Կը նորոգուի «հրամանատարի եկեղեցին»

ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԷՔԻՆ

uygargultekin@agos.com.tr

 

Սվասի հինգերրորդ Ուսման Զի­­­նանո­­­ցի սահ­­­մաննե­­­րուն մէջ գտնո­­­ւող հայ­­­կա­­­­­­­կան եկե­­­ղեցին շու­­­տով կը նո­­­րոգո­­­ւի։ Եր­­­կար ժա­­­մանա­­­կէ ի վեր այս մա­­­սին աշ­­­խա­­­­­­­տանքներ կը տա­­­րուէր։ 20 Օգոս­­­տո­­­­­­­սին Սվա­­­սի կու­­­սա­­­­­­­կալ Սա­­­լիհ Այ­­­հան եւ զի­­­նանո­­­ցի հրա­­­մանա­­­տար Էր­­­թուղրուլ Էր­­­պա­­­­­­­քան այ­­­ցե­­­­­­­լեցին եկե­­­ղեցին։ Կու­­­սա­­­­­­­կալը այստեղ յայտնեց թէ եկե­­­ղեց­­­ւոյ սե­­­փակա­­­նու­­­թիւնը փո­­­խան­­­ցո­­­­­­­ւած է քա­­­ղաքի վար­­­չութեան եւ սկսած է վե­­­րանո­­­րոգ­­­ման ծրագ­­­րի մշա­­­կու­­­մը։ Ար­­­դէն նա­­­խագիծ մը պատ­­­րաստո­­­ւած ու վա­­­ւերա­­­ցուած էր յու­­­շարձան­­­նե­­­­­­­րու պահ­­­պանման խոր­­­հուրդի կող­­­մէ։ Եկե­­­ղեցին զի­­­նանո­­­ցի տա­­­րած­­­քին գտնո­­­ւելով եր­­­կար տա­­­րիներ շա­­­հագործուած էր բա­­­նակի կող­­­մէ։ Սե­­­փակա­­­նու­­­թիւնն ալ կը պատ­­­կա­­­­­­­նէր Պաշտպա­­­նու­­­թեան Նա­­­խարա­­­րու­­­թեան։ Սե­­­բաս­­­տիոյ Հա­­­յոց Հայ­­­րե­­­­­­­նակ­­­ցա­­­­­­­կան Միու­­­թիւնը եր­­­կար ժա­­­մանա­­­կէ ի վեր բա­­­նակ­­­ցութիւններ կը վա­­­րէր այս ուղղու­­­թեամբ։ Կ՚ակնկա­­­լուի թէ վե­­­րանո­­­րոգ­­­ման աշ­­­խա­­­­­­­տու­­­թիւննե­­­րէ ետք տա­­­ճարը օգ­­­տա­­­­­­­գոր­­­ծո­­­­­­­ւի որ­­­պէս թան­­­գա­­­­­­­րան եւ միայն յա­­­տուկ օրե­­­րուն պաշ­­­տա­­­­­­­մունք կա­­­տարո­­­ւի անոր մէջ։

Դիւ­­­րի­­­­­­­մացու­­­թիւն մըն էր եկե­­­ղեց­­­ւոյ անո­­­ւանու­­­մը։ Եր­­­կար ժա­­­մանակ անոր կը վե­­­րագ­­­րո­­­­­­­ւէր Սուրբ Գէորգ անու­­­նը։ Սա­­­կայն Հրանդ Տինք հիմ­­­նարկի մշա­­­կու­­­թա­­­­­­­յին ժա­­­ռան­­­գի հե­­­տազօ­­­տու­­­թիւննե­­­րու ըն­­­թացքին պար­­­զո­­­­­­­ւեցաւ որ ան կը կո­­­չուի Սուրբ Սար­­­գիս։ Հիմ­­­նարկի ու­­­սումնա­­­սիրու­­­թեան մէջ եկե­­­ղեց­­­ւոյ անո­­­ւան շուրջ տա­­­րակար­­­ծութիւննե­­­րը կը մեկ­­­նա­­­­­­­բանո­­­ւին հե­­­տեւեալ կեր­­­պով։ «Բազ­­­մա­­­­­­­թիւ հայ­­­կա­­­­­­­կան աղ­­­բիւրներ, նե­­­րառեալ Փոլ Փա­­­փու­­­ճեան եւ Ռայ­­­մոն Գէոր­­­գեանի նման կա­­­րեւոր աղ­­­բիւրներ հիմ­­­նո­­­­­­­ւելով Առա­­­քել Պատ­­­րի­­­­­­­կի աշ­­­խա­­­­­­­տասի­­­րու­­­թեան, ան կը կո­­­չեն Սուրբ Աս­­­տո­­­­­­­ւածա­­­ծին։ Աղեք­­­սանտրեան 1911-ին հրա­­­տարա­­­կուած գիր­­­քին մէջ կը նշէ թէ, Թաւ­­­րա­­­­­­­յի մէջ կայ Սուրբ Աս­­­տո­­­­­­­ւածա­­­ծին եկե­­­ղեցին եւ ժայ­­­ռա­­­­­­­փոր Սուրբ Սար­­­գի­­­­­­­սը։ Նա­­­թանեան ալ 1877 թո­­­ւակիր գիր­­­քին մէջ կը նշէ թէ Թաւ­­­րա­­­­­­­յի հա­­­յու­­­թիւնը 100 ըն­­­տա­­­­­­­նիքէ կը բաղ­­­կա­­­­­­­նար եկե­­­ղեցւոյ յա­­­տակա­­­գիծը սրբա­­­զան քա­­­րայ­­­րի մը վրայ կա­­­ռու­­­ցո­­­­­­­ւած է։ Եկե­­­ղեց­­­ւոյ վե­­­րագ­­­րո­­­­­­­ւած անուննե­­­րէն մէկն ալ Սուրբ Գէորգն է եւ այս սխալ անո­­­ւանումն ալ կու գայ Սե­­­բաս­­­տիոյ կեդ­­­րո­­­­­­­նին գտնո­­­ւող յու­­­նա­­­­­­­կան Այ­­­յոս Եոր­­­կոս եկե­­­ղեց­­­ւոյ հետ շփո­­­թելէ։ Նոյն աղ­­­բիւրը կ՚ընդգծէ թէ Թաւ­­­րա­­­­­­­յի Սուրբ Սար­­­գի­­­­­­­սը Սե­­­բաս­­­տիոյ մէջ կան­­­գուն մնա­­­ցած բազ­­­մա­­­­­­­թիւ եկե­­­ղեցի­­­ներէն միայն մէկն է։ Ան շատ մօտ է հա­­­յոց գե­­­րեզ­­­մա­­­­­­­նատան եւ ժո­­­ղովուրդի մօտ «Հույքէ­­­սէն» անու­­­նով ծա­­­նօթ Խնդրա­­­կատար Սուրբ Աս­­­տո­­­­­­­ւածա­­­ծին վան­­­քին։ Վեր­­­ջերս Սե­­­բաս­­­տիոյ Հա­­­յոց Հայ­­­րե­­­­­­­նակ­­­ցա­­­­­­­կան Միու­­­թիւնը դէ­­­պի բնօր­­­րան կա­­­տարած ուխտագ­­­նա­­­­­­­ցու­­­թիւննե­­­րուն ընդմիշտ կ՚այ­­­ցե­­­­­­­լէ եկե­­­ղեցին եւ մօ­­­տակայ գե­­­րեզ­­­մա­­­­­­­նը։ Նաեւ Վար­­­դա­­­­­­­վառեան խրախ­­­ճանք եւ դաշ­­­տապտոյտ կը կա­­­տարէ Խնդրա­­­կատար վան­­­քի աւե­­­րակ­­­նե­­­­­­­րուն մօտ։