ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՀՐԱՊԱՐԱԿ

Շաբաթ, 25 Յունիս 2016։ Պատմական օր մը Երե­ւանի Հան­րա­պետու­թեան հրա­պարա­կին հա­մար. երեք հեկ­տար մա­կերես ու­նե­ցող այդ տա­րածու­թիւնը կը պատ­րաստո­ւի ըն­դունիլ Հռո­մի Պապ Ֆրան­ցիսկո­սը։

Այդ շքեղ հրա­պարա­կը, որ նա­խապէս կո­չուած էր «Լե­նինի», եւ որուն վրա­յէն քա­լեր են մե­նատէր­ներ, նա­խագահ­ներ, մե­ծանուն հրա­մանա­տար­ներ, ուր կա­տարուեր են հան­դի­սաւոր շքերթներ, զի­նուո­րական տո­ղանցքներ, բո­ղոքի ցոյ­ցեր եւ հա­մերգներ՝ հո­վուա­պետէն 10 տա­րի աւե­լի տա­րեց է։ Իսկ ամե­նէն կա­րեւո­րը, 26 տա­րի առաջ, մի­լիոն մը ժո­ղովուրդ, հոն բարձրա­ձայն ար­տա­յայ­տեր է իր կամ­քը ու զայն վե­րանո­ւաներ՝ «Հան­րա­պետու­թեան»։

Պատ­րաստ է այ­ցե­լու­թեան օրա­կար­գը, պա­տուոյ հիւ­րե­րու ցան­կը, ինչպէս նաեւ՝ այս առի­թով թո­ղար­կո­ւելիք դրոշ­մա­թուղթե­րը։ Պատ­րաստ է նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջ­միած­նի միջեկե­ղեցա­կան յա­րաբե­րու­թիւննե­րու պա­տաս­խա­նատուն՝ Տէր Շա­հէ ծայ­րա­գոյն վար­դա­պետ Անանեանը, որ մամ­լոյ ասու­լիս մը կազ­մա­կեր­պած է եւ կու տայ այ­ցե­լութեան ման­րա­մաս­նութիւննե­րը։ Մինչ հայր սուրբը կը հրա­պարա­կէ տե­ղեկու­թիւններ, ոտք կը դնենք հրա­պարակ­նե­րու եւ «հրա­պարակ» բա­ռի պատ­մութիւննե­րէն ներս։

- Հռո­մի Պա­պի այ­ցե­լու­թիւնը Հա­յաս­տան, կ՚ըսէ Տէր Շա­հէն, ինչ-որ իմաս­տով պատ­մա­կան է եւ բա­ցառիկ։

Նոյնքան պատ­մա­կան է «հրա­պարակ»ը։ Որ­պէս պահ­լա­ւերէն փո­խառու­թիւն, frapadak ձե­ւով ճամ­բայ ելեր է հիւ­սի­սային Իրա­նէն, հա­սեր Հա­յաս­տան ու տե­ղաւորուեր է Երե­ւանի մէջ­տեղ։ «Fra»ն մաս­նիկ է, իսկ «padak» բա­ռը կը նշա­նակէ «աս­տի­ճան, ճա­նապարհ, բեմ», որուն զնդե­րէն ար­մատն էpada, սանսկրիտ pad, այ­սինքն՝ ՈՏՔ։ Վեր­ջի­նը եկած է հնդեւ­րո­պական նա­խալե­զուի ped ար­մա­տէն, «ոտք, քայլ»։ Այդ ար­մա­տը շատ քայլ առեր է լե­զու­նե­րու մէջ. յու­նա­րէն pos, լա­տինե­րէն pes, նա­խագեր­մա­ներէն, հին անգլե­րէն եւ շո­ւետե­րէն fot, գեր­մա­ներէն Fuß, անգլե­րէն foot։ Անոնք տո­ւեր ենpedal «ոտ­նակ», pedestal «պա­տուան­դան», pedestrian «հե­տիոտն, հե­տեւակ», pedicure «ոն­տա­բու­ժութիւն, ոտ­նա­յար­դում», octopus «ու­թո­տանի», tripod «եռո­տանի» բա­ռերը։

-Հա­շուի առ­նե­լով Հա­յաս­տա­նի բա­ցառի­կու­թիւնը՝ իբ­րեւ առա­ջին քրիս­տո­նեայ եր­կիր, կը շա­րու­նա­կէ Տէր Շա­հէն, Հռո­մի Պապն առանձնա­բար է այ­ցե­լելու Հա­յաս­տան, որ­պէս «ուխտագ­նա­ցու­թիւն առա­ջին քրիս­տո­նեայ եր­կիր»։

«Հրա­պարակ»ի նախ­նա­կան իմաստն էր «նա­խագա­ւիթ», մա­հար­ձա­նի առ­ջեւ ձգո­ւած ո՛չ շատ մեծ տա­րածու­թիւն։ «Հրա­պարակ»ը, ժա­մանա­կի ըն­թացքին եւ քա­ղաքակրթու­թեան զար­գացման հետ, սկսաւ մեծ­նալ ու նշա­նակել «փո­ղոց­նե­րու մի­ջեւ ըն­դարձակ տա­րածու­թիւն, բա­ցավայր»։ Միջ­նա­դարեան Հա­յաստանի բո­լոր մեծ քա­ղաք­նե­րը, -Վա­նը, Կար­սը, Անին, -ու­նե­ցեր են երե­ւելի հրա­պարակ­ներ։ Մինչ, Դո­ւինը ու­նե­ցեր է զի­նավար­ժութիւննե­րու եւ մրցումնե­րու հա­մար նա­խատե­սուած ըն­դարձակ հրա­պարակ։ Դո­ւինի խա­չաձեւ կեդ­րո­նական հրա­պարա­կին վրայ 5-րդ դա­րուն կա­ռուցո­ւեր է կա­թողի­կոսի վե­հարա­նը, իսկ 6-րդ դա­րուն՝ կա­թողի­կոսա­րանը, իր մայր տա­ճարով։

Քա­ղաք­նե­րու մէջ երբ առեւ­տուրը կեդ­րո­նացաւ հրա­պարակ­նե­րու վրայ, ան սկսաւ նշա­նակել «շու­կայ»։ Այս իմաս­տով, հին Երե­ւանը ու­նե­ցեր է բազ­մա­թիւ հրա­պարակ­ներ. Խնա­պատի հրա­պարակ, Հիւ­սէյն Ալի Խա­նի կամ Մզկի­թի հրա­պարակ, Զալ Խա­նի հրա­պարակ, Ֆահ­լա Պա­զարի հրա­պարակ… Ամե­նէն մե­ծը եւ գլխա­ւորը՝ Ղան­թա­րի կամ Շու­կա­յի հրա­պարակ։ Ան էր քա­ղաքի առեւտրա­կան կեան­քի սիր­տը, եւ ուր տե­ղի ու­նե­ցեր են նոյ­նիսկ մար­զա­կան մի­ջոցա­ռումներ։

Աւա­տապե­տական շրջա­նին հրա­պարա­կը «ատեան, դահ­լիճ» իմաս­տը ու­նէր, ուրկէ՝ «Ար­քունի հրա­պարակ» ար­տա­յայ­տութիւ­նը։ Վեր­ջին հանգրո­ւանին, «հրա­պարակ»ը ձեր­բա­զատո­ւեցաւ երկրի մա­կերե­սէն եւ ստա­ցաւ փո­խաբե­րական իմաստ. «հա­սարա­կական գոր­ծունէու­թիւն, աս­պա­րէզ», -ուստի կ՚ըսենք, «Գրա­կան հրա­պարակ»-, ինչպէս նաեւ ու­նինք «հրա­պարակ հա­նել» ար­տա­յայ­տութիւ­նը, «յայտնի դարձնել»։

- Հան­րա­պետու­թեան հրա­պարա­կում, կը բա­ցատ­րէ Տէր Շա­հէն, տե­ղի կ՚ու­նե­նայ ընդհան­րա­կան արա­րողու­թիւն եւ խա­ղաղու­թեան աղօթք։ Այն ինչ որ իմաս­տով խա­ղաղու­թեան աղօթք է, Մեր­ձա­ւոր Արե­ւել­քում, տա­րածաշրջա­նում խա­ղաղու­թեան հաս­տատման կո­չեր են հնչե­լու»։

«Հրա­պարակ»ը մեր լե­զուին մէջ ալ ապա­հովեր է ան­կիւն մը։ Ե. դա­րէն սկսեալ, Սուրբ գիր­քի թարգմա­նու­թեան եւ այլ գրա­կան գոր­ծե­րու մէջ յայտնո­ւեր են ըն­տիր բա­ռեր. հրա­պարա­կաւ, հրա­պարա­կագոյժ, հրա­պարա­կախօս, հրա­պարա­կանէծ, հրա­պարա­կատես, հրա­պարա­կախօ­սու­թիւն, հրա­պարա­կային, հրա­պարա­կագիր, հրա­պարա­կալուր…

Հարց-պա­տաս­խաննե­րու ըն­թացքին կը մտա­ծենք զա­նազան հրա­պարակ­նե­րու եւ Երե­ւանի Հան­րա­պետու­թեան հրա­պարա­կի տա­րողու­թիւննե­րու մա­սին։ Աշ­խարհի ամե­նամեծ հրա­պարա­կը Չինաս­տա­նի Տա­լեան քա­ղաքի Սինկհա­յի հրա­պարակն է, տա­րածու­թիւնը՝ 1.760.000 ք.մ։ Իսկ Վա­տիկա­նի Ս. Պետ­րո­սի հրա­պարա­կը, տօ­նական օրե­րուն կրնայ հիւ­րա­սիրել 400 հա­զար հա­ւատա­ցեալ։

Տէր Շա­հէն է դար­ձեալ. «Հան­րա­պետութեան հրա­պարա­կում 50-60 հա­զար մարդ պէտք է լի­նի», ու կ՚աւելցնէ, «Սա թե­րեւս Պա­պի այ­ցե­լու­թեան ամե­նահան­դի­սաւոր, ամե­նամար­դա­շատ արա­րողու­թիւննե­րից մէկն է լի­նելու»։

Ան­խուսա­փելիօրէն կը մտա­ծենք նաեւ, թէ ո՞րն է աշ­խարհի ամե­նափոքր հրա­պարա­կը։ Պա­տաս­խա­նը կու գայ ստու­գա­բանու­թե­նէն՝ «pada» ար­մա­տէն։ Ան ու­նի մէկ քայ­լա­չափ տա­րածու­թիւն, այնտեղ՝ ուր մար­դը կանգնած է։ Այն հրա­պարա­կը, որ սահ­մա­նուած է մէկ շունչի, մէկ հոգիի համար։

Երեւանի Հանրապետութեան Հրապարակ