Ան յաջողած է իր բաղձանքին մէջ եւ դարձած համաշխարհային երգիչ

Ձայ­­­նապնակ­­­նե­­­­­­­րը ամ­­­­բողջ աշ­­­­խարհի տա­­­­րած­­­­քին աւե­­­­լի քան 180 մի­­­­լիոն վա­­­­ճառո­­­­ւած եր­­­­գիչ Շարլ Ազ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­ւուր եր­­­­կուշաբ­­­­թի՝ 1 Հոկ­­­­տեմբե­­­­րին հա­­­­րաւ Ֆրան­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­յի Ալ­­­­փիլ աւա­­­­նի, իր բնա­­­­կարա­­­­նին մէջ աւան­­­­դեց վեր­­­­ջին շունչը։ Յետ մա­­­­հու կա­­­­տարո­­­­ւած յայ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­րարու­­­­թեան մէջ կը նշո­­­­ւէր, թէ անո­­­­ւանի եր­­­­գի­­­­­­­­­­­­­­­չը մա­­­­հացած է սրտի եւ շնչա­­­­ռու­­­­թեան ան­­­­բա­­­­­­­­­­­­­­­ւարա­­­­րու­­­­թեան հե­­­­տեւան­­­­քով։ Ազ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­ւուր նա­­­­խորդ ամ­­­­սո­­­­­­­­­­­­­­­ւայ ըն­­­­թացքին հիւ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­համերգներ սար­­­­քած էր Ճա­­­­փոնի մէջ եւ կը պատ­­­­րաստո­­­­ւէր Պրիւքսէ­­­­լեան հա­­­­մեր­­­­գի մը։ Ըն­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նիքը դի­­­­մատետ­­­­րի վրայ ֆրան­­­­սե­­­­­­­­­­­­­­­րէն, անգլե­­­­րէն եւ հա­­­­յերէն լե­­­­զու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րով նշե­­­­ցին, թէ իր ժա­­­­ռան­­­­գը պի­­­­տի շա­­­­րու­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կուի յա­­­­ւիտեանս։

Ֆրան­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­յի Սի­­­­նաթ­­­­րան էր

Աւա­­­­զանի անու­­­­նով Շահ­­­­նուր Վա­­­­ղինակ Ազ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­ւու­­­­րեան 22 Մա­­­­յիս 1924-ին ծնած էր Փա­­­­րիզ։ Ան ցե­­­­ղաս­­­­պա­­­­­­­­­­­­­­­նու­­­­թեան ար­­­­հա­­­­­­­­­­­­­­­ւիր­­­­քը ապ­­­­րած ախլցխա­­­­ցի հօր եւ ատա­­­­փազար­­­­ցի մօր զա­­­­ւակն էր։ Միշտ զգա­­­­ցած էր գաղ­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­կան մը ըլ­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­լու առ­­­­թած դժո­­­­ւարու­­­­թիւննե­­­­րը։ Արա­­­­գօրէն բարձրա­­­­ցաւ համ­­­­բա­­­­­­­­­­­­­­­ւի աս­­­­տի­­­­­­­­­­­­­­­ճան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը։ Բա­­­­ցի իր ան­­­­զուգա­­­­կան եր­­­­գե­­­­­­­­­­­­­­­րէն ան նաեւ կը յի­­­­շուի իր յօ­­­­րինումնե­­­­րով եւ դե­­­­րասա­­­­նական շնորհքով։ Ազ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­ւու­­­­րի հա­­­­մեստ թա­­­­տերա­­­­բեմե­­­­րէն դէ­­­­պի եր­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­րուես­­­­տի բար­­­­ձունքներ սլա­­­­ցող ճա­­­­նապար­­­­հին վրայ կա­­­­րեւոր նշա­­­­նակու­­­­թիւն ու­­­­նի երգչու­­­­հի Էտիթ Փիաֆ։ Ան մեծ համ­­­­բա­­­­­­­­­­­­­­­ւի տի­­­­րացաւ Փիաֆի հետ դէ­­­­պի Միացեալ Նա­­­­հանգներ կա­­­­տարած հիւ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­համերգնե­­­­րով։ Ֆրան­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­յի Սի­­­­նաթ­­­­րան 1988-ի երկրա­­­­շար­­­­ժէն ետք մեծ նո­­­­ւիրու­­­­մով լծո­­­­ւեցաւ աւե­­­­րուած երկրի վե­­­­րընդձիւղման աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տան­­­­քին։ Հիմ­­­­նեց «Ազ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­ւու­­­­րը Հա­­­­յաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նի հա­­­­մար» բա­­­­րեգոր­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­կան հիմ­­­­նադրա­­­­մը։ Իր այս գոր­­­­ծունէու­­­­թիւննե­­­­րով Հա­­­­յաս­­­­տան իրեն շնոր­­­­հեց «ՈՒ­­­­ՆԵՍՔՕ»ի մէջ Հա­­­­յաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նի դես­­­­պա­­­­­­­­­­­­­­­նի կո­­­­չու­­­­մը։ 2004-ին կա­­­­ռավա­­­­րու­­­­թիւնը ող­­­­ջունեց Շարլ Ազ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­ւու­­­­րի նո­­­­ւիրեալ աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տու­­­­թիւնը, իրեն շնոր­­­­հե­­­­­­­­­­­­­­­լով «Հա­­­­յաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նի ազ­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­յին հե­­­­րոս» շքան­­­­շա­­­­­­­­­­­­­­­նը։ 2009-ին ան դար­­­­ձած էր Զո­­­­ւիցե­­­­րիոյ մօտ Հա­­­­յաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նի դես­­­­պան։ Այդ կո­­­­չու­­­­մին յա­­­­ջոր­­­­դեց ՄԱԿ-ի մէջ Հա­­­­յաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նի ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յացու­­­­ցի­­­­­­­­­­­­­­­չի կո­­­­չու­­­­մը։

Թէ եր­­­­գիչ եւ թէ մար­­­­դու 
իրա­­­­ւունքնե­­­­րու պաշտպան

Ազ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­ւուր յա­­­­ճախ կը ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յանար, իբ­­­­րեւ իր եր­­­­գած եր­­­­գե­­­­­­­­­­­­­­­րու բա­­­­ռերու հե­­­­ղինակ ըլ­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­լով։ Եր­­­­գե­­­­­­­­­­­­­­­րու բա­­­­ռերուն մէջ ան կը մեր­­­­ժէր բո­­­­լոր թա­­­­պու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը։ 1924-ին, երբ ծնաւ Ազ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­ւուր ըն­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նիքը Միացեալ Նա­­­­հանգներ գաղ­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­լու հա­­­­մար վի­­­­զա կը սպա­­­­սէր։ Այդ վի­­­­զան տա­­­­րինե­­­­րու հո­­­­լովոյ­­­­թով ու­­­­շա­­­­­­­­­­­­­­­ցած էր եւ մինչ այդ Ազ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­ւու­­­­րեան­­­­ներ Փա­­­­րիզի մէջ բա­­­­ցած էին «Լէօ Քաֆ­­­­քաս» անուն ճա­­­­շարա­­­­նը, ուր Շարլ Ազ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­ւուր եւ քոյ­­­­րը կ՚եր­­­­գէին։ Ազ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­ւուրեան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու ըն­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նիքը աւե­­­­լի ետք ապաս­­­­տան եղաւ նա­­­­զինե­­­­րու բռնա­­­­կալու­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­նէն փա­­­­խող հրեանե­­­­րուն եւ հա­­­­մայ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­վար­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն։ Անոնց շար­­­­քէն էր նաեւ Մի­­­­սակ Մա­­­­նու­­­­շեան։ Մի­­­­սակ Մա­­­­նու­­­­շեան իր քա­­­­ղաքա­­­­կան աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տանքնե­­­­րուն հե­­­­տեւա­­­­քով ձեր­­­­բա­­­­­­­­­­­­­­­կալո­­­­ւեցաւ եւ գնդա­­­­կահա­­­­րուե­­­­ցաւ նա­­­­զինե­­­­րու ձեռ­­­­քով։ Ազ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­ւու­­­­րի երաժշտա­­­­կան կեան­­­­քին մէջ ան­­­­կիւնա­­­­դար­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­յին բնոյթ ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցող երե­­­­ւոյթ մըն է անոր նշա­­­­նաւոր «Օլիմ­­­­փիա» դահ­­­­լի­­­­­­­­­­­­­­­ճին մէջ ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յացու­­­­ցած հա­­­­մեր­­­­գը։

Ազ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­ւուր զա­­­­նազան դե­­­­րեր մարմնա­­­­ւորեց, աւե­­­­լի քան 60 ֆիլ­­­­մե­­­­­­­­­­­­­­­րու մէջ։ Յատ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­պէս բարձր գնա­­­­հատո­­­­ւած էր Ֆրան­­­­սո­­­­­­­­­­­­­­­ւայ Թրու­­­­ֆոյի «Սպան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցէ՛ք դաշ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կահա­­­­րը» անուն ֆիլ­­­­մի դե­­­­րակա­­­­տարու­­­­մով։

2002-ին Ատոմ Էկո­­­­յեանի «Արա­­­­րատ» ֆիլ­­­­մին մէջ եւս կը տես­­­­նենք բազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­վաս­­­­տակ արո­­­­ւես­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­գէտը։

Ազ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­ւոր ծա­­­­նօթ է նաեւ մար­­­­դու իրա­­­­ւունքնե­­­­րու պաշտպա­­­­նու­­­­թեան ձօ­­­­նուած իր աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տու­­­­թիւննե­­­­րով։ Ան պաշտպա­­­­նած է միասե­­­­ռական­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու եւ կի­­­­ներու իրա­­­­ւունքնե­­­­րը։ Ինքզինք ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յացու­­­­ցած է «հա­­­­րիւր առ հա­­­­րիւր ֆե­­­­մինիստ» կո­­­­չու­­­­մով։

Մաք­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­նի եւ Փա­­­­շինեանի 
պատ­­­­գամնե­­­­րը

Ազ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­ւու­­­­րի մա­­­­հէն ետք Ֆրան­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­յի նա­­­­խագահ Էմա­­­­նուէլ Մաք­­­­րոն ցա­­­­ւակ­­­­ցա­­­­­­­­­­­­­­­կան պատ­­­­գամ մը հրա­­­­տարա­­­­կելով վշտակ­­­­ցութիւն յայտնած է ֆրան­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­ցի եւ հայ ժո­­­­ղովուրդնե­­­­րուն։ «Ազ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­ւուր երեք սե­­­­րունդնե­­­­րու ու­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­խու­­­­թեան եւ վիշ­­­­տե­­­­­­­­­­­­­­­րուն ըն­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­րակից եղաւ։ Անոր գլուխգոր­­­­ծոցնե­­­­րը եւ փայ­­­­լը եր­­­­կար ժա­­­­մանակ կեն­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­նի պի­­­­տի մնայ»։

Հա­­­­յաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նի վար­­­­չա­­­­­­­­­­­­­­­պետ Նի­­­­կոլ Փա­­­­շինեան ալ դի­­­­մատետ­­­­րի էջին վրայ գրեց հե­­­­տեւեալը. «Մեր երկրին հա­­­­մար տխուր օր մը։ Ոչ եւս է հայ ժո­­­­ղովուրդի հե­­­­րոս Շարլ Ազ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­ւու­­­­րը։ Հա­­­­յաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նի հա­­­­մար, հայ ժո­­­­ղովուրդի հա­­­­մար, Ֆրան­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­յի եւ ֆրան­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­ցի ժո­­­­ղովուրդի հա­­­­մար ու վեր­­­­ջա­­­­­­­­­­­­­­­պէս հա­­­­մայն աշ­­­­խարհի հա­­­­մար մեծ կո­­­­րուստ մը»։

Սգա­­­­հան­­­­դէ­­­­­­­­­­­­­­­սը 5-6 Հոկ­­­­տեմբե­­­­րին

Շարլ Ազ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­ւու­­­­րի հա­­­­մար 5 Հոկ­­­­տեմբեր ուրբաթ օր Փա­­­­րիզ Ին­­­­վա­­­­­­­­­­­­­­­լիտ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու հա­­­­մալի­­­­րին մէջ պե­­­­տական սգա­­­­հան­­­­դէս մը տե­­­­ղի պի­­­­տի ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­նայ, որուն ներ­­­­կայ պի­­­­տի գտնո­­­­ւին Ֆրան­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­յի նա­­­­խագահ Մաք­­­­րոն, Հա­­­­յաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նի նա­­­­խագահ Ար­­­­մէն Սարգսեան եւ Հա­­­­յաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նի վար­­­­չա­­­­­­­­­­­­­­­պետ Նի­­­­կոլ Փա­­­­շինեան։

5 Հոկ­­­­տեմբեր ուրբաթ օր Հա­­­­յաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նի եւ Ար­­­­ցա­­­­­­­­­­­­­­­խի մէջ ազ­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­յին սուգ հռչա­­­կուած է։

«Ես այդ անթաղ ննջողներու շարքէն եմ»

ՍԱՀԱԿ ՊԱՐԹԵՒ ԿԱՐԵԱՆ

Դժուարութիւններով հան­­դերձ ծնաւ ազատ երկրի մը մէջ։

Եր­­բեք չմոռ­­ցաւ իր ար­­մատնե­­րը։ Կա­­րիք չու­­նե­­­ցաւ ինքնու­­թիւնը քօ­­ղար­­կե­­­լու։

Բայց ամէն ինչ իր ժա­­մանա­­կը ու­­նի։ Այդ ժա­­մանա­­կը հա­­սաւ 1975-ին։

51 տա­­րեկան էր։ 45-նոց ձայ­­նապնա­­կի մը մէկ երե­­սին ձայ­­նագրեց «Քու աչե­­րը, իմ աչե­­րը» եւ հան­­դի­­­պակած երե­­սին ալ «Անոնք ին­­կան»։

«Անոնք ին­­կան» կը պատ­­մէր ժո­­ղովուրդի մը ող­­բերգա­­կան պատ­­մութիւ­­նը, 1915-ը եւ յա­­ջոր­­դող տա­­րինե­­րու վայ­­րա­­­գու­­թիւնը։ Եր­­գի մե­­ղեդին, թա­­խիծի շա­­րադ­­րութեան մը կը նմա­­նէր։ Իսկ բա­­ռերը հա­­տոր­­նե­­­րու բո­­վան­­դա­­­կու­­թիւնը կազ­­մող եղե­­լու­­թիւննե­­րը հրա­­շալի ներ­­դաշնա­­կու­­թիւնով մը փո­­խան­­ցած էր 32 տո­­ղերու վրայ։ Բա­­նաս­­տեղծա­­կան էր, խո­­րու­­թիւն ու­­նե­­­ցող։

Այդ եր­­գով հրա­­պարա­­կած էր ինքնու­­թիւնը։ Եր­­գի 25-րդ տո­­ղին վրայ կ՚ըսէր՞«ես այդ ան­­թաղ ննջող­­նե­­­րու շար­­քէն եմ»։ Հրա­­պարա­­կած է ինքնու­­թիւնը, քա­­նի որ եր­­գի բա­­ռերը իրեն կը պատ­­կա­­­նէին։

Մին­­չեւ վեր­­ջին շունչը շա­­րու­­նա­­­կեց եր­­գե­­­լու։ Հա­­յու­­թիւնը իր ինքնու­­թեան կեդ­­րո­­­նին չէր դրած, բայց եր­­բեք ալ չէ պո­­կուած այդ ինքնու­­թե­­­նէն։ Իր հա­­րազատ ժո­­ղովուրդի կող­­քին էր միշտ։ Դես­­պանն էր, բա­­րեկամն էր ժո­­ղովուրդին։

Մրցա­­նակ ստա­­նալը սո­­վորա­­կան երե­­ւոյթ էր իրեն հա­­մար։ Ձայ­­նագրու­­թիւննե­­րը մի­­լիոն­­նե­­­րով կը սպա­­ռէին ամ­­բողջ աշ­­խարհի վրայ։ Շու­­տով սպա­­ռող երաժշտու­­թիւն մը չէր իր ըրա­­ծը։ Որա­­կաւոր էր, խո­­րու­­թիւն ու­­նէր, յա­­տուկ էր, ինքն էր։ Հսկայ աւանդ մը թո­­ղելով հրա­­ժեշտ կ՚առ­­նէ մեզ­­մէ։ Շարլ Ազ­­նա­­­ւուրն էր ան կամ ալ աւա­­զանի անու­­նով Շահ­­նուր Վա­­ղինակ Ազնաւուրեանը

Ազնաւուրներ անպակաս ըլլան

ՄԱԺԱԿ ԹՕՇԻԿԵԱՆ

Պահ մը մտա­ծել պէտք է, երբ կը խօ­­­սինք Շարլ Ազ­­­նա­­­­­­­ւու­­­րի մա­­­սին։ Ան մեծ բա­­­նաս­­­տեղծ է, մեծ եր­­­գա­­­­­­­հան եւ շատ մեծ կա­­­տարող։ Յի­­­շեցէք, որ շատ քիչ են հա­­­զիւ մէկ ձեռ­­­քի մատ­­­նե­­­­­­­րուն չափ, անոր եր­­­գե­­­­­­­րը մեկ­­­նա­­­­­­­բանող եր­­­գիչնե­­­րը։ Պատ­­­ճա­­­­­­­ռը պարզ է, ան ձայ­­­նով ու մեկ­­­նա­­­­­­­բանու­­­թեամբ կը կա­­­խար­­­դէ։ Աշ­­­խարհի վրայ շատ են իր հետ զու­­­գերգել ցան­­­կա­­­­­­­ցող­­­նե­­­­­­­րը, բայց միայն քա­­­նի մը եր­­­գիչ յա­­­ջողած է այդ բա­­­նը։

Ան­­­շուշտ այստեղ պէտք չէ մոռ­­­նալ մեծ եր­­­գա­­­­­­­հան Գէորգ Կառ­­­վա­­­­­­­րեն­­­ցը, որուն հետ հա­­­մատեղ ար­­­տադրած բազ­­­մա­­­­­­­թիւ եր­­­գեր ու­­­նին։

Երա­­­նի մեծ վար­­­պե­­­­­­­տին, որ յա­­­ջողե­­­ցաւ եր­­­գել մին­­­չեւ 94 տա­­­րեկան։

Վի­­­ճակագ­­­րութիւններ կան այս մա­­­սին, որոնք այդ տա­­­րիքին հա­­­մերգնե­­­րով բեմ բարձրա­­­նալու երե­­­ւոյ­­­թը եզա­­­կի կը հա­­­մարեն Ազ­­­նա­­­­­­­ւու­­­րի հաշ­­­ւոյն։ Երի­­­տասարդ տա­­­րինե­­­րէս ի վեր հիացու­­­մով կը հե­­­տեւիմ իրեն։ Հե­­­տեւած եմ բազ­­­մա­­­­­­­թիւ հա­­­մերգնե­­­րուն եւ ակա­­­նատես եղած եմ բե­­­մին վրայ իր ինքնավստա­­­հու­­­թեան։ Կ՚ու­­­զեմ այս առ­­­թիւ անձնա­­­կան փոր­­­ձա­­­­­­­ռու­­­թիւն մը փո­­­խան­­­ցել։ Աշ­­­խարհի երե­­­սին ուր որ ալ եր­­­թաք մար­­­դիկ բա­­­րեկա­­­մական հե­­­տաքրքրու­­­թեամբ հարց կ՚ու­­­տան ազ­­­գա­­­­­­­յին պատ­­­կա­­­­­­­նելու­­­թիւնս։ «Հայ եմ» կ՚ըսեմ, «Այ էմ Ար­­­մե­­­­­­­նիէն» կամ «Ժէ սի­­­ւի Ար­­­մե­­­­­­­նիէն»։ Մար­­­դիկ առա­­­ջին հեր­­­թին չեն հասկնար եւ հար­­­ցա­­­­­­­կան հա­­­յեաց­­­քով կը նա­­­յին երեսս։ Իս­­­կոյն կը դի­­­մեմ երկրորդ պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նին՝ «Շարլ Ազ­­­նա­­­­­­­ւուր»։ Այդ պա­­­հուն խօ­­­սակի­­­ցիս բի­­­բերը կը խո­­­շոր­­­նան ու կը բա­­­ցական­­­չէ «Օ՜ հի­­­մա հասկցայ»։ Աս­­­տո­­­­­­­ւած հայ ազ­­­գին շու­­­տով պար­­­գե­­­­­­­ւէ նոր Ազ­­­նա­­­­­­­ւուր մը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ