ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ԱՌԱԳԱՍՏ

Զբօ­­սաշրջիկ­­նե­­­րու հա­­մար շատ ան­­գամ առաջ­­նա­­­հեր­­թութիւն մը չէ Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ առա­­գաս­­տա­­­նաւ տես­­նել կամ առա­­գաս­­տա­­­նաւով ճամ­­բորդել։ Մինչդեռ Սե­­ւանի ջու­­րե­­­րու վրայ նա­­ւապ­­տոյտ ընե­­լու պատ­­րաստո­­ւող մեր աշա­­կերտնե­­րուն հա­­մար ան դուրս կ՛ել­­լէ վա­­րագոյր հա­­գած ծո­­վային փո­­խադ­­րա­­­միջոց մը ըլ­­լա­­­լէ ու ծնունդ կու տայ ան­­սահման երե­­ւակա­­յու­­թիւննե­­րու։ Այդ միտ­­քով է, որ անոնք կը սպա­­սեն նստիլ «Կի­­լիկիա» առա­­գաս­­տա­­­նաւը, որ դան­­դա­­­ղօրէն կը մօ­­տենայ լճեզր։ Թո­­կերը կը նե­­տուին։ Նա­­ւաս­­տի մը զայն կ՚ամ­­րացնէ։ Տե­­սար­­ժան երե­­ւոյթ- միջ­­նա­­­դարեան միակայմ առա­­գաս­­տա­­­նաւ, որ Մի­­ջերկրա­­կանէն հո­­վեր առած, եր­­կու հա­­զար մէտր բարձրա­­ցեր՝ հա­­սեր է հրաբ­­խա­­­յին այս լեռ­­նաշխար­­հի ան­­մատչե­­լի թո­­ւացող լի­­ճը։ Նա­­ւապե­­տը սա­­կաւա­­խօս պա­­րոն մըն է, խո­­հուն, որ կ՚երե­­ւի աւե­­լի լաւ լե­­զու կը գտնէ ծո­­վերու եւ ալիք­­նե­­­րու հետ, քան թէ՝ իր ու­­ղե­­­ւոր­­նե­­­րու։

- Պա­­րոն նա­­ւապետ կը շնոր­­հա­­­ւորեմ «Կի­­լիկիայ»ի յա­­ջողու­­թիւննե­­րը։

- Վի­­պական ար­­կա­­­ծախնդրու­­թիւն էր։ Տասնհինգ տա­­րի առաջ Սե­­ւանի ջու­­րե­­­րուն մէջ «մկրտե­­ցինք» զայն, ապա փո­­խադ­­րե­­­ցինք Վրաս­­տան, Սեւ Ծով, ուրկէ երեք տա­­րուայ ըն­­թացքին ան­­ցանք Եւ­­րո­­­պայի ծո­­վեզ­­րե­­­րը, հայ առեւտրա­­կան­­նե­­­րու ու­­ղի­­­ներով։ 63 նա­­ւահան­­գիստ, 25 եր­­կիր...։ Մեծ եռանդ ստեղ­­ծեց, մեծ եռանդ... Սփիւռքի մեր քոյ­­րերն ու եղ­­բայրնե­­րը իրենց աչ­­քե­­­րուն չէին հա­­ւատար։ Հայ­­կա­­­կան դրօ­­շակի տակ առա­­գաս­­տա­­­նա՜ւ... Երա­­զային էր։

-Պա­­րոն նա­­ւապե՛տ, «առա­­գաստ» բառն ալ ու­­նե­­­ցեր է ի՛ր ոդի­­սակա­­նը, ի՛ր նա­­ւուղղու­­թիւնը։ 5-րդ դա­­րու աւանդ բառ է։ Կազ­­մո­­­ւած է «ագ» ար­­մա­­­տով, «առ» եւ «աստ» մաս­­նիկնե­­րով։ Նոյն ար­­մա­­­տով ու­­նինք «ագա­­նիլ»՝ այ­­սինքն «հագ­­նիլ» բա­­յը։ Կաս­­կած չկայ, թէ «առա­­գաստ»ը մեր ամե­­նէն թե­­ւաւոր բա­­ռերէն մէկն է։ Անոր առա­­ջին իմաստն էր «վա­­րագոյր», ուրկէ «առա­­գաս­­տա­­­նաւ» բա­­ռը, այ­­սինքն նաւ, որ իր կայ­­մե­­­րուն վրայ բարձրա­­ցող լա­­թի վրայ հո­­վեր կը հա­­ւաքէ։ Հին դա­­րերուն նշա­­նակեր է նաեւ՝ աչ­­քի թա­­ղանթ եւ ստո­­ծանի։ Կի­­լիկեան թա­­գաւո­­րու­­թեան օրե­­րուն, երբ Մի­­ջին հա­­յերէնն էր մեր պաշ­­տօ­­­նական լե­­զուն, (լե­­զու մը, որ նաեւ ծա­­նօթ է որ­­պէս «ռամ­­կօ­­­րէն») ու երբ «Կի­­լիկիա» նա­­ւը կը ծփար Մի­­ջերկրա­­կանի ջու­­րե­­­րուն վրայ, ու­­նէինք «առա­­գաս­­տել» բա­­յը, որ կը նշա­­նակէր՝ պար­­փա­­­կել, ծած­­կել, պա­­հել։ Արա­­րատեան բար­­բա­­­ռի մէջ ան հնձա­­նի այն մասն էր, ուր շի­­նուած կ՚ըլ­­լար խա­­ղող ճմլե­­լու գու­­բը։ Իսկ երե­­ւան­­ցի­­­ներու հա­­մար բա­­ռը «ըռա՛քաստ» էր, տան այն սե­­նեակը, ուր գի­­նի հա­­նելու հա­­մար խա­­ղող կը կո­­խէին։ Ուշ միջ­­նա­­­դարուն ան հա­­գաւ եկե­­ղեցա­­կան ճար­­տա­­­րապե­­տական իմաստ- չորս սիւ­­նե­­­րու վրայ զե­­տեղո­­ւած չորս եռան­­կիւնա­­ձեւ գո­­գաւոր կա­­մար, որուն վրայ կը նստի գմբէ­­թը։

- Մեր բո­­լոր հիւ­­րե­­­րուն կը խրա­­տենք տես­­նել Արե­­նի գիւ­­ղի եկե­­ղեցին ու հիանալ Մո­­միկի ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծած առա­­գաստնե­­րուն։ Անոնց վրայ վարդպե­­տը (*) քան­­դա­­­կած է չորս աւե­­տարա­­նիչ­­նե­­­րու խորհրդա­­պատ­­կե­­­րը։

- Հա­­յերս ու­­նե­­­ցեր ենք նաեւ «առա­­գաս­­տի գի­­շեր» ար­­տա­­­յայ­­տութիւ­­նը՝ նո­­րապ­­սակ զոյ­­գե­­­րու առա­­ջին գի­­շերը։ Այդպէս է կո­­չուած, որով­­հե­­­տեւ ամուսնա­­ցած զոյ­­գի հա­­մար հօ­­րենա­­կան տան մէկ ան­­կիւնը կը կի­­սէին վա­­րագոյ­­րով, որ­­պէսզի նո­­րապ­­սակնե­­րը ու­­նե­­­նային «սե­­փական» ննջա­­սենեակ։

- Հին ծո­­վային­­նե­­­րը գոր­­ծա­­­ծեր են դա­­սակա­­նացած ար­­տա­­­յայ­­տութիւններ, ինչպէս՝ «առա­­գաստ պար­­զել», «առա­­գաստ վե­­րացու­­ցա­­­նել» եւ «իջու­­ցա­­­նել զա­­ռագաստ»։ Իսկ երբ առա­­գաստնե­­րը ու­­ռեր են հո­­վով, գոր­­ծա­­­ծեր են «խորշ առ­­նուլ առա­­գաս­­տից» դար­­ձո­­­ւած­­քը։

- Պա­­րոն նա­­ւապետ, հա­­զար տա­­րի առաջ էր... Վա­­նայ ծո­­վու ափին, նա­­ւապետ մը դժբախտ, ձեռ­­քե­­­րը ծնօ­­տին դրած, մնաց կար­­կա­­­մած։ Անոր նա­­ւակի առա­­գաստնե­­րը ծո­­ւէն-ծո­­ւէն կ՚ըլ­­լա­­­յին, կը դառ­­նա­­­յին ան­­կարկա­­տելի՝ յանձնո­­ւելով փո­­թորի­­կին։ Գրի­­գոր Նա­­րեկա­­ցին նկա­­րագ­­րեց այդ տե­­սարա­­նը. «Առա­­գաս­­տին թռչա­­րան յան­­կարկա­­տելի ծո­­ւէնս պա­­տառե­­ցաւ»։ Սուրբին կը պատ­­կա­­­նին նաեւ «առա­­գաստ սրա­­հի» եւ «առա­­գաստն անջրպե­­տարան» ար­­տա­­­յայ­­տութիւննե­­րը։ Իսկ սուրբ Ներ­­սէս Շնոր­­հա­­­լիի մէկ տա­­ղը կ՚ըսէ. «Այ­­սօր մայր Սիոն ցնծայ տօ­­նելով, բա­­նայ զա­­ռագաստ, զար­­դա­­­րի փա­­ռօք»։ Նոյն թո­­ւական­­նե­­­րուն, Հա­­ղար­­ծի­­­նի վան­­քին մէջ Խա­­չատուր Տա­­րօնա­­ցին գրի առեր է «Խոր­­հուրդ Խո­­րին» շա­­րակա­­նը, որու մէջ երա­­ժիշտ վա­­նահայ­­րը պատ­­կե­­­րացու­­ցեր է երկնա­­ւոր բնա­­կարան մը- «առա­­գաստ ան­­մա­­­տոյց լու­­սոյն»։ Բնա­­կան է, որ բա­­ռը ներշնչած ըլ­­լար բարդ բա­­ռեր, ինչպէս՝ առա­­գաս­­տա­­­ձեւ, առա­­գաս­­տա­­­նուէր, առա­­գաս­­տասպաս, առա­­գաս­­տա­­­փակ, երե­­քառա­­գաս­­տեան։ Բայց, ե՞րբ է, որ ան հո­­գեւոր գրա­­կանու­­թեան ջու­­րե­­­րէն դուրս ելաւ ու սկսաւ աշ­­խարհա­­յին­­նե­­­րու ով­­կիանո­­սին մէջ լո­­ղալ...։ Նոր դա­­րերուն։ Ան տա­­կաւ առ տա­­կաւ, թե­­ւերը բա­­ցաւ, հո­­վեր առաւ ու սկսաւ աշ­­խարհիկ քնա­­րեր­­գութեան բաց ծո­­վուն մէջ նա­­ւար­­կել։

Աշ­­խարհում չկայ ոչ մի փո­­թորիկ,

Որ չխո­­նար­­հո­­­ւի առա­­գաս­­տիդ դէմ։

Բա­­նաս­­տեղծ Խա­­չիկ Մա­­նու­­կեանն է այս տո­­ղերու հե­­ղինա­­կը։ Իսկ երի­­տասարդ բա­­նաս­­տեղծու­­հի Քրիս­­տի­­­նէ Գուլբու­­դա­­­ղեան­­ցը երա­­զեր է այսպէս.

Մեր երազ նա­­ւը աշուղ էր մի,

Առա­­գաս­­տը՝ երա­­զից լու­­սոյ...

Առա­­գաս­­տը արբշիռ՝

Սի­­րոյ կե­­նացից.

- Իսկ ես յի­­շեց­­նեմ «Առա­­գաստ» կա­­նանց շա­­բաթա­­թեր­­թը, որ թե­­ւեր առած էր 1991-ին, ան­­կա­­­խու­­թեան օրե­­րուն եւ նա­­ւար­­կեց մին­­չեւ 1994։ Հայ­­րե­­­նիքի մէջ ու­­նե­­­ցեր ենք բազ­­մա­­­թիւ գիր­­քեր, որոնք «առա­­գաստ» բա­­ռով մկրտո­­ւած են։ Իմ առա­­ջին սէրն էր Լու­­տո­­­ւիկ Դու­­րեանի «Եռա­­գոյն առա­­գաստ» ժո­­ղովա­­ծուն։ Անոր հե­­տեւե­­ցան ու­­րիշներ- «Անին՝ առա­­գաստ մեր քա­­րէ ծո­­վին», «Առա­­գաստն իմ մէջ», «Յոյ­­սի առա­­գաստներ», «Բա­­ցուած առա­­գաստներ», «Լոյ­­սէ առա­­գաստ»...։

-Պա­­րոն նա­­ւապետ ի՞նչ է ձեր յա­­ջորդ ծրա­­գիրը։

-Ճիշ­­դը ըսեմ, մենք ծրա­­գիր­­նե­­­րու մարդ չենք։ Մենք աւե­­լի գե­­ղապաշտ ենք, քան՝ իրա­­պաշտ։ Շատ ան­­գամ կ՚առաջ­­նորդուինք երազ­­նե­­­րով, կամ քնա­­րական տող մը կը ներշնչէ մեզ ու կը լո­­ղանք մտքե­­րու ծո­­վու մէջ։ (**)

«Կի­­լիկիա»-ն կը սկսի դան­­դա­­­ղօրէն ըն­­թա­­­նալ։ Աշա­­կերտնե­­րը կը վա­­յելեն այդ խորհրդա­­ւոր ժա­­մը։ Վա­­հէն գլու­­խը ձեռ­­քե­­­րուն տակ առած՝ պառ­­կած է նա­­ւախե­­լի մօտ ու կը դի­­տէ սա­­հող ամ­­պե­­­րը։ Սա­­րինն ու Նու­­շի­­­կը վան­­դա­­­կապա­­տին կրթնած՝ իրենց մա­­զերը յանձնած են հո­­վուն։ Իսկ Փա­­թիլն ու Արա­­մը ցռու­­կին վրայ կանգնած, բա­­ցեր են իրենց թե­­ւերը դէ­­պի հո­­րիզոն ու կար­­ծեր են, թէ Թի­­թանիք շար­­ժանկա­­րի դե­­րասան­­ներ են։ Իսկ Նա­­րեկը սկսեր է իր կի­­թառով նո­­ւագել «Յու­­սոյ առա­­գաստ» եր­­գը, որ այս պտոյ­­տի հա­­մար պատ­­րաստած էր։ Անոր կ՚ըն­­կե­­­րակ­­ցի Անին.

Պա­­րիր ծո­­վի վրայ,

Մեր յոյ­­սե­­­րից ծնո­­ւած նա­­ւակ,

Լո­­ղա՛, ծո­­վերն ի վեր,

Պար­­զած ճեր­­մակ առա­­գաստներ...

Յու­­սոյ ճեր­­մակ առա­­գաս­­տով,

Հա­­սիր բաց ծով։

 

(*) Միջ­­նա­­­դարեան հայ ճար­­տա­­­րապե­­տի տիտ­­ղոս։

(**) Նա­­ւապե­­տի խօս­­քե­­­րը վե­­րածուած են արեւմտահայերէնի։