ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Կազմութենէն կազմալուծում

Թէ ինչպէս կը կազմուի համայնք մը։ Ինչ գործօններ կան, որոնք քաղաքի մը մէջ այս կամ այն պայմաններու բերումով իրար գտած բազմութիւնը վիտի վերածէ համայնքի։ Պարտաւոր ենք այս խորհուրդի մասին մտածելու։ Պարտաւոր ենք, քանի որ մեր իրողութեան մէջ անցեր ենք պետականութենէ զուրկ երկար ճանապարհ մը եւ այդ ճանապարհի տեւողութեամբ յաջողեր ենք պահել ազգային դիմագիծ։

Այսօր ինչ տեսակ սպառնալիքի մը հետ դէմ առ դէմ ենք, որ կը մտահոգուինք ահա այդ միասնութեան քայքայուելու սպառնալիքին դիմաց։

Եղեռնին իբրեւ ազգային աղէտ ապրուած տարիներուն Կոստանդնուպոլսի հայութիւնը համեմատաբար դուրս մնացած էր Հայաստան աշխարհի մատնուած դժոխքի երեւոյթէն։ Կայսրութեան մայրաքաղաքի հայերու մտաւորական խաւն էր որ ուղղակիօրէն տուժած էր կոտորածներէն։ Իսկ հասարակութիւնը կը փորձեր վերակազմել համայնքին ներուժը, զօրաւիգ ըլլալու համար դէպի Պոլիս ապաստանած բազմաթիւ հայերու, յատկապէս ալ որբերու։ Անշուշտ այս պահուն միայն բակագծի մը մէջ կը յիշենք այդ տարիներուն ապրուած գաւառացի-քաղաքացի մերժողականութիւնը, քանի որ մեր նիւթը չէ այս յօդուածին մէջ։

Տեղւոյն հայը դառն փորձով իմացած էր որ ինչպիսի երկրի մը մէջ կ՚ապրի եւ հետեւաբար ինչ միջոցներով կրնայ շարունակել իր գոյութիւնը այն գետնի վրայ, ուր սերունդներու հոլովոյթով սեփականացուցած ու դարձուցած էր իրը։

Անշուշտ որ այդ իւրացումէ դուրս մնացած ահռելի հատուած մըն ալ կար, որ տասնամեակներու ընթացքին միջոցներ որոնելով հեռացաւ Պոլսէն։

Ի դէմ արիւնահոսութեան մը բնոյթը ստացած արտագաղթի, Պոլիսը իր հայկական երեսակով կը գոյատեւէ նաեւ այսօր։ Գոյատեւելու համար անհրաժեշտ է կենսունակութիւն եւ վերջերս այդ կենսունակութիւնն է որ զոհ կը դառնայ անհատական շահերու ճղճիմ ռազմավարութեան։ Համայնքային հաստատութիւններու կազմալուծման կարեւոր գործօններէն մէկն է, թերեւս առաջնահերթը, քաղաքի հասարակական կազմակերպութիւններուն լուծարկումը։ Եթէ լուծարկում բառը կը պահանջէ օրինական վերջակէտ մը, ճիշդ է որ տակաւին չենք հասած այդ հանգրուանին։ Բայց իրենց մատնուած անգործունակ ընթացքին մէջ ինչո՞ւ չափազանցուած ըլլայ, եթէ պնդենք թէ լուծուած է Կեդրոնական, Մխիթարեան, Դպրեվանք, Սահակեան, Էսաեան, Պեզճիեան եւ այլ սանուց միութիւնները։ Այս բոլորը անցեալին շատ կարեւոր ներդրում ունեցած են պոլսահայ ընկերամշակութային կեանքին մէջ։ Իրենց բեմադրութիւններով, հրատարակութիւններով, նախաձեռնած միջոցառումներով հարստացուցած են այս համայնքի օրակարգը։ Յիշենք որ այդ միութիւններու վարչութեան կազմէն կ՚ամբողջացուեր խնամակալութիւններու, հոգաբարձութիւններու կամ թաղականութիւններու ցանկերը։

Երկրի քաղաքական պայմանները իրենց անդրադարձը ունեցան նաեւ հայ համայնքի վրայ եւ մենք առանց անդրադառնալու թէ ինչ կը կորսնցնենք, հեշտութեամբ զրկուեցանք մեր սակաւաթիւ հասարակական կազմակերպութիւններէն։

Ո՞ւր է հիմա Մեսրոպ Բ պատրիարքի այնքան մեծ յոյսերով կեանքի կոչած «Երիտ» կազմակերպութիւնը։ Սրբազան պատրիարքը յատուկ ուշադրութիւն սեւեռած էր մեր ազգային դպրոցներու փոխարէն իրենց ծնողաց սնոպ նախասիրութիւններուն հետեւանքով ոչ հայկական դպրոցներ յաճախած երիտասարդութիւնը նման կազմակերպութեան մը միջոցաւ վերստին հայ միջավայրին մերձեցնելու գործին։ Նմանապէս կը բացակայի «Նոր Զարթօնք» երիտասարդական շարժումը։ Ան իր կազմէն գոյացնելով «Հայ մշակոյթի Միութիւն»ը, ալ աւելի ուշագրաւ էր, քանի որ ունէր քաղաքական դիմագիծ եւ հետեւաբար շատ աւելի կարեւոր ներդրում կը խոստանար բաղդատմամբ ակումբի մը սահմանումին մէջ մնացած «Երիտ»ին։ Այդ կազմն ալ իր պարագլուխներուն մի առ մի արտասահման երթալով դադրած է մեր առօրեային կենսունակութիւն ներառելու յատկութենէն։ Միամիտ հարցում մըն է «Մենք ե՞րբ այսպէս խամաճիկ դարձանք ուրիշներու ձերքը թողելով ազգին ճակատագիրը»։

Ճիշդ հարցումը պիտի ըլլայ «Ե՞րբ պիտի սթափինք ու վերահաստատենք մեր երբեմնի միասնականութիւնը»։ 

pakrates@yahoo.com