է, ին­չո՞ւ պի­տի սոր­վիմ որ»։ Պա­տաս­խան ու­նէի մտքիս մէջ, բայց ան­գամ մը եւս կուլ տուի թուքս։ Մօ­տեցայ երի­տասարդ շի­նարա­րին, հար­ցուցի ո՞վ է, ի՞նչ կ՚ընէ։ «Ռի­զեցի եմ, անունս Մահ­մուտ է։ Մեր ըն­կե­րու­թիւնը ներ­կա­րարու­թեան գործ մը վեր­ցուցած է, մեզ ալ քա­նի մը ըն­կե­րով հոս ղրկե­ցին։ Բայց հօ­բար, կար­ծեմ դուն այդ աղջկան զայ­րա­ցար, ի՞նչ ըսաւ քե­զի ճիշդ ըսէ»։ Մահ­մուտին պա­տաս­խան մը գտնե­լու մէջ կը դժուարա­նամ։ Կը խոր­հիմ թէ մարդկու­թիւնը դեռ եր­կար ճանապարհ ու­նի անցնե­լիք։

Հել­սինքեան Քա­ղաքա­ցիական Ան­սամպլի Թուրքիոյ եւ Հա­յաս­տա­նի գրա­սենեակ­նե­րը հոգ չէ թէ մեծ ար­ձա­գան­գի չար­ժա­նանան, շատ կա­րեւոր աշխատութիւն կը ծաւալեն։ Նոյնիսկ պիտի ըսեմ սրբազան գործ մը կը կատարեն։ Ինչպէս նախագծի անունն ալ կը յուշէ «կամաց-կամաց», բայց հաստատ քայլերով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ