Կոմիտասը անպատեհ է եղեր

Պոլսահայ խումբ մը մշակութասէր մտաւորականներու խիղճը անհանգիստ էր հայ երգիծական գրականութեան ամենակարկառուն դէմքերէն Յակոբ Պարոնեանի շիրմին անյայտ ըլլալու իրողութեան պատճառաւ։ Գիտէին որ ան թաղուած է իր բնակած Օրթագիւղի գերեզմանատան մէջ, բայց երկար տարիներէ ի վեր անյայտ է անոր հողակոյտը։ Մնաց որ հետզհետէ անյայտացած էր նոյնիսկ ամբողջ գերեզմանատունը։ Այդ պայմաններու տակ անոնք որոշեցին ժողովրդական հանգանակութեամբ պատրաստել մեծ գրողի կիսանդրին եւ տեղադրել Օրթագիւղի եկեղեցւոյ բակը։

Այս առաջին նախափորձի յաջողութենէն ոգեւորուած, նոյն խմբակը քանի մը տարի ետք դարձեալ ժողովրդական հանգանակութեամբ ձեռնարկեց այս անգամ ցեղասպանութեան զոհ, հայերէնի մեծ քնարերգակ Դանիէլ Վարուժանի կիսանդրին տեղադրելու կաթողիկէ հայերու Շիշլիի գերեզմանատունը, Բրգնիկցիներու թաղամասի մուտքին, ուր արդէն պիտի թաղուէր եթէ բնական մահ մը ունենար։ Սակայն այդ ժամանակի Սուրբ Յակոբ Հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը խուսափեցաւ այս քայլէն եւ Մեսրոպ Բ. պատրիարքի ցուցմունքով կիսանդրին տեղադրուեցաւ Շիշլիի Հայոց գերեզմանատունը։

Նախորդ երկու ձեռնարկներուն մէջ ալ բաժին ունեցող Սարգիս Քիւլէկէչ ցանկացաւ այս ազգանուէր աշխատութիւնը շարունակել իր նիւթական միջոցներով, այս անգամ Կոմիտաս Վարդապետի քանդակով։ Իսկոյն կապի մէջ մտաւ հանրածանօթ քանդակագործ Էրօլ Սարաֆեանի հետ, որ նախորդ աշխատութիւններու ալ հեղինակն էր։ Անուանի արուեստագէտը ինչպէս նախորդներուն, այս վերջինին համար ալ յայտնեց իր պատրաստակամութիւնը առանց որեւէ նիւթական ակնկալութեան։ Քիւլէկէչ որպէս նախաձեռնող մտադրած էր մեծ վարդապետի արձանը տեղադրել Դանիէլ Վարուժանի հարեւանութեամբ։ Նախորդներուն նման այս երրորդին ալ պատուանդանի պատրաստութիւնը վստահուեցաւ ճարտարապետ Վազգէն Պարընին։

Պարըն այս անգամ յղացած էր կորաձեւ մարմարեայ պատուանդան-յենարան մը որուն վրայ փորագրուեցաւ Կոմիտասի անունը եւ գրական ոճով շարադրուած ծանօթագրութիւն։ Այս բոլորին ծախսը եւս ստանձնեց Սարգիս Քիւլէկէչ։ Երբ հերթը եկաւ պատրաստուած քանդակը տեղադրելու, գերեզմանատան հոգատարութիւնը ստանձնած Պէյօղլուի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը դժկամութիւն յայտնեց պատճառաբանելով որ Կոմիտասի անունը քաղաքական անպատեհութիւն կրնայ ներկայացնել։ Թաղականութիւնը այս անիմաստ առարկութիւնը ըրաւ իր պաշտօնակատար Վաղարշակ Չիլճեանի բերնէն։

Պատրիարքարանի մամուլին ղրկած հաղորդագրութեան մէջ «վերջին ամիսներուն» աւարտած ըլլալը յայտնուող արձանը մօտ երկու տարի է որ կռնակի վրայ կը հանգչի Սարգիս Քիւլէկէչի աշխատանոցի շտեմարաններէն մէկուն մէջ։

5 Յունիս Կիրակի օր, ահա այդ արձանն է որ հասարակութեան համար տեսանելի աւելի յարմար վայր մը չգտնելով, ակամայ տեղադրուեցաւ պատրիարքարանի պարտէզը։ Իսկ այս քանդակի համար պատրաստուած պատուանդանի փորագրութիւնները երկրորդ ծախսով մը սրբուեցան եւ նոյն քարերուն վրայ գրուեցաւ Մաղաքիա Արք. Օրմանեանին անունը։

Քանի պոլսահայ հասարակութեան մէջ կը շարունակուի ամենաանբարոյ գործերը կամ միտքերը քօղարկելու սովորոյթը, լրատուամիջոցներ ալ դիւրաւ կը համակերպին իրենց թելադրուած հատուկենտ, կէս կատար, սուտ սխալ տեղեկութիւններով իրենց ընթերցողներուն թերի տեղեկութիւն փոխանցելու։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ