Պօղոսեան Վառվառեան վարժարանը վարձուած

Գումգաբու դրսի երբեմնի Պօղոսեան Վառվառեան վարժարանը տասը տարուայ ժամկէտով վարձուած է ընկերութեան մը, որ շէնքը պիտի շահագործէ իբրեւ գրասենեակ, որ օժտուած է նաեւ հիւրանոցով եւ ճաշասրահով։ Այս մասին Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ատենապետ Արուշ Թաշ «Ակօս»ին կը յայտնէ թէ անհիմն են շէնքը հիւրանոցի մը վարձակալելու մասին զրոյցները։ Ինչպէս ծանօթ է Պօղոսեան Վառվառեան վարժարանը աշակերտ չգոյութեան պատճառաւ փակուած էր 1981 թուականին։ Վերջերս կը ծրագրուէր դպրոցը տրամադրել հայաստանցի աշակերտներու ուսում ստացած Կէտիկփաշայի հայ աւետարանական եկեղեցւոյ։ Այս մասին նոյնիսկ համաձայնութիւն մըն ալ գոյացած էր։ Սակայն դպրոցի թաղականներէն մէկը, որ կը շահագործէր շէնքին մէկ հատուածը, որպէս շտեմարան, մերժեց պարպել այդ հատուածը եւ այդպէսով ալ չիրականացաւ Հրանդ Տինք վարժարանի փոխադրութեան նախագիծը։ Արուշ Թաշ այս մասին կ՚ըսէ թէ շէնքը ունի տարեկան երեսուն հազար լիրայի հասնող ծախս մը։ «Այս վարձակալութեամբ պիտի կրնանք յաղթահարել այդ ծախսը, քանի որ վարձակալի հետ ալ համաձայնած ենք ամէն տարի մօտաւորապէս 20 տոկոսի համեմատութեամբ յաւելում ընելու մասին»։ 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ