Ազատը ո՞վ է, կեավուրը՝ ո՛վ

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

narekian2000@yahoo.com

Վարչապետին փոխը, որ իրականութեան մէջ փո­խին փոխն է, քա­­նի որ վար­­չա­­­պետն ալ նա­­խագա­­հին փոխն է ժա­­մանա­­կակից Թուրքիոյ մէջ, նոր սահ­­մա­­­նում մը գծած է ան­­կա­­­խու­­թեան գա­­ղափա­­րին հա­­մար։

«Ան­­կա­­­խու­­թեան նիւ­­թին լրջօ­­րէն պէտք է վե­­րաբե­­րինք։ Մե­­զի հա­­մար ան­­կա­­­խու­­թիւնը կեավու­­րին կեավուր ըսել ու իրեն դի­­մադ­­րել կը նշա­­նակէ»։ Ճի՛շդ այդպէս։ Ու­­րեմն թրքա­­կան հան­­րա­­­պետու­­թիւնը 93-ամեայ պատ­­մութեան մը աւար­­տին պի­­տի հաս­­նէր ու կանգ առ­­նէր կէ­­տի մը, զոր Օս­­մա­­­նեան կայսրու­­թիւնը լքած էր աւե­­լի քան 180 տա­­րի առաջ՝ Թան­­զի­­­մաթէն ան­­մի­­­ջապէս ետք յայ­­տա­­­րարե­­լով, թէ «օս­­մա­­­նեան երկրին մէջ այ­­լեւս կեավու­­րին կեավուր պի­­տի չը­­սուի»։

Կեավու­­րը բա­­ռարան­­նե­­­րէն դուրս ին­­կած բառ մըն է վա­­ղուց։ Բա­­ցատ­­րութիւն մը չու­­նի, գո­­նէ ես չեմ հասկնար, թէ ինչ ըսել կ՚ու­­զուի այդ ար­­տա­­­յայ­­տութեամբ, սա­­կայն Թուրքիոյ ճնշող մե­­ծամաս­­նութիւ­­նը, որ խեղ­­ճութեամբ կը տապլտկի տա­­կաւին կրօ­­նական անի­­մաստ մո­­լեռան­­դութեան մը մէջ, կեավու­­րով կը հիւ­­սէ պատ­­նէ­­­շը իր ու աշ­­խարհի մնա­­ցեալին մի­­ջեւ։ Երկրին նա­­խագա­­հը զրա­­դաշ­­տա­­­կանու­­թեամբ «կը մե­­ղադ­­րէ» քրտա­­կան շարժման առաջ­­նորդնե­­րը, որ­­պէսզի պատ­­նէշ մը դնէ անոնց ու հա­­ւատա­­ցեալ քիւրտե­­րուն մի­­ջեւ ու իր կող­­մը գրա­­ւէ վեր­­ջիններս։ Այ­­սինքն՝ կեավուր ըսե­­լու այլ ձեւ մը գտած է։ Կամ հաշ­­հա­­­շի կը կո­­չէ բո­­լոր անոնք, որոնք իր պատ­­կե­­­րացու­­ցած մահ­­մե­­­տակա­­նու­­թե­­­նէն դուրս կը մնան. հաշ­­հա­­­շի են, օրի­­նակ, կիւ­­լե­­­նական­­նե­­­րը։ Իր ու իր նման մո­­լեռանդնե­­րուն պատ­­կե­­­րացու­­ցած աշ­­խարհը հա­­ւատա­­ցեալի ու ան­­հա­­­ւատի բե­­ւեռա­­ցում մըն է։ Դեռ քա­­նի մը օր առաջ, հա­­մալ­­սա­­­րանի մը նոր մաս­­նա­­­շէն­­քի բաց­­ման արա­­րողու­­թեան ժա­­մանակ, հե­­տեւեալը յայ­­տա­­­րարեց նա­­խագա­­հը. «Մեր ցաւն ու սէ­­րը իս­­լամն է։ Մե­­զի հա­­մար կա­­րեւո­­րագոյն պա­­րագան ճշմար­­տութիւ­­նը բա­­ցայայ­­տող իս­­լա­­­մական կրօնքն է»։ Կար­­դա­­­ցիք յայ­­տա­­­րարու­­թիւնը ան­­ձի մը, որ ամ­­բողջ օրը Եւ­­րո­­­պան կը բնո­­րոշէ որ­­պէս քրիս­­տո­­­նեանե­­րու միու­­թիւն, քրիս­­տո­­­նէական ակումբ։

Փո­­խին փո­­խը՝ «Մե­­զի հա­­մար ան­­կա­­­խու­­թիւնը կեավու­­րին կեավուր ըսել ու իրեն դի­­մադ­­րել կը նշա­­նակէ»։

Իսկ հա­­րիւ­­րա­­­ւոր լրագ­­րողներ բան­­տարկող, լե­­զուա­­բան­­ներ ու ար­­ձա­­­կագիր­­ներ ազա­­տազրկող պե­­տական հա­­մակարգ մը քննա­­դատե­­լը ան­­կա­­­խու­­թիւն-ազա­­տու­­թիւն կը նշա­­նակէ՞, փո­­խին յար­­գե­­­լի փո­­խը։

Իսկ զինք քննա­­դատող­­նե­­­րը, զինք եր­­գի­­­ծան­­կա­­­րի վե­­րածող­­նե­­­րը բան­­տարկո­­ղը մի­­թէ ան­­կա­­­խու­­թի՞ւն կամ ազա­­տու­­թի՞ւն կը շնոր­­հէ իր ընդդի­­մադիր­­նե­­­րուն։

Իսկ եթէ ձեր ըսած կեավուրն ենք ու ձեր պաշ­­տած աս­­տուած­­նե­­­րը չենք ըն­­դունիր, մնաց որ ո՛չ մէկ աս­­տուած կ՚ըն­­դունինք, ո՛չ մէկ տա­­ճար, ո՛չ մէկ մզկիթ, ո՛չ մէկ եկե­­ղեցի կամ սի­­նակոկ, որոնք մշա­­կու­­թա­­­յին հարստու­­թիւն են սոսկ մե­­զի հա­­մար, ճար­­տա­­­րապե­­տական կո­­թող­­ներ, ո՛չ մէկ գերբնա­­կան ուժ, ո՛չ մէկ կրօնք, որ ազ­­գագրա­­կան երե­­ւոյթ մըն է, մշա­­կու­­թա­­­բանա­­կան ու­­սումնա­­սիրու­­թեան առար­­կայ մը միայն, ի՞նչ պի­­տի ըլ­­լայ մեր վի­­ճակը, պի­­տի զրկուի՞նք ան­­կա­­­խու­­թե­­­նէն, յար­­գե­­­լի փո­­խին-փո­­խը։ Ձեր մո­­լեռանդ հա­­սարա­­կու­­թեան թի­­րա՞խը պի­­տի դառ­­նանք։ Մե­­զի՞ կ՚ուղղէք մար­­դոց բար­­կութիւնն ու ատե­­լու­­թիւնը։

Իսկ, սի­­րելի փո­­խին-փո­­խը, ո՞ւր դնել այն ան­­ձե­­­րը, որոնք մար­­դի­­­կը կրօ­­նական անի­­մաս­­տութե­­նէն փրկե­­լու, զա­­նոնք կրօն­­քի շա­­հագոր­­ծումէն ազա­­տագ­­րե­­­լու մէջ կը տես­­նեն իրենց առա­­քելու­­թիւնը։ Դուք, ձեր կրօ­­նապաշտ կու­­սակցու­­թիւնը, տա­­կաւին վեր­­ջերս փաս­­տե­­­ցիք, որ կրթու­­թիւնն ու գի­­տու­­թիւնը կա­­րեւոր են այնքան ժա­­մանակ, երբ տգի­­տու­­թիւնը կը խո­­րաց­­նեն։ Խեղճ աշա­­կեր­­տուհի­­ներ կրօ­­նական միաբա­­նու­­թեան մը հան­­րա­­­կացա­­րանին մէջ հրոյ ճա­­րակ երբ կը դառ­­նա­­­յին ան­­ցեալ շա­­բաթ, դուք նոյն օրը, նոյն քա­­ղաքին մէջ, հրկի­­զեալ հան­­րա­­­կացա­­րանէն հա­­զիւ քա­­նի մը քի­­լօմեթր հե­­ռաւո­­րու­­թեան վրայ, միւֆթիի փա­­ռահեղ շէն­­քի մը բա­­ցու­­մը կը կա­­տարէիք։

Ո՞վ է ազատն ու ան­­կա­­­խը, փո­­խին-փոխ։ Ա՞ն, որ աշ­­խա­­­տավարձ կը ստա­­նայ, նուիրա­­տուու­­թիւն կը ստա­­նայ, չի՛ բա­­ւեր, կա­­շառք կը ստա­­նայ, խա­­չագո­­ղու­­թիւն կ՚ընէ, եկե­­ղեցա­­կան իրեր կը վա­­ճառէ, ազ­­գա­­­յին հարստու­­թիւն կը կո­­ղոպ­­տէ, մար­­դի­­­կը կը շա­­հագոր­­ծէ, կը կեղ­­ծէ, հա­­րուստին պնակը կը լիզէ՝ քա­­նի մը ղրուշ աւե­­լին շա­­հելու հա­­մար, խո­­րան­­նե­­­րուն վրայ, մզկիթ­­նե­­­րուն մէջ քա­­րոզ կը խօ­­սի ու մար­­դի­­­կը իրա­­րու կը թշնա­­մաց­­նէ, ի մի բան կեավու­­րը կեավուր կը կո­­չէ 24 ժամ։ Այս մա՞րդն է ան­­կա­­­խու­­թիւնն ու ազա­­տու­­թիւնը վա­­յելո­­ղը։

Հա­­պա անո՞նք, զորս դուք, ձեր կա­­ռավա­­րու­­թիւնը, ձեր մոլ­­լա­­­ները, իմամ­­նե­­­րը, կա­­թողի­­կոս­­նե­­­րը, պատ­­րիարքնե­­րը, տէր­­տէրնե­­րը մա­­հուան կ՚ու­­ղարկէք այլ մար­­դի­­­կը սպան­­նե­­­լու պա­­րագա­­յին անոնց դրախտ խոս­­տա­­­նալով, նա­­հատա­­կու­­թեան բա­­ժակ-մար­­տի­­­րոսի պսակ կը խոս­­տա­­­նաք անոնց, եւ դեռ երկրին սիր­­տը կ՚ու­­ղարկէք զա­­նոնք՝ հանք փո­­րելու հա­­մար ու անոնց լոյս աշ­­խարհ հա­­նած ոս­­կի­­­ներով, ար­­ծաթնե­­րով ձեր պա­­լատ­­նե­­­րը, ձեր կա­­թողի­­կոսա­­րան­­նե­­­րը, ձեր օրի­­նաւոր ու ապօ­­րէն կի­­ներուն լան­­ջե­­­րը կը զար­­դա­­­րէք։ Հա­­պա անո՞նք… Ան­­կա­­­խու­­թիւնն ու ազա­­տու­­թիւնը նաեւ իրե՞նց կը վե­­րաբե­­րի։

Փո­­խին-փո­­խին շնոր­­հա­­­կալ եմ որ իմ ան­­կա­­­խու­­թիւնս ու ազա­­տու­­թիւնս ըն­­դարձա­­կեց այնքան մը, որ ու­­րիշնե­­րը կրնամ կեավուր կո­­չել։ Ան, այ­­սինքն փո­­խին-փո­­խը, քա­­նի մը օր ետք ըրաւ նաեւ կեավուր բա­­ռին սահ­­մա­­­նու­­մը։ «Կեավու­­րը ոչ-մահ­­մե­­­տական­­նե­­­րը անուանար­­կե­­­լու հա­­մար չէ գոր­­ծա­­­ծուած։ Մեր բա­­ռապա­­շարաին մէջ կեավուր կո­­չուած են անոնք, որոնք եղած են ան­­գութ, բռնա­­ցող, կայ­­սե­­­րապաշտ։ Անձ մը կրնայ մահ­­մե­­­տական ըլ­­լալ, սա­­կայն միաժա­­մանակ կո­­չուիլ կեավուր, եթէ ան­­գութ է, անար­­դար է այ­­լոց հան­­դէպ»։

Ու­­րեմն ես կ՚ու­­զեմ իմ ազա­­տու­­թիւնս ու ան­­կա­­­խու­­թիւնս գոր­­ծա­­­ծել մին­­չեւ յե­­տին կէ­­տը եւ կեավուր կո­­չել անոնք, որոնք ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րու ձեռ­­քով սպան­­նուած 15-ամեայ մա­­նուկնե­­րը յետ­­մա­­­հու իսկ դեռ կը հա­­լածէին, կեավուր կո­­չել անոնք, որոնք հա­­րաւ-արե­­ւելեան քա­­ղաք­­նե­­­րու նկուղնե­­րուն մէջ մար­­դի­­­կը կը հրկի­­զէին, զա­­նոնք կը զրկէին իրենց կեան­­քէն, տու­­նէն, զա­­ւակ­­նե­­­րէն, կեավուր անուանել անոնք, որոնք հի­­ւանդկախ գրող­­ներ կը բան­­տարկեն, կեավուր կո­­չել անոնք, որոնք մամ­­լոյ ազա­­տու­­թիւնը կը սահ­­մա­­­նափա­­կեն եւ կեավուր կո­­չել անոնք, որոնք տա­կաւին կեավուրի-իսլամի հաշիւներով կ՚առաջնորդուին...

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ