ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ԱՇԽԱՐՀ

Ծո­վակը 13 տա­րեկան է, լի­բանա­նահայ պա­տանու­հի մը։ Տօ­ղու-Պա­յազըթ քա­ղաքի մէջ, 2015-ի Յու­նի­սին, Արա­րատի ստո­րոտին, անոր ըն­կե­րակ­ցող ար­հեստա­վարժ լեռ­նագնաց­նե­րը գի­տեն, թէ այդ հա­յու­հին ու­նի իտէալա­պաշտ նե­րաշ­խարհ մը եւ շատ բարձր նպա­տակ, -ճշգրիտ ըլ­լա­լու հա­մար ըսենք՝ 5165 մ. բարձրու­թիւն ու­նե­ցող նպա­տակ-. հաս­նիլ գա­գաթ եւ ամ­պե­րու ընդմէ­ջէն դի­տել իր հայ­րե­նի բնաշ­խարհը ու նաեւ, եթէ կա­րելի ըլ­լայ, մրցա­նիշե­րու աշ­խարհահռչակ Guiness գիր­քին մէջ ար­ձա­նագ­րուիլ, որ­պէս Արա­րատ ելած՝ աշ­խարհի ամե­նաերի­տասարդ ան­ձը։

Առա­ջին 3000 մեթ­րը մաս­նա­գիտու­թիւն չի պա­հան­ջեր։ Այս փու­լը՝ մին­չեւ Ճամ­բար Ա., աւե­լի քա­լել է, քան՝ մագլցիլ ու առիթ կու տայ, որ խօ­սինք «աշ­խարհ»ի մա­սին։

Նախ պէտք է ըսել, թէ «աշ­խարհ»ին ըն­դարձա­կու­թիւնը յա­րաբե­րական է եղած։ Ան ձե­ւափո­խուած է դա­րէ դար՝ երկրէ եր­կիր։ «Աշ­խարհ»ը, ար­դի եւ աւե­լի ժո­ղովրդա­կան գոր­ծա­ծու­թեան մէջ «երկրա­գունդ» է եւ կ՚ըսենք. «Ար­մէ­նիա առա­գաս­տա­նաւը ճա­նապար­հորդու­թիւն կա­տարեց աշ­խարհի շուրջը»։ Կրօ­նական իմաս­տով՝ շատ աւե­լի մեծ է ան. տե­սանե­լի եւ ան­տե­սանե­լի ինչ որ կայ. «Աշ­խարհը ստեղ­ծուած է վեց օրուայ մէջ»։ Աշ­խարհագ­րութեան մէջ ու­նի աւե­լի մաս­նա­տուած իմաստ. կ՚ըսենք «Հին աշ­խարհ», «Նոր Աշ­խարհ»։ Աւե­լի փոքր է անոր չոր­րորդ իմաս­տը՝ երկրա­մաս, ուր կը բնա­կի որոշ ազ­գութիւն. «Հա­յոց Աշ­խարհ»։ Իսկ «աշ­խարհ»նե­րուն ամե­նափոք­րը՝ անոր հին­գե­րորդ իմաստն է՝ գա­ւառ, նա­հանգ. «Սիւ­նեաց Աշ­խարհ»։ Բնա­կան գի­տու­թիւննե­րու մէջ բա­ռը դուրս ելած է երկրա­յին մար­մին ըլ­լա­լէ ու տուած է հե­տեւեալ ար­տա­յայ­տութիւննե­րը. «Կեն­դա­նական աշ­խարհ», «Բու­սա­կան աշ­խարհ»։ Իսկ 7 մի­լիառ մարդ կ՚ընդգրկէ ան, երբ կ՚ըսենք. «Ամ­բողջ աշ­խարհը կը սի­րէ քեզ»։

Առա­ջին ճամ­բա­րի մէջ մէկ գի­շեր՝ ու ար­շա­ւախումբը, օրուան առա­ջին լոյ­սով՝ պատ­րաստ է աւե­լի դժուար երկրորդ փու­լին։ Խումբի մէջ կան նաեւ եր­կու գեր­մա­նացի­ներ, որոնք իրենց ազ­գա­յին եր­գե­րով կ՚ըն­կե­րակ­ցին հայ­կա­կան «Սե­ղանն է առատ»ին։ Ժայ­ռոտ է ու­ղին։ Վեց ժամ անց՝ երկրորդ ճամ­բարն է՝ 4200 մեթր բարձրու­թեան վրայ։

Հին պարսկե­րէն փո­խառու­թիւն է «աշ­խարհ»ը։ Բու­նը՝ «խշաթ­րա», որ կը նշա­նակէ «թա­գաւո­րու­թիւն», զնդե­րէն՝ «թա­գաւո­րու­թիւն, իշ­խա­նու­թիւն», սանսկրիտ՝ «քշատ­րա», տէ­րու­թիւն, իշ­խա­նու­թիւն, իսկ պահ­լա­ւերէն՝ «խշատր», պարսկե­րէն՝ «շատ­րէ», քա­ղաք։ Նոյն իմաս­տով եւ պարսկա­կան ծա­գու­մով կան նաեւ՝ «շար, շէ­հէր, շէ­հիր» բա­ռերը։ Վեր­ջիննե­րուն հնա­գոյն իմաս­տը «եր­կիր» է, նկա­տի առ­նե­լով, թէ հին դա­րերուն գո­յու­թիւն ու­նին քա­ղաք-եր­կիրներ։ Այս բո­լորին ար­մա­տը իրա­նական «խշայ» բայն է, որ կը նշա­նակէ «իշ­խել»։ Ուստի, «աշ­խարհ» բա­ռը այնքան մեծ էր, որ­քան՝ իշ­խա­նու­թեան մը սահ­մաննե­րը. ծո­վէ ծով, կամ՝ սա­րէ սար։

Երկրորդ ճամ­բա­րը հիւ­րընկալ չէ։ Ցուրտը, բու­քը եւ թթուածի­նի պա­կասը վար կ՚առ­նեն տրա­մադ­րութիւննե­րը։ Հրաբ­խա­յին տա­րածու­թեան մէջ չկայ նոյ­նիսկ վրան­նե­րը լա­րելու յար­մա­րու­թիւն։ Այդ գի­շեր՝ հա­զիւ կէս քուն՝ ու Ծո­վակը, հա­ւատա­րիմ իր ուխտին՝ արե­ւածա­գէն ժա­մեր առաջ, ու­ղե­ցոյ­ցի առաջ­նորդու­թեամբ եւ հե­ռալոյ­սե­րու օգ­նութեամբ, կ՚ուղղուի դէ­պի գա­գաթ։ Ու­թը ժամ լռու­թիւն... Բո­լորը մտո­րումնե­րու մէջ կը բարձրա­նան։

Աշ­խարհի չափ բառ, աշ­խարհի չափ լե­զուա­կան հարստու­թիւն՝ «աշ­խարհ»ով։ Դա­սական մա­տենագ­րութեան մէջ. աշ­խարհա­գիր, աշ­խարհաբ­նակ, աշ­խարհա­գործ, աշ­խարհա­գոյժ, աշ­խարհա­կոծ, աշ­խարհա­հեղձ, աշ­խարհա­զօր, աշ­խարհա­ժողով, աշ­խարհա­կան, աշ­խարհա­նորոգ, անաշ­խարհիկ, տա­րաշ­խարհ, միջ­նաշխարհ, գե­րաշ­խարհիկ, աշ­խարհա­բառ, հան­դերձեալ աշ­խարհ, աշ­խարհ գալ, յաչս աշ­խարհի... Շնոր­հիւ մեր մտա­ւորա­կան­նե­րուն, գիտ­նա­կան­նե­րուն եւ բա­նաս­տեղծնե­րուն, ու­նե­ցեր ենք նաեւ. անդրաշ­խարհ, օտա­րաշ­խարհիկ, աշ­խարհա­հան­դէս, աշ­խարհա­կալ, աշ­խարհա­մարտ, աշ­խարհա­կուլ, աշ­խարհա­տեաց, աշ­խարհա­ցոյց, աշ­խարհա­նուէր, աշ­խարհա­հայեացք... Իսկ քայլ յար­մարցնե­լով երկրա­գունդի նո­րագոյն հո­լովոյթնե­րուն՝ դար­ձաւ «հա­մաշ­խարհա­յին»։

Ծո­վակի նա­խահայ­րե­րը, Կի­լիկիոյ զա­ւակ­ներ, Զէյ­թունի մէջ ըսեր են «աշ­խօրք», Հաճ­նոյ մէջ՝ «աշ­խօյ»։ Ար­շա­լոյս է։ Աշ­խարհը կը սկսի լու­սա­ւորուիլ։ Վա­նեցին ըսեր է «աշ­խար», խար­բերդցին եւ սե­բաս­տա­ցին՝ «ախ­շարք», ոզ­մե­ցին՝ «ախ­շար»։ Քայլ մը եւ քայլ մը եւս... Գո­րիս­ցին հնչեր է «ըշ­խարք», մոկքցին՝ «աշ­խարք»։ Եօթնե­րորդ ժամն է։ Ծո­վակը հի­մա եր­կու աշ­խարհնե­րու՝ երկրա­յինին եւ երկնա­յինին մէջ­տեղն է։ Ու աղջնա­կը կը հաս­նի գա­գաթ։ Չնաշ­խարհիկ հա­մայ­նա­պատ­կեր։ 360 աս­տի­ճան տե­սանե­լի է Այ­րա­րատեան աշ­խարհը, Վաս­պուրա­կան աշ­խարհը, Հայ­կա­կան Լեռ­նաշխար­հի բո­լոր այլ աշ­խարհնե­րը։

Լի­բանա­նի մէջ կեն­դա­նի հա­ղոր­դում կայ։ Շնոր­հիւ բջի­ջային հե­ռաձայ­նի եւ հա­մացան­ցի՝ ամ­բողջ աշ­խարհ դի­տած է Ծո­վակը։ Ու այդ պա­տանու­հին ար­դա­րացիօրէն դար­ձեր է... աշ­խարհահռչակ։

Գեր­մա­նացի­ները կը հիանան յա­ջորդ եր­գի աշ­խոյժ հնչիւննե­րուն. «Հա­յաս­տան աշ­խարհ, դու մեր կա­րօտն ես՝ քո կեան­քով ան­մահ»։ Ուրկէ՞ եկաւ այդ եր­գը, ի՞նչ հով բե­րաւ զայն, չեն գի­տեր։ Իսկ քաջ հա­յու­հիի շրթնե­րէն կը սկսի հո­սիլ հեշ­տա­լուր Չա­րեն­ցը. «Աշ­խարհ ան­ցիր, Արարատի նման ճերմակ գագաթ չկայ»։