ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Կը հասկնանք, թէ Երե­ւանի Հան­րա­պետու­թեան հրա­­պարա­­կի վրայ քար­­տէզ բռնած զբօ­­սաշրջիկ­­­նե­­­­­­­րը թան­­­գա­­­­­­­րան մը կը փնտռեն, երբ իրենց բազ­­­մա­­­­­­­լեզու հար­­­ցումնե­­­րուն մէջ կը լսենք museum, muzeo, museu, muzej, muziejus, muzijom, muzeyo բա­­­ռերը։ Մեր օգ­­­նութիւ­­­նը սահմա­­­նափակ կը մնայ, նկա­­­տի առ­­­նե­­­­­­­լով, որ մենք ալ մայ­­­րա­­­­­­­քաղա­­­քը այ­­­ցե­­­­­­­լող զբօ­­­սաշրջիկ­­­ներ ենք՝ սփիւռքա­­­հայ աշա­­­կերտնե­­­րու խումբ մը ու մենք ալ մեր ծրա­­­գիրը ու­­­նինք. այ­­­ցե­­­­­­­լել Թու­­­մա­­­­­­­նեանի թան­­­գա­­­­­­­րանը, նաեւ նուիրել եր­­­կու գիրք։ Ու­­­ղե­­­­­­­գիծը պարզ է. Աբո­­­վեանէն վեր՝ Թու­­­մա­­­­­­­նեանէն՝ ձախ։

Թան­­­գա­­­­­­­րանով առա­­­ւել հե­­­տաքրքրուած է մեր աշա­­­կեր­­­տուհի­­­ներէն Պեր­­­ճուհին, որուն Երե­­­ւան ծնած-մեծ­­­ցած ծնող­­­նե­­­­­­­րը մեծ բա­­­նաս­­­տեղծի հէ­­­քիաթ­­­նե­­­­­­­րով սնու­­­ցած են զայն։ Թու­­­մա­­­­­­­նեան պո­­­ղոտա­­­յի ծայ­­­րա­­­­­­­մասին, մեր առ­­­ջեւ կը յայտնուի թան­­­գա­­­­­­­րանը. երե­­­ւելի շի­­­նու­­­թիւն, որ կը բարձրա­­­նայ 54 աս­­­տի­­­­­­­ճան­­­նե­­­­­­­րու վրայ։ Երբ կ՚ել­­­լենք այդ աս­­­տի­­­­­­­ճան­­­նե­­­­­­­րը կը զրու­­­ցենք Ամե­­­նայն Հա­­­յոց Բա­­­նաս­­­տեղծի եւ «թան­­­գա­­­­­­­րան» բա­­­ռի մա­­­սին։

-Պեր­­­ճուհի՛, 54 աս­­­տի­­­­­­­ճան­­­նե­­­­­­­րը կը խորհրդան­­­շեն Թու­­­մա­­­­­­­նեանի ապ­­­րած տա­­­րինե­­­րը։

-Պա­­­րո՛ն, առա­­­ջինն է՝ 1869 թուակա­­­նը։ Ծնուեց իմ ամե­­­նասի­­­րած բա­­­նաս­­­տեղծը։

-Նաեւ յի­­­շենք, թէ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի մէջ Ու­­­րարտա­­­կան շրջա­­­նին գո­­­յու­­­թիւն ու­­­նէին թան­­­գա­­­­­­­րան­­­ներ։ Իսկ պատ­­­մա­­­­­­­գիր Յով­­­հաննէս Դրաս­­­խա­­­­­­­նակերտցին իր «Հա­­­յոց Պատ­­­մութիւն» աշ­­­խա­­­­­­­տասի­­­րու­­­թեան մէջ կը յի­­­շատա­­­կէ, թէ 9-րդ եւ 10-րդ դա­­­րերուն Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի մէջ գո­­­յու­­­թիւն ու­­­նէր երեք տե­­­սակ թան­­­գա­­­­­­­րան. ար­­­քունի, իշ­­­խա­­­­­­­նական եւ եկե­­­ղեցա­­­կան։ 12-րդ աս­­­տի­­­­­­­ճան, 1881... Պեր­­­ճուհի, Թու­­­մա­­­­­­­նեանը կը գրէ իր առա­­­ջին բա­­­նաս­­­տեղծու­­­թիւնը։

-Ին­­­չո՞ւ բո­­­լոր ազ­­­գե­­­­­­­րը «մու­­­զէում» են ասում, մենք՝ «թան­­­գա­­­­­­­րան»։

-Այս հար­­­ցումը առա­­­ջին հարցնո­­­ղը դուն չես, լե­­­զուա­­­բան­­­ներն ալ նոյ­­­նը մտա­­­ծեր են։ Տե՛ս, բա­­­ռը պահ­­­լա­­­­­­­ւերէն փո­­­խառու­­­թիւն է։ Ար­­­մա­­­­­­­տը՝ «թանկ-թանգ», որ կը նշա­­­նակէ «նե­­­ղ»։ Այս նախ­­­նա­­­­­­­կան իմաս­­­տը աճե­­­լով դար­­­ձեր է «քիչ, հա­­­զուա­­­գիւտ, սա­­­կաւա­­­գիւտ», նաեւ՝ «մե­­­ծագին, սուղ»։

-Եւ նա մեր լե­­­զուին է տուել «թան­­­կարժէք» բա­­­ռեր. թան­­­կա­­­­­­­նալ, թան­­­կութիւն, թան­­­գա­­­­­­­րան, թան­­­գա­­­­­­­րանա­­­պետ, թան­­­գա­­­­­­­րանա­­­յին։

-Պեր­­­ճուհի, 19-րդ աս­­­տի­­­­­­­ճան։ Թու­­­մա­­­­­­­նեանը կ՚ամուսնա­­­նայ տաս­­­նութա­­­մեայ Օլ­­­կա Մաճ­­­կա­­­­­­­լեանի հետ։ Քե­­­զի չափ են։ Պի­­­տի ու­­­նե­­­­­­­նան տա­­­սը զա­­­ւակ։

-Ես ու­­­զում եմ նախ հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րան գնալ։

-28-րդ աս­­­տի­­­­­­­ճան, 1897։ Կը կա­­­տարուի Ռու­­­սաստա­­­նի առա­­­ջին մար­­­դա­­­­­­­համա­­­րը։ Կայսրու­­­թեան ազ­­­գաբնակ­­­չութիւննե­­­րը կը բաժ­­­նեն ըստ լե­­­զու­­­նե­­­­­­­րու. հա­­­յերէ­­­նը 12-րդ է։ 1,173,096 մարդ։ Պաշ­­­տօ­­­­­­­նեաներ հար­­­ցա­­­­­­­րան­­­նե­­­­­­­րով այ­­­ցե­­­­­­­լած են տու­­­ներ։ Վեր­­­ջին չորս հար­­­ցումնե­­­րը. Ի՞նչ է ձեր կրօն­­­քը, մայ­­­րե­­­­­­­նի լե­­­զուն, ուսման մա­­­կար­­­դա­­­­­­­կը եւ աս­­­պա­­­­­­­րէզը։

-Պա­­­րո՛ն, ես կա­­­րող եմ պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նել. հայ առա­­­քելա­­­կան, հա­­­յերէն, ու­­­սեալ, բա­­­նաս­­­տեղծ։

-30-րդ աս­­­տի­­­­­­­ճան, Թու­­­մա­­­­­­­նեանը կը հիմ­­­նէ «Վեր­­­նա­­­­­­­տու­­­նը», 33-րդ աս­­­տի­­­­­­­ճանին՝ 1902 թուակա­­­նին կը գրէ «Անուշ» եւ «Թմկա­­­բեր­­­դի Առու­­­մը» պոէմ­­­նե­­­­­­­րը։ 37-րդ աս­­­տի­­­­­­­ճանն է, 1906 թուական։ Կը բա­ցուի Անիի թան­­­գա­­­­­­­րանը, -ժա­­­մանա­­­կակից շրջա­­­նի մեր առա­­­ջին թան­­­գա­­­­­­­րան­­­նե­­­­­­­րէն, -ու կը հրա­­­տարա­­­կուի անոր գրքոյ­­­կը։ 43-րդ աս­­­տի­­­­­­­ճան։ 1912-ին «Անուշ»ը կը վե­­­րածուի օփե­­­րայի, իսկ Թու­­­մա­­­­­­­նեանը Հայ Գրող­­­նե­­­­­­­րու Կով­­­կա­­­­­­­սեան Ըն­­­կե­­­­­­­րու­­­թեան նա­­­խագահն է։ Ապա եկան ամե­­­նէն ծանր տա­­­րինե­­­րը. 45, 46, 47 եւ 48-րդ աս­­­տի­­­­­­­ճան­­­նե­­­­­­­րը։ Դան­­­դա՛ղ եւ յար­­­գա­­­­­­­լիր պէտք է ել­­­լել ասոնք։ Պեր­­­ճուհի, «թանգ» ար­­­մա­­­­­­­տը հայ­­­կա­­­­­­­կան ամէն գա­­­ւառի մէջ հնչած է տար­­­բեր ձե­­­ւերով. Մոկ­­­քի եւ Վա­­­նի մէջ շեշ­­­տուած «գ»ով, «թանգ», Համ­­­շէ­­­­­­­նի մէջ՝ «թօնգ», Ագու­­­լի­­­­­­­սի մէջ՝ «թունգ»... Եթէ ող­­­բերգա­­­կան դար­­­ձած չըլ­­­լա­­­­­­­յին այս վեր­­­ջիննե­­­րը, մենք այ­­­սօր կրնա­­­յինք ու­­­նե­­­­­­­նալ բազ­­­մա­­­­­­­թիւ «թօն­­­գա­­­­­­­րան»ներ եւ «թունգա­­­րան»ներ։ 49-րդ աս­­­տի­­­­­­­ճան, 1918։ Ահա ու­­­րիշ մէկ ող­­­բերգու­­­թիւն. կը թա­­­լանուի Անիի թան­­­գա­­­­­­­րանը։ Մա­­­զապուրծ կը փրկուին քիչ թի­­­ւով կտոր­­­ներ։

-Պա­­­րո՛ն, հայ­­­րիկս ասում էր, թէ այս փո­­­ղոցը կո­­­չուել է «Լե­­­նին»։

-Նկա­­­տի ու­­­նիս 51-րդ աս­­­տի­­­­­­­ճանի պատ­­­մութիւ­­­նը։ Պո­­­ղոտան նախ կը կո­­­չուէր «Բժշկա­­­կան», 1920-ին դար­­­ձաւ «Լե­­­նինի», իսկ 1960-ին՝ «Թու­­­մա­­­­­­­նեան»... 52-րդ աս­­­տի­­­­­­­ճան։ 1921-ի աշ­­­նան Թու­­­մա­­­­­­­նեանը կը մեկ­­­նի Պո­­­լիս։ Կը վե­­­րադառ­­­նայ հի­­­ւան­­­դա­­­­­­­ցած։ Եւ վեր­­­ջի­­­­­­­նը... 1923-ին, 23 Մար­­­տին, 54 տա­­­րեկա­­­նին, մեծ բա­­­նաս­­­տեղծը եւ մար­­­դա­­­­­­­սէրը կը գո­­­ցէ իր աչ­­­քե­­­­­­­րը։ Լաւ, մտնենք ներս։

-Ձեր բե­­­րած գիր­­­քե­­­­­­­րը ի՞նչ են Պա­­­րոն։

-Նոյն տա­­­րին, 23-ին, Պոլ­­­սոյ մէջ հրա­­­տարա­­­կեր են Թու­­­մա­­­­­­­նեանի բա­­­նաս­­­տեղծու­­­թիւննե­­­րը, իր լու­­­սանկա­­­րով։ Իսկ 1969-ին, Թու­­­մա­­­­­­­նեանի ծննդեան հա­­­րիւ­­­րա­­­­­­­մեակի առի­­­թով, դար­­­ձեալ Պոլ­­­սոյ մէջ, թարգմա­­­նած են «Գի­­­քոր»ը ու Կեդ­­­րո­­­­­­­նական վար­­­ժա­­­­­­­րանի սա­­­նուց միու­­­թեան մէջ ալ կա­­­տարած են գրա­­­կան երե­­­կոյ եւ հրա­­­տարա­­­կած են գե­­­ղեցիկ յու­­շա­­­մատեան։ Անոնք բե­­րած եմ։

Թան­­գա­­­րանի առա­­ջին յարկն է։ Պա­­տի մեծ ցու­­ցա­­­փեղ­­կին մէջ ցու­­ցադրուած են Թու­­մա­­­նեանի ստեղ­ծա­գոր­ծութիւննե­րը՝ 40 օտար լե­զու­նե­րով։

-Պա­րոն, հի­մա եղաւ 41։

-Պեր­ճուհի, «թան­գա­րան»ը օտա­րամուտ բառ մը չէ միայն, այլ՝ մեր ար­ժէքնե­րու ազ­գա­յին գանձարան մը։

-Այսինքն, բառերուն ամենէն «թանկարժէքը»։