Տըրընդեզի կրակը

ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

oksana.karapetian@gmail.com

Դըրըն­­դեզ, Դեն­­դա­­­ռաջ, Տէ­­րին­­տաս, Տեառ­­նընդա­­ռաջ, այ­­սինքն՝ Տի­­րոջն ըն­­դա­­­ռաջ։

Երբ Մա­­րիամը 40 օրա­­կան Յի­­սու­­սին Տա­­ճարին ըն­­ծա­­­յելու կը բե­­րէ, նրանց ըն­­դա­­­ռաջ կու գայ Սի­­մէոն ծե­­րու­­նին, ում վի­­ճակո­­ւած էր մահ չտես­­նել մին­­չեւ Տի­­րոջ օծեալին տես­­նե­­­լը։

Տեառ­­նընդա­­ռաջը եկե­­ղեցին կը տօ­­նէ Փետ­­րո­­­ւարի 14-ին։ Նա­­խատօ­­նակի աւար­­տին կը կա­­տարեն Ան­­դաստա­­նի արա­­րողու­­թիւնը՝ եկե­­ղեցու կան­­թեղնե­­րէն վեր­­ցո­­­ւած կրա­­կով խա­­րոյկ կը վա­­ռեն՝ իբ­­րեւ Քրիս­­տո­­­սի լոյ­­սի խորհրդա­­նիշ, եւ կ՚օրհնեն աշ­­խարհի չորս ծա­­գերը։ Իսկ Տեառ­­նընդա­­ռաջի պա­­տարա­­գի աւար­­տին տե­­ղի կ՚ու­­նե­­­նայ նո­­րապ­­սակնե­­րի օրհնու­­թեան կարգ։

Սա­­կայն Տը­­րըն­­դե­­­զի հիմ­­նա­­­կան ծէ­­սը, որ մեզ կը յու­­շէ տօ­­նի՝ վաղնջա­­կան ժա­­մանակ­­նե­­­րէ ծա­­գած լի­­նելու մա­­սին, կրա­­կի հետ է կա­­պուած։ Կրա­­կի, որ կը մաք­­րա­­­գոր­­ծէ, կը սրբէ բո­­լոր ախ­­տերն ու չա­­րիքը, կա­­պաքի­­նէ հի­­ւանդնե­­րին, առա­­տու­­թիւն կը բե­­րէ բնու­­թեանը, օրհնու­­թիւն՝ մարդկանց։

«Ձմրան քա­­ռասունքը» վեր­­ջա­­­ցաւ, «մեծն գոլն ըն­­կաւ» բա­­ռերով կը վա­­ռէին խա­­րոյ­­կը՝ կոչ անե­­լով ամէն մէ­­կին մի փայտ, մի գե­­րան բե­­րել եւ կրա­­կը թե­­ժաց­­նե­­­լով՝ «ձմե­­ռը վա­­ռել»։

Կար ժա­­մանակ, որ իւ­­րա­­­քան­­չիւր տան բա­­կէն կ՚ել­­նէր Տրնդե­­զի կրա­­կի ծու­­խը․․․Մեր օրե­­րում խա­­րոյ­­կը, հիմ­­նա­­­կանէն, կը վա­­ռեն եկե­­ղեցու եւ նո­­րապ­­սակ կամ նշա­­նուած հարսնե­­րու տան բա­­կերում։

Նո­­րապ­­սակ տղա­­քը նոյն օրը կը բե­­րէին խա­­րոյ­­կի փայ­­տե­­­րը եւ իրենք ալ կը վա­­ռէին խա­­րոյ­­կը, նախ՝ եկե­­ղեցու բա­­կինը, ապա՝ եկե­­ղեցու խա­­րոյ­­կի կրա­­կով օծո­­ւած փայ­­տե­­­րով կը վա­­ռէին իրենց տան փոք­­րիկ խա­­րոյկնե­­րը։ Նո­­րափե­­սանե­­րը ըն­­ծայ կը տա­­յին եկե­­ղեցուն՝ գի­­նի, դրամ, որե­­ւէ մա­­տաղա­­ցու…

Նախ օրհնանքնե­­րու ներ­­քոյ նո­­րապ­­սակնե­­րը կը պտտո­­ւէին խա­­րոյ­­կի շուրջը՝ իրենց պսա­­կի հա­­գուստնե­­րը հա­­գին․սա կրկնապ­­սակ կը կո­­չուէր։ Յա­­ճախ նո­­րահար­­սի գիր­­կը տղայ մանչ կը դնէին, որ­­պէսզի նրա առաջ­­նեկն ալ տղայ ըլ­­լայ։ Իսկ մոր եւ ման­­կան պտոյ­­տը մոր հա­­մար բազ­­մածնու­­թեան, իսկ ման­­կան՝ եր­­կա­­­րակե­­ցու­­թեան նշան էր։

Տրնդե­­զը կը յի­­շուի որ­­պէս նո­­րահարսնե­­րու տօն։ Այդ օրը կե­­սուրներն իրենց հարսնե­­րին «ցոյց կու տա­­յին կրա­­կին»՝ եկե­­ղեցու կրա­­կից յե­­տոյ իրենց ազ­­գա­­­կանու­­հի­­­ների հետ կայ­­ցե­­­լէին հարսնա­­ցուի տուն եւ ան­­ձամբ կ՚ու­­ղեկցէին հարսնա­­ցուին՝ կրա­­կի շուրջը պտտե­­լու։ Իսկ ահա նոր նշա­­նուած հարսնե­­րին «փայ» կը ղրկէին՝ ըն­­կուզե­­ղէն, չա­­միչ, աղանձ, մրգեր եւ որե­­ւէ զարդ։

Քա­­նի որ Տրնդե­­զի կրա­­կը ըղ­­ձա­­­կատար էր, մար­­դիկ իրենց փա­­փագը խորհրդան­­շող որե­­ւէ իր կը նե­­տէին խա­­րոյ­­կի մէջ՝ ցո­­րեն, ման­­րադրամ։ Նոյն նպա­­տակով նո­­րահարսնե­­րը փայ­­տէ փոք­­րիկ ճիւ­­ղե­­­րին գոյնզգոյն լա­­թեր կը կա­­պէին եւ կը նե­­տէին կրա­­կի մէջ։

Տրնդե­­զի կրա­­կը բա­­րեբեր էր, չա­­րը խա­­փանող, հի­­ւան­­դութիւ­­նը բու­­ժող։ Խա­­րոյ­­կի վրա­­յով առա­­ջինը կը թռչեր տան ամե­­նատա­­րեց կի­­նը, որ­­պէսզի «տունն ազա­­տի չար­­քե­­­րէն»։ Ապա նո­­րապ­­սակնե­­րը, երի­­տասարդնե­­րը, երե­­խանե­­րը, նաեւ՝ հի­­ւանդնե­­րը՝ ապա­­քինո­­ւելու, ամուլ կա­­նայք՝ մայ­­րա­­­նալու յոյ­­սով։ Եթէ յան­­կարծ կրա­­կը փէ­­շը կամ մա­­զը այ­­րեր, ցատ­­կողն այդ տա­­րի զերծ կը մնար օձի կամ կա­­րիճի խայ­­թո­­­ցից։

Կրա­­կի մո­­խիրը ջրի մէջ կը լու­­ծեին եւ հի­­ւանդնե­­րին կը խմեց­­նեին, նաեւ ծննդկան­­նե­­­րին, որ հեշտ ազա­­տուեն։ Երե­­խանե­­րի վզին ու դէմ­­քին կը քսէին, որ «լուսնի նո­­րէն» չազ­­դո­­­ւեն, ձյան հետ խառ­­նե­­­լով կ՚ու­­տէին, որ դո­­ղէրոց­­քով չհի­­ւան­­դա­­­նան, աչ­­քե­­­րը կը ներ­­կէին՝ աչա­­ցաւ չու­­նե­­­նալու հա­­մար։

Մո­­խիրը եր­­դի­­­կէն ներս կը նե­­տէին՝ «կա­­տուն ներս, մու­­կը դուրս» ասե­­լով։ Շատ ան­­գամ մո­­խիրը եւ խան­­ձողնե­­րը կը պա­­հէին, ապա ամեն ան­­գամ հաց թխե­­լիս, քիչ մը այդ մո­­խիրէն կը նե­­տէին թոն­­րի մէջ, այն կը խառ­­նէին սեր­­մա­­­ցու ցո­­րենին, գար­­նա­­­նը շաղ կը տա­­յին ար­­տե­­­րում։

Տրնդե­­զի խա­­րոյ­­կէն կրակ կը վերցնէին եւ տան շուրջը կը պտտցնէին։ Տրնդե­­զի կրա­­կով խան­­ձո­­­ւած փայ­­տե­­­րով ու մո­­խիրով դուրս կը հրա­­ւիրէին ձմռան ոգի­­ներուն՝ ամա­­նորին եկած շվոտ­­նե­­­րին ու խոն­­ջո­­­լեզ­­նե­­­րին, այդ նպա­­տակով խա­­րոյ­­կի կրա­­կով վա­­ռուած մեղ­­րա­­­մոմ կը կա­­թեց­­նէին ման­­կանց հա­­գուստնե­­րի մէջ։

Խան­­ձողնե­­րը տուն կը տա­­նէին եւ դրան­­ցով կը նո­­րոգէին տան ճրա­­գը, օջա­­խի կրա­­կը, դրանք կը նե­­տէին գոմն ու հա­­ւաբու­­նը՝ տան կեն­­դա­­­նինե­­րին չար ներ­­գործու­­թիւնէ պաշտպա­­նելու հա­­մար։ Դրան­­ցով եր­­դի­­­կին ու դրան շրջա­­նակին խաչ կը ներ­­կէին։

Տրնդե­­զի կրակն ու ծու­­խը բախ­­տա­­­գու­­շակ էին։ Քա­­մին ծու­­խը որ կողմ տա­­րաւ, այդտեղ էլ պէտք էր սպա­­սել ամե­­նառատ բեր­­քը։ Թէ իսկ թէ կրա­­կը չա­­մուսնա­­ցած աղջկայ փէ­­շը վա­­ռէր, ու­­րեմն այդ տա­­րի նա ան­­պայման կա­­մուսնա­­նար։ Մա­­րած կրա­­կի մո­­խիրը տղա­­քը օդ կը թռցնէին եւ ըստ մոխ­­րի ուղղու­­թեան կը գու­­շա­­­կէին իրենց ապա­­գայ կնոջ տու­­նը։

Տրնդե­­զի կրա­­կը կը վե­­րաց­­ներ այ­­լե­­­ւայլ ար­­գելքներ։ Զո­­րօրի­­նակ՝ նո­­րափե­­սանե­­րի՝ անե­­րոջ տուն այ­­ցե­­­լելու ար­­գելքը․սա «խզես­­ցուք զկա­­պանս» կը կո­­չուէր։ Նաեւ նոր ծննդա­­բերած, բայց քա­­ռասունքը դե­­ռեւս չլրա­­ցած մայ­­րե­­­րը Տրնդե­­զին կա­­րող էին թռչել կրա­­կի վրա­­յով եւ ազա­­տուել քա­­ռասունքի փոր­­ձութիւննե­­րէն ու չա­­րիք­­նե­­­րէն։ Իսկ ահա Տրնդե­­զին ծնո­­ւած մա­­նուկնե­­րը «կրա­­կոտ» էին՝ «լուս խա­­թու­­ն» եւ «լուս պա­­րոն» կը կոչէին նրանց։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ