Օշականներու ոտնահետքով սերնդափոխութեան մասին

Փորթուկալի մայ­­րա­­­­­­­քա­­­­ղաք Լիզ­­­­պո­­­­­­­­­­­­­­­նի մէջ 23-25 Յու­­­­լիս 2019 թո­­­­ւակա­­­­նին տե­­­­ղի ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցաւ սփիւռքա­­­­հայ գրա­­­­կանու­­­­թեան հետ առնչո­­­­ւած եր­­­­կու մի­­­­ջոցա­­­­ռում։

Առա­­­­ջին մի­­­­ջոցա­­­­ռու­­­­մը նիստ մըն էր, որ մաս կը կազ­­­­մէր Ար­­­­դի Լե­­­­զուի Ըն­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­րակ­­­­ցութեան Մի­­­­ջազ­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­յին Հա­­­­մաժո­­­­ղովին (Modern Language Association International Symposium)։

Այս տա­­­­րուան խո­­­­րագիրն էր «Վեր­­­­յի­­­­­­­­­­­­­­­շելով կոր­­­­սո­­­­­­­­­­­­­­­ւած ձայ­­­­ներ»։ Ըստ կազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կեր­­­­պիչնե­­­­րու՝ հա­­­­մաժո­­­­ղովը տե­­­­ղի ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցաւ Փոր­­­­թուկա­­­­լի մայ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­քաղա­­­­քի Կա­­­­թոլիկ Հա­­­­մալ­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­րանին մէջ։ Գլխա­­­­ւոր ար­­­­ծարծման նիւթն էր «վե­­­­րականգնե­­­­լու մարդկու­­­­թեան կոր­­­­սո­­­­­­­­­­­­­­­ւած ձայ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը»։

«Կայսրու­­­­թիւն, ազգ, սփիւռք. հա­­­­յեացք մը հայ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­կան փոր­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­ռու­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­նէն» խո­­­­րագրեալ նիս­­­­տը քննար­­­­կեց Յա­­­­կոբ եւ Վա­­­­հէ Օշա­­­­կան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն գրա­­­­կան գոր­­­­ծե­­­­­­­­­­­­­­­րը։ Հայր եւ որ­­­­դի Օշա­­­­կան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու ապ­­­­րած կեան­­­­քը միաս­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­բար կը ծա­­­­ւալի ամ­­­­բողջ քսա­­­­ներորդ դա­­­­րու տե­­­­ւողու­­­­թեամբ։ Իսկ գրա­­­­կան եւ քննա­­­­դատա­­­­կան ար­­­­տադրու­­­­թիւնը կ՚ար­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­նագ­­­­րէ սահ­­­­մաննե­­­­րը կայսրա­­­­կան, ազ­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­յին եւ սփիւռքեան նա­­­­խագի­­­­ծներուն։ Նիս­­­­տը վեր­­­­լուծեց եր­­­­կու գրող­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու հե­­­­տագիծ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը, ինչպէս նաեւ անոնց ընդմէ­­­­ջէն տա­­­­րածո­­­­ւող բարդ գրա­­­­կան կա­­­­պակ­­­­ցութիւննե­­­­րը։ Բա­­­­ցու­­­­մի իր խօս­­­­քին մէջ Մի­­­­ջիկա­­­­նի Հա­­­­մալ­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­րանի Հա­­­­յագի­­­­տական բաժ­­­­նէն Կա­­­­րէն Ճալ­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­թեան, որ ստանձնած էր նստա­­­­վարի պաշ­­­­տօ­­­­­­­­­­­­­­­նը, շեշ­­­­տեց կա­­­­տարո­­­­ւածին առանձնա­­­­յատ­­­­կութիւ­­­­նը։ «Առա­­­­ջին ան­­­­գամն է որ Ար­­­­դի Լե­­­­զուի Ըն­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­րակ­­­­ցութեան նիստ կը գու­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­րուի Յա­­­­կոբ եւ Վա­­­­հէ Օշա­­­­կան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու շուրջ», ըսաւ Ճալ­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­թեան։ Ապա շա­­­­րու­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կեց. «Յոյս ու­­­­նինք որ ան կը նպաս­­­­տէ Օշա­­­­կանեան ու­­­­սումնա­­­­սիրու­­­­թիւննե­­­­րու առաջ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­ղացու­­­­մին, բան մը որ իր հեր­­­­թին պի­­­­տի առաջ­­­­նորդէ նոր տե­­­­սան­­­­կիւններ Օս­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­նեան Կայսրու­­­­թեան մէջ Հայ-Թուրքա­­­­կան յա­­­­րաբե­­­­րու­­­­թիւննե­­­­րու, Սփիւռքի գրա­­­­կանու­­­­թեան յատ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­նիշ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու եւ կա­­­­րելիու­­­­թիւննե­­­­րու, ինչպէս նաեւ կո­­­­րուստի, վե­­­­րապ­­­­րումի եւ վեր­­­­յի­­­­­­­­­­­­­­­շու­­­­մի մտա­­­­ծողու­­­­թիւննե­­­­րու մէջ» ըսե­­­­լով։

Առա­­­­ջին զե­­­­կու­­­­ցո­­­­­­­­­­­­­­­ղը եղաւ Լոն­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­նի Քո­­­­ւին Մէ­­­­րի Հա­­­­մալ­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­րանէն Նա­­­­նոր Քէպ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­նեանը։ Ան նե­­­­րածա­­­­կան իր խօս­­­­քին մէջ անդրա­­­­դար­­­­ձաւ այն ան­­­­տե­­­­­­­­­­­­­­­սանե­­­­լիու­­­­թեանը, որուն դա­­­­տապար­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւած է սփիւռքի հա­­­­յերէն գրա­­­­կանու­­­­թիւնը ամե­­­­րիկեան հա­­­­մալ­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­րանա­­­­կան աշ­­­­խարհին մէջ։ Նման ան­­­­տե­­­­­­­­­­­­­­­սանե­­­­լիու­­­­թիւնը բնա­­­­կան երե­­­­ւոյթ է, քա­­­­նի ան դուրս է յետ-գա­­­­ղու­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­տիրա­­­­կան, յետ-օս­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­նեան, մի­­­­ջին արե­­­­ւել­­­­քի ինչպէս նաեւ ցե­­­­ղային եւ տա­­­­րածաշրջա­­­­նային ուսմանց սահ­­­­մաննե­­­­րէն։ Քէպ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­նեան ապա մեկ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­բանեց Յա­­­­կոբ Օշա­­­­կանի գրա­­­­կանու­­­­թիւնը, իբ­­­­րեւ հա­­­­մակեր­­­­պո­­­­­­­­­­­­­­­ւելու մեր­­­­ժում։

Յա­­­­ջոր­­­­դով Կա­­­­րէն Ճալ­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­թեան առա­­­­ջար­­­­կեց ըն­­­­թերցում մը Վա­­­­հէ Օշա­­­­կանի «Հրո­­­­ւան­­­­դան» անա­­­­ւարտ եւ ան­­­­տիպ պատ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կան վի­­­­պաշա­­­­րէն, նե­­­­րառեալ թէ ան ինչպէս վերստին կը գրէ Յա­­­­կոբ Օշա­­­­կանին «Մնա­­­­ցոր­­­­դաց»ը սփիւռքեան գե­­­­տին­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րէ։ Հե­­­­ղինա­­­­կը այսպէ­­­­սով կ՚ըն­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­յէ հա­­­­զուա­­­­դէպ տե­­­­սան­­­­կիւն մը հայ ժո­­­­ղովուրդի կայսրու­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­նէն ազգ եւ ազ­­­­գէ ալ սփիւռք ան­­­­ցումնե­­­­րը բնո­­­­րոշե­­­­լու առու­­­­մը։ Քա­­­­լիֆոր­­­­նիոյ Հա­­­­մալ­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­րանէն Յա­­­­կոբ Կիւ­­­­լիւճեան ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յացուց եր­­­­րորդ զե­­­­կոյ­­­­ցը ՝փոր­­­­ձարկե­­­­լով բաղ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­դական ըն­­­­թերցում մը՝ Նի­­­­կողոս Սա­­­­րաֆեանի եւ Վա­­­­հէ Օշա­­­­կանի բա­­­­նարո­­­­ւեստնե­­­­րու մի­­­­ջեւ։

Պոս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­նի Հա­­­­մալ­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­րանէն Թա­­­­լին Ոս­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­րիչեան եզ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­փակիչ ելոյ­­­­թը եղաւ խորհրդա­­­­ծելով Վա­­­­հէ Օշա­­­­կանի հա­­­­յերէն սփիւռքեան գրա­­­­կանու­­­­թիւնը։ Վեր­­­­լուծեց հե­­­­ղինա­­­­կին 1962-ին ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­յայ­­­­տած «Մեծ հօրդ գե­­­­րեզ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­նաքա­­­­րին վրայ փո­­­­քէր պի­­­­տի խա­­­­ղաս, եթէ գրող ես» խօս­­­­քը։ Այսպի­­­­սով Ոս­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­րիչեան ու­­­­շադրու­­­­թիւն դարձուց գրա­­­­կանու­­­­թեան մէջ վտան­­­­գին ըն­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­ռաջ եր­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­լու արար­­­­քին բազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­շեր­­­­տութեանը, որ կը յատ­­­­կանշէ այն ինչ որ Վա­­­­հէ Օշա­­­­կան կո­­­­չած էր «սփիւռքի զգայ­­­­նութիւն»։

Սոյն նիս­­­­տը իրա­­­­կանա­­­­ցած էր Գա­­­­լուստ Կիւլպէն­­­­կեան Հիմ­­­­նարկի օժան­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­կու­­­­թեանբ։

Յու­­­­լիս 26-ին, «Ար­­­­դի լե­­­­զուի ըն­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­րակ­­­­ցութեան» հա­­­­մաժո­­­­ղովին ան­­­­մի­­­­­­­­­­­­­­­ջական կա­­­­պակ­­­­ցութեամբ, Գա­­­­լուստ Կիւլպէն­­­­կեան Հիմ­­­­նարկը իր պա­­­­տերէն ներս ցու­­­­ցադրեց Հրայր Ան­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­հու­­­­նիի «Վա­­­­հէ Օշա­­­­կան. Միջ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­րար» փոր­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­ռարա­­­­կան վա­­­­ւերագ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­կանը։ Ան ցու­­­­ցադրո­­­­ւած է նաեւ Երեւան՝ Հա­­­­յաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նի Ամե­­­­րիկեան Հա­­­­մալ­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­րանի եւ Միր­­­­զո­­­­­­­­­­­­­­­յեան գրա­­­­դարա­­­­նի, Լոս Ան­­­­ճը­­­­­­­­­­­­­­­լէս՝ Քա­­­­լիֆոր­­­­նիոյ Հա­­­­մալա­­­­սարա­­­­նի եւ Ապ­­­­րիլ գրա­­­­տու­­­­նի, Փա­­­­րիզ՝ Արե­­­­ւելեան լե­­­­զու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու եւ քա­­­­ղաքակրթու­­­­թիւննե­­­­րու ազ­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­յին հաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­տու­­­­թեան, ինչպէս նաեւ Մոն­­­­րէալի հա­­­­մազ­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­յին մշա­­­­կու­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­յին Ըն­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­րակ­­­­ցութեան մաս­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­ճիւ­­­­ղի մէջ։

Շար­­­­ժանկա­­­­րը կը մէկ­­­­տե­­­­­­­­­­­­­­­ղէ քա­­­­ղուածքներ Վա­­­­հէ Օշա­­­­կանի բա­­­­նաս­­­­տեղծու­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­նէն Օհան­­­­նէս Սա­­­­լիպեանին կող­­­­մէ կա­­­­տարո­­­­ւած անոնց ելեկտրո­­­­նական ձայ­­­­նագրու­­­­թիւննե­­­­րը, Մարկ Նշա­­­­նեանէն, Գրի­­­­գոր Պըլ­­­­տեանէն, Գրի­­­­գոր Շա­­­­հինեանէն, մին­­­­չեւ իսկ ին­­­­քը Օշա­­­­կանէն վեր­­­­լուծու­­­­թիւններ։ Ար­­­­դիւնքը գրա­­­­ւիչ եւ տե­­­­ղեկա­­­­տուա­­­­կան գործ է՝ հա­­­­րուստ հա­­­­մադ­­­­րութիւն լե­­­­զուի, պատ­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­րի, ձայ­­­­նի, քննո­­­­ղական ակ­­­­նարկի եւ կեն­­­­սագրա­­­­կան պա­­­­տու­­­­մի։ «Այստեղ եւս ու­­­­նինք քա­­­­նի մը նշա­­­­նակա­­­­լի որակ­­­­ներ» նկա­­­­տեց Ոս­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­րիչեանը, որ շար­­­­ժանկա­­­­րին՝ նե­­­­րառեալ բա­­­­նաս­­­­տեղծա­­­­կան կտոր­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն թարգմա­­­­նիչն է։ «Գոր­­­­ծը ամ­­­­բողջու­­­­թեամբ արեւմտա­­­­հայե­­­­րէն է, ար­­­­դի հայ գրո­­­­ղի մը մա­­­­սին, որ գրած է հա­­­­յերէն։ Ասի­­­­կա հա­­­­զուա­­­­դէպ երե­­­­ւոյթ է սփիւռքի մշա­­­­կոյ­­­­թին մէջ։ Ալ աւե­­­­լի հա­­­­զուա­­­­դէպ է այն բա­­­­նը, որ ան փոր­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­ռարա­­­­կան վա­­­­ւերագ­­­­րութիւն է պատ­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­րով եւ ձայ­­­­նով, որուն տու­­­­նը, արեւմտա­­­­հայե­­­­րէն է»։

Հե­­­­տեւեց հարց ու պա­­­­տաս­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­նի բա­­­­ժին մը, որ վա­­­­րեց Յա­­­­կոբ Կիւ­­­­լիւճեանը։

Մտա­­­­ւորա­­­­կան եւ թարգմա­­­­նիչ Մարկ Նշա­­­­նեան, որ եր­­­­կար անդրա­­­­դար­­­­ձած է Յա­­­­կոբ եւ Վա­­­­հէ Օշա­­­­կան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու գոր­­­­ծե­­­­­­­­­­­­­­­րուն, պա­­­­տուեց ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­ները եզ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­փակիչ ակ­­­­նարկով։ Նա­­­­խորդ օրո­­­­ւան հա­­­­մաժո­­­­ղովի նիս­­­­տին վե­­­­րաբե­­­­րեալ ան ըսաւ. «Այդ նիս­­­­տը իր տե­­­­սակին մէջ առա­­­­ջինն է, որ ամ­­­­բողջա­­­­պէս նո­­­­ւիրո­­­­ւած է գրող­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու, որոնք կը գրէին հա­­­­յերէն, առանց իսկ յի­­­­շատա­­­­կելու թէ հայր եւ որ­­­­դի են։ Կա­­­­րելիու­­­­թիւնը կայ հոս հայ գրա­­­­կանութեան որոշ տար­­­­րեր բա­­­­նալու մի­­­­ջազ­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­յին շրջա­­­­նակի մը ու խօ­­­­սակ­­­­ցութիւն մը սկսե­­­­լու աշ­­­­խարհին հետ»։ Նշա­­­­նեան աս­­­­կէ զատ նշեց որ ցրո­­­­ւածու­­­­թիւնը, որ կը դրոշ­­­­մէ սփիւռքեան փոր­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­ռու­­­­թիւնը, մէկ կող­­­­մէ կը թե­­­­լադ­­­­րէ սերնդէ սե­­­­րունդ, հօր­­­­մէ որ­­­­դի, փո­­­­խան­­­­ցումի ան­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­րելիու­­­­թիւնը։ Միւս կող­­­­մէ, Օշա­­­­կան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու պա­­­­րագա­­­­յին գործ ու­­­­նինք բարդ իրա­­­­վիճա­­­­կի մը հետ, որ կ՚ար­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­նագ­­­­րէ սփիւռքի մէջ մշա­­­­կու­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­յին փո­­­­խանցման մար­­­­տահրա­­­­ւէր­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը։ Քէպ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­նեան որ­­­­պէս հա­­­­կազ­­­­դե­­­­­­­­­­­­­­­ցու­­­­թիւն ու­­­­շադրու­­­­թեան հրա­­­­ւիրեց հա­­­­կառակ երե­­­­ւոյ­­­­թի մը վրայ. փո­­­­խան­­­­ցումի չա­­­­փազան­­­­ցո­­­­­­­­­­­­­­­ւած ակնկա­­­­լիքը սփիւռքա­­­­հայե­­­­րուն մօտ։ Եւ Քէպ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­նեան եւ Նշա­­­­նեան հա­­­­մամիտ էին որ հայ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­կան սփիւռքի փոր­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­ռու­­­­թիւնը միջ­­­­սերնդա­­­­կան մշա­­­­կու­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­յին փո­­­­խան­­­­ցումի դժո­­­­ւարու­­­­թեան կնի­­­­քը կը կրեն։

«Վա­­­­հէ Օշա­­­­կան. Միջ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­րար»ը ի սկզբա­­­­նէ պա­­­­տուի­­­­րուած է «Հա­­­­մազ­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­յին Մշա­­­­կու­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­յին Միու­­­­թեան» արեւմտեան տա­­­­րածաշրջա­­­­նի կող­­­­մէ եւ աւար­­­­տին հաս­­­­ցո­­­­­­­­­­­­­­­ւած է 2016-ին Գա­­­­լուստ Կիւլպէնկեան Հիմ­­­­նարկէ ստա­­­­ցուած առա­­­­տաձեռն օժան­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­կու­­­­թեան շնոր­­­­հիւ։