Տօն Աստուածածնայ, խաղողօրհնէքի եւ հարիսայի

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Հայ քրիստոնէական եկե­­ղեցա­­կան տո­­մարի հա­­մաձայն այս տա­­րուայ Օգոս­­տոս ամ­­սու 18-րդ օրը նշա­­նակուած էր Սուրբ Կոյս Մա­­րիամի պայ­­ծա­­­ռակերպման տօ­­նը նշե­­լու հա­­մար։ Ար­­դա­­­րեւ աշ­­խարհաս­­փիւռ հայ եկե­­ղեցի­­ներ մեծ ոգե­­ւորու­­թեամբ ող­­ջունե­­ցին տօ­­նը, միաժա­­մանակ օրհնե­­լով խա­­ղողի բեր­­քը։

Հա­­յաս­­տան աշ­­խարհ խա­­ղողի մշակ­­ման հնա­­գոյն վայրն է երկրա­­գունդի վրայ։ Արե­­նի գիւ­­ղի մէջ յայտնա­­բերո­­ւած հնա­­գիտա­­կան նմոյշներ փաս­­տա­­­ցիօրէն հաս­­տա­­­տեցին այս իրո­­ղու­­թիւնը։

Թէեւ հե­­թանո­­սական շրջա­­նի բո­­լոր տօ­­նական նշա­­նակու­­թիւն ու­­նե­­­ցող օրե­­րը յետքրիս­­տո­­­նէական շրջա­­նին ձե­­ւով մը պատ­­շա­­­ճեցո­­ւած են նոր կրօն­­քի այս կամ այն խոր­­հուրդին հետ։ Եւ սա ոչ միայն մեզ՝ հա­­յերուս, այլ աշ­­խարհի բո­­լոր ժո­­ղովուրդնե­­րուն յա­­տուկ երե­­ւոյթ է։ Բայց այդ բո­­լորին մէջ կար­­ծես թէ նման պատ­­շա­­­ճեց­­ման լա­­ւագոյն օրի­­նակը կը կազ­­մէ Աս­­տո­­­ւածած­­նի պայ­­ծա­­­ռակեր­­պութիւ­­նը եւ խա­­ղողօրհնէ­­քը։ Նման պատ­­շա­­­ճեց­­ման գոր­­ծօննե­­րէն մէկն ալ այդ նոյն թո­ւակա­­նին Մա­­րիամ, Սրբու­­հի, Տի­­րու­­հի, Մա­­րի, Երա­­նու­­հի, Իս­­կուհի, Թա­­գու­­հի, Մաք­­րուհի, Բերկրու­­հի եւ այլ իգա­­կան անուննե­­րու տօ­­նախմբու­­թիւնն է։ Հոգ չէ թէ մե­­րօրեայ հա­­սարա­­կու­­թեան մէջ այդ անուննե­­րը առ­­հա­­­սարակ մեր­­ժո­­­ւած կամ ան­­տե­­­սուած ըլ­­լան, օրո­­ւայ խոր­­հուրդը կը մնայ ան­­փո­­­փոխ։

Ժո­­ղովրդա­­կան աւան­­դոյթնե­­րը եւ սո­­վորու­­թիւննե­­րը կու գան այս բո­­լորին վրայ յա­­ւելե­­լու նոր նշա­­նակու­­թիւններ։ Ար­­դա­­­րեւ Մու­­սա Լե­­րան լան­­ջին գո­­յատե­­ւող Թուրքիոյ միակ հայ­­կա­­­կան գիւ­­ղի՝ Վա­­քըֆ­­լը­­­գիւ­­ղի մէջ Աս­­տո­­­ւածա­­ծինը բա­­ցի գիւ­­ղի եկե­­ղեց­­ւոյ անո­­ւան տօ­­նախմբու­­թե­­­նէ, կը նշո­­ւի նաեւ որ­­պէս «Հա­­րիսա­­յի տօն»։

Ան եւս ու­­նի իր յա­­տուկ աւան­­դութիւ­­նը։ Յատ­­կա­­­պէս քա­­ռաս­­նօ­­­րեայ հե­­րոսա­­կան դի­­մադ­­րութե­­նէ ետք, երբ Մու­­սա լեռ­­ցիկ յա­­ջողե­­ցան վե­­րադառ­­նալ իրենց հայ­­րե­­­նի գիւ­­ղե­­­րը, լե­­րան բար­­ձունքին, թէժ կռիւ­­նե­­­րու բռնկած վայ­­րի վրայ կա­­ռու­­ցե­­­ցին նոր եկե­­ղեցի մը, իրենց փրկա­­րար նա­­ւու կեր­­պա­­­րով։ Ապա սո­­վորու­­թիւն դար­­ձուցին Սուրբ Խա­­չի տա­­ղաւա­­րին ուխտագ­­նա­­­ցու­­թեան եր­­թալ դէ­­պի այդ տա­­ճարը, մա­­տաղ­­ներ զո­­հել եւ ապա մա­­տաղ­­ցունե­­րու մի­­սով մին­­չեւ լու­­սա­­­ծագ հա­­րիսա պատ­­րաստել։

Յա­­ւարտ Սուրբ պա­­տարա­­գի, հա­­րիսան կը մա­­տու­­ցո­­­ւէր բո­­լոր գիւ­­ղա­­­ցինե­­րուն, որ­­մէ ետք ժո­­ղովուրդը կը բռնէր Մու­­սա Լե­­րան եօթը գիւ­­ղե­­­րուն ճա­­նապար­­հը։

1939-էն ետք, երբ եօթը գիւ­­ղե­­­րէն վե­­ցի բնա­­կիչ­­նե­­­րը վախ­­նա­­­լով թրքա­­կան վրէժխնդրու­­թե­­­նէն, լքե­­ցին իրենց պա­­պենա­­կան հո­­ղերը եւ գաղ­­թե­­­ցին Քե­­սապ ու Այնճար, ուխտագ­­նա­­­ցու­­թիւնն ալ սահ­­մա­­­նուե­­ցաւ Վա­­քըֆ­­լը­­­գիւ­­ղի եկե­­ղեց­­ւով։

Իսկ ան­­տէր մնա­­ցած լե­­րան եկե­­ղեցին 1980-ի զի­­նուո­­րական հա­­րուա­­ծի տա­­րինե­­րուն ռմբա­­կոծո­­ւեցաւ բա­­նակին ձեռ­­քով։

Հա­­րիսա­­յի աւան­­դութիւ­­նը մին­­չեւ օրս կը շա­­րու­­նա­­­կուի Վա­­քըֆ­­լը­­­գիւ­­ղի, Քե­­սապի, Այնճա­­րի եւ Երե­­ւանի մեր­­ձա­­­կայ Մու­­սա Լեռ գիւ­­ղի բար­­ձունքին։ Մնաց որ աւան­­դութիւ­­նը ու­­նի վա­­րակիչ յատ­­կութիւն։ Վեր­­ջին տա­­րինե­­րուն Պո­­յաճը­­գիւ­­ղի Սուրբ Երից Ման­­կանց եկե­­ղեց­­ւոյ Սա­­յաթ Նո­­վա երգչա­­խումբն ալ ներշնչուելով Մո­­սա Լե­­րան բա­­րի աւան­­դոյթէն, կը սի­­րէ պա­­տարա­­գի աւար­­տին խա­­ղողի ող­­կոյզնե­­րու կող­­քին հա­­րիսա մա­­տու­­ցել ներ­­կայ ժո­­ղովուրդին։ Այսպէս պա­­տարա­­գիչ քա­­հանան խա­­ղող­­նե­­­րու կող­­քին օրհնեց նաեւ հա­­րիսա­­յի կաթ­­սան։

Հա­­րիսա­­յով կամ առանց հա­­րիսա­­յի, բայց ան­­պայման խա­­ղողով, խա­­ղողօրհնէ­­քով աւար­­տե­­­ցաւ այս տա­­րուայ Սուրբ Աս­­տո­­­ւածած­­նի վե­­րափոխ­­ման տօ­­նը, բո­­լորին շրթնե­­րէն ար­­տա­­­սանո­­ւելով նոյն բա­­րի մաղ­­թանքը՝ «Աս­­տո­­­ւած գալ տա­­րուան արժանի ընէ»։