Վարդավառը Շնորհաւոր

  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարներու շարքէն Յիսուս Փրկչի պայծառակերպութեան տօնը, կամ ալ աւելի ժողովրդականացած ձեւով Վարդավառը նախորդ Կիրակի մեծ ոգեւորութեամբ նշուեցաւ աշխարհասփիւռ հայ եկեղեցիներու մէջ։

  Անշուշտ որ հեթանոսական աւանդութիւններով նշուած այս տօնը իր ամենախանդավառ ապրումները կ՚ունենայ Հայաստան երկրի մէջ։ Անկէ դուրս աշխարհասփիւռ հայութիւնը այս տօնը կը դիմաւորէ իր ապրած երկրի հանդուրժողականութեան պայմաններու սահմանումով։ Արդարեւ մայրաքաղաք Երեւանը Վարդավառի ուրախութիւնը ապրեցաւ ջրցան ինքնաշարժներու տողանցքով։ Ապա մինչեւ երեկոյեան ժամերը երեւանցիներ վայելեցին հնադարեայ այս աւանդութեան ուրախ տրամադրութիւնը։ Մարդիկ իրար անխնայ թրջեցին, քանի որ Վարդավառի ջուրը իր մէջ կը պահէր նաեւ մաքրութեան խորհուրդը։ Մարդիկ այդ ջուրով թրջելով ձերբազատուած կ՚ըլլային բազում մեղքերէ ալ։ Նոյն ոգեւորութիւնը Պոլսոյ մէջ թերեւս ամենահարազատ կերպով կը ցոլանար միայն ու միայն Գնալը Կղզիի Կազդուրման Կայանի մէջ։ Կայանի տղաքը ձերբազատուած էին չափահասներու վրայ դրոշմուած զսպուածութենէն եւ կը վայելէին մանկական անմեղութեան ընդձեռած անհոգութիւնը։ Ուրեմն մենք ալ առանց նկատի ունենալու եկեղեցիներու մէջ խիստ զսպուած պայմաններով այս կարեւոր տաղաւարը դիմաւորողները, լոկ Կազդուրման Կայանի երախաներուն համար աղերսենք՝ «Վարդավառը Շնորհաւոր»։