«Իսթանապուլի համագործակցութիւնը պիտի տարածենք բովանդակ երկրին»

Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան Իսթանպուլի քաղաքապետական ընտրութիւններուն մէջ արձանագրած յաղթանակին կարեւոր դերակատարներէն մէկն է, այդ կուսակցութեան Իսթանպուլի նախագահ՝ Ճանան Քաֆթանճըօղլու։

Իր այս պաշտօնը ստանձնելէն մէկուկէս տարի վերջ Ժողովրդահանրապետական կուսակցութիւնը յաջողեցաւ Ճանան Քաֆթանճըօղլուի վարած ընտրարշաւի արդիւնքով նուաճել Իսթանպուլի քաղաքապետութեան խիստ կարեւոր դիրքը։ Կուսակցութիւնը այսպէսով 25 տարուայ ընդհատումէ ետք վերատիրացաւ Իսթանպուլի քաղաքապետութեան։ Այս առթիւ զրուցեցինք Ճանան Քաֆթանճըօղլուի հետ նիւթ ունենալով, թէ 23 Յունիսի ընտրութիւնները, եւ թէ կուսակցութեան ապագայի մասին հեռանկարները։


ՖԵՐՏԱ ՊԱԼԱՆՃԱՐ

ferda@agos.com.tr 

 

Բազ­­­մա­­­­­­­թիւ դի­­­տորդներ ընտրու­­­թեան յա­­­ջողե­­­լուն մէջ կը մատ­­­նանշեն կազ­­­մա­­­­­­­կերպչու­­­թեան կա­­­րեւո­­­րու­­­թիւնը։ Դուք ալ յա­­­ճախ ակ­­­նարկած էք խա­­­րիս­­­խէն բարձրա­­­ցող կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պո­­­­­­­ւածու­­­թեան մը կա­­­րեւո­­­րու­­­թեան մա­­­սին։ Ու­­­րեմն զրոյ­­­ցին սկսին այս երե­­­ւոյ­­­թով։

Իրա­­­կանու­­­թեան մէջ ձեր մատ­­­նանշա­­­ծը նո­­­րարա­­­րու­­­թիւն մը չէ։ Ես Իս­­­թանպու­­­լի նա­­­հան­­­գա­­­­­­­յին վար­­­չութեան թեկ­­­նա­­­­­­­ծու­­­թիւնս առա­­­ջար­­­կած պա­­­հուն խոս­­­տա­­­­­­­ցած էի, որ յետ այ­­­սու կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութիւն մը պի­­­տի դառ­­­նանք։ Այս ըսե­­­լով շեշ­­­տել կ՚ու­­­զէի թէ գոր­­­ծը պի­­­տի գե­­­րակշռէ խոս­­­տումնե­­­րու դի­­­մաց։ Ար­­­դա­­­­­­­րեւ անցնող 18 ամիս­­­նե­­­­­­­րու ըն­­­թացքին մեր աշ­­­խա­­­­­­­տանքնե­­­րը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կեցինք այս սկզբունքի հի­­­ման վրայ։ Իրա­­­կանու­­­թեան մէջ մեր ըրած­­­նե­­­­­­­րը նա­­­խապէս ալ որ­­­դեգրո­­­ւած, բայց չի­­­րակա­­­նացած­­­նե­­­­­­­րը կեան­­­քի կո­­­չել էր։ Ըստ ին­­­ծի յաղ­­­թա­­­­­­­նակը կա­­­պուած է, ճիշդ ալ այս կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պո­­­­­­­ւածու­­­թեան վրայ։ Դար­­­ձեալ իմ ընտրո­­­ւած հա­­­մագու­­­մա­­­­­­­րի ըն­­­թացքին խոս­­­տա­­­­­­­ցած էի ըսե­­­լով որ իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թեան այս քաղաքէն եկան եւ այս քաղաքէն ալ պի­­­տի եր­­­թան։ Այ­­­սօր իմ գոր­­­ծընկեր­­­նե­­­­­­­րը յա­­­ճախ կը յի­­­շեց­­­նեն իմ այդ օրե­­­րու ելոյթնե­­­րը, որոնք մի առ մի իրա­­­կանա­­­ցան։ Ճիշդ է ես ըսած էի, բայց ու­­­րախ եմ որ իմ գոր­­­ծընկեր­­­ներն ալ բաժ­­­նե­­­­­­­ցին այդ միտ­­­քե­­­­­­­րը եւ գոր­­­ծե­­­­­­­ցին հա­­­մապա­­­տաս­­­խան եռան­­­դով։ Մենք այսպէ­­­սով նաեւ յա­­­ջողե­­­ցանք մէկ­­­տե­­­­­­­ղել իրար­­­մէ ան­­­ջատ ըն­­­թա­­­­­­­ցող զա­­­նազան գոր­­­ծե­­­­­­­րը։

Օրի­­­նակով մը կրնա՞ք յի­­­շել։

Սի­­­րով կը յի­­­շեմ, բայց չեմ ու­­­զեր, որ իմ այս խօս­­­քե­­­­­­­րը նա­­­խորդ շրջա­­­նի հա­­­մար բո­­­ղոք կամ քննա­­­դատու­­­թիւն ըլ­­­լա­­­­­­­լով ըն­­­կա­­­­­­­լուին։ Օրի­­­նակի հա­­­մար մեր բո­­­լոր շար­­­քա­­­­­­­յին­­­նե­­­­­­­րը կը բաժ­­­նէին «Պէտք է շատ աշ­­­խա­­­­­­­տինք» կար­­­գա­­­­­­­խօսը, բայց առ­­­հա­­­­­­­սարակ չէին աշ­­­խա­­­­­­­տեր։ Իսկ ներ­­­կա­­­­­­­յիս, երբ կ՚ըսեմ ժա­­­մը 06.00-ին սնտուկնե­­­րու մօտ գտնո­­­ւինք, ես ար­­­դէն հոն գա­­­ցած կ՚ըլ­­­լա­­­­­­­յի 05.00-ին։ Երբ կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութեան կ՚ըսէի։ Գո­­­հացէք չորս ժա­­­մուայ քու­­­նով, ես եր­­­բեք 3,5 ժա­­­մէ աւե­­­լի չէի քներ։

Քա­­­ղաքի վա­­­րիչ ընտրո­­­ւելէ ետք շրջա­­­նային վա­­­րիչ­­­նե­­­­­­­րը ժո­­­ղովի հրա­­­ւիրե­­­ցի առա­­­ւօտո­­­ւայ եօթին։ Բո­­­լորին հա­­­մար խիստ ան­­­սո­­­­­­­վոր ժամ մըն էր այդ եւ իրենցմէ շա­­­տեր կը կար­­­ծէին թէ այդ ժո­­­ղովով իրենց հրա­­­ժարու­­­մը պի­­­տի պա­­­հան­­­ջեմ։ Այս ալ սո­­­վորա­­­կան երե­­­ւոյթ էր, քա­­­նի որ ան­­­ցեալին քա­­­ղաքի վար­­­չութեան փո­­­փոխու­­­թիւննե­­­րուն նոր պաշ­­­տօ­­­­­­­նակո­­­չուա­­­ծը կ՚ու­­­զէր իր ճշդած անձնա­­­կազ­­­մով աշ­­­խա­­­­­­­տիլ։ Բայց իմ միտ­­­քը բո­­­լորո­­­վին տար­­­բեր էր։ Մինչդեռ ես այդ ժո­­­ղովին լսել ու­­­զա­­­­­­­ծ էի անոնցմէ իւ­­­րա­­­­­­­քան­­­չիւրին ան­­­հա­­­­­­­տական մաս­­­նա­­­­­­­գիտու­­­թիւնը եւ զբաղ­­­մունքը։ Այս ալ զար­­­մա­­­­­­­նալի թո­­­ւացած էր, քա­­­նի որ ինձմէ առաջ ոչ ոք հե­­­տաքրքրո­­­ւած էր իր գլխա­­­ւորած կազ­­­մի ան­­­դամնե­­­րուն աս­­­պա­­­­­­­րէզ­­­նե­­­­­­­րով։

 

Նա­­­խապէս հար­­­ցազրոյց մը ու­­­նե­­­­­­­ցած էի ձեր կու­­­սակցու­­­թեան շրջա­­­նային վար­­­չութիւննե­­­րէ պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նատու Աթէշ Իլ­­­յաս Պաշ­­­սո­­­­­­­յի հետ։ Պաշ­­­սոյ յայտնած էր թէ Էք­­­րեմ Իմա­­­մօղ­­­լուի յաղ­­­թա­­­­­­­նակը կու­­­սակցու­­­թե­­­­­­­նէ ներս կա­­­տարո­­­ւած փո­­­փոխու­­­թիւննե­­­րու հե­­­տեւանքն է եւ ինք այդ փո­­­փոխու­­­թիւննե­­­րուն արդիւնքն է միայն։ 

Ամ­­­բողջո­­­վին կը ձայ­­­նակցիմ Պաշ­­­սո­­­­­­­յի խօս­­­քե­­­­­­­րուն։ Ես ալ այդ փո­­­փոխու­­­թեան մէկ հե­­­տեւանքն եմ։ Բայց այստեղ կ՚ու­­­զեմ յա­­­ւելեալ հաս­­­տա­­­­­­­տում մը եւս ընել։ Ճա­­­նան Քաֆ­­­թանճըօղ­­­լու հա­­­մագու­­­մա­­­­­­­րի ըն­­­թացքին նախ­­­կին հաս­­­կա­­­­­­­ցողութեան դէմ բուռն հա­­­կազ­­­դե­­­­­­­ցու­­­թիւն ցու­­­ցա­­­­­­­բերած եւ այդ հա­­­կազ­­­դե­­­­­­­ցու­­­թիւնն ալ կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութեան կող­­­մէ դրա­­­կան գնա­­­հատո­­­ւած է։ Այ­­­սինքն այդ ար­­­ձա­­­­­­­նագ­­­րո­­­­­­­ւած փո­­­փոխու­­­թիւնն ալ պայ­­­քա­­­­­­­րի մը հե­­­տեւանքն է։

 

Քիչ առաջ նշե­­­ցիք, որ կ՚ակ­­­նարկէք եր­­­կա­­­­­­­րատեւ պայ­­­քա­­­­­­­րի մը։ Ի՞նչ է յա­­­ռաջի­­­կայի մա­­­սին ձեր ակնկա­­­լու­­­թիւննե­­­րը։

Մին­­­չեւ օրս ան­­­հա­­­­­­­տական հա­­­շիւ մը չեմ հե­­­տապնդած։ Իմ հե­­­ռան­­­կարս եղաւ Թուրքիոյ մէջ մարդկանց իրա­­­րու հետ առանց բա­­­նավէ­­­ճի կա­­­րենալ խօ­­­սելու գե­­­տինը պատ­­­րաստել։ Կը պայ­­­քա­­­­­­­րիմ հաշտ ու հա­­­մերաշխ Թուրքիայի մը հե­­­ռան­­­կա­­­­­­­րով։ Ես ալ բո­­­լոր քա­­­ղաքա­­­ցինե­­­րու նման կը տես­­­նեմ, որ քա­­­ղաքա­­­կան դաշ­­­տի մէջ նոր շրջա­­­նի մը թե­­­ւակո­­­խած ենք։ Քա­­­ղաքա­­­ցինե­­­րու մի­­­ջեւ խտրա­­­կանու­­­թիւն եւ թշնա­­­մու­­­թիւն հրահ­­­րող ռազ­­­մա­­­­­­­վարու­­­թեան փո­­­խարէն իրերհաս­­­կա­­­­­­­ցողութեան եւ հա­­­մերաշ­­­խութեան ձգտելու մարմաջը ունիմ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ