OHANNES KILIÇDAĞI

Ohannes Kılıçdağı

Muhalefet Şerhi

Տարօրինակ հայու կերպար մը

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՔԸԼԸՃՏԱՂԸ

Պատրիարքի ընտրութեան ճգնաժամու ընդմէջէն վերջերս հայու տարօրինակ տիպար մը երեւան եկած է: Այս տարօրինակ հայու տիպարները յարատեւ կերպով կը խօսին պետութեան նախասիրութիւններուն, ընել կամ չընել ուզածներուն, ո՞վ ընդունելի կամ ո՞վ անընդունելի գտնելուն մասին: Երեւոյթը ալաւելի տարօրինակ կը դառնայ երբ կը նկատենք թէ պետութեան անունով խօսելէ յատուկ հաճոյք մը կը ստանան:

Պետութիւնը այն ինչ որ պիտի ընէր, անցեալին ըրած է արթէն եւ եթէ ուզէր այսօր ալ կ'ընէ: Բոլորս լաւ գիտենք, իսկ մեզմէ ոմանք փորձառութեամբ գիտենք թէ պետութեան անունով գործողները ինչեր կրնան ընել: Գիտենք իր «ուժ»ին անսահմանութիւնը (զգոյշ՝ հեգնանք կայ): Հետեւաբար կրնայ արգիլել պատրիարքի ընտրութիւնը, կամ հայ հասարակութեան պարտադրել իր նախապատուութիւնը: Հայ մը այս բաները իմանալու համար ոչ ոքի, մանաւանդ ոչ մէկ հայու կարիք ունի: Բայց եկուր տես որ վերեւ յիշուած կարգ մը հայեր այդ մարմաջին մատնուած են: Կ'արժէ ծանրանալ այս հոգեբանութեան վրայ: Այս հայերը պետութեան իր նախասիրութիւնները պարտադրելով հայ հասարակութիւնը հսկողութեան մէջ պահելէն եւ երեւոյթը յաճախ շեշտելէն հաճոյք կը ստանան: Հիւանդագին երեւոյթ մըն է այս: Պետական ճնշումէն միայն մազոխիստները կրնան հաճոյք ստանալ: «Պետութիւնը այս բանին չարտօնէր, այս մէկը չուզէր» ըսելով ձեւով մը գրգռել փորձել որոշ պետական պաշտօնեաներ, ոմանք մատնացոյց ընել անոնց դիմաց եւ ապա «Ես ըսած էի» ըսելու համար առիթ փնտռելը մեղմ ըսենք՝ բնաւ յարգարժան չէ: Եւ անշուշտ կան ոմանք, որոնք իրենց ճղճիմ շահերը, աթոռները եւ իշխանութիւնը պահելու համար կը ճոճեն պետութեան գաւազանը, ահա այս տեսակներուն ալ ազնուութիւնը եւ բարոյական վարքը երաշխաւորել դժուար է:

Միւս կողմէ, ոեւէ մէկը պետութեան ինչ ընելուն, ինչը արտօնելուն եւ ինչը չարտօնելուն մասին կարծիք չի՞ կրնար ունենալ, այդ կարծիքը չի՞ կրնար արտայայտել: Անշուշտ որ կ'ունենայ, անշուշտ որ կ'արտայայտէ: Այստեղ խնդիրը պետութեան ճնշող քաղաքականութիւնը իւրացնելու, այդ ջաղացքին ջուր լեցնողի դիրքին մատնուելու մասին է: Անցնատուր ըլլալէ աւելի զօրակցողի դիրքին մատնուելու մասին է խօսքը: Պետութիւնը կ'ընէ իր ընելիքը, բայց ով եղբայր, դուն ինչո՞ւ հաճոյք կը զգաս այս եղածէն: Ինչո՞ւ կը զօրակցիս: Եթէ պետութեան ինչը կամ ով ուզելը գիտես, Ինչու պետութեան փոխարէն հասարակութեան նախասիրութիւններուն համար, աւելի շատ ժողովրդավարութեան, աւելի շատ ազատութեան համար չես աշխատիր: Եթէ պիտի պարտուինք, արդարութեան ճանապարհին միասնաբար կը պարտուինք:

Այս տարօրինակ հայերը եթէ կ`ուզեն հակասութեան չմատնուիլ, կ'արժէ որ պաշտպանեն հայոց պատրիարքին հայ ժողովուրդի ընտրութեան փոխարէն պետութեան կողմէ նշանակումը: Քանի որ ժողովուրդին տեղ պետութեան կամքը պիտի կայանայ եւ մենք ալ պիտի յոժարինք, ինչո՞ւ զբաղինք ընտրութիւնով: Պետութիւնը թող նշանակէ մէկը, խնդիրը լուծուի: Ուրիշները չեմ գիտեր բայց ես այս լուծումին չեմ յօժարիր: Յոժարողներուն ալ չեմ յօժարիր: Անոնց խօսքը լսելու ալ պէտք չունիմ: Պետութիւնը հայ բանբերներու պէտք չունի, իր խօսքը ինք կ'ըսէ: Ուրեմն ձախ աջւ շրջելով «Պետութիւնը այսպէս կ'ուզէ, այնպէս կ'ուզէ, ես պետութեան հետ խօսեցայ» ըսողներուն մի լսէք: Ներկայ դրութեան մէջ Թուրքիոյ հայ համայնքի անունով պետութեան հետ բանակցելու, տեսակցելու լիազօրութիւնը միայն ու միայն Տեղապահն է: Մնացածը ի զուր աղմկոց: