ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Կանխահաս ընտրութիւնը ճար կրնա՞յ ըլլալ


7 Յունիս 2015-ին կայացող խորհրդարանի ընտրութիւններուն Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութիւնը իր 13 տարուայ կառավարման շրջանէն ետք առաջին անգամ կորսնցուց առանձինն կառավարութիւն կազմելու կարողութիւնը։ Մօտ անցեալի այս դէպքը տակաւին թարմ յիշողութիւն է բոլորին համար։ Ընտրութեան յաջորդող քանի մը օրերու բացարձակ լռութենէն ետք նախագահ Էրտողան յանկարծակի որոշումով մը փոխեց իր քաղաքական ռազմավարութիւնը եւ երկիրը տարաւ սրուած իրավիճակի։ Թուրքիոյ քրտաբնակ քաղաքներու մէջ դիմեց պատերազմի։ Ռազմատենչ հոգեբանութեան մէջ ժողովուրդի ազգային եւ կրօնական հակումները գրգռելով իր եւ իր կուսակցութեան շուրջ հաւատարմութիւնը ամրացուց։ Չեղեալ համարեց իր կուսակցութեան պարտութիւնով դուրս եկած ընտրութիւնը եւ քանի մը ամիս անց, նոյն տարուայ 1 Նոյեմբերին կրկնուած ընտրութիւնով կրկին հասաւ իր նպատակին։

Նախագահ Էրտողանի վերջին յաջողած ընտրութիւնը կայացաւ լման տարի մը առաջ՝ 16 Ապրիլին հանրաքուէի ձեւով։ Սակայն այս յաղթանակը բաւական վիճելի է, քանի որ ձայներու մէկ տոկոսանոց առաւելութիւնը կայացաւ խիստ կասկածելի պայմաններու տակ։ Այդ օրէն ի վեր որքան ալ խորհրդարանի մէջ մեծամասնութիւնը կազմած ըլլայ, երկիրը կը ղեկավարուի համախոհական կառավարութիւնով մը։ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան պետ Տեւլեթ Պահչելի նկատելով իր կուսակցութեան ուժակորուստ ընթացքը, միացաւ իշխանութեան եւ անթացուպ մը դարձաւ Էրտողանի կաղացող իշխանութեան համար։ Այդ նոյն անթացուպը երեքշաբթի օր առաջին անգամ ըլլալով հրապարակեց միջոցէ մը ի վեր արդէն խօսուած կանխահաս ընտրութեան մասին իր կարծիքները։ Ան նոյնիսկ առաջարկեց ընտրութեան թուական մըն ալ՝ սոյն տարուայ Օգոստոս ամսու վերջին կիրակին։

Յայտնի է, որ երկրի ներկայ քաղաքական եւ տնտեսական իրավիճակը բարդութիւններով յղի է եւ խիստ հաւանական է ճգնաժամի մը հետ դէմհանդիման մնալու սպառնալիքը։ Կ՚երեւի այս է պատճառը թէ Պահչելիի յայտարարութեան յաջորդ օր նախագահ Էրտողան յայտարարեց շատ աւելի կանուխ թուական մը՝ 24 Յունիս։

Ինչպէս որ երկրաբանական կանոնով անցնող ամէն օր մեզ կը մօտեցնէ հզօր ու աւերիչ երկրաշարժի մը վտանգին, ներկայ քաղաքական ու տնտեսական անորոշութիւնը եւ ալեկոծումներն ալ իշխանութիւնը հետզհետէ կը տանի դէպի վտանգաւոր հորիզոններ։

Թուրքիա Սուրիոյ պատերազմին, բախումներու ենթակայ երկրէն ետք ամենածանր վնասներ ստացած երկրորդ երկիրն է։ Անելի մատնուած է կառավարութեան այդ փորձանքաբեր աղէտէն բարիքներ քաղելու սնամէջ ցանկութիւնը։ Էրտողան լարախաղացի մը նման կը փորձէ հաւասարակշռութիւն պահել Ռուսաստանի եւ արեւմտեան աշխարհի միջեւ, սակայն այդ երկուքի ճակատումը զինք կը տանի լարին վրայ ալ աւելի վտանգաւոր դիրքի մը։ Միջերկրական ծովու վրայ կազ որոնելու մասին Կիպրական նախաձեռնութիւնը Թուրքիոյ կողմէ կը դիտուի իբրեւ սադրանք եւ կը ստեղծէ զինեալ բախումի մը հաւանականութիւնը։ Նմանապէս Եգէականի կղզիակներու վրայ իրաւունք պահանջելու քաշքշուքը կրնայ ծնիլ միջազգային լուրջ միջադէպ։

Բացի քաղաքական այս ալեկոծումներէ, տնտեսական զարգացումներն ալ մտահոգութիւն կը պատճառէն Էրտողանի կառավարութեան։

Թրքական դրամի արժեզրկումը ինքնին կը հրահրէ սղաճը, որ արդէն ապրուստի դժուարութեան մատնուած զանգուածներու համար ալ աւելի անտանելի կը դարձնէ օրապահիկը ապահովելու խնդիրը։

Այս բոլորը վրայ վրայի գումարած, զարմանալի չէ, որ ընտրութեան թուականը աւելի կանուխի առնուի, քանի որ ապագան յստակօրէն աւելի մութ է, հետեւաբար իշխանութեան հանդէպ դժգոհութիւնը պիտի աճի օր ըստ օրէ։ Իսկ արդեօք մինչեւ Յունիս կարելի կ՚ըլլա՞յ իր հաւատարիմ ընտրողներու աջակցութիւնը ապահովել, պիտի սպասենք ու տեսնենք։

pakrates@yahoo.com