Պոլսահայոց հնարամտութիւնը

ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

oksana.karapetian@gmail.com

Պատառիկներ պոլսահայոց բանահիւսութենէն

Հայոց առաջին կրօնական համայնքը Պոլսում ժողովուած է դեռեւս 571 թուին՝ Բիւզանդիոյ գոյութեան տարիներին։ Արդէն 1461 թուականին Յովակիմ Պրուսացի եպիսկոպոսի գլխաւորութեամբ Պոլսում կը հաստատուի Հայոց Պատրիարքութիւն։ Այդու ետք արդէն մօտ ութ տասնեակ պատրիարքներ գլխաւորած են Կոստանդնուպոլսի Հայոց Հոգեւոր կեդրոնը։

Թէեւ շատ նշանաւոր ու մեծանուն հայանուններ կը յիշուին Օսմանեան Կայսրութեան կեանքում, այդ ու հանդերձ պոլսահայոց կեանքը միշտ չէ, որ քաղցր ու հարթ անցած է։ Նոյն նշանաւոր հայերն ալ յաճախ ստիպուած էին գործի դնել իրենց ողջ հնարամտութիւնը՝ կուլ չգնալու այլեւայլ դաւադրութիւնների։

Անշուշտ, անվիճելի է՝ դիւրին բան մը չէ ապրել օսմանեան թուրքերու հպատակութեան ներքոյ. այլ կրօնք, այլ բարքեր, այլ իշխանութիւն... ճնշումներ, բռնագաղթեր, կոտորածներ, Եղեռն... Դիւրին չէ նաեւ այսօր, մասնաւորապէս՝ այսօր։

Բայց որքան էլ խորը լինէր ցաւը, կորուստը, վտանգը, պոլսահայեցին գերադասում էր ոչ թէ խուսանաւիլ կամ սուլթանին քծնիլ, այլ իր ճարպիկ միտքն առաջ քաշել։

Ահա յիշենք մի քանի դրուագ, որ կը պատմեն Եղեռնից փրկուած պոլսահայերը.

Սուլթան Համիտ եւ Օրմանեան Պատրիարք

Օրին մէկը Ապտուլ Համիտի խորհրդականները իրեն կ՚ըսէն.

-Սուլթա՜ն, գիտե՞ս որ հայոց Պատրիարք Մաղաքիա Օրմանեան առանց աղօթելու ճաշի չի նստիր։ Ան ճաշէն առաջ անպայման խաչ կը հանէ։

-Իրա՞ւ կ՚ըսէք։ Անանկ է նէ, օր մը անիկա ճաշի հրաւիրենք, տեսնանք ճաշէն առաջ իմ դէմս պիտի համարձակի՞ խաչ հանել։

Եւ այսպէս Ապտուլ Համիտը կը հրամայէ մեծ ճաշկերոյթ մը սարքել եւ հրաւիրել հայոց Պատրիարքը։

Մաղաքիա Օրմանեան իր պատկառազդու տեսքով սուլթանին կը ներկայանայ, կը տեսնէ ճոխ սեղանը։ Երբ բոլորը նստած են սեղանի շուրջ, հայոց Պատրիարքը, դեռ ուտել չսկսած, աջ ձեռքը վեր կը վերցնէ, իբր թէ ձեռքով կը ցուցնէ սեղանին վրայ դրուած տեսակ-տեսակ ճաշերը, բայց աննկատօրէն խաչակնքելով կ՚ըսէ.

-Առաջ ա՛ս պիտի ուտենք, ետքը ա՛ն պիտի ուտենք, ետքը ա՛ն, վերջն ալ՝ ա՛ն։ Ուրեմն Ամէ՜նը, - կ՚ըսէ ու կը սկսի ուտել։

Ճաշկերոյթը կը լմննայ։ Օրմանեան Պատրիարքը շնորհակալութիւն կ՚ըսէ, ընդունելութեան համար, հրաժեշտ կ՚առնէ, կ՚երթայ։

Սուլթան Համիտ իր խորհրդականներուն ուրախ-ուրախ կ՚ըսէ.

-Տեսա՞ք, որ հայոց Պատրիարքը վախցաւ եւ խաչ չկրցաւ հանել։

Խորհրդականները կ՚ըսեն.

-Կը սխալիք, Սուլթա՜ն, հայոց Պատրիարքը երբ ճաշէն առաջ ձեռքով կը ցուցանէր սեղանին դրուած ուտելիքները, ան իր ձեռքի շարժումներով արդէն իսկ խաչակնքեց ձեր սեղանը, բայց այնպէս խաչակնքեց, որ դուք չնկատեցիք։

Սուլթան Համիտ Եւ Պատարագիչ Եպիսկոպոսը

Սուլթան Ապտուլ Համիտի շրջանին իր լրտեսներէն մէկը կու գայ կ՚ըսէ.

- Սուլթա՜ն, գիտե՞ս որ հայերը իրենց եկեղեցիին մէջ պատարագ ընելու ատեն չեն յիշատակէր մեր մարգարէներուն անունները, իսկ մենք մեր ճամիին մէջը մեր Քուրանէն առաջ ինչ կրօնքներ որ եղած են, ժամանակագրական կարգով կը յիշատակենք...

Սուլթան Համիտը կը լսէ, կը խոժոռի եւ կը հրամայէ.

-Գնացէ՛ք, ստուգեցէ՛ք, եկէ՛ք ինծի լուր տուէ՛ք։

Այդ միջոցին հայերը կը տեղեկանան եւ իրենց պատարագիչ եպիսկոպոսին կ՚ըսեն.

-Ասանկ խօսակցութիւններ կայ, նկատի՛ առ...

Պատարագիչ եպիսկոպոսը կը մտածէ, ելքը կը գտէ։ Քարոզ տալու ժամանակ ան կ՚ըսէ.

-Յիսուս եւ իր աշակերտները երբ Գալիլէայի լիճը հասան, տեսան, որ ձկնորսները ուռկան կը հիւսէին...

Պատարագիչ եպիսկոպոսը «հասան» եւ «հիւսէին» բառերն այնպիսի յատուկ շեշտով մը կ՚արտասանէ, որ ներկայ եղող լրտեսները լսեն։ Եւ անոնք գոհունակութեամբ կ՚երթան սուլթանին կ՚ըսեն.

-Սուլթա՜ն, հայերու եկեղեցիին մէջն ալ յիշեցին մեր մարգարէները՝ Հասանը եւ Հիւսէինը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ