ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՇՂԹԱՅ

Դասարանի մէջ Ուրբաթ օրը հայ­­­րե­­­­­­­նական այժմէական լու­­­րե­­­­­­­րու յատ­­­կա­­­­­­­ցուած է, որ­­­պէսզի սփիւռքա­­­հայ պա­­­տանին լաւ մը շղթա­­­յուի ազ­­­գա­­­­­­­յին ինքնու­­­թեան։ Այ­­­սօր, կը պա­­­տահի, որ լու­­­րը, ի՛նքը շղթա­­­յի մա­­­սին է։

- Ամ­­­բո՞ղջ Արա­­­գածը, պա­­­րոն։

- Այո, Ամուր, ամ­­­բողջ Արա­­­գածը որո­­­շեր են մարդկա­­­յին շղթա­­­յով պար­­­փա­­­­­­­կել։ Անի­­­կա պի­­­տի դառ­­­նար «Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի հոգ­­­սա­­­­­­­շատ առօ­­­րեայի մէջ վեր­­­ջին տաս­­­նա­­­­­­­մեակին ար­­­ձա­­­­­­­նագ­­­րո­­­­­­­ւած ամե­­­նալու­­­սա­­­­­­­ւոր իրա­­­դար­­­ձումը», ինչպէս մա­­­մու­­­լը գրեց ու կրնար դառ­­­նալ նաեւ «Կի­­­նէս»ի գիր­­­քի մէջ մի­­­ջազ­­­գա­­­­­­­յին մրցա­­­նիշ- «Մարդկա­­­յին ամե­­­նամեծ շղթան»։

- Յա­­­ջողե­­­ցա՞նք։

- Կը կար­­­դաք լու­­­րը եւ կը սոր­­­վիք։

Մինչ աշա­­­կերտնե­­­րուն հետ լու­­­րը կը կար­­­դանք ու գա­­­ղափար­­­նե­­­­­­­րու փո­­­խանա­­­կում կ՚ու­­­նե­­­­­­­նանք, «շղթայ» բա­­­ռի պատ­­­մութիւնն ալ օղակ-օղակ կը սկսի յայտնո­­­ւիլ։

Շղթայ... Բառ մը, որ հա­­­յը ան­­­բե­­­­­­­կանե­­­լիօրէն կը կա­­­պէ իր ան­­­ցեալին։ Այնքան հին է, որ չենք յի­­­շեր, թէ ո՞ւր է ծայ­­­րը եւ ո՛վ կռա­­­ներ է անոր առա­­­ջին օղա­­­կը։ Բա­­­ռարան­­­նե­­­­­­­րը կը հա­­­մաձայ­­­նին, թէ ասո­­­րական ծա­­­գում ու­­­նի։ Բու­­­նը եղեր է «շշղթայ»։ Անոր պատ­­­մա­­­­­­­կան առա­­­ջին զնգիւ­­­նը հէ­­­քիաթա­­­յին է։ Ըստ Մով­­­սէս Խո­­­րենա­­­ցիի՝ իր հօր­­­մէն՝ Ար­­­տա­­­­­­­շէս թա­­­գաւո­­­րէն անի­­­ծուած Ար­­­տա­­­­­­­ւազ­­­դը շղթա­­­յակապ ար­­­գե­­­­­­­լափա­­­կուեր է Մա­­­սիս լե­­­րան քա­­­րան­­­ձա­­­­­­­ւի մը մէջ։ Հա­­­կառակ անոր, որ շղթա­­­ները կը նօս­­­րա­­­­­­­յին կրծող շու­­­նե­­­­­­­րու շնոր­­­հիւ, հայ դար­­­բիններ անընդհատ կը զար­­­նէին իրենց կռան­­­նե­­­­­­­րը ու անոնց շա­­­ռաչիւ­­­նէն վերստին կ՚ամ­­­րա­­­­­­­նային շղթա­­­ները։

- Պա­­­րոն, որ­­­քա՞ն եր­­­կար պէտք էր որ ըլ­­­լար շղթան։

- 160 քի­­­լոմեթր, Ներ­­­սէս, մօ­­­տաւո­­­րապէս հա­­­րիւր մղոն։

Պատ­­­մա­­­­­­­գիր Ագա­­­թան­­­գե­­­­­­­ղոսը ման­­­րա­­­­­­­մասն կը նկա­­­րագ­­­րէ, թէ ինչպէ՛ս ար­­­քունի դահ­­­ճա­­­­­­­պետը շղթա­­­յուած Գա­­­յիանէին դուրս հա­­­նեց Վա­­­ղար­­­շա­­­­­­­պատի հա­­­րաւա­­­յին դռնէն, հաս­­­նե­­­­­­­լու հա­­­մար ճախ­­­ճա­­­­­­­խուտ այն վայ­­­րը ուր մա­­­հապարտնե­­­րը «չա­­­րամահ» կ՚ըլ­­­լա­­­­­­­յին. «...դահ­­­ճա­­­­­­­պետն պար­­­ծե­­­­­­­լով չա­­­րամահ առ­­­նել զնա, եւ ետ հա­­­նել զնո­­­սա շղթա­­­յիւք ի քա­­­ղաքէն»... Ոս­­­կե­­­­­­­դարուն ու­­­նե­­­­­­­ցանք «շղթայք գե­­­րու­­­թեան», «ար­­­կա­­­­­­­նել ի շղթայս» եւ «խոր­­­տա­­­­­­­կել զշղթայս» ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւննե­­­րը։ Հին մա­­­տենագ­­­րութիւ­­­նը ու­­­նի «շղթայ» բա­­­ռով շի­­­նուած ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւննե­­­րու եր­­­կար շղթայ մը. «Կա­­­պեաց զնա պղնձի շղթա­­­յիւք», «Նո­­­վին շղթա­­­յիւք բե­­­ւեռէին», «Ան­­­կան շղթայքն ՛ի ձե­­­ռաց նո­­­րա»... Ահա­­­ւասիկ, յար­­­գե­­­­­­­լի ըն­­­թերցող, ասոնք են «շղթայ» բա­­­ռի նախ­­­կին տպա­­­ւորու­­­թիւննե­­­րը մեր մտա­­­ծողու­­­թեան մէջ- գե­­­րու­­­թիւն, ստրկու­­­թիւն, կա­­­պանք եւ լուծ։ Նոր դա­­­րերուն Պետ­­­րոս Դու­­­րեանն է, որ աւե­­­լի շատ պայ­­­քա­­­­­­­րած կը տես­­­նենք շղթա­­­ներու դէմ։ Ծի­­­ծաղե­­­լի է, չէ՞- գրի­­­չը եր­­­կա­­­­­­­թի դէմ։ Ահա «Աւե­­­րումն Անի մայ­­­րա­­­­­­­քաղա­­­քին» թա­­­տերա­­­խաղի մի­­­ջոցով բեմ բարձրա­­­ցուած խօս­­­քեր. «Պարսկին սու­­­րը կամ շղթայն... որն ընտրէք եր­­­կուքն ալ սոս­­­կա­­­­­­­լի են. եր­­­կուքն ալ հա­­­յու­­­թեան ջնջում կը սպառ­­­նան»։ Դու­­­րեանին կը պատ­­­կա­­­­­­­նին նաեւ «գե­­­րու­­­թեան շղթա­­­ները», «սեւ շղթայ» եւ «յա­­­ւիտե­­­նակա­­­նու­­­թեան շղթան» ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւննե­­­րը։ Բա­­­նաս­­­տեղծ-մտա­­­ւորա­­­կանը նաեւ պոռթկաց, ազ­­­գա­­­­­­­յին անզգայ­­­նութե­­­նէն յոգ­­­նած. «Մինչ ց՛երբ գո­­­չեմ, ձայ­­­նըս մէ­­­կը չը լը­­­սեր, հայն իւր ժան­­­գոտ շղթան եր­­­բեք չը սար­­­սեր»։ Հեգ­­­նա­­­­­­­կան է, որ օր մը Դու­­­րեանը, ի՛նքը մնաց շղթա­­­յուած.

«Ըրիր աչացդ մէկ կայ­­­ծին

Եւ մէկ վան­­­կիդ զ՛իս գե­­­րին,

Շղթա­­­յեցիր զ՛իս, ան­­­գութ»։

Ռա­­­փայել Պատ­­­կա­­­­­­­նեանը, մե­­­նատի­­­րու­­­թեան եւ բռնա­­­կալու­­­թեան դա­­­ժան տա­­­րինե­­­րուն զգաց շղթա­­­ներու ծան­­­րութիւ­­­նը։ Անոր գրի­­­չը կը ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նէ ժա­­­մանա­­­կաշրջա­­­նի գա­­­ղափա­­­րախօ­­­սու­­­թիւնը. «Հայ ազ­­­գը հե­­­ծեծում է, ձեռ­­­քը, ոտ­­­քը շղթա­­­յած», «Հի­­­մի էլ լռենք, երբ մեր թշնա­­­մին... մեր շղթան կռեց, վայ մեզ, շղթա­­­յով կա­­­պած գե­­­րի ենք», «Էլ չենք հա­­­ւատալ օտա­­­րի խոստման... ոս­­­կի շղթա­­­յով ձեռք ոտք է կա­­­պում»։ Այդ խեղ­­­դող ժա­­­մանակ­­­նե­­­­­­­րուն ըմ­­­բոստ դար­­­ձո­­­­­­­ւածք մը պի­­­տի յայտնուէր ան­­­շուշտ- «շղթա­­­ները փշրել»։ Մեր պատ­­­մութիւ­­­նը կը յի­­­շէ, թէ ու­­­նե­­­­­­­ցեր ենք պատ­­­րիարք մը, որ բա­­­ռացիօրէն «շղթա­­­յուած» էր- Պոլ­­­սոյ Գրի­­­գոր Շղթա­­­յակիր պատ­­­րիար­­­քը, ան, որ ինքզինք ու­­­թը տա­­­րի վի­­­զէն վար շղթա­­­յուած պա­­­հեց, մին­­­չեւ որ կա­­­րենայ Երու­­­սա­­­­­­­ղէմի վան­­­քի հսկա­­­յական պարտքե­­­րը վճա­­­րել։

Ոս­­­կե­­­­­­­դարէն սկսեալ ամէն հայ գրա­­­գէտ օղակ մը աւել­­­ցուց բա­­­ռին վրայ ու ան դար­­­ձաւ՝ շղթա­­­յագիծ, շղթա­­­յակապ, շղթա­­­յըն­­­թաց, շղթա­­­յագործ, շղթա­­­յապինդ, շղթա­­­յաբեկ, շղթա­­­յակից, շղթա­­­յակա­­­մուրջ, շղթա­­­յափակ։ Կ՚ու­­­զէք լսել մեր լե­­­զուի ամե­­­նաեր­­­կար շղթա­­­նե՞րը։ Այդ պա­­­տիւին կ՚ար­­­ժա­­­­­­­նանայ չորս բառ. շրթնաշղթա­­­յաշար, շղթա­­­յաւո­­­րու­­­թիւն, շղթա­­­յափա­­­կու­­­թիւն եւ շղթա­­­յազեր­­­ծութիւն։ Իսկ Լե­­­ւոն Շան­­­թը բառս վե­­­րածեց պատ­­­մա­­­­­­­կան թա­­­տերա­­­խաղի՝ «Շղթա­­­յուա­­­ծը»... Ին­­­չո՞ւ զար­­­մա­­­­­­­նալ այս բո­­­լորին, երբ հա­­­յերէ­­­նը Գե­­­ղամայ, Ծաղ­­­կունեաց, Զան­­­գե­­­­­­­զու­­­րի, Մթնա­­­սարի, Վար­­­դէ­­­­­­­նիսի, Լալ­­­վա­­­­­­­րի, Թե­­­ղենեացի, Բա­­­զու­­­մի, Փամ­­­պա­­­­­­­կի, Ոս­­­կե­­­­­­­պարի եւ 27 այլ լեռ­­­նաշղթա­­­ներու լե­­­զու է։ Եր­­­կար չտե­­­ւեց, որ մենք հասկնանք, նաեւ թէ «շղթայ» բա­­­ռը իր մէջ կը պա­­­րու­­­նա­­­­­­­կէ «յա­­­ջոր­­­դա­­­­­­­կանու­­­թիւն» իմաս­­­տը։ Ուստի, ու­­­նե­­­­­­­ցանք ժա­­­մանա­­­կակից ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւններ. «սննդա­­­կան շղթայ», «ապօ­­­րինի թմրաշրջա­­­նառու­­­թեան շղթայ», «կա­­­շառա­­­կերու­­­թեան շղթայ», «մա­­­տակա­­­րար­­­ման շղթայ», ինչպէս նաեւ Հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին առա­­­ջին պա­­­տերազ­­­մի տա­­­րինե­­­րուն 1, իսկ այժմ 6 կամ 8 մեթր հե­­­ռաւո­­­րու­­­թեամբ տե­­­ղաւո­­­րուած զի­­­նուոր­­­նե­­­­­­­րով կազ­­­մո­­­­­­­ւած «հրաձ­­­գա­­­­­­­յին շղթայ», եւ ան­­­շուշտ, ամե­­­նէն եր­­­ջանկա­­­բերը՝ «տօ­­­նածա­­­ռի լու­­­սաշղթայ»։ Սի­­­րելի ըն­­­թերցող, յի­­­շեց­­­նենք նաեւ, թէ այժմ հայ­­­րե­­­­­­­նիքի մէջ ուղղագ­­­րա­­­­­­­կան կա­­­նոն­­­նե­­­­­­­րու կա­­­ռավար­­­ման շղթա­­­յի որո­­­շու­­­մով բառս 20% կրճա­­­տուած կը մնայ- «շղթայ»։

- Պա­­­րոն, մարդկա­­­յին շղթան նոր գա­­­ղափար մը չէ՛- յան­­­կարծ կը լու­­­սա­­­­­­­ւորո­­­ւի Լա­­­րինը, երբ կը հաս­­­նի երկրորդ լու­­­րին, թէ Ամսթեր­­­տա­­­­­­­մի հա­­­յերը Հայ­­­կա­­­­­­­կան կա­­­մուրջի վրայ ի յի­­­շատակ ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թեան նա­­­հատակ­­­նե­­­­­­­րուն կազ­­­մեր են կեն­­­դա­­­­­­­նի շղթայ։

Հա­­­կառակ անոր, որ բա­­­ռը ու­­­նէր ժանտ ան­­­ցեալ մը եւ ընկճող ծան­­­րութիւն, օր մը յայտնո­­­ւեցան եր­­­կու հնա­­­րամիտ բա­­­նաս­­­տեղծներ ու «շղթայ» բա­­­ռը վե­­­րածե­­­ցին սի­­­րոյ կա­­­պի։ Մէ­­­կը Վա­­­հան Տէ­­­րեանն էր.

Քո շար­­­ժումնե­­­րը ու­­­րո­­­­­­­ւակա­­­նային...

շղթա­­­յեցին ինձ օղա­­­կով ան­­­տես։

Սի­­­րահար տղան շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կեց գրել. «Ես ու դու էլ շղթա­­­յուած ենք իրա­­­րու»։ Նոյն Տէ­­­րեանն էր, որ փե­­­տու­­­րի թե­­­թեւու­­­թիւն մը տո­­­ւաւ անոր եւ եր­­­կինք բարձրա­­­ցուց. «Կա­­­խար­­­դա­­­­­­­կան մի շղթայ կայ երկնքում»։ Իսկ Դա­­­նիէլ Վա­­­րու­­­ժա­­­­­­­նը այսպէս խօ­­­սեցաւ իր դուստրին հետ. «Շղթա­­­յէ վիզս այդ թե­­­ւերովդ քնքոյշ»։ Չա­­­րեն­­­ցը մե­­­զի տո­­­ւաւ «Արե­­­ւածա­­­գին բռնկուած շղթայ» գրա­­­կան պատ­­­կե­­­­­­­րը, մինչ Ռու­­­բէն Սե­­­ւակը ապ­­­րե­­­­­­­ցաւ «շղթա­­­յազերծ փո­­­թորիկ­­­ներ»։ Վեր­­­ջա­­­­­­­պէս, Իսա­­­հակեանը 1905 թո­­­ւակա­­­նին այսպէս խրա­­­խու­­­սեց հա­­­յու­­­թեան.

Դու մոխ­­­րի վրայ նստած ժո­­­ղովուրդ՝

յօ­­­շոտո­­­ւած ման­­­կանց դու՝ 
խե­­­լագար հայր, -

Դուրս եկ՝ դո՛ւ վագր, դո՛ւ շղթա­­­յազերծ։

- Պա­­­րոն, քա­­­նի՞ հո­­­գի պէտք էր շղթան ամ­­­բողջաց­­­նե­­­­­­­լու հա­­­մար։

- Մօ­­­տաւո­­­րապէս 250-300 հա­­­զար հո­­­գի։

- Ին­­­չո՛ւ մրցա­­­նիշը չկրցանք կոտ­­­րել։

- Լե­­­ռը փոքր եկաւ, Փա­­­թիլ, փո­­­թեր յա­­­ռաջա­­­ցան։

- Յա­­­ջոր­­­դին ե՛ս ալ շղթա­­­յի օղակ դառ­­­նալ կ՚ու­­­զեմ ու գրկել Արա­­­գածը։

Շղթայ... Բառ մը, որ հա­­­յը ան­­­բե­­­­­­­կանե­­­լիօրէն կը կա­­­պէ ան­­­ցեալին... եւ ապա­­­գային։