Հայերէնի դասընթացք Սեբաստիոյ միութեան մէջ

Հայրենակցական միութիւններու կազմութենէն այ­սօր օրա­կար­գի վրայ է հա­­յերէն լե­­զուի ու­­սուցման ծրա­­գիր­­նե­­­րը։ Ներ­­կայ պա­­հուն Սե­­բաս­­տիոյ Հայ­­րե­­­նակ­­ցա­­­կան Միու­­թիւնը գոր­­ծակցե­­լով Տէր­­սի­­­մի Հայ­­րե­­­նակ­­ցա­­­կան Միու­­թեան հետ, ար­­դէն իսկ ձեռ­­նարկած է հա­­յերէ­­նի ու­­սուցման ծրա­­գիր մը, որ պի­­տի մա­­տու­­ցո­­­ւի եր­­կու մա­­կար­­դակնե­­րով։ Հա­­յերէ­­նի վաս­­տա­­­կաւոր ու­­սուցչու­­հի Ար­­մի­­­նէ Եազ­­տա­­­նեան մայ­­րե­­­նիին նո­­ւազ տի­­րապե­­տող­­նե­­­րուն իսկ Օքսֆորտ Հա­­մալ­­սա­­­րանի Տոք­­թո­­­րակա­­նի ու­­սա­­­նող Հրակ Փա­­փազեանն ալ բո­­լորո­­վին չգիտ­­ցողնե­­րուն հա­­մար պի­­տի դա­­սաւան­­դեն։

Դա­­սըն­­թացքը կը մեկ­­նարկէ 14 Մարտ Եր­­կուշաբ­­թի օր, միու­­թեան Քուրթու­­լուշի կեդ­­րո­­­նին մէջ։ Լրա­­ցու­­ցիչ տե­­ղեկու­­թիւննե­­րու հա­­մար կա­րելի է դի­մել 0535 523 76 27 հե­ռախօ­սահա­մարին։