Թէ ինչպէ՞ս եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ Աթէշեան

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

narekian2000@yahoo.com

Թուրքիոյ հայոց պատրիարքութեան եւ իր պատճառով թրքահայութեան մատնուած խեղճուկրակ կացութիւնը հասկնա­լու հա­մար թե­­րեւս օգ­­տա­­­կար ըլ­­լայ պզտիկ ճամ­­բորդու­­թիւն մը կա­­տարել դէ­­պի մօ­­տաւոր ան­­ցեալ, 1999 թուակա­­նը, այն օրը, երբ Մայր Աթոռ Ս. Էջ­­միած­­նի մէջ եպիս­­կո­­­պոսա­­կան օծում ու ձեռ­­նադրու­­թիւն ստա­­ցաւ ներ­­կայ տագ­­նա­­­պին հե­­ղինակն ու գլխա­­ւոր պա­­տաս­­խա­­­նատուն՝ պատ­­րիար­­քա­­­կան պե­­տական փո­­խանորդ Արամ Աթէ­­շեան։

Երե­­ւանի ու­­սա­­­նողա­­կան տա­­րի­նե­­­­րուս մէկ կող­­­մէ ալ, որ­­­պէս կողմնա­­­կի աշ­­­խա­­­­­­­տանք, «Ժա­­­մանակ»ի Երե­­­ւանի ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցիչն էի։ Գա­­­րեգին Բ. կա­­­թողի­­­կոսը դեռ նոր ընտրո­ւած եւ հա­­­զիւ ամիս մը առաջ գա­­­հակա­­­լած էր։ Պոլ­­­սէն հե­­­ռաձայ­­­նեց թեր­­­թին խմբա­­­գիրը՝ Արա, ու ըսաւ, թէ հե­­­տեւեալ շա­­­բաթա­­­վեր­­­ջին Մայր Աթո­­­ռի մէջ եպիս­­­կո­­­­­­­պոս պի­­­տի ձեռ­­­նադրո­ւի Երու­­­սա­­­­­­­ղէմի լու­­­սա­­­­­­­րարա­­­պետ Նուրհան Մա­­­նու­­­կեան վար­­­դա­­­­­­­պետը (այժմու պատ­­­րիար­­­քը)։ Կը խնդրէր, որ եր­­­թամ ու հար­­­ցազրոյց մը ընեմ հե­­­տը։ Յա­­­ջորդ օրն իսկ գա­­­ցի Մայր Աթոռ, ուր վա­­­նատան մէջ հան­­­դի­­­­­­­պեցայ Նուրհան վար­­­դա­­­­­­­պետին, որ խօ­­­սակ­­­ցութեան ըն­­­թացքին ըսաւ, թէ իրեն հետ եպիս­­­կո­­­­­­­պոս պի­­­տի ձեռ­­­նադրո­ւի նաեւ Արամ Աթէ­­­շեանը, որ նոյնպէս լու­­­սա­­­­­­­րարա­­­պետի պաշ­­­տօն կը վա­­­րէր։ Անակնկալ մըն էր ասի­­­կա ին­­­ծի հա­­­մար, քա­­­նի որ Պոլ­­­սէն Արան այս մա­­­սին ոչինչ ըսած էր, ու­­­րեմն ինքն ալ չէր գի­­­տեր։ Գրի­­­գորիս Բու­­­նիաթեան եպիս­­­կո­­­­­­­պոսը, որ այդ պա­­­հուն ներ­­­կայ էր մեր զրոյ­­­ցին, հաս­­­տա­­­­­­­տեց լու­­­րը։ Ան­­­մի­­­­­­­ջապէս հե­­­ռաձայ­­­նե­­­­­­­ցի Արա­­­յին ու իրեն հա­­­ղոր­­­դե­­­­­­­ցի։ Ինչպէս են­­­թադրած էի՝ չէր գի­­­տեր։ Յա­­­ջորդ օրը թեր­­­թին մէջ հրա­­­տարա­­­կուե­­­ցաւ ո՛չ միայն Նուրհան Մա­­­նու­­­կեանին հետ հար­­­ցազրոյցս, այլ նաեւ Արամ Աթէ­­­շեանին շա­­­բաթա­­­վեր­­­ջին եպիս­­­կո­­­­­­­պոս ձեռ­­­նադրո­ւելու ցնցիչ լու­­­րը։

Այդ շրջա­­­նին բա­­­ւական իմաստ վե­­­րագ­­­րած էի այս ձեռ­­­նադրու­­­թեան։ Նո­­­րըն­­­տիր կա­­­թողի­­­կոսը պի­­­տի կա­­­տարէր իր առա­­­ջին եպիս­­­կո­­­­­­­պոսա­­­կան ձեռ­­­նադրու­­­թիւնը՝ օծե­­­լով Երու­­­սա­­­­­­­ղէմի ու Պոլ­­­սոյ աթոռ­­­նե­­­­­­­րուն լու­­­սա­­­­­­­րարա­­­պետե­­­րը։ Գաղտնիք մը չէ, որ այդ շրջա­­­նին Մես­­­րոպ Բ. պատ­­­րիար­­­քը վե­­­րապա­­­հու­­­թեամբ կը մօ­­­տենար նո­­­րըն­­­տիր կա­­­թողի­­­կոսին եւ մօ­­­տաւոր ապա­­­գային ծա­­­գելիք լուրջ տա­­­րաձայ­­­նութիւննե­­­րուն նա­­­խան­­­շաննե­­­րը սկսած էին երե­­­ւան գալ ար­­­դէն իսկ (գո­­­նէ ու­­­շա­­­­­­­դիր աչ­­­քե­­­­­­­րուն հա­­­մար)։ Ու­­­րեմն, կը մտա­­­ծէի, եպիս­­­կո­­­­­­­պոսա­­­կան այս ձեռ­­­նադրու­­­թեամբ Մես­­­րոպ Բ. կեր­­­պով մը կը ճանչնար նո­­­րօծ կա­­­թողի­­­կոսին իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւնը եւ հաշ­­­տութիւն կը կնքէր իրեն հետ։ Շու­­­տով պի­­­տի հասկնա­­­յի, որ սխա­­­լած եմ են­­­թադրու­­­թիւննե­­­րուս մէջ, սա­­­կայն ատոնք այլ պատ­­­մութեան մը գլուխներն են։

Եկաւ հա­­­սաւ ձեռ­­­նադրու­­­թեան օրը՝ դեկ­­­տեմբե­­­րի 19-ը։ Պա­­­տարա­­­գիչն է կա­­­թողի­­­կոսը, որուն կ՚առըն­­­թե­­­­­­­րակա­­­յեն ԱՄՆ-էն Խա­­­ժակ Պար­­­սա­­­­­­­մեան ու Վի­­­գէն Այ­­­գա­­­­­­­զեան եպիս­­­կո­­­­­­­պոս­­­նե­­­­­­­րը։ Ձեռ­­­նադրեալ­­­նե­­­­­­­րուն խար­­­տա­­­­­­­ւիլակն է Ար­­­ժանթի­­­նի Գի­­­սակ Մու­­­րա­­­­­­­տեան եպիս­­­կո­­­­­­­պոսը։ Արա­­­րողու­­­թիւնը կը վեր­­­ջա­­­­­­­նայ, կա­­­թողի­­­կոսը ի պա­­­տիւ նո­­­րոգ ձեռ­­­նադրեալ եպիս­­­կո­­­­­­­պոս­­­նե­­­­­­­րուն ճաշ կը սար­­­քէ մայ­­­րա­­­­­­­վան­­­քի սե­­­ղանա­­­տան մէջ, անոնց պա­­­նակէ կը նո­ւիրէ։ (Ի մէջ այ­­­լոց... Արամ սրբա­­­զանը իրեն նո­ւիրո­ւած պա­­­նակէէն քար մը պա­­­կաս է ըսե­­­լով կա­­­թողի­­­կոսին հետ հա­­­կաճա­­­ռու­­­թեան իսկ կը մտնէ վեր­­­ջինիս աշ­­­խա­­­­­­­տասե­­­նեակին մէջ, որուն ակա­­­նատեսն ըլ­­­լա­­­­­­­լու դժբախ­­­տութիւ­­­նը ու­­­նե­­­­­­­ցայ։ Քա­­­նի մը ժամ առաջ եպիս­­­կո­­­­­­­պոս ձեռ­­­նադրո­ւելու խան­­­դա­­­­­­­վառու­­­թիւնը զին­­­քը լքած էր ու պա­­­նակէին քա­­­րերը կը համ­­­րէր, անոնց հա­­­շիւը կ՚ընէր խեղ­­­ճը)։

Ճա­­­շէն ետք, սե­­­ղանա­­­տու­­­նէն վե­­­հարան կը քա­­­լէինք։ Արամ սրբա­­­զանը շնոր­­­հա­­­­­­­ւորե­­­ցի, իրեն կա­­­րողու­­­թիւն մաղ­­­թե­­­­­­­ցի։ Իսկ ան վրդո­­­վուած էր, որ խան­­­գա­­­­­­­րած էինք Մես­­­րոպ պատ­­­րիար­­­քին ծրագ­­­րած անակնկա­­­լը։ «Այ­­­սօր Եշիլ­­­գիւղի եկե­­­ղեցիին մէջ, քա­­­րոզի պա­­­հուն, պատ­­­րիար­­­քը պի­­­տի յայ­­­տա­­­­­­­րարէր ձեռ­­­նադրու­­­թիւնս, բայց դուն աւ­­­րե­­­­­­­ցիր այս անակնկա­­­լը», ըսաւ ժպի­­­տը դէմ­­­քին։ Ժպտե­­­ցանք, ան­­­ցանք այդ պա­­­հուն, սա­­­կայն մէջս որ­­­դի մը պէս կը կրծէին հե­­­տեւեալ հար­­­ցումնե­­­րը՝ ո՞ւր էին պոլ­­­սե­­­­­­­ցի ուխտա­­­ւոր­­­նե­­­­­­­րը, Պոլ­­­սէն վեր­­­ջին ձեռ­­­նադրո­ւած եպիս­­­կո­­­­­­­պոսը Մես­­­րոպ Մու­­­թա­­­­­­­ֆեանն էր, 1986-ին, 13 տա­­­րի վերջ առա­­­ջին ան­­­գամ Պոլ­­­սէն հո­­­գեւո­­­րական մը Մայր Աթոռ կու գար եպիս­­­կո­­­­­­­պոսա­­­նալու, սա­­­կայն մի­­­նակ էր, առան­­­ձին, հո­­­գեւո­­­րական մը իսկ չէր ըն­­­կե­­­­­­­րացած իրեն, նոյ­­­նիսկ Պոլ­­­սոյ մէջ ոչ ոք լուր ու­­­նէր, իբր թէ անակնկալ պի­­­տի ըլ­­­լար...

Հայ եկե­­­ղեց­­­ւոյ մէջ եպիս­­­կո­­­­­­­պոս­­­նե­­­­­­­րու ընտրու­­­թեան ատեն աշ­­­խարհա­­­կան­­­նե­­­­­­­րու մաս­­­նակցու­­­թիւնը նոյնպէս կը պա­­­հէ իր ժո­­­ղովրդա­­­վար բնոյ­­­թը. Լու­­­սա­­­­­­­ւորի­­­չէն առաջ եւ յե­­­տոյ եպիս­­­կո­­­­­­­պոս­­­նե­­­­­­­րը կ՚ընտրո­ւին թե­­­մին, իշ­­­խաննե­­­րուն ու ժո­­­ղովուրդին կող­­­մէ, մին­­­չեւ իսկ բո­­­լորո­­­վին երկրոր­­­դա­­­­­­­կան նշա­­­նակու­­­թիւն տա­­­լով կղե­­­րին։ Եպիս­­­կո­­­­­­­պոսա­­­կան ձեռ­­­նադրու­­­թեան ըն­­­թացքին ալ ժո­­­ղովուրդի բո­­­լոր դա­­­սակար­­­գե­­­­­­­րը՝ հո­­­գեւո­­­րական­­­նե­­­­­­­րը, իշ­­­խաննե­­­րը, աղ­­­քատնե­­­րը, կը մաս­­­նակցին արա­­­րողու­­­թեան՝ հրա­­­պարա­­­կաւ յայտնե­­­լով իրենց հա­­­ւանու­­­թիւնը։ Երու­­­սա­­­­­­­ղէմի 1651 թո­ւի մաս­­­նա­­­­­­­ւոր ժո­­­ղովը կը սահ­­­մա­­­­­­­նէ հե­­­տեւեալ կա­­­նոնը՝ «թարց խնդրա­­­նաց ժո­­­ղովրդեան եւ վկա­­­յական թղթոյ մի ձեռ­­­նադրես­­­ցի ոք յե­­­պիս­­­կո­­­­­­­պոսու­­­թիւն», այ­­­սինքն՝ ոչ ոք եպիս­­­կո­­­­­­­պոս ձեռ­­­նադրո­ւի առանց ժո­­­ղովուրդի խնդրան­­­քին եւ վկա­­­յաթուղթի։

Մես­­­րոպ պատ­­­րիար­­­քը, որ 1986-ին եպիս­­­կո­­­­­­­պոս ձեռ­­­նադրո­ւած էր բազ­­­մա­­­­­­­թիւ թա­­­ղային խոր­­­հուրդնե­­­րու ստո­­­րագ­­­րութեամբ ու վկա­­­յու­­­թեամբ, ինչպէս նաեւ նոյ­­­նինքն Շնորհք պատ­­­րիար­­­քին մաս­­­նակցու­­­թեամբ, ան­­­կասկած ան­­­նե­­­­­­­րելի ու մեծ սխալ մը գոր­­­ծած էր Արամ Աթէ­­­շեանի ձեռ­­­նադրու­­­թեան նա­­­խոր­­­դող շրջա­­­նին՝ գաղտնի պա­­­հելով իր մտադ­­­րութիւ­­­նը, չդի­­­մելով հա­­­սարա­­­կու­­­թեան վկա­­­յու­­­թեան։ Թե­­­րեւս այդ պա­­­հուն ամ­­­բարտա­­­ւանա­­­ցաւ, կար­­­ծեց, թէ ինք կրնայ հսկո­­­ղու­­­թեան տակ պա­­­հել Աթէ­­­շեանը, թե­­­րեւս ու­­­զեց որ­­­պէս պատ­­­րիարք եպիս­­­կո­­­­­­­պոս մը աւե­­­լի ու­­­նե­­­­­­­նալ իր քով, եր­­­բեք չմտա­­­ծեց, թէ կրնայ օր մը ամէն ինչ գլուխն ի վայր շրջիլ եւ իր ձեռ­­­նա­­­­­­­սու­­­նը փոր­­­ձանք դառ­­­նալ հա­­­մայնքին ու եկե­­­ղեցիին հա­­­մար։ Եւ կա­­­թողի­­­կոսը, որ մինչ այդ չէր ճանչնար Արամ Աթէ­­­շեանը, կու­­­րա­­­­­­­բար կը վստա­­­հէր Պոլ­­­սոյ պատ­­­րիար­­­քին եւ առանց քննե­­­լու են­­­թա­­­­­­­կան, եպիս­­­կո­­­­­­­պոսա­­­կան աս­­­տի­­­­­­­ճան կը շնոր­­­հէր իրեն (հե­­­տաքրքրա­­­կան է որ Գա­­­րեգին Բ-ի առա­­­ջին ձեռ­­­նա­­­­­­­սուննե­­­րը՝ Նուրհան Մա­­­նու­­­կեան եւ Արամ Աթէ­­­շեան, եր­­­կուքն ալ հե­­­տագա­­­յին փոր­­­ձանք պի­­­տի դառ­­­նա­­­­­­­յին իրեն հա­­­մար եւ եր­­­կուքին հետ ալ պի­­­տի ու­­­նե­­­­­­­նար լուրջ խնդիր­­­ներ)։

Այ­­­սօր պոլ­­­սա­­­­­­­հայու­­­թեան ու հա­­­մայն հա­­­յու­­­թեան աչ­­­քին առ­­­ջեւ, Արամ Աթէ­­­շեան՝ հա­­­կառակ կա­­­թողի­­­կոսին, հա­­­կառակ եկե­­­ղեցա­­­կան օրէն­­­քին՝ ապօ­­­րինա­­­բար առաջ­­­նորդա­­­կան պաշ­­­տօն կը վա­­­րէ տեղ մը, ուր օրի­­­նաւո­­­րապէս ընտրո­ւած այլ իշ­­­խան մը գո­­­յու­­­թիւն ու­­­նի։

1651-ի Երու­­­սա­­­­­­­ղէմի ժո­­­ղովի եօթ­­­նե­­­­­­­րորդ կա­­­նոնը յստակ է, պարզ ու մե­­­կին.

«Զի եպիս­­­կո­­­­­­­պոս թէ ոչ հրա­­­մանաւ կա­­­թողի­­­կոսին իւ­­­րոյ՝ այլ կա­­­շառօք եւ այ­­­լազգեաց բռնու­­­թեամբ հա­­­մար­­­ձա­­­­­­­կեալ իշ­­­խեսցէ այ­­­լոց վի­­­ճակի. լուծցի ի կար­­­գէն»։

Թարգմա­­­նու­­­թիւնը հե­­­տեւեալն է՝

«Եթէ եպիս­­­կո­­­­­­­պոսը ո՛չ կա­­­թողի­­­կոսի հրա­­­մանով, այլ կա­­­շառ­­­քով եւ այ­­­լազգի­­­ներու բռնու­­­թեամբ կը հա­­­մար­­­ձա­­­­­­­կի վի­­­ճակի առաջ­­­նորդ ըլ­­­լալ՝ կար­­­գա­­­­­­­լոյծ կ՚ըլ­­­լայ»։

Կա­­­թողի­­­կոսն ու հո­­­գեւոր վե­­­րին իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւնը դեռ կրնան սրբագ­­­րել 18 տա­­­րի առաջ գոր­­­ծած իրենց սխա­­­լը։ Մա­­­նաւանդ որ՝ թրքա­­­հայու­­­թիւնը, որու հա­­­ւանու­­­թիւնը չէր առ­­­նո­ւած ժա­­­մանա­­­կին, այ­­­սօր այդ է որ կը խնդրէ կա­­­թողի­­­կոսէն...

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ