Նոր թրքախօսի մը արտայայտ(ն)ութիւնները

ՆԱՐԵԿ ՍԷՖԷՐԵԱՆ

naregseferian.com

Պոլիս գտնուիլը շատ հետաքրքրական կողմեր ունի, մանաւանդ այս օրերուն։ Որպէս մէ­կը, որ կը հե­տեւի քա­ղաքա­կանու­թեան եւ մաս­նա­ւորա­պէս մի­ջազ­գա­յին ու տա­րածաշրջա­նային ան­ցուդար­ձին, նիւ­թի պա­կաս չկայ, փառք Աս­տուծոյ։ Սա­կայն աւե­լի առօ­րեայ տե­սան­կիւնէն, ու­րախ եմ որ ժա­մանակ կ՚անցնեմ այս քա­ղաքին մէջ, քան զի առի­թը կ՚ըն­ծա­յէ թրքե­րէն սոր­վե­լու։

Թրքե­րէնի հետ կապս շատ հե­ռու չէ, իրա­կանու­թեան մէջ։ Ըն­տա­նիքիս ակունքնե­րը Մա­րաշին մէջ կը գտնուին, ուստի ման­կութեանս յա­ճախ լսած եմ թրքե­րէն, մա­նաւանդ մե­ծերուն կող­մէ։ Ականջներս լե­ցուած են որոշ բա­ռապա­շարով մը։ Նոյ­նիսկ շարք մը բա­ռեր հա­յերէն կը կար­ծէի պզտիկ եղած ատենս։ Վստահ եմ շատ սփիւռքա­հայեր այդ փոր­ձա­ռու­թիւնը կը կի­սեն։ Երի­տասար­դութեանս ջանք թա­փած եմ թրքե­րէն ինքնու­րոյն սոր­վե­լու, իսկ աւե­լի վեր­ջերս դա­սերու գա­ցած եմ (Երե­ւան ալ, հոս ալ)։ Եթէ ան­կեղծ ըլ­լամ, այ­սօ­րուան թրքե­րէնէն աւե­լի պի­տի նա­խընտրէի նախ­նի­ներուս խօ­սած լե­զուն սոր­վիլ։ Բայց այդ դա­րը երե­ւի թէ ան­ցած հա­շուենք։

Քա­նի մը տա­րի առաջ ամառ մը ան­ցուցած եմ Պո­լիս։ Առա­ջին ան­գամս էր հոս եւ առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով թրքե­րէնին հետ առըն­չութիւն ու­նե­ցայ որ­պէս ան­մի­ջական, կեն­դա­նի լե­զու մը։ Եւ չա­փազանց խնդա­լիք էր։

Ես իմ վրաս կը խնդամ, թէ ինչքան ծի­ծաղե­լի կը գտնէի ամէն ինչ։ Ին­չո՞ւ։ Որով­հե­տեւ ին­ծի հա­մար թրքե­րէնը եղած է ոչ թէ միայն տան մէջ սահ­մա­նափա­կուած, ոչ-կա­տարեալ լե­զու մը, այ­սինքն՝ փո­ղոց­նե­րուն վրայ, թեր­թե­րու մէջ, կամ ու­րիշ տե­ղեր եր­բեք չգտնուող լե­զու մը, այ­լեւ՝ մե­ծահա­սակ­նե­րու, ըսենք, խո­հանո­ցային կամ բամ­բա­սան­քի կամ ալ հայ­հո­յելու լե­զու ըլ­լա­լով գի­տէի միայն։ Ան քիչ մը կոշտ, քիչ մը գեղ­ջկա­կան եղած է միշտ միտ­քիս մէջ։ Յե­տոյ, խօ­սակ­ցա­կան արեւմտա­հայե­րէնով եթէ վերցնենք, օրի­նակ, թէ ինչպէս հար­ցում մը կը տրուի –«Կու գա՞ս կոր մը» –եկուր եւ տես, որ խօ­սակ­ցա­կան արեւմտա­հայե­րէնը պաշ­տօ­նական թրքե­րէնէն շատ չի տար­բե­րիր. «Կէ­լիեօ՞ր մու­սուն»։

Փոքր-մոքր բա­ներ, ամե­նասո­վորա­կան երե­ւոյթներ խնդա­լիքիս եկած են Պո­լիս։ Վար­սա­վիրա­նոց­ներ մեծ գի­րերով կը յայ­տա­րարեն. «Էր­քէք Քուաֆէօրիւ»։ Ին­ծի հա­մար «էր­քէք»-ը պար­զա­պէս «տղա­մար­դ» ըսել չէ, այլ՝ «տղա­մա՛րդ», այ­սինքն. «Էր­քէք մէկն է, հա։ Յան­կարծ եթէ խօ­շին չի գաս նէ…»։ Ու­րեմն, նի­հար-մի­հար, հեզ տղա­մար­դիկ ո՞ւր պի­տի կտրել տան մա­զեր­նին։ (Վեր­ջերս ալ սոր­վե­ցայ, որ թրքե­րէնով խօշ եկող­ներ չկան, այլ՝ գա­ցող­ներ։ Թէրս։)

Հա­մակար­գի­չի մը առ­ջեւ նստե­ցայ, կը յի­շեմ։ Սխալ բան մը ըրի, շտկե­լու հա­մար երեք տար­բե­րակ կու տար՝ «էվէթ, հա­յըր, վազ կէչ»։ «Վազ կէ՛չ»։ Ես ե՞րբ հա­մակար­գի­չէ վազ ան­ցած եմ որ։ Ան հէչ, երբ լաւ չհասկցայ կա­ցու­թիւնը, «Եար­տըմ» կո­ճակը տե­սայ նոյն հա­մակար­գի­չին մէջ։ «Եար­տը՛մ»։ Նէ­նէս կ՚ըսէ. «Աս­տուած եար­տըմ ընէ, ճա­նըմ»։ Նէ­նէս ո՞ւր, հա­մակար­գի­չը ո՞ւր։ Չա­փազանց խնդա­լիք պահ մըն էր ան, ինչքան ալ ան­հա­ւատա­լի թուայ բնիկ թրքա­խօս ըն­թերցո­ղին։

Ու­րիշ օրի­նակ մը. «պէ­յին» բա­ռը առանց խնդա­լու չեմ կրնար ըսել կամ լսել։ Ին­չո՞ւ։ Շատ սո­վորա­կան բառ մը պէտք է որ ըլ­լայ։ Ին­ծի հա­մար ան ոչ թէ մէկ բառ է սոսկ, այլ որոշ բա­ռակա­պակ­ցութեան մը առա­ջին մա­սը։ Հօրս սի­րած հայ­հո­յանքն էր ժա­մանա­կին, միշտ կ՚ու­զեմ «պէ­յին»-ը շա­րու­նա­կել, աւելցնել... ու­ղեղս լե­ցուն է ար­դէն, փաս­տօ­րէն։

Նմա­նապէս «եթէր» բա­ռը։ Օր մը բան մը գնե­ցի, գու­մա­րը կլոր թիւ մըն էր, վրա­յէն քա­նի մը ղրուշ ալ կար։ Ես ան ման­րադրամ­նե­րը կը հա­նէի դրա­մապա­նակէս, խա­նութպա­նը «Եթէր, էֆ­ֆէնտիմ» ըսաւ։ Ես կեան­քիս մէջ հան­գիստ, հան­դարտ, պարզ ձե­ւով չէի լսած այդ բա­ռը. «եթէր»՝ պար­զա­պէս «կը բա­ւէ, շնոր­հա­կալու­թիւն»։ Միշտ «ու­լան, եթէ՛ր» եղած է ան. «ալ կը բա­ւէ՛ ծօ»-ի իմաս­տը կրած է։ Իրադ­րութիւ­նը ամէն բան կը փո­խէ։

Թրքե­րէնիս մա­կար­դա­կը տա­կաւին բարձր չէ։ Ան­շուշտ թէ խօ­սած ատենս, միտ­քիս մէջ կը թարգմա­նեմ։ Սա­կայն ան­պայման արեւմտա­հայե­րէնէ կը թարգմա­նեմ։ Ռու­սե­րէն ալ սոր­ված եմ, եւ նոյնպէս կա­տարեալ չեմ խօ­սիր։ Անոր ժա­մանակ յա­ճախ արե­ւելա­հայե­րէնէ կը թարգմա­նեմ։ Հե­տաքրքրա­կան հան­գա­մանքներ են, չէ՞։ Պա­տահա­կանու­թիւններ չեն, ի հար­կէ։ Տուեալ լե­զու­նե­րը ազ­դուած են, իրենց քե­րակա­նու­թիւննե­րը, շա­րադ­րութիւննե­րը, եւ այլն, աւե­լի հա­մահունչ դար­ձած են տի­րող լե­զուին։ Պատ­մութիւ­նը այդպէս դա­սաւո­րած է։

Քիչ մը աւե­լի գի­տական մօ­տեց­մամբ եւ ժա­մանա­կի ըն­թացքով, կը կար­ծեմ որ թրքե­րէնը եր­թա­լէն աւե­լի բնա­կանիս պի­տի գայ, աւե­լի պի­տի վար­ժուիմ։ Լե­զուին այդ հո­գեբա­նական կա­պակ­ցութիւննե­րը հետզհե­տէ կը յղկուին կամ այլ ձեւ պիտի ստանան, հաւանաբար։ Մինչ այդ, լեզուական արկածախնդրութիւններս կը շարունակուին։ Յուսամ որոշ ճարտարախօսութեան չափի մը կը հասնիմ նախքան մեկնիլս։ Կ՚ըլլա՞յ մը, աճապա։ Անանկ մը կ՚ըլլա՛յ քի։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ