ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՊԱՌԿԻԼ

Եռակայմ առա­գաս­տա­նաւը իր կո­ղին վրայ պառ­կած է աւա­զի վրայ։ Ծո­վափի բնա­կիչ­նե­րը նա­­խապէս ծո­­վէն ելած ձուկ, մա­­մուռ կամ փայ­­տի կտոր տե­­սած են։ Բայց նաւ՝ եր­­բեք։ Հե­­տաքրքիր բազ­­մութիւն մը հա­­ւաքուած՝ զար­­մանքով կը դի­­տէ այդ ըն­­կողմա­­նած ան­­կոչ հիւ­­րը, որ առա­­ւօտեան մշու­­շին մէջ, ու­­րուակա­­նի մը նման՝ անդրաշ­­խարհա­­յին տեսք ու­­նի։

-Քա­­շենք, ծով վե­­րադարձնենք,- կար­­ծիք կը յայտնէ ծե­­րուկ ձկնորս մը իր ճեր­­մակ մօ­­րու­­քը շո­­յելով եւ առանց ծխա­­մոր­­ճը բեր­­նէն հե­­ռաց­­նե­­­լու։

-Խել­­քի պառ­­կե­­­լիք բան չէ, կ՚առար­­կէ ու­­րիշ մը։ Սպա­­սենք, որ մի­­ջօրէին ջու­­րը քիչ մը բարձրա­­նայ։

Ու կը սկսի սպա­­սու­­մի եւ մտա­­բերե­­լու մի­­ջոց մը։

-Պա­­րոն ստու­­գա­­­բանու­­թիւն, կը մօ­­տենայ ձկնոր­­սը, մար­­դիկ կը պառ­­կին, ոչ­­խարնե­­րը կը պառ­­կին, ին­­չու չէ՝ նա­­ւերը...

-Ստու­­գա­­­բանա­­կանօ­­րէն անոնք ալ կրնան «պառ­­կիլ»։ Պահ­­լա­­­ւերէն ծա­­գում ու­­նի «պառ­­կիլ» չէ­­զոք բա­­յը։ Եկած է հա­­րաւ-արե­­ւելեան Իրա­­նէն, Ֆարս երկրա­­մասէն։ Նախ­­նա­­­կան ար­­մա­­­տը՝ parak է, որ կը նշա­­նակէ՝ ԿՈՂ։ Նա­­ւը, որ ու­­նի կո­­ղեր՝ ու­­րեմն «պառ­­կած» է։ Այս իմաս­­տը, -ըստ Աճա­­ռեանի հաս­­տա­­­տու­­մին-, պատ­­մա­­­բան Օր­­բե­­­լեանի մօտ 13-րդ դա­­րուն, փո­­խաբե­­րաբար դար­­ձեր է «լե­­րան կող»։ «Պա­­ռակ» գո­­յակա­­նը տուեր է նախ «պա­­ռակի­­լ», ապա «պառ­­կիլ» բա­­յը։

Կի­­սամերկ, մկա­­նաւոր երի­­տասարդնե­­րու խումբ մը կը յայտնուի պա­­րան­­նե­­­րով, ձեռ­­նոցնե­­րով։ Ջու­­րը սկսած է թէզ-թէզ բարձրա­­նալ։

-Ահա հե­­տաքրքրա­­կան հա­­մեմա­­տու­­թիւն մը, պա­­րոն ստու­­գա­­­բանու­­թիւն. կող, կողմն, ըն­­կողմա­­նիլ, ասոր դի­­մաց՝ պա­­ռակ, պա­­ռակիլ, պառ­­կիլ։

-Եւ աւե­­լին, ու­­նե­­­ցեր ենք՝ պա­­ռակե­­ցու­­ցա­­­նել, պա­­ռակ դնել, պա­­ռակա­­մայր, պա­­ռիկել, պա­­ռիկե­­լեց, պառ­­կան, պառ­­կո­­­տել, պառ­­կուկ, պառ­­կե­­­լախուց, պառ­­կե­­­լատեղ բա­­ռերը։ Միջ­­նա­­­դարուն ան­­կո­­­ղինը կը կո­­չուէր՝ պա­­ռիկե­­լիք։

-Իսկ մեր լեռ­­նաբնակ հայ­­րե­­­նակից­­նե­­­րը ոչ­­խարնե­­րու հօ­­տին եւ անոնց պառ­­կած տե­­ղին կ՚ըսեն «պա­­ռակ»։

-«Պա­­ռակ-պա­­ռակ» ար­­տա­­­յայ­­տութիւ­­նը կը նշա­­նակէ «խումբ խումբ»։ Բա­­ռը ու­­նե­­­ցեր է նաեւ բա­­ցասա­­կան շա­­ռաւիղ. «պա­­ռակ­­տել, պա­­ռատումն, երկպա­­ռակ, երկպա­­ռակու­­թիւն»՝ խումբէն բաժ­­նել, բա­­ժանում, եր­­կու խումբի բաժ­­նուած, ան­­միաբան։

Արե­­ւը բարձրա­­ցած է։ Նա­­ւախե­­լէն մին­­չեւ ցռուկ նա­­ւը շրջա­­պատուած է ջու­­րով։ Հուժկու տղա­­ները կը սկսին զայն սա­­հեց­­նել։

-Պա­­րոն ձկնորս, կ՚ար­­ժէ յի­­շել բա­­ռին գա­­ւառա­­կան ձե­­ւերը։ Յոգ­­նա­­­բեկ վա­­նեցի­­ները եւ ջու­­ղա­­­յեցի­­ները ծա­­ռի մը շու­­քին տակ սի­­րած են «պառ­­կել», ալաշ­­կերտցի­­ներն ու մշե­­ցինե­­րը՝ «պառ­­գել», ակնցի­­ները, զէյ­­թունցի­­ները, սե­­բաս­­տա­­­ցինե­­րը, տիգ­­րա­­­նակերտցի­­ները եւ սվե­­տիացի­­ները՝ «բառ­­գիլ», Նոր նա­­խիջե­­ւան­­ցի­­­ները՝ «բառ­­գէլ», հա­­ճըն­­ցի­­­ները՝ «բար­­գել»։

-Յայտնի է, որ այս բա­­ռը «պառ­­կած տե­­ղը» աճեր է, կը կա­­տակէ ծե­­րու­­կը։

-Ծի­­ծաղե­­լի է ձեր հաս­­տա­­­տու­­մը, եւ ճի՛շդ։ Ինչպէս առա­­գաս­­տա­­­նաւեր, նոյնպէս ալ «պառ­­կի­­­լ» բա­­ռը ծնունդ տուեր է երե­­ւակա­­յու­­թիւննե­­րու։ Փո­­խաբե­­րական իմաս­­տով ան կը նշա­­նակէ՝ հի­­ւան­­դա­­­նալ, մեռ­­նիլ, թա­­ղուիլ, գե­­րեզ­­ման մտնել, գետ­­նին փռուիլ (Բռնցքա­­մար­­տիկը հա­­կառա­­կոր­­դին հա­­րուա­­ծէն գե­­տին պառ­­կե­­­ցաւ), նստիլ, տե­­ղաւո­­րուիլ, մտնել, տեղ ընել (Ձեր առա­­ջար­­կը, պա­­րոն տնտե­­սագէտ, խել­­քիս չպառ­­կե­­­ցաւ), տա­­րածուիլ, եր­­կա­­­րիլ (Մեր առ­­ջեւ պառ­­կած էր ան­­ծայրա­­ծիր տա­­րածու­­թիւն մը), ծռուիլ, խո­­նար­­հիլ (Առա­­գաս­­տին ցռու­­կը պառ­­կած էր) ու վեր­­ջա­­­պէս՝ մէկ տեղ կու­­տա­­­կուած մնալ, ան­­շարժ մնալ (Շու­­կա­­­յի մէջ մէկ հատ յա­­ճախորդ չկայ, ապ­­րանքնե­­րը պառ­­կած են խա­­նու­­թիս մէջ)։

Տղա­­ները ու­­սով կու տան թափ մը եւ թափ մը եւս... Նա­­ւը կը հաս­­նի բաց ծով։ Ձկնոր­­սը իր մա­­րած ծխա­­մոր­­ճը ու­­շադրու­­թեամբ կը պառ­­կեցնէ քա­­րի մը վրայ, ապա կը մրմնջէ Մատ­­թէոս Զա­­րիֆեանէ քա­­ռեակ մը. «Ահ, դուն գի­­նովի, դէմ­­քըս չե՛ս տե­­սած / Տժգոյն, անի­­մաստ, ան­­յոյս ու վայ­­րագ / Երբ կ՚եր­­թամ պառ­­կիլ, եր­­գով մ’անա­­ռակ / Լոյ­­սէ ան­­կո­­­ղինս՝ լու­սի­նէն փռուած...»։