ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՋԵՐՄ

- Պարոն Գասապեան, ձեր հայկական ջերմաչափին համ­բա­­ւը լսե­­ցի։ Ան է, որ զիս այ­­սօր կը գրա­­ւէ ձեր դե­­ղարա­­նէն ներս։

- Շնոր­­հա­­­կալ եմ պա­­րոն Ստու­­գա­­­բանու­­թիւն։ Ցու­­ցա­­­փեղ­­կին մէջ է, կրնաք տես­­նել։

- Հրա­­շալի է... Առտնին գոր­­ծա­­­ծու­­թեան հա­­մար ար­­տադրուած եւ­­րո­­­պական բազ­­մա­­­թիւ գոր­­ծիքներ այժմ ողո­­ղած են Պոլ­­սոյ շու­­կա­­­ները։ Սա­­կայն ասի­­կա եզա­­կի է, աչ­­քա­­­ռու։

1896 թուականն է։ Ամառ։ Պոլ­­սոյ Պաղ­­չէ-Գա­­բու թա­­ղամա­­սին մէջ, մայր պո­­ղոտա­­յի թիւ 7 հաս­­ցէին վրայ յայտնի է Վէն­­սան Գա­­սապեանը՝ իր յօ­­րինած եւ վա­­ճառած նոր ջեր­­մա­­­չափով։ Յար­­գե­­­լի դե­­ղագոր­­ծը այդ գե­­ղեցիկ գոր­­ծի­­­քը դուրս կը հա­­նէ իր պա­­հարա­­նէն։ Երբ հիացու­­մով կը դի­­տենք անոր բա­­րեմաս­­նութիւննե­­րը, կը սկսի զրոյց ջեր­­մա­­­չափի եւ ՋԵՐՄ բա­­ռի շուրջ։

- Ի՛նչ նուրբ է... Տախ­­տակ մարմնի վրայ քա­­մուած ոս­­կե­­­փայլ պղինձ եւ անոր վրայ փո­­րագ­­րուած հայ­­կա­­­կան նուրբ գրու­­թիւններ։

- Պա­­րոն ստու­­գա­­­բանու­­թիւն, սնդի­­կի ըն­­դունա­­րանը կը կի­­սէ ամ­­բողջ ջեր­­մա­­­չափը։ Ձախ կող­­մը ռէօմիւր աս­­տի­­­ճան­­ներ, իսկ աջ կող­­մը՝ սան­­թիկրատ։

- Իսկ վա­­րէն վեր այդ աս­­տի­­­ճան­­նե­­­րու հետ կա­­պուած հե­­տաքրքրա­­կան գի­­տական եւ պատ­­մա­­­կան տուեալ­­ներ։

- Այո, օրի­­նակ, ցոյց տուած ենք, թէ աշ­­խարհի վրայ ամե­­նաբարձր եւ ամե­­նացած ջեր­­մաստի­­ճան­­նե­­­րը ո՛ւր տես­­նուած են։

- Շատ ստոյգ է։ Իսկ ստու­­գա­­­բանու­­թիւնը, իր կար­­գին, ջեր­­մե­­­ռան­­դօ­­­րէն փոր­­ձած է հասկնալ թէ ուրկէ՞ կայծ առած է «ջերմ» բա­­ռը։ Բո­­լոր լե­­զուա­­բան­­նե­­­րը հա­­մաձայն են, թէ ան ու­­նի Նա­­խ-հնդեւ­­րո­­­պական ար­­մատ՝ gwher։

- Բա­­ռը, ուստի, կրա­­կի գիւ­­տին չափ հին է...

- Եւ իմաս­­տով՝ ո՛չ հե­­ռու ան­­կէ։ Տե­­սէք, այդ ար­­մա­­­տը նաեւ նշա­­նակած է «տաքցնել, այ­­րել»։ Բա­­ռը հա­­սած է հին Յու­­նաստան, առած՝ therme ձե­­ւը, ապա որ­­պէս բազ­­մա­­­լեզու հուր՝ տա­­րածուած է ամե­­նու­­րէք. սանսկրիտ ghar «այ­­րել, վա­­ռել, լու­­սա­­­ւորել», gharna «տա­­քու­­թիւն», յու­­նա­­­րէն theros«ամա­­ռուայ տա­­քը, հին իռ­­լանտե­­րէն gorim «այ­­րիմ, տա­­քաց­­նեմ», gor «կրակ, տա­­քու­­թիւն»... Նմա­­նաձայն տար­­բե­­­րակ­­ներ այլ լե­­զու­­նե­­­րու մէջ եւ իմաստնե­­րու լայն տա­­րածու­­թիւն մը։ Լի­­թուա­­ներէն՝ «շո­­գի», լեթ­­թո­­­ներէն՝ «տաք գո­­լոր­­շի, ոգի», հին սլա­­ւոնե­­րէն՝ «կի­­զիչ, հրդեհ», ռու­­սե­­­րէն՝ «այ­­րիլ, ցաւ, վիշտ, կծու, հա­­լոց, հնոց, տապ, խո­­րոված», ալ­­պա­­­ներէն՝ «եռանդ, տա­­քու­­թիւն, կրակ», լա­­տինե­­րէն՝ furnus, fornus «փուռ», անգլե­­րէն warm «տաք»։ Նոյն ար­­մա­­­տի ժա­­ռան­­գորդներն են gharma, garma, garm, germ, germik։ Աֆ­­ղա­­­նիս­­տա­­­նի մէջ «ղար­­մա», կէ­­սօր, օրուայ տաք ժա­­մանա­­կը։

- Պա­­րոն ստու­­գա­­­բանու­­թիւն, ճամ­­բորդու­­թիւննե­­րուս ըն­­թացքին տե­­սած եմ, թէ Փոքր Ասիոյ զա­­նազան կող­­մե­­­րը կան տաճ­­կե­­­րէն «չեր­­միք, չեր­­միւք» ձե­­ւով գիւ­­ղեր կամ աւան­­ներ։ Կ՚են­­թադրեմ բո­­լորն ալ այդ շրջա­­նի մէկ «ՋԵՐ­­ՄՈՒԿ»էն ստա­­ցած է իր անու­­նը։

- Կաս­­կած չկայ։ Իսկ կրա­­կի գիւ­­տին չափ հին այս ար­­մա­­­տը վաղնջա­­կան շրջան­­նե­­­րէն սկսած է մեր լե­­զուն տաքցնել. ջե­­րանիլ, ջե­­ռացու­­ցա­­­նել, ջե­­ռու­­ցիչ, դիւ­­ռա­­­ջեռ, ջեր­­մա­­­գոյն, ջեր­­մա­­­գութ, ջեր­­մե­­­ռանդ, ջեր­­մա­­­ջուր, ջեր­­միկ, ջեր­­մա­­­շունչ, ջեր­­մարգել, ջեր­­մա­­­րան, ջեր­­մա­­­տուն, ջեր­­մոտ, ջեր­­մօ­­­ղի...

- Մեր դե­­ղագոր­­ծե­­­րուն ծա­­նօթ է «ջեր­­մա­­­միզու­­թիւն» դժբախտ հի­­ւան­­դութիւ­­նը։

- Իսկ ձեր ջեր­­մա­­­չափը, հա­­կառակ իր ստու­­գա­­­բանու­­թեան, ցոյց կու տայ նաեւ ցուրտը... Ամե­­նէն վա­­րը՝ առա­­ջին գծի­­կը, -33 աս­­տի­­­ճան։

- Այո։ Օդե­­րեւու­­թա­­­բաննե­­րը ստու­­գած են, թէ Մոս­­կուան, որ ջեր­­մօ­­­րէն հիւ­­րա­­­սիրած է այդ բա­­ռը, 1812 թուակա­­նին դո­­ղած է այդ մրցա­­նիշով։ Ապա Ս. Բե­­թէրսպուրկը, 1810 թուակա­­նին -29 աս­­տի­­­ճան, Վիեն­­նան՝ -20, 1879 թուակա­­նին։ Փո­­րագ­­րած ենք նաեւ. «-2, Սա­­ռելն կա­­թի եւ մի­­զոյ», «-4, Սա­­ռելն գին­­ւոյ եւ թա­­նաքի»։ Իսկ 1893 թուակա­­նին Պո­­լիս այ­­ցե­­­լած է -11 աստի­­ճանը եւ սա­­ռած է Ոս­­կեղջիւ­­րը։

- Բա­­ռը աւե­­լի տաք շունչով ան­­ցած է մեր գա­­ւառ­­նե­­­րէն. Մու­­շի մէջ «ջե՛ր» պարզ եւ տա­­քուկ օդ, Վա­­նի մէջ «ճեր» ոչ-պարզկայ գի­­շեր, «ճե­­րել» եր­­կինքը պար­­զել, Զէյ­­թունի մէջ «չիր­­նօլ» տա­­քանալ, Ղա­­րաբա­­ղի մէջ «ճէր­­մէ­­­լ» ջերմ ու­­նե­­­նալ։ Վե­­րի աս­­տի­­­ճան­­նե­­­րուն վրայ նաեւ ու­­նիք քրտնե­­ցու­­ցիչ տուեալ­­ներ, Պա­­րոն Գա­­սապեան։

- 15 աս­­տի­­­ճանը «Ջեր­­մութիւն բնա­­կարա­­նաց», 22ն՝ «Սե­­նեակ հի­­ւան­­դաց», 35-ը՝ «Պարք մե­­ղուաց-բա­­ղանիք», 37ն՝ «Մարդկա­­յին արիւն»։ Իսկ մայ­­րա­­­քաղաքս այս ամառ ապ­­րե­­­ցաւ ան­­նա­­­խըն­­թաց ամառ՝ 40 աս­­տի­­­ճան։ Այդ մէ­­կը ար­­ձա­­­նագ­­րե­­­ցինք հե­­տեւեալ ձե­­ւով. «Ջեր­­մութիւն Կ. Պոլ­­սոյ»։ Կեն­­դա­­­նաբա­­ներէն սոր­­վե­­­ցանք նաեւ հե­­տեւեալը. «45- Թխսելն հա­­ւուց»։ Իսկ զգա­­յացունց էր լսել երկրա­­գունտի մրցա­­նիշը եւ մեր ջեր­­մա­­­չափի վեր­­ջին գծի­­կը. «50 Սան­­թիկրատ, 40 Ռէօմիւր Ի Սէ­­նէկալ»։

- Նոր ծրա­­գիր մը ու­­նի՞ք։

- Ար­­դէն ար­­տադրու­­թեան մէջ է օս­­մա­­­ներէն տար­­բե­­­րակը տե­­ղական շու­­կա­­­յին հա­­մար։

-Եւ­­րո­­­պացի­­ները կա­­րեւոր մրցա­­կից մը պի­­տի ու­­նե­­­նան։

- Այս ի՛նչ գո­­վասանք, շնոր­­հա­­­կալ եմ։ Պաղ թան մը կը խմէի՞ք...

- Ո՛չ՝ չեմ կրնար ըսել։ Իսկ ջեր­­մա­­­չափէն կ՚ու­­զէի մէկ հատ ու­­նե­­­նալ։

- Անի­­կա իմ յար­­գե­­­լի հիւ­­րին հա­­մար նուէր՝ մեր բա­­րեկա­­մու­­թեան եւ ջերմ զրոյ­­ցի յի­շատա­կին։