Մութաֆեան Սրբազանի քարոզները պոլսահայոց յուշերում


ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

oksana.karapetian@gmail.com

Դիւրին չէ պոլսահայոց կեանքը։ Եւ կարելի է պատկերացնել, թէ որքան աւելի խրթին է նրանց հոգեւոր առաջնորդի՝ պատրիարքի ուղին։ Այդ դժուարին պարտականութիւնը բաժին էր հասել նաեւ Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Մութաֆեանին (աւազանանի անունը՝ Մինաս Վարդան, ծն. 1956, Ստանպուլ), ով քիչ չէ ենթարկուած Թուրքիոյ կառավարութեան ճնշումներուն, ինչի համար էլ երբեմն հակասական պատկեր կազմած է։ Սակայն ի հեճուկս դրան, Մութաֆեան Սրբազանը կրցած է անջնջելի հետք թողնել պոլսահայերու մտքերու մէջ։ 

Մի առանձնակի ոգեւորութեամբ կը յիշեն, յատկապէս, Մութաֆեանի քարոզները։ «1983-ին, երբ Մեսրոպ Սրբազանը տակաւին աբեղայ էր, մամաս լսել էր իր քարոզը, զմայլած եկաւ տուն պատմեց թէ ատ ի՜նչ աղուոր կրօնաւոր մը եկած է մեր եկեղեցին»,

-կը պատմէ Էլիզ Ալպօյաճեանը։

Տէրը Մեսրոպը ղրկեց

Էրտոնշ Ժանէթը կը յիշէ, որ օր մը վախճանեալ Շնորհք Պատրիարքը իր եղբօրը՝ Խաչիկ Մերտինեանին ըսեր է.

-Մա՜նչս, դուն գիտե՞ս որ ես 25 տարի աղօթեցի Տիրոջը, որ ժողովուրդիս գլուխը աղուոր հովիւ մը ըլլայ, եւ Տէրը Մեսրոպը ղրկեց։

«Կը խորհիմ թէ մարդոց մեղքերուն համար է, որ Աստուած զանոնք կը պատժէ։ Բայց հիմա քանի որ Պոլսոյ հայ հաւատացեալներն աւելցած են՝ Տէրը անոնց աղօթքները լսելով է որ մեզի Մեսրոպ Սրբազանին պէս հովիւ մը ղրկեց, շատ շիտակ մը մեր դիմացը հանեց»,

-կը շարունակէ Է. Ժանէթը.

Ժանէթը մի ձմեռ կը հիւանդանայ. ոչ մէկ դեղ կ՚օգնէր։ Վերջը Մեսրոպ Սրբազանի պատգամի քասէթը լսեց... «անա՜նկ բացուեցայ, անա՜նկ աղէկցայ, ալ չես կրնար երեւակայել, կարծես Աստուած անոր բերանովը խօսքեր ըսաւ. լոյսը մութէն բաժնուեցաւ. երկիրը երկինքէն հեռացաւ... Ինծի համար վերը՝ Տէրը, վարը՝ Մեսրոպ Սրբազանը»։

Ես քու տեղդ պիտի անցնիմ...

Պօղոս Եղիազարը կը յիշէ, երբ իր ծնողքն ու ինքը Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցին ժամկոչութիւն կ՚ընէին, մէյ մըն ալ Մեսրոպ Սրբազանը պատարագ մատուցանելու եկաւ։ Պօղոսն ալ խորանին քովը, ճերմակ շապիկ հագած, դպիր էր։

«Մեսրոպ Սրբազանը պատարագի ընթացքին խորանին առջեւ ծունկի եկաւ եւ այնքան յուզումով կ՚երգէր, որ ես անոր աչքերուն մէջ արցունք նշմարեցի։ Ես այդ օրուան պատարագէն շա՜տ ազդուեցայ։ Պատարագէն վերջը եկեղեցիին պարտէզին մէջ մեզի տրամադրուած սենեակը քաշուեցայ, սկսայ լալ։ Պապաս եկաւ, տեսաւ, հարցուց.

-Ինչո՞ւ կու լաս։

Ես ալ ըսի.

-Այսօրուան պատարագէն ազդուեցայ։ Ես ալ Մեսրոպ Սրբազանին պէս կրօնաւոր պիտի ըլլամ։

Պապաս ըսածս բանի տեղ չդրաւ... Ես ալ ելայ սեղանին ծածկոցը քաշեցի, վրաս առի, ագռաւով մըն ալ կուրծքիս ամրացուցի, մամայիս խսիրէ կարի տուփը գլուխս անցուցի, սկսայ շարականներ երգել...»։

Պօղոսի ընկերները իրեն խաղալու կը կանչէին, ամա Պօղոսը՝ չէ՛, ես հոս գործ ունիմ, -կ՚ըսէր, բայց ոգեւորուած կ՚երգէր, կու լար, ինքզինքը կրօնաւոր կ՚երեւակայէր...

Ատկէ ետքը երեք գիշեր իրարու վրայ երազ տեսած է, իբր ինքը տէր հայր եղած է, ուստի հաստատապէս որոշել էր՝ սրբազան պիտի ըլլայ...

Ետքը Շնորհք Պատրիարքը եկած էր իրենց եկեղեցին։ Մեսրոպ Սրբազանն ալ պատարագ մատուցած էր։ Երբ Շնորհք Պատրիարքը խորհրդարանի դուռէն դուրս կ՚ելլէր, Պօղոսը երկու ձեռքերը բացելով անոր ճամբան կտրած է.

-Պատրիա՜րք Հայր, դուն որ մեռնիս, ես քու տեղդ պիտի անցնիմ...

«Պատրիարքը ժպտեցաւ եւ հանեց խաչ մը տուաւ ինծի։ Շաբաթ մը վերջ նամակ մը եկաւ պապայիս անունովը, ուր Պատրիարքը կ՚ըսէր. -Ինծի ղրկեցէք ձերին պզտիկ տղան, որպէսզի դառնայ ինչ որ ինքը կ՚ուզէ-։ Բայց մամաս ըսաւ.

-Մէկ հատ մանչ մը ունիմ, ան ալ կղերական ըլլայ նէ, հապա մեր մականունը ո՞վ պիտի շարունակէ։

Այդպէս ալ իմ երազս երազ մնաց»։

Մութաֆեան Սրբազանը՝ առաքելագործ

Մեսրոպ Սրբազանի ջանքերով վերանորոգած է նաեւ Գնալը կղզիին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ս. Սեղանը, որ առաջ փայտէ էր, այժմ՝ ճերմակ մարմարէ։ Մօր Տիգրանուհին կը պատմէ, որ օր մը գիշերը երազ տեսած է, իբր իրենց եկեղեցւոյ՝ Ս. Լուսաւորչի խորանը եւ ծովը քով քովի են, Մեսրոպ Սրբազանն ալ կը քարոզէ։ Լեցուն ժողովուրդ՝ հիացած իր քարոզը մտիկ կ՚ընէ։ Քարոզած ատենը Մեսրոպ Սրբազանը ձեռքերը կը շարժէ, իսկ ձեռքերուն վրայի բարակ-բարակ երակները իրարու կը միանան, կը սկսին փոսփորի պէս փայլիլ։

Երբ Սրբազանը մօտեցաւ Տիգրանուհիին, ան ըսաւ.

-Սրբազա՜ն, սքանչելի էր քարոզնիդ. գիտէ՞ք ձեռքներդ ի՜նչպէս կը փայլէին։

-Ինչպէ՞ս, հարցուց նա։

-Ծովեզերքին սկսած ձեր ձեռքերը երակ առ երակ արեւու պէս ճառագայթներ սկսան արձակել։

Սրբազանը ըսաւ.

՛չ, Տիգրանուհի՜, անտեղէն չսկսաւ։ Անիկա գիտե՞ս ուրկէ սկսաւ։ Ան սկսաւ այն օրէն, երբ ես ձեռնադրուեցայ։

«Ու մատս առաւ իր ափին մէջը, շօշափել տուաւ։ Ես զգացի, տեսայ որ ափին մէջը խաչի ձեւով փոս է եւ մէջն ալ ադամանդի պէս՝ փըռըլ-փըռըլ փայլուն խաչ...

Արթնցայ որ երազ էր, բայց շա՜տ տպաւորիչ։

Աստուած ալ իրեն ուղիղ վարդապետութեան արժանացնէ. դիւրին գործ չէ, մանաւանդ ի՛ր ըրածը»։ 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ