«Վիքիփետիա»՝ արեւմտահայերէնի համար

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
narekian2000@yahoo.com

18-25 Օգոստոս թուականներուն Փորթուկալի Քատավալի շրջանին մէջ կայացաւ «Վիքիմետիա Արմենիա»ի կողմէ կազմակերպուած «Վիքիճամբար 2016» միջոցառումը, որ կը վայելէր նոյն երկրին մէջ հաստատուած «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հովանաւորութիւնը։ Շուրջ 50 մասնակիցներ, առաւելաբար պատանիներ ու երիտասարդներ, կային նաեւ համալսարանականներ ու քանի մը մեծահասակներ, ճամբար ժամանած էին զանազան երկիրներու տարբեր քաղաքներէն (Պոլիս, Աթէնք, Պէյրութ, Հալէպ, Լիոն, Մարսէյլ, Փարիզ, Երեւան)։ Այդ օրերու ընթացքին անոնք սորվեցան յօդուածներ գրել, խմբագրել ու տեղադրել «Վիքիփետիա»ի ազատ հանրագիտարանի արեւմտահայերէնի բաժնին վրայ, ինչպէս նաեւ զանազան յղումներով հետզհետէ զարգացնել իրենց կամ այլոց գրութիւնները։ Ուղղակիօրէն գործնական աշխատանք մըն էր կատարուածը, ինչ որ անուրանալի կերպով զարգացուց մասնակիցներուն արեւմտահայերէնով գրելու կամ արտայայտուելու ունակութիւնը։

Մէկ շաբթուան յաջող ճամբարը առիթ դարձաւ որպէսզի զրուցենք «Վիքիմետիա Արմենիա» կազմակերպութեան ղեկավար Սուսաննա Մկրտչեանի եւ արեւմտահայերէնի բաժնի համակարգող Ազնիւ Ստեփանեանի հետ։

Սուսաննա Մկրտչեան տեղեկացուց, որ «Վիքիմետիա Արմենիա» կազմակերպութիւնը հիմնադրուած է 2013-ին։ Մինչ այդ հայերէնը (խօսքը հիմնականին կը վերաբերի արեւելահայերէնին) կը գրաւէր 73-րդ տեղը «Վիքիփետիա»ի մէջ։ Իսրայէլի մէջ «Վիքիփետիա»ի միջազգային ժողովին մասնակցելէ ետք, Մկրտչեան կը ստանայ համակարգողի դեր եւ Հայաստան վերադառնալէ ետք կը լծուի երկրի մէջ կազմակերպելու «Վիքիփետիա»ի աշխատանքները. կը կայանան վարժանիստեր, աշխատանոցներ։ «Միջոց մը ետք դիմեցինք Հայաստանի մէջ գիտաժողով մը կազմակերպելու համար։ Երեւանի “Արմենիա” պանդոկին մէջ կայացաւ այդ ժողովը, որ ունեցաւ 200 մասնակից։ Նոյնիսկ՝ այդ ժամանակուան հոգաբարձութեան նախագահն ու այլ պաշտօնատարներ եկած էին»։ Այդ յաջող ժողովի արդիւնքին Հայաստանին իրաւունք կը տրուի ունենալու առանձին կազմակերպութիւն։ Մկրտչեան կարեւոր ձեռքբերում մը կը նկատէ ասիկա, քանի որ մինչ Հայաստան՝ նման իրաւունք չէր տրուած չորս տարիէ ի վեր, եւ Հայաստանէ վերջ ալ տրուեցաւ միայն Պելճիքային։ 2013-էն ետք, երբ պաշտօնապէս կը ճանչցուի «Վիքիմետիա Արմենիա»՝ զուգահեռաբար թափ կը տրուի նաեւ «Վիքիփետիա»ի վրայ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի վերաբերող հանրագիտարանային տեղեկութիւններու տեղադրման։

«Վիքիմետիա Արմենիա» կը սկսի համագործակցիլ դպրոցներու հետ։ Առաջինը կ՚ըլլայ «Այբ» դպրոցը, որ ինչպէս կը տեղեկացնէ Մկրտչեան, կը հաւատայ «Վիքիմետիա»ի առաքելութեան։ «Վիճակագրութիւնը ցոյց տուաւ որ աշակերտները ոգեւորուած էին եւ մենք մտածեցինք զանոնք ա՛լ աւելի ոգեւորելու ուղիներուն մասին»։ Այս հանգամանքն ալ խթան կը հանդիսանայ որպէսզի սկսի աշխատանքները պատանեկան, երիտասարդական ճամբարի մը համար՝ միշտ «Վիքիփետիա»ի համաշխարհային կառոյցի հովաւորութեամբ։ Կը կայանայ երկու ճամբար՝ ամրան ու ձմրան։ «Արդիւնքները հոյակապ էին։ Ո՛չ միայն յօդուածներու խմբագրում կը կատարէին մասնակիցները, նաեւ պասքեթպոլի, ֆութպոլի նման մարզախաղերով եւ այլ ձեռնարկներով իրենց առօրեան կը գունաւորէին», կը պատմէ Մկտչեան։

Այս ճամբարը 2014-ին «Վիքիփետիա»ի Լոնտոնի ժողովին կողմէ կը հռչակուի «Լաւագոյն նախագիծ»։ Այս իրադարձութենէն ետք նման ճամբարներ ամենամեայ դարձնելու ուղղութեամբ ակնկալիք մը կը գոյանայ։ «Տարին ունինք չորս ճամբար՝ երկուքը ամրան, երկուքը՝ ձմրան։ Ճամբարներու միջեւ եղած շրջանին կը հաշուենք ճամբարականներու ներդրումը՝ տեսնելու համար, թէ որոնք կը շարունակեն աշխատիլ։ Մասնակցութիւնը եթէ շարունակական չէ՝ ուրեմն մենք ձախողած կը համարինք այդ մէկ ճամբարը», կը յայտնէ Սուսաննա Մկրտչեան։

«Վիքիփետիա»ն տարածելու համար կը ստեղծուին ակումբներ Հայաստանի զանազան բնակավայրերուն մէջ։ Առաջին վիքիակումբը կը հիմնադրուի Կիւմրիի մէջ։ Մկրտչեան կը հաղորդէ, որ բարերարներ ալ կը բերեն իրենց նպաստը՝ համակարգիչներ տրամադրելով, համացանցի կապ ապահովելով մանաւանդ հեռաւոր գիւղերու բնակիչներուն։ Նման ձեռնարկ մըն է վիքիակումբի մը հիմնադրումը Վանաձորի Արեւածագ գիւղին մէջ։ Կը հետեւին այլ գիւղեր, ինչպէս՝ Լեռնապատը։ Ծրագիրը հետզհետէ կ՚ընդգրկէ նաեւ սահմանամերձ շրջանները, մինչեւ Արցախ։ Սուսաննա Մկրտչեան մտադիր է շարժումը տարածել բովանդակ երկրի մէջ։

Նման ճամբարներ տարին երկու անգամ կը կազմակերպուին նաեւ ուսուցիչներուն համար, որպէսզի անոնք ալ սորվին եւ իրենց սորվածները փոխանցեն աշակերտներուն։

Բոլոր այս աշխատանքներէ վերջ անցեալին 97-րդ կարգի վրայ գտնուող Հայաստան «Վիքիփետիա»ի մէջ կը բարձանայ 38-րդ տեղը։ Կը բարելաւի նաեւ որակը։

Հետագայ ծրագիրներու մասին խօսելով, Սուսաննա Մկրտչեան կը տեղեկացնէ, որ պիտի ձեռնարկեն «Վիքին կը սիրէ գիտութիւն» արշաւին, քանի որ, ի տարբերութիւն այլ երկիներու, Հայաստանի մէջ «Վիքիփետիա» կը խմբագրեն պատանիներ ու երիտասարդներ, ո՛չ թէ չափահաս մարդիկ՝ գիտնականներ, մասնագէտներ, համալսարանական դասախօսներ։ Հետեւաբար կարեւոր է կրթել սերունդը, զուգահեռաբար ներգրաւելով տարեցներ ալ։

«Վիքիփետիա» միջազգային համայնքին համարկելու աշխատանքները կը շարունակուին։ Անցեալ տարի Սուսաննա Մկրտչեան հռչակուած էր «Թիւ մէկ Վիքիփետիսթ», իսկ Հայաստանի ակումբներն ալ՝ «Լաւագոյն նախագիծ»։

Բոլորովին վերջերս, 27-29 Օգոստոսին, Դիլիջանի մէջ կայացաւ «Վիքիփետիա»ի միջազգային ժողովը, Միջազգային դպրոցին մէջ, մասնակցութեամբ «Վիքիփետիա» հիմնադրամի նորանշանակ տնօրէն Քեթրին Մայըրի։

Սուսաննա Մկրտչեան կը յայտարարէ, որ կայ նաեւ արեւմտահայերէն «Վիքիփետիա»ն զարգացնելու յատուկ ծրագիր։ Շուտով արդէն արեւմտահայերէնն ալ պիտի ստանայ առանձին լեզուի կարգավիճակ ու պիտի ունենայ իր յատուկ բաժինը։ Արեւմտահայերէնով յօդուածներու առատութիւնը վստահաբար պիտի նպաստէ նման որոշումի մը շուտափոյթ ընդունման, մանաւանդ որ արեւմտահայ մտաւորականներ ստորագրահաւաք մըն ալ կատարած էին այս ուղղութեամբ։

«Արեւմտահայերէնի հետ կապուած մեզի մեծ օգնութիւն կը ցուցաբերէ “Գալուստ Կիւլպէնկեան” հիմնարկութիւնը։ Լիբանանի ուսուցիչներուն համար Հայաստանի մէջ ըրած էինք վիքիդասընթացք մը, որու ընթացքին սորվեցան “Վիքիփետիա”ի հետ աշխատիլ»։ Սուսաննա Մկրտչեան նշեց, թէ անցեալ տարի կազմակերպած էին նաեւ վիքիճամբար մը՝ Պէյրութի մերձակայ Զմմառու վանքին մէջ, որուն մասնակցած էին լիբանահայ վարժարաններու աշակերտները։ «Լաւագոյն աշակերտները իրաւունք շահեցան մասնակցելու նաեւ Հայաստանի մէջ կայացած ճամբարին։ Անոնք իրենց վարժարաններուն մէջ ստեղծեցին նաեւ ակումբներ», կը հաղորդէ Սուսաննա Մկրտչեան՝ մաղթելով, որ նոյնը ըլլայ նաեւ Փորթուկալի ճամբարէն ետք։

«Վիքիմետիա Արմենիա»ի արեւմտահայերէնի համակարգող Ազնիւ Ստեփանեան, որ այժմ Երեւան հաստատուած հալեպահայ ուսուցչուհի մըն է, վարեց Փորթուկալի ճամբարին դասընթացքը։ Ան տեղեկացուց, որ 2014-ին սկիզբ առած է արեւմտահայերէն «Վիքիփետիա»ի նախագիծը։ Այդ թուականին Հայաստանի մէջ կազմակերպուած վիքիճամբարի մը մասնակցած էին սուրիահայ մանուկներ։

«Քանի մը ամիս ետք արդէն, 2015-ին, “Գալուստ Կիւլպէնկեան” հիմնարկութեան հովանաւորութեամբ որպէս տարեկան ծրագիր պաշտօնապէս սկսաւ այս նախագիծը», կը տեղեկացնէ Ստեփանեան՝ տեղեկութիւններ տալով արեւմտահայերէնի համար կազմակերպուող ուսուցիչներու, լրագրողներու ու աշակերտներու ճամբարներուն վերաբերեալ, Հայաստանի թէ Սփիւռքի տարածքին։

Ազնիւ Ստեփանեան կը տեղեկացնէ, որ արեւմտահայերէնով յօդուածներուն թիւը 800-ի չափ էր սկզբնական շրջանին, իսկ հիմա հասած է աւելի քան 4300-ի։

ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒ ԿԱՐԾԻՔՆԵՐ

Արազ Այվազեան (Սուրիա/Հայաստան).- Աւելի դժուար բան մը կը սպասէի, աւելի խիստ պայմաններու տակ։ Կը վախնայի որ գլուխ պիտի չհանեմ։ Բայց հիմա աւելի պարզ է, աւելի հանգիստ, դիւրին։ Պատասխանատուները լաւ բացատրեցին։ Կը զգամ որ այս աշխատանքը կը զարգացնէ հայերէնս, մանաւանդ արեւմտահայերէնս, քանի որ Հայաստան կ՚ապրիմ եւ արեւելահայերէնի հետ շատ կը խառնեմ։

Մանէ Անդրէասեան (Ֆրանսա).- Դրական փորձառութիւն մըն էր։ Զգացի, որ բառամթերքս զարգացաւ, քանի որ թարգմանելը դժուար աշխատանք մըն է եւ ամէն պահ պէտք ունէի բառարան բանալու։ Կամաց կամաց ո՛չ միան բառապաշարը, նաեւ քերականութիւնս ալ բարելաւեցաւ։ Լեզուս զարգացնելու արդիւնաւէտ միջոց մըն էր։

Գէորգ Լազարեան (Յունաստան).- Շատ սիրեցի վիքիճամբարը։ Հոս գալէ առաջ առաջին մտածումս հայերէնս զարգացնելն էր։ Ուրեմն եկայ եւ փորձեցի բան մը սորվիլ հայերէնով։ Շաբթուան մը ընթացքին ահագին զարգացուցի լեզուս, ուրեմն եթէ շարունակեմ՝ կրնամ շատ գեղեցիկ բաներ ընել։ Առիթ ըլլայ՝ կ՚ուզեմ անպայման նորէն գալ։

Արատ Եըլտըրըմ (Թուրքիա).- Այս ճամբարը լեզուս զարգացնելու միջոց մը եղաւ։ Նոր ընկերութիւններ ալ կազմեցի։ Խմբագրել պիտի շարունակեմ նաեւ Պոլսոյ մէջ։

Ասատուր Պասմաճեան (Լիբանան).- Չորրորդ ճամբարս էր, որ եղաւ լաւագոյնը։ Ծանօթացանք եւ ընկերացանք սփիւռքահայ երիտասարդներու հետ։ Իրարու օգնելով խմբագրեցինք արեւմտահայերէն յօդուածներ, ունենալով նպատակը զարգացնելու արեւմտահայերէն «Վիքիփետիա»ն եւ տարածելու համաշխարհային ազատ հանրագիտարանը աշխարհով մէկ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ