ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Փորձաքարի առաջ

Կարծեցեալ խաղաղութիւն մը կը տիրէ պոլսահայ եկեղեցական կեանքի մէջ։ Այս խաբուսիկ տպաւորութիւնը գոյացաւ Տեղապահ Սրբազանին իր պաշտօնը ստանձնելով։ Ան արդէն ապահովեց պետական իշխանութիւններու հետ շփումներ, որոնք երաշխիքը կը համարուին յառաջիկայ քանի մը ամիսներու ընթացքին պատրիարքական ընտրութեան իրականացման։ Կ՛երեւի բոլորս կարօտ էինք այս հանգրուանին, որուն տիրանալով մատնուեցանք զգալի անփութութեան։ Ներկայ դրութեան մէջ կարիքը չտեսանք Արամ Արք. Աթէշեանի «պաշտօնապէս չեմ հրաժարածէ խօսքին վրայ ծանրանալու։ Ան բաւական յստակ կերպով ըսած էր այդ խօսքը, որուն մէջ կարելի էր տեսնել սպառնական երանգ մը։ Արդարեւ Արամ Արք. Տեղապահ սրբազանի պահանջքն ալ մերժելով խուսափեցաւ փոխանորդի պաշտօնէն հրաժարելու, որու հետեւանքով Կրօնական Ժողովը վերացուց իր փոխանորդի կոչումը։

Սակայն ներկայ դրութեամբ տակաւին բաւական անստոյգ երեւոյթներ կան ու կը մնան։ Յիշենք որ պետական մարմինները տեղապահի ընտրութենէն անմիջապէս ետք յայտարարեցին թէ չեն ընդունիր կատարուած ընտրութիւնը եւ կը շարունակեն ճանչնալ միայն ու միայն գործող փոխանորդը։ Արդեօք հիմա ալ կրնա՞յ պատահիլ որ նոյն պետական շրջանակները անգոյ համարեն Կրօնական Ժողովի այս վերջին որոշումը։ Նման հաւանականութիւնը կը նշանակէ թէ Արամ Արք. իր ձեռքին մէջ պիտի պահէ պատրիարքարանի անունով գործելու լիազօրութիւնը։ Երեւոյթին լրջութիւնը ալ աւելի կը շեշտուի յիշելով այս վերջինիս լումայական հաշիւներու նկատմամբ ունեցած հետաքրքրութիւնը։

Գարեգին Սրբազան իր բարի ու հեզ կեցուածքով կրնայ ճակատումներէ խուսափելով աւելի խաղաղ ու համերաշխ լուծումներ որոնել։ Եղանակը այնպէս կամ այսպէս, պատրիարքական աթոռի առկայ բռնագրաւումը ինք ալ կը դնէ պատասխանատուութեան դիմաց։ Վերջապէս բնաւ դիւրին չէ հայոց մեծ բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի «միջազգային պոռնիկ» կոչումով յիշած Պոլսոյ մէջ իշխանութիւն նաւարկել։

Մնաց որ այժմու պոլսահայուն դիմաց ծառացած խնդիրները միայն պատրիարքական ընտրութիւնով սահմանուած չեն։ Ունինք նոյնքան կարեւոր հարց մը՝ համայնքային հաստատութիւններու վարչութիւններուն ընտրութեան խնդիրը։ Չորս տարուայ ծառայութեան համար ընտրուած հոգաբարձուներ, խնամակալներ կամ թաղականներ արդէն իսկ բոլորած են երկրորդ քառամեակը եւ հորիզոնին վրայ նշմար մը չերեւիր ընտրութեան հաւանականութեան մասին։

Կառավարութիւնը տարիներ առաջ խոստացած էր ներկայ պայմաններուն համապատասխան նոր կանոնագիր մը պատրաստել եւ այդ կանոնագրին հիման վրայ կազմակերպել փոքրամասնութիւններու հաստատութիւններու վարչակազմերուն ընտրութիւնը։ Այդ կանոնագրէն մինչեւ օրս լուր մը չէ ելած։

Արամ Արք.-ի նման օրինականութիւնը կորսնցուցած են նաեւ մերօրեայ համայնքային վարիչները, բայց օրինաւոր կանոնագրի մը բացակայութեան բերմամբ կը շարունակեն մեր անունով մեր կամքին խորթ ելոյթներ ունենալ։

Ոչ ոք կրնայ երաշխաւորել որ Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը յանկարծակիօրէն կամայական որոշումով մը ծախէ կամ ծախելու համազօր պայմաններով վարձէ Թոքաթլըեան խանի նման կալուած մը։ Նոյնպէս հասարակութիւնը ոչ մէկ տեղեկութիւն ունի Յովակիմ 1461 հիմնադրամի անունով կատարուածներէն։

Ափսոս որ ընկերային կեանքի մէջ կարեւորագոյն սկզբունքը՝ հասարակութեան դիմաց թափանցիկութիւնը բաւական հեռու երեւոյթ մըն է մեր եկեղեցական աստիճանակարգի հիման վրայ ձեւաւորուած վարչամեքենային համար։ Մինչդեռ սխալ ռազմավարութիւններով հալած, մաշած ու նուազածը մեր միասնական հարստութիւնն է։ Աւելի յստակ խօսքով ազգային հարստութիւնը։

Եթէ այսօր մտահոգութիւններ կան այդ հարստութեան թալանման շուրջ, կը նշանակէ թէ ո՛չ միայն Տեղապահը, այլ բոլորս յայտնուած ենք լուրջ փորձաքարի մը դիմաց։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ