Զօրակցութիւն Քամփ Արմէնի դիմադրութեան

Նոր Զար­թօնք շար­ժումի նա­խաձեռ­նութեամբ գո­յացած «Քամփ Ար­մէ­նի Զօ­րակ­ցութիւն» հար­թա­կը դի­մադ­րութեան 136-րդ օրը Շիշ­լի Քէնթ հա­մեր­գասրա­հին մէջ հա­մեր­գով մը վառ պա­հեց այս կա­ռոյ­ցին նկատ­մամբ հա­սարա­կու­թեան ու­շադրու­թիւնը։

Նոր Զար­թօնքի ան­դամնե­րէն Ալէք­սիս Քալք եւ Անուշ Գա­զան Ասա­տուր հա­յերէն եւ թրքե­րէն զե­կոյցնե­րով ներ­կա­յացու­ցին ճամ­բա­րի հիմ­նարկու­թեան, գոր­ծադրու­թեան, գրաւ­ման եւ վեր­ջա­պէս ալ վե­րատի­րանա­լու հա­մար մղուած պայ­քա­րի պատ­մա­կանը։

Զօ­րակ­ցութեան այս մի­ջոցա­ռու­մին իրենց մաս­նակցու­թիւնը բե­րած էին ՃՀՓ-ի Իս­թանպու­լի պատ­գա­մաւոր Սէ­լինա Տո­ղան եւ ՀՏՓ-ի Իս­թանպու­լի պատ­գա­մաւոր Ֆի­լիզ Քէ­րէս­թէ­ճիօղ­լու։ Նոյն կու­սակցու­թեան երես­փո­խան­նե­րէն Կա­րօ Փայ­լան ու­ղերձով մը մաս­նակցե­ցաւ մի­ջոցա­ռու­մին։

Քար­տէշ Թիւրքիւ­լէր, Սա­յաթ Նո­վա երգչա­խումբ, Ոմանք, Լի­տա Քէօսէօղ­լու, Սի­պիլ Փէք­թո­րոսօղ­լու, Հիք­մէթ Աք­չի­չէք, Այ­շէ­նուր Քո­լիվար, Սա­հակ Պար­թեւ Կա­րեան, Եաշար Քուրթ, Մե­թին-Քէ­մալ Քահ­րա­մաններու նման բազ­մա­թիւ խումբե­րու եւ մե­նակա­տար­նե­րու մաս­նակցու­թեամբ ըն­թա­ցող հա­մեր­գա­յին ծրագ­րի կող­քին Բագ­րատ Էս­դուգեան եւ Սիլ­վա Էօզյէր­լի ալ ու­ղերձնե­րով մաս կազ­մե­ցին։

Ցու­ցադրուեցաւ նաեւ քամ­փի տա­րած­քին մէջ Հրանդ Տինքի հետ կատարուած նկարահանումը։