ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՔԱՐ (Բ)

Մեր բառերուն ամենէն փափուկը

Երեւան-Սեւան մայրուղիի 14-րդ քի­­լոմետ­­րի վրայ ճամ­­բու եզ­­րին մեր աշա­­կերտնե­­րը սկսեր էին քա­­րեր հա­­ւաքել՝ որ­­պէս հայ­­րե­­­նի յու­­շա­­­նուէր։ Մինչ շա­­տեր ափ մը օպ­­սի­­­տիանով կը գո­­հանա­­յին, Աւօն եւ Շան­­թը, որո­­շեր էին «սա­­տանի եղունգ» կո­­չուած այդ քա­­րի ամե­­նամե­­ծը որո­­նել։ Այդ «քա­­րահա­­ւաք» արա­­րողու­­թիւնը առիթ տո­­ւած էր, որ Մե­­ղեդիի հետ խօ­­սէինք «քար» բա­­ռի մա­­սին։ Ու, հա­­սեր էինք այն եզ­­րա­­­կացու­­թեան, թէ հա­­կառակ իր նիւ­­թի կարծրու­­թեան՝ «քար»ը մեր ամե­­նէն փա­­փուկ բա­­ռերէն մէկն էր... Բա­­նաս­­տեղծներ Պա­­րոյր Սե­­ւակի, Գէորգ Էմի­­նի եւ Հա­­մօ Սա­­հեանի քնա­­րական տո­­ղիկ­­ներն էին մեր վկա­­ները։ Անոնք, որոնք մեր նա­­խորդ զրոյ­­ցին ական­­ջա­­­լուր եղած են, լսած են, թէ «քար»ը նաեւ մա­­տեան էր եւ սուրբ, ար­­ցունք էր եւ ծաղ­­կունք... Աշա­­կերտնե­­րը կը սկսին հան­­րա­­­շարժ վե­­րադառ­­նալ։ Իսկ Աւօն... Ան գրկած է հսկա­­յական կտոր մը օպ­­սի­­­տիան, այն սեւ, ապա­­կեն­­ման եւ կի­­սաթա­­փան­­ցիկ գե­­ղեց­­կուհին, որ­­մով հա­­րուստ է Հայ­­կա­­­կան լեռ­­նաշխար­­հը։

- Տղա՛յ, ասի­­կա ինչպէ՞ս պի­­տի տա­­նիս։

- Պա­­րոն, դժո­­ւար չի, դնում եմ ճամբրու­­կիս մէջ, փա­­թաթում են շո­­րերիս ու տա­­նում եմ։ Կը պա­­հենք դա­­սարա­­նում։

Հան­­րա­­­շար­­ժի մէջ Ալի­­քը դար­­ձեալ նստած է վա­­րորդ Ար­­տուշին քով, գե­­տինը։ Աղջնա­­կը, իր թան­­կա­­­գին լու­­սանկար­­չա­­­կան գոր­­ծի­­­քը ձեռ­­քին՝ ան­­թարթ կը դի­­տէ հայ­­րե­­­նի բնաշ­­խարհը ու կը լու­­սանկա­­րէ զայն։ Որո­­շած է իր նկար­­նե­­­րու հա­­մադ­­րութեամբ դա­­սարա­­նի հա­­մար մե­­ծաչափ պաս­­տառ մը ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծել։

- Պա­­րոն, քա­­րի այս պաշ­­տա­­­մունքը հա­­րազատ թո­­ւաց ին­­ծի։

- Ին­­չո՞ւ զար­­մա­­­նալ, երբ մեր ցե­­ղը քա­­րածին է ու նստած է քա­­րերու վրայ։ Եւ ի՞նչ ընէր ժո­­ղովուրդը, եթէ ոչ՝ մտո­­վի փափ­­կացնէր ու մեղ­­մացներ զայն, որ­­պէսզի գո­­յատե­­ւէր քա­­րասիրտ այս բնու­­թեան մէջ։

- Գրա­­կանու­­թեամբ կա­­րելի է։

- Ճիշդ է. գրա­­կանու­­թեամբ եւ մա­­նաւանդ խաչ­­քա­­­րերով, որ­­մով մեր նախ­­նի­­­ները, Գէ­­ւորգ Էմի­­նի խօս­­քով՝ «ասեղ­­նա­­­գոր­­ծած են իրենց սէրն առ Աս­­տո­­­ւած, յոյ­­զե­­­րը, մտքե­­րը... որ­­պէս քա­­րէ աղօթք»։ Ըստ Էմի­­նի, հայ ժո­­ղովուրդը մե­­տաք­­սի նուրբ թե­­լեր կը հա­­նէ նոյ­­նիսկ հա­­յոց բիրտ քա­­րերէն։

- Եր­­կի­­­րը սի­­րել, ու­­րեմն, պի­­տի նշա­­նակէ քա­­րը սի­­րել։

- Ահա, սկսար քա­­րերու լե­­զուն հասկնալ։ Տե՛ս, Էմի­­նը ի՛նչ նուրբ տո­­ղիկ մը նո­­ւիրած է մեր երկրին. «Քա­­րէ խոր­­հուրդ է ու քա­­րէ խաչ»։ Ան նաեւ երկտո­­ղի մէջ եր­­գած է հա­­յոց պատ­­մութիւ­­նը.

Եր­­գից բա­­ցուում են շուրթե­­րը քա­­րի,

Մենք եր­­գում ենք, եւ լա­­լիս է քա­­րը։

Բա­­նաս­­տեղծը, Ալիք, գի­­տէր նաեւ թէ քար էր ու քա­­րին պի­­տի վե­­րադառ­­նար, ու դան­­դա­­­ղօրէն սկսաւ գրի առ­­նել հե­­տեւեալ միտ­­քե­­­րը.

Կը գամ, կը նստեմ այս մամ­­ռոտ քա­­րին,

Կը գամ կը պառ­­կեմ այս քա­­րի վրայ,

Կամ... այս քա­­րի տակ։

Իսկ Էջ­­միած­­նի անա­­պատա­­կան, բա­­նաս­­տեղծ Իսա­­հակ աբե­­ղայ Պօ­­ղոսեանի հա­­մար քա­­րը յու­­զումնե­­րու ծան­­րութիւն է. «Սրտիս մէջ քա­­րեր ու լոկ անա­­պատ»։

- Պա­­րոն, ես լու­­սանկար­­նե­­­րուս մէջ կ՚ու­­զեմ դրա­­կան ըլ­­լալ ու ցոյց տալ, թէ քա­­րը կեանք է ու սէր է։

- Հա­­յու հա­­մար նաեւ երաժշտու­­թիւն... Վա­­ղը մենք կ՚եր­­թանք Գառ­­նի։ Ձո­­րամէ­­ջը, Ալիք, բնու­­թեան հրա­­շալի մէկ ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութիւնն է, կո­­չուած՝ Քա­­րերի Սիմ­­ֆո­­­նիա։ Մեր նկա­­րագի­­րը, ըստ երե­­ւոյ­­թին, կեր­­տո­­­ւած է այդ սի­­րու­­նա­­­տես քա­­րերով, ինչպէս Հա­­մօ Սա­­հեանը ըսեր է. «Երազ­­նե­­­րից քա­­րէ ծա­­ղիկ եւ քա­­րեղէն հե­­քիաթ հիւ­­սող»։ Կը տես­­նե՞ս, մեր լե­­զուն քա­­րով կրնայ ար­­տա­­­յայ­­տել կեան­­քի ամէն հանգրո­­ւան եւ զգաց­­մունք։ Ահա մայ­­րե­­­նիի ամե­­նէն պատ­­կե­­­րալից գո­­հար­­նե­­­րը. քա­­րար­­ձան, քա­­րերգ, խաչ­­քար, խարսխա­­քար, եզ­­րա­­­քար, պոր­­տա­­­քար, սա­­լաքար, կա­­թիլա­­քար, ան­­կիւնա­­քար, շիր­­մա­­­քար եւ ամե­­նէն նո­­ւիրա­­կանը՝ սրբա­­տաշ քար։ Մեր հի­­ներու գրա­­բար լե­­զուն ու­­նե­­­ցեր է նոյնքան պատ­­կե­­­րալից դար­­ձո­­­ւածքներ. «Քար պա­­տուա­­կան», «քար դժո­­խային», «քար ման­­րիկ», «յար­­կա­­­նել քա­­րիւ», «քար­­կո­­­ծել քա­­րամբ», «չթո­­ղուլ քար ի քա­­րի վրայ» եւ բախ­­տա­­­ւորու­­թիւն մը՝ «միով քա­­րամբ զեր­­կուս պար­­սա­­­քարել»։ Ժո­­ղովուրդը ու­­նի քա­­րէ բազ­­մա­­­թիւ ասա­­ցուածքներ։ Որ­­քան քար, այնքան ասա­­ցուածք- «Եօթը քա­­րի արան­­ք» անե­­լի մատ­­նո­­­ւած վի­­ճակ, «քա­­րերը կ՚աղա­­ղակեն» իրա­­կանու­­թիւնը կա­­րելի չէ ծած­­կել, «քար­­սիրտ դառ­­նալ» գու­­թը կորսնցնել, «քա­­րը հա­­լեց­­նե­­­լ» աղիողորմ լալ, «քար նե­­տել» սուր ակ­­նարկու­­թիւն տալ, «քա­­րը գո­­գէն՝ փէ­­շէն թա­­փել» զի­­ջել, «քա­­րը տե­­ղը դնել» ճիշդ խօս­­քը ըսել, «քա­­րէ հաց կամ իւղ հա­­նել» չար­­չա­­­րան­­քով ապ­­րուստ վաստկիլ։ Այսքան քա­­րի մէջ ան­­շուշտ գիր­­քի անուն պի­­տի դառ­­նար ան. Ռազ­­միկ Դա­­ւոյա­­նի ժո­­ղովա­­ծուն՝ «Քա­­րէ Բարձ»... Քա­­նի՞ հատ լու­­սանկար ու­­նիս հի­­մա։

- Հա­­զար եր­­կուհա­­րիւր։ Պա­­րոն, մեծ պաս­­տա­­­ռիս հա­­մար խո­­րագիր գտայ. «Իմ Քա­­րէ Եր­­կիր»։

- Մեր քա­­րակոյ­­տի վրայ քար մըն ալ դուն աւել­­ցուցած պի­­տի ըլ­­լաս...

Հան­­րա­­­շար­­ժը կը մօ­­տենայ Երե­­ւան։ Իրիկ­­նա­­­մու­­տի այս ժա­­մուն քա­­րակերտ քա­­ղաքը սկսեր է շի­­կանալ։

- Պա­­րոն, Մե­­ղեդիին ին­­չո՞ւ ըսիք, թէ երգ էր քա­­րը։

- Մեր եր­­գա­­­հան­­նե­­­րու ազ­­նիւ յօ­­րինումներն են անոնք։ Ալիք, մտա­­բերէ «Էրե­­բու­­նի-Երե­­ւան»ը, քայ­­լերգը մեր լու­­սա­­­ւոր մայ­­րա­­­քաղա­­քին, որուն մա­­կանունն է «Վար­­դա­­­գոյն քա­­ղաք», եւ որ կը պատ­­րաստո­­ւի իր ծննդեան 2800-ամեակը տօ­­նել։ Ըստ Պա­­րոյր Սե­­ւակի ան «Մեր դա­­րէ կա­­րօտ, մեր քա­­րէ նա­­զանք» է։

- Եւ, «տաք է սէ­­րը մեր իր շէկ քա­­րերի պէս»...

Պա­­րոն Ար­­տուշէն կը խնդրենք, որ նո­­ւագէ Թա­­թայի «Երե­­ւանս, Երե­­ւանս» եր­­գը։ Րո­­պէ մը չան­­ցած երգչու­­հի Տա­­թեւ Ասատ­­րեանի ձայ­­նով կը հնչէ այդ մեղ­­մօ­­­րօր մե­­ղեդին.

Թէ յու­­շե­­­րից քա­­ղաք հիւ­­սեմ,

Հիւ­­սեմ թե­­լով երազ­­նե­­­րիս...

Երե­­ւանս, Երե­­ւանս,

Ան­­գին քարս, ան­­գին քա­­րէ վարդս…։

Հի­­մա ուշ Հոկ­­տեմբեր է։ Աւո­­յին քա­­րը, որ­­պէս յու­­շա­­­քար, ար­­ժա­­­նապէս կը կանգնի դա­­սարա­­նի գրա­­սեղա­­նի վրայ ու կը զար­­մացնէ բո­­լորին։ Ալի­­քին պաս­­տա­­­ռը, «Իմ Քա­­րէ Եր­­կիր», պա­­տի վրայ զե­­տեղո­­ւած գե­­ղեց­­կուհի, իր պատ­­մութեամբ կը ներշնչէ շա­­տերուն։ Իսկ Շան­­թը, ան, որ Աւո­­յին հետ քա­­րաբ­­լուրին գա­­գաթը մագլցած էր, դպրո­­ցական առիթ­­նե­­­րուն, կտոր մը օպ­­սի­­­տիան գրպա­­նէն հա­­նելով՝ Յով­­հաննէս Գրի­­գորեան կ՚ար­­տա­­­սանէ.

Սա իմ եր­­կիրն է,

Չա­­փերով այնպի­­սին,

որ ազա­­տօրէն տե­­ղաւո­­րել եմ սրտիս մէջ,

որ չկորցնեմ յան­­կարծ։