Ազգի գոյատեւման վերջին հրամայականը

ՎԻԳԷՆ ՉԸԹԸՐԵԱՆ

 

Բազմաթիւ պետութիւններ կան որոնց սահ­­­մաննե­­­րը ճշդո­­­ւած են քա­­­նակով։ Օտա­­­րերկրեայ դի­­­ւանա­­­գէտ­­­ներ, կեղե­­­քիչ գեր­­­տէ­­­­­­­րու­­­թիւննե­­­րու վա­­­րիչ­­­ներ հե­­­ռուէն գծած են պատ­­­մութեան ար­­­կածնե­­­րուն հե­­­տեւան­­­քով ան­­­կա­­­­­­­խացած այդ պե­­­տու­­­թիւննե­­­րուն սահ­­­մաննե­­­րը։ Այս տե­­­սակի պե­­­տու­­­թիւննե­­­րը սա­­­կայն, պատ­­­մութեան բե­­­րու­­­մով գո­­­յացած տո­­­ւեալ երկրի մէջ ազգ մը կազ­­­մե­­­­­­­լու դժո­­­ւարու­­­թիւնը կ՚ապ­­­րին։ Անոնցմէ ոմանք իրենց հպա­­­տակ­­­նե­­­­­­­րը տա­­­կաւին ազ­­­գա­­­­­­­յին դի­­­մագիծ մը իսկ չու­­­նե­­­­­­­ցած, կը դի­­­մեն մար­­­դասպա­­­նու­­­թեան, տե­­­ղի տա­­­լով անձնաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թեան հա­­­մազօր քա­­­ղաքա­­­ցիական պա­­­տերազմնե­­­րու։

28 Մա­­­յիս 1918-ին Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի Հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թեան հռչա­­­կու­­­մը բո­­­լորո­­­վին կը տար­­­բե­­­­­­­րի այս օրի­­­նակ­­­նե­­­­­­­րէն։ Այստեղ ոչ թէ պե­­­տու­­­թիւն մը իր բնա­­­կիչ­­­նե­­­­­­­րէն ազգ կազ­­­մե­­­­­­­լու կը ջա­­­նայ, այլ գո­­­յու­­­թիւնը վտան­­­գո­­­­­­­ւած ազ­­­գը ճա­­­րահա­­­տու­­­թեան պայ­­­մաննե­­­րու տակ կը դի­­­մէ վեր­­­ջին մի­­­ջոցին։ Հակառակ ըն­­­դունե­­­լու­­­թիւն գտած հա­­­մոզումնե­­­րուն, թէ Օս­­­մա­­­­­­­նեան եւ թէ Ռո­­­մանով­­­նե­­­­­­­րու կայսրու­­­թիւննե­­­րու հայ ազ­­­գա­­­­­­­յին շար­­­ժումը բա­­­րեփո­­­խու­­­թիւն կը պա­­­հան­­­ջէր, այլ ոչ թէ ան­­­կա­­­­­­­խու­­­թիւն։ Հայ ազ­­­գի պատ­­­մութիւ­­­նը շատ աւե­­­լի հին է քան այս յօ­­­դուա­­­ծին նիւթ դար­­­ձած պե­­­տու­­­թիւնը։

Լաւ չէ ու­­­սումնա­­­սիրո­­­ւած Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի Ա. հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թեան (1918-1920) պատ­­­մութիւ­­­նը։ Պաղ պա­­­տերազ­­­մի տա­­­րինե­­­րուն հայ հա­­­սարա­­­կու­­­թեան մէջ բե­­­ւեռա­­­ցած էին հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թիւնը ու ան­­­կա­­­­­­­խու­­­թիւնը փա­­­ռաբա­­­նող­­­նե­­­­­­­րը եւ խորհրդա­­­յին իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւննե­­­րու դիր­­­քո­­­­­­­րոշու­­­մը պատ­­­ճա­­­­­­­ռաբա­­­նելով եր­­­կուքն ալ վա­­­նող­­­նե­­­­­­­րը։ Խորհրդա­­­յին Միու­­­թեան տա­­­րան­­­ջա­­­­­­­տու­­­մէն ետք այդ բե­­­ւեռա­­­ցու­­­մը որոշ չա­­­փով յաղ­­­թա­­­­­­­հարո­­­ւած է թէեւ, սա­­­կայն մին­­­չեւ օրս կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կուի առա­­­ջին հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թեան խնդրին առու­­­մով կու­­­տա­­­­­­­կուած դժգո­­­հու­­­թիւնը։ Նէօլի­­­պերալ գա­­­ղափա­­­րախօ­­­սու­­­թե­­­­­­­նէ տա­­­րուած այժմու Վրաս­­­տա­­­­­­­նի քա­­­ղաքա­­­կան տե­­­սու­­­թիւնը եւ վրաց մեն­­­շե­­­­­­­ւիկ­­­նե­­­­­­­րու իշ­­­խած հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թիւնը, Ատրպէյ­­­ճա­­­­­­­նի այժմու գա­­­հաժա­­­ռան­­­գա­­­­­­­կան հա­­­մակար­­­գը եւ «Մու­­­սա­­­­­­­ւաթ» կու­­­սակցու­­­թեան իշ­­­խած Ատրպէյ­­­ճա­­­­­­­նի առա­­­ջին հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թեան մի­­­ջեւ եւս բարդ յա­­­րաբե­­­րու­­­թիւններ եղած են։ Ռու­­­սա­­­­­­­կան օրի­­­նակն ալ նմա­­­նու­­­թիւններ ու­­­նի։ Յե­­­ղափո­­­խու­­­թեան հա­­­րիւ­­­րա­­­­­­­մեակին Փու­­­թի­­­­­­­նի վար­­­չութեան պահ­­­պա­­­­­­­նողա­­­կան տար­­­րե­­­­­­­րը խիստ ան­­­հանգստա­­­ցած էին ռու­­­սա­­­­­­­կան յե­­­ղափո­­­խու­­­թեան պատ­­­գամնե­­­րէն։ Ան­­­ցեալի բե­­­ւեռա­­­ցու­­­մը եւ ներ­­­կա­­­­­­­յի անու­­­շադրու­­­թիւնը կը դժո­­­ւարաց­­­նեն հա­­­յոց ԺԹ դա­­­րու պատ­­­մութեան ըն­­­կա­­­­­­­լու­­­մը։ Ըն­­­կա­­­­­­­լու­­­մի այս բա­­­ցակա­­­յու­­­թեան հե­­­տեւան­­­քով իմաստ կը կորսնցնեն բա­­­րեփո­­­խու­­­թիւն, յե­­­ղափո­­­խու­­­թիւն, ան­­­կա­­­­­­­խու­­­թիւն, ազգ եւ պե­­­տու­­­թիւն եզ­­­րե­­­­­­­րը։

Եկե­­­ղեց­­­ւոյ ու­­­ժը

ԺԴ դա­­­րէն սկսեալ հա­­­յոց մե­­­ծագոյն քա­­­ղաքա­­­կան կա­­­ռոյ­­­ցը եկե­­­ղեցին է։ Կոս­­­տանդնու­­­պոլսոյ Մեհ­­­մէտ Բ-ի կող­­­մէ նուաճուիլ­­­ը, Պոլ­­­սոյ հա­­­յոց պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­րանի հիմ­­­նադրու­­­մը, 1461-ին Յո­­­վակի­­­մ ար­­­քե­­­­­­­պիս­­­կո­­­­­­­պոսի աւան­­­դութիւննե­­­րու բե­­­րու­­­մով «ազ­­­գա­­­­­­­պետ» կար­­­գո­­­­­­­ւիլը Օս­­­մա­­­­­­­նեան կայսրու­­­թեան մէջ նոր շրջա­­­նի մը մեկ­­­նա­­­­­­­կէտն էր։ Նման երե­­­ւոյթ կը տի­­­րէ Պարսկաս­­­տա­­­­­­­նի հայ ժո­­­ղովուրդին հա­­­մար։ Հոն ալ Պետ­­­րոս մե­­­ծը 1716-ին Մի­­­նաս ար­­­քե­­­­­­­պիս­­­կո­­­­­­­պոս Տիգ­­­րա­­­­­­­նեանը կ՚ըն­­­դունի իբ­­­րեւ հա­­­մայն ռու­­­սա­­­­­­­հայոց հո­­­գեւոր առաջ­­­նորդ։

Դի­­­տելով հա­­­յոց ԺԹ դա­­­րու սկիզբնե­­­րու քա­­­ղաքա­­­կան օրա­­­կար­­­գը, կը տես­­­նենք թէ գլխա­­­ւոր խնդի­­­րը Հայ առա­­­քելա­­­կան եկե­­­ղեցիէն բա­­­ժանո­­­ւելով 1831-ին Յա­­­կոբ Չու­­­քուրեանի գլխա­­­ւորու­­­թեամբ կա­­­թողի­­­կէ ազգ եւ 1847-ին ափ բո­­­ղոքա­­­կան ազգ ըլ­­­լա­­­­­­­լով ներ­­­կա­­­­­­­յացող միջ­­­դա­­­­­­­ւանան­­­քա­­­­­­­յին պա­­­ռակ­­­տումներն են։ Այս օրա­­­կար­­­գին վրայ կ՚ա­­­ւել­­­նայ նաեւ Օս­­­մա­­­­­­­նեան հա­­­մակար­­­գին մատ­­­նո­­­­­­­ւած ճգնա­­­ժամը, Արեւմտեան եր­­­կիրնե­­­րէ եկած քա­­­րոզիչ­­­նե­­­­­­­րուն հետզհե­­­տէ զգա­­­լի դար­­­ձող ազ­­­դե­­­­­­­ցու­­­թիւնը, կրօ­­­նական-աշ­­­խարհա­­­կան ինքնու­­­թեան հա­­­կասու­­­թիւննե­­­րը։ Այս բո­­­լորը միաս­­­նա­­­­­­­բար կ՚ապա­­­ցու­­­ցեն հա­­­յոց մի­­­ջեւ քա­­­ղաքա­­­կան աշ­­­խուժու­­­թեան բարձրա­­­ցու­­­մը։ Այս երե­­­ւոյ­­­թը ա՛լ աւե­­­լի յստա­­­կացաւ Ապ­­­տուլմե­­­ճիտ Ա-ի կայսրու­­­թիւնը արեւմտա­­­կանաց­­­նե­­­­­­­լու, կրօ­­­նական հա­­­մայնքնե­­­րէ Օս­­­մա­­­­­­­նեան քա­­­ղաքա­­­ցիներ կազ­­­մե­­­­­­­լու շրջանին։ Այդ ծի­­­րէն ներս 1839-ին հռչա­­­կուե­­­ցաւ բա­­­րեփո­­­խումներ (Թան­­­զի­­­­­­­մաթ), որոնք կը թե­­­լադ­­­րէին կրթու­­­թեան, հար­­­կա­­­­­­­հաւաք­­­ման եւ ներ­­­կա­­­­­­­յացուցչա­­­կան ոլորտնե­­­րէ ներս իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թեան պայ­­­քար։ Այդ պայ­­­քա­­­­­­­րի հե­­­տեւան­­­քով 1860-ին կը ձե­­­ւաւո­­­րուի հա­­­յոց ազ­­­գա­­­­­­­յին խորհրդա­­­րանը եւ սահ­­­մա­­­­­­­նադ­­­րութիւ­­­նը, որ 1863-ին պի­­­տի վա­­­ւերա­­­ցուէր Ապ­­­տուլա­­­զիզ կայսրին կող­­­մէ։

1863-ի սահ­­­մա­­­­­­­նադ­­­րութիւ­­­նը

Օս­­­մա­­­­­­­նեան կայսրու­­­թե­­­­­­­նէն 16 տա­­­րի առաջ իր ու­­­րոյն սահ­­­մա­­­­­­­նադ­­­րութիւ­­­նը հաս­­­տա­­­­­­­տելով հա­­­յերը ապա­­­ցու­­­ցած կ՚ըլ­­­լան նաեւ ազ­­­գին ըն­­­կե­­­­­­­րային մա­­­կար­­­դա­­­­­­­կը։ Քա­­­ղաք­­­նե­­­­­­­րու մէջ ու­­­շագրաւ ներ­­­կա­­­­­­­յու­­­թիւնը, բարձր ուսման, գրատ­­­պութեան եւ զան­­­գո­­­­­­­ւածա­­­յին լրա­­­տուա­­­միջոց­­­նե­­­­­­­րու հա­­­սանե­­­լիու­­­թիւնը հա­­­յերը բնո­­­րոշող յատ­­­կութիւններ եղան։ Հա­­­յեր օս­­­մա­­­­­­­նեան կայսրու­­­թեան ճար­­­տա­­­­­­­րագի­­­տու­­­թեան, առեւ­­­տուրի եւ տնտե­­­սագի­­­տու­­­թեան մէջ կա­­­րեւոր ներդրում ու­­­նե­­­­­­­ցան։ Զար­­­մա­­­­­­­նալի չէ որ հա­­­յը իր հա­­­մայնքա­­­յին վար­­­չա­­­­­­­մեքե­­­նայի ար­­­դիակա­­­նացու­­­մէն աւե­­­լի քա­­­ղաքա­­­կան դեր ստանձնած է երկրի բա­­­րեփոխ­­­ման եւ Օս­­­մա­­­­­­­նեան սահ­­­մա­­­­­­­նադ­­­րա­­­­­­­կան շար­­­ժումին մէջ։ Իրա­­­ւաբան Գրի­­­գոր Օտեան այս առու­­­մով լաւ օրի­­­նակ մըն է, քա­­­նի որ մեծ ներդրում ու­­­նե­­­­­­­ցած է ե՛ւ հա­­­յոց եւ թէ՛ օս­­­մա­­­­­­­նեան սահ­­­մա­­­­­­­նադ­­­րութեան պատ­­­րաստու­­­թեան գոր­­­ծին։ Նոյ­­­նիսկ հայ առա­­­քելա­­­կան եկե­­­ղեցին, յատ­­­կա­­­­­­­պէս Մկրտիչ Խրի­­­մեանի պատ­­­րիար­­­քութեան շրջա­­­նին մաս­­­նակցած է բա­­­րեփոխ­­­ման աշ­­­խա­­­­­­­տու­­­թիւննե­­­րուն։

Բա­­­րեփո­­­խու­­­թիւն փո­­­խան 
ան­­­կա­­­­­­­խու­­­թեան

ԺԹ դա­­­րու վեր­­­ջե­­­­­­­րուն եւ Ի դա­­­րու սկզբին Օս­­­մա­­­­­­­նեան կայսրու­­­թեան հա­­­յերու մօտ նկա­­­տուած քա­­­ղաքա­­­կան աշ­­­խուժու­­­թիւնը բա­­­րեփո­­­խումնե­­­րու (Թան­­­զի­­­­­­­մաթ) հե­­­տեւանքն էր եւ կը մի­­­տեր Օս­­­մա­­­­­­­նեան կրօ­­­նական հա­­­մայնքնե­­­րու մի­­­ջեւ հա­­­ւասա­­­րու­­­թիւնը եւ օրէն­­­քի գե­­­րակա­­­յու­­­թիւնը ապա­­­հովե­­­լու։ Քա­­­ղաքա­­­կան գետ­­­նի վրայ ազ­­­դե­­­­­­­ցիկ հա­­­յերու մե­­­ծամաս­­­նութիւ­­­նը, մին­­­չեւ շատ ուշ ժա­­­մանակ­­­ներ իբ­­­րեւ այ­­­լընտրանք մեր­­­ժած են ան­­­կախ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի հիմ­­­նադրու­­­թիւնը։ Զի­­­րենք դի­­­տած են իբ­­­րեւ օս­­­մա­­­­­­­նեան ամ­­­բողջա­­­կան քա­­­ղաքա­­­կան յե­­­ղափո­­­խու­­­թեան տար­­­րեր։ Հա­­­յոց ար­­­դի կու­­­սակցու­­­թիւննե­­­րը՝ 1887-ին Ժը­­­նեւի մէջ հիմ­­­նո­­­­­­­ւած ՍԴՀԿ եւ 1890-ին Թիֆլիսի մէջ հիմ­­­նո­­­­­­­ւած ՀՅԴ եւս բա­­­րեփո­­­խու­­­թիւն կը պա­­­հան­­­ջէին փո­­­խանակ ան­­­կա­­­­­­­խու­­­թեան։ Թէեւ Հնչակ­­­ներ ան­­­կա­­­­­­­խու­­­թեան կոչ կա­­­տարած էին բայց իրենց ձայ­­­նը աւե­­­լի նո­­­ւազ լսե­­­լի էր բաղ­­­դատմամբ Դաշ­­­նակցու­­­թեան։ Այս ռազ­­­մա­­­­­­­վարու­­­թիւնը ու­­­նէր իր յստակ պատ­­­ճառնե­­­րը։ Կայսրու­­­թեան պալ­­­քա­­­­­­­նեան նա­­­հանգնե­­­րու յոյն, սեր­­­պ, ռու­­­մի­­­­­­­նացի եւ պուլղար բնակ­­­չութե­­­նէն տար­­­բե­­­­­­­րուե­­­լով հայ բնակ­­­չութիւ­­­նը բա­­­ժանո­­­ւած էր օս­­­մա­­­­­­­նեան եւ Ռու­­­սա­­­­­­­կան կայսրու­­­թիւննե­­­րու մի­­­ջեւ։ Եր­­­կու կայսրու­­­թիւննե­­­րու տա­­­րած­­­քին եր­­­կո­­­­­­­ւական մի­­­լիոն հա­­­յեր կ՚ապ­­­րէին։ Ռու­­­սա­­­­­­­հայե­­­րու 1,7 մի­­­լիոնը կ՚ապ­­­րէր կով­­­կասնե­­­րու մէջ։ Այս պայ­­­մաննե­­­րու մէջ պալ­­­քա­­­­­­­նեան եր­­­կիրնե­­­րէ ներս ան­­­կա­­­­­­­խու­­­թեան շար­­­ժումնե­­­րը խրա­­­խու­­­սող Ռու­­­սաստան նոյ­­­նը չէր ըներ հա­­­յոց հա­­­մար։ Աւե­­­լին՝ օս­­­մա­­­­­­­նեան երկրի հա­­­յոց հա­­­զիւ կէ­­­սը կ՚ապ­­­րէր Արեւմտեան Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի մէջ, իսկ մնա­­­ցեալը Զմիւռնիոյ, Պոլ­­­սոյ նման մեծ քա­­­ղաք­­­ներ։ Կայսրու­­­թեան արեւմտեան շրջան­­­նե­­­­­­­րուն բնա­­­կող հայ քաղ­­­քե­­­­­­­նինե­­­րը ոգե­­­ւորո­­­ւած չէին ան­­­կախ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի խոր­­­հուրդէն։ Իրենց հա­­­մար հա­­­մար աւե­­­լի կա­­­րեւոր էր կայսրու­­­թեան մէջ քա­­­ղաքա­­­կան իրա­­­ւունքնե­­­րը երաշ­­­խա­­­­­­­ւորող բա­­­րեփո­­­խու­­­թիւննե­­­րը։

Բա­­­րեփո­­­խու­­­թիւննե­­­րու երկրոր­­­դը 
եւ հե­­­տեւանքնե­­­րը

1908-ին երիտ­­­թուրքե­­­րու յե­­­ղափո­­­խու­­­թիւնով հա­­­յեր կրօ­­­նական հա­­­մայնք հա­­­մարո­­­ւելու փո­­­խարէն վե­­­րածո­­­ւեցան ազ­­­գի։ Իթ­­­թի­­­­­­­հատա­­­կան առաջ­­­նորդներ այ­­­լեւս պատ­­­րիար­­­քի փո­­­խարէն խօ­­­սակից կ՚ըն­­­դունէին ՀՅԴ-ն։ Եր­­­կու կու­­­սակցու­­­թիւննե­­­րու եր­­­կխօ­­­սու­­­թիւնը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կուե­­­ցաւ մին­­­չեւ 1913։ Կող­­­մե­­­­­­­րը զի­­­րար լաւ կը ճանչնա­­­յին։ Հե­­­տեւա­­­բար Ա. Աշ­­­խարհա­­­մար­­­տին հա­­­յոց բնաջնջման ետին ոչ թէ ան­­­կախ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի մը յայտնու­­­թիւնը կան­­­խել, այլ օս­­­մա­­­­­­­նեան գոր­­­ծիչնե­­­րուն բա­­­րեփո­­­խումնե­­­րէ, օրէն­­­քի գե­­­րակա­­­յու­­­թե­­­­­­­նէ եւ հա­­­ւասա­­­րու­­­թե­­­­­­­նէ խու­­­սա­­­­­­­փած մէկ շրջա­­­նին այդ սկզբունքնե­­­րուն ջա­­­տագով­­­նե­­­­­­­րուն ոչնչաց­­­նե­­­­­­­լու նպա­­­տակը կար։

Նա­­­խընտրու­­­թիւնը դաշ­­­նակցու­­­թիւն է

1917-ի պոլ­­­շե­­­­­­­ւիկեան յե­­­ղափո­­­խու­­­թե­­­­­­­նէ ետք ալ հա­­­յոց քա­­­ղաքա­­­կան առաջ­­­նորդնե­­­րը չէին նա­­­խընտրած ան­­­կա­­­­­­­խու­­­թիւնը։ Իր հայ, ասո­­­րի եւ յոյն քա­­­ղաքա­­­ցինե­­­րուն ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թիւն գոր­­­ծադրած օս­­­մա­­­­­­­նեան բա­­­նակին դէմ միակ երաշ­­­խի­­­­­­­քը կը տես­­­նէին ռու­­­սա­­­­­­­կան բա­­­նակը։ Նոյ­­­նիսկ Հոկ­­­տեմբե­­­րեան յե­­­ղափո­­­խու­­­թե­­­­­­­նէ ետք Լե­­­նինի ռու­­­սաց բա­­­նակը ետ քա­­­շելէն վերջ իսկ հա­­­յեր նա­­­խընտրե­­­ցին վրա­­­ցինե­­­րու, ատրպէյ­­­ճանցի­­­ներու հետ միատեղ մաս­­­նակցիլ Հա­­­մակով­­­կա­­­­­­­սեան դաշ­­­նութեան։ Հա­­­յաս­­­տան հա­­­զիւ Վրաս­­­տա­­­­­­­նի եւ Ատրպէյ­­­ճա­­­­­­­նի ան­­­կա­­­­­­­խացու­­­մէն ետք, յա­­­ռաջա­­­ցող թրքա­­­կան բա­­­նակը Երե­­­ւանի մօ­­­տակայ­­­քը զսպե­­­լով 28 Մա­­­յիսին յայ­­­տա­­­­­­­րարեց իր ան­­­կա­­­­­­­խու­­­թիւնը։

Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի Հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թեան իբ­­­րեւ ան­­­կախ պե­­­տու­­­թիւն հիմ­­­նադրու­­­թիւնը բազ­­­մա­­­­­­­դարեան ան­­­ցեալ ու­­­նե­­­­­­­ցող ժո­­­ղովուրդի մը իր գո­­­յու­­­թիւնը պա­­­հելու հա­­­մար դի­­­մած վեր­­­ջին ջանքն էր։ Հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին պատ­­­մութեան այս նո­­ւազ ծա­­­նօթ հա­­­տուա­­­ծը, իրա­­­կանու­­­թեան մէջ հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին պա­­­տերազ­­­մի սար­­­սա­­­­­­­փին, ար­­­հա­­­­­­­ւիր­­­քին, կո­­­տորած­­­նե­­­­­­­րուն, աք­­­սորնե­­­րուն ընդմէ­­­ջէն ծիլ ար­­­ձա­­­­­­­կած հե­­­րոսա­­­պատում մըն է եւ ար­­­ժա­­­­­­­նի է աւե­­­լի ծա­­­ւալուն ուշադրութեան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ