ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

«Արարատը մերն է»

Թուրքիոյ Հան­րա­պետու­թեան նա­խագահ Ռէ­ճէփ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան իր ելոյթնե­րէն մէ­կուն, «Ին­ծի հա­մար կը նե­րէք՝ -հայ է-՛ -յոյն է- ըսող­ներ եղան» ըսած էր։

Հի­մա ես ալ իմ կար­գին ամօթ կը զգամ իր անու­նը եւ «հայ ազ­գը» սահ­մա­նու­մը նոյն նա­խադա­սու­թեան մէջ գոր­ծա­ծելէ։ Ու­րեմն ըն­թերցո­ղը թող նե­րէ զիս այս ան­պատշաճ երե­ւոյ­թին հա­մար։ Խոս­տո­վանիմ որ անհրա­ժեշ­տութիւ­նը զիս դրաւ նման ան­յարմա­րու­թեան դի­մաց։ Էր­տո­ղան թե­րեւս կեան­քին մէջ առա­ջին ան­գամ խօ­սեցաւ հա­յոց սրտին։ Վեր­ջերս ան յա­ճախ կ՚անդրա­դառ­նայ Թուրքիոյ Հան­րա­պետու­թեան օրի­նակա­նու­թեան փաս­տա­թուղթը հա­մարուող Լո­զանի դաշ­նագրին։ Առար­կութիւններ ու­նի այդ հա­մաձայ­նութեան վե­րաբե­րեալ։ Կը պնդէ որ Լո­զանի մէջ Թուրքիոյ պա­տուի­րակու­թիւնը ան­տե­ղի զի­ջումներ ըն­դունած է։ Ու կ՚աւելցնէ «հան­րա­պետու­թեան սահ­մաննե­րը մեր կամ­քով չեն ճշդուած» ըսե­լով։ Բազ­մա­թիւ հա­յեր նոյ­նութեամբ կրնան ձայ­­նակցիլ Էր­­տո­­­ղանի այս նա­­խադա­­սու­­թեան։

Ա. Աշ­­խարհա­­մար­­տի աւար­­տին եւ յա­­ջոր­­դող տա­­րինե­­րուն ճշդուած սահ­­մաններն ալ մեզ՝ հա­­յերուս կամ­­քին հա­­կառակ էին։ Չըլ­­լայ որ կա­­մաւոր հրա­­ժարած ըլ­­լա­­­յինք ամ­­բողջ հայ­­րե­­­նիքի մը տա­­րած­­քէն։ Եր­­կիր՝ որու վրայ ծա­­գու­­մէն ի վեր աճեր ու զար­­գա­­­ցեր է հայ ժո­­ղովուրդը։ Արա­­րատը մեր ազ­­գա­­­յին խորհրդան­­շանն է։ Անիի աւե­­րակ­­նե­­­րը նոյնպէս։ Ի վեր­­ջոյ Հա­­յաս­­տա­­­նի եւ Թուրքիոյ մի­­ջեւ այ­­սօ­­­րուայ սահ­­մա­­­նը հաս­­տա­­­տող դա­­շին­­քը ստո­­րագ­­րող կող­­մե­­­րը Թուրքիան եւ Խորհրդա­­յին պե­­տակա­­նու­­թիւնն էին։ Հա­­յերս եր­­բեք ու եր­­բեք չենք հրա­­ժարած մեր պա­­հան­­ջա­­­տիրու­­թե­­­նէն։ Գո­­յացած սահ­­մա­­­նը բա­­ցար­­ձա­­­կապէս մեր կամ­­քով չէ։ Պար­­զա­­­պէս հա­­մակեր­­պած ենք ժա­­մանա­­կին պար­­տադրած պայ­­մաննե­­րուն։

Այս իրո­­ղու­­թիւնը տեղ գտած է նաեւ Թուրքիոյ պե­­տական են­­թա­­­գիտակ­­ցութեան մէջ։ Այդ պատ­ճա­ռաւ ալ Բ. Հա­մաշ­խարհա­յին պա­տերազ­մի աւար­տին, երբ Խորհրդա­յին բա­նակը ռազ­մա­փոր­ձեր կա­տարե­լու հա­մար զօր­ք կը կու­տա­կէր Հա­յաս­տան-Թուրքիա սահ­մա­նագ­ծին, Թրքա­կան բա­նակը թո­ղելով Արեւմտեան Հա­յաս­տա­նը, կը նա­հան­ջէր մին­չեւ Կե­սարիա։ Կե­սարիան պա­տահա­կան չէ, Սեւ­րի դաշ­նա­գիրի հա­մաձայն Թուրքիոյ թո­ղուած տա­րած­քի արե­ւելեան ծայ­րա­մասն էր այդ քա­ղաքը։

Պե­տական են­թա­գիտակ­ցութիւ­նը 1991-ին դար­ձեալ շարժման ան­ցաւ եւ նո­րան­կախ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թե­նէն պա­հան­ջեց սահ­մաննե­րու երաշ­խիք։ Ու­զեց որ Խորհրդա­յին Միու­թեան հետ կնքուած Կար­սի դա­շին­քը վե­րահաս­տա­տուի նաեւ Հա­յաս­տա­նի կող­մէ։ Ան­շուշտ որ Հա­յաս­տա­նի կա­ռավա­րու­թիւննե­րը մեր­ժե­ցին այդ պար­տադրան­քը եւ գո­հացան յայ­տա­րարե­լով թէ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թիւնը առայժմ սահ­մաննե­րու վե­րաբե­րեալ խնդիր մը չու­նի։

Իրաւ է որ Հա­յաս­տան ներ­կայ դրու­թեան մէջ սահ­մաննե­րու նկատ­մամբ օրա­կարգ մը չու­նի։ Բայց ինչպէս Թուրքիոյ պե­տական միտ­քը, հայ ժո­ղովուրդն ալ ու­նի ազ­գա­յին են­թա­գիտակ­ցութիւն։ Երբ մէ­կը Մի­ջին Արե­ւել­քի մէջ բռնկած հրդե­հը առիթ կը հա­մարէ Մու­սուլն ու Քեր­քուքը օրա­կար­գի բե­րելու հա­մար, ան­խուսա­փելի կը դառ­նայ հա­յոց ալ իրենց հա­շիւ­նե­րը սե­ղան բե­րելու վար­կա­ծը։

Այս օրե­րուս Թուրքիոյ բազ­մա­թիւ հե­ռուստաէկ­րաննե­րու վրայ կը յայտնուին փոր­ձա­գէտ­ներ, մաս­նա­գէտ­ներ, դի­ւանա­գէտ­ներ որոնք բա­զում ճամ­բա­ներով կը փոր­ձեն փաս­տել թէ Իրա­քի եր­կու քա­ղաք­նե­րը՝ Մու­սուլ ու Քեր­քուք իրա­կանու­թեան մէջ Թուրքիոյ կը պատ­կա­նին։

Եթէ այսքան դիւ­րին դուրս պի­տի ելլենք հա­մաշ­խարհա­յին չա­փանիշ­նե­րէն, ո՞վ կրնայ առար­կել, երբ հա­յը յայ­տա­րարէ «Արա­րատը մերն է»։

Յօ­դուա­ծը եզ­րա­փակենք «Յի­շում եմ եւ պահանջում» ըսելով։

pakrates@yahoo.com