Անտեսանելի կապը աշխարհացրիւ հայոց միջեւ


ՃԷՐԸՏ ՏՈՎՆԻՆԿ*

 

Եանկոն քաղաքի հնագոյն քրիստոնեայ աղօթատեղիներէն մէկն է հա­­յոց Սուրբ Յով­­հաննէս Մկրտիչ եկե­­ղեցին։ Պա­­տարա­­գի մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րը հա­­զիւ ձեռ­­քի մը մատ­­նե­­­րու չափ են։ Եր­­րորդ կար­­գին երի­­տասարդ գաղ­­թա­­­կան մը կը տես­­նեմ, որ գլու­­խը կախ կ՚աղօ­­թէ։ Առ­­ջե­­­ւի կար­­գին փոք­­րիկ աղ­­ջիկ մը կայ, որ կը դժո­­ւարա­­նայ հան­­դարտ մնալ։ Կող­­քին գլու­­խը ժա­­նեակէ քօ­­ղով մը ծած­­կած, ձեռ­­քին աղօ­­թագիր­­քով մայ­­րը կանգնած է։ Իրա­­կանու­­թեան մէջ ան դպի­­րի պար­­տա­­­կանու­­թիւն կը կա­­տարէ, առան­­ձին եր­­գե­­­լով երգչա­­խումբի հա­­մար պատ­­րաստո­­ւած շա­­րական­­նե­­­րը։ Խո­­րանին վրայ քա­­հանան եւ կող­­քին ալ սար­­կա­­­ւագը։ Մե­­նակա­­տար մօր զու­­լալ ձայ­­նը կ՚ար­­ձա­­­գան­­գէ եկե­­ղեց­­ւոյ կա­­մար­­նե­­­րուն տակ ու կը մա­­րի փրկչի ու սուրբե­­րու փո­­շիածածկ սրբան­­կարնե­­րուն վրայ։

Ապա քա­­ղաքի կեդ­­րո­­­նին Պօ Օնկ Քիաու պո­­ղոտա­­յի վրայ 150 տա­­րիէ ի վեր գոր­­ծող եկե­­ղեց­­ւոյ արա­­րողութեան մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րու հետ ապաս­­տա­­­նած ենք վրա­­նի մը տակ, ու կը սպա­­սենք տե­­ղատա­­րափի դադ­­րի­­­լը։ Կ՚ըսեն թէ այ­­ցե­­­լու­­թիւնս հան­­դի­­­պած է ար­­տա­­­կարգ օրի մը։ Իրա­­կանու­­թեան մէջ Կոլ­­կա­­­թայի հայ եկե­­ղեցին եր­­կու շա­­բաթը ան­­գամ մը կի­­րակ­­նօ­­­րեայ պա­­տարա­­գի հա­­մար քա­­հանայ կը ղրկէ։ Այս շա­­բաթ կա­­րելի չէ եղած Կի­­րակին, այդ իսկ պատ­­ճա­­­ռաւ ալ արա­­րողու­­թիւնը կա­­յացած է Շա­­բաթ օր։

Գե­­ղաձայն դպրու­­հին Ռա­­քէլ Մի­­նաս կ՚ըսէ թէ սո­­վորա­­բար քիչ մը աւե­­լի բազ­­մանդամ կ՚ըլ­­լան։ «Բայց եր­­բեք 10 հո­­գիէն աւե­­լի չենք ըլ­­լար։ Ան­­շուշտ Ս. Զատ­­կի նման յա­­տուկ օրե­­րը բա­­ցառու­­թիւն է»։ Նաեւ կը լսենք թէ քա­­հանա­­յին սպա­­սար­­կող սար­­կա­­­ւագն ալ Միան­­մար ծնած ռուս գաղ­­թա­­­կան մըն է, իսկ քա­­հանան Հա­­յաս­­տան ծնած։

Արա­­րողու­­թեան մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րը հինգ հո­­գի էին, որոնք կու գա­­յին երեք տար­­բեր եր­­կիրնե­­րէ։ Եան­­կո­­­նի փոք­­րա­­­թիւ հայ հա­­մայնքի ան­­դամնե­­րը, եթէ նոյնիսկ չմաս­­նակցին բո­­լոր արա­­րողու­­թիւննե­­րուն, իրա­­րու հետ կա­­պուած են հա­­սարա­­կաց ինքնու­­թիւնով մը։

Հայր Արծրուն Մի­­քայէ­­լեան ըն­­տա­­­նիքի մը կը նմանցնէ այս հա­­մայնքը։ «Գի­­տեմ թէ դի­­մացինս հայ է, կող­­քինս հայ եւ ես նոյնպէս»։

Ան­­ցեալին մե­­ծամաս­­նութեամբ վա­­ճառա­­կան­­նե­­­րէ եւ դի­­ւանա­­գէտ­­նե­­­րէ բաղ­­կա­­­ցող հայ հա­­մայնքը հետզհե­­տէ նոստրա­­նալով հա­­սած է հա­­րիւր հո­­գիի։ Սա­­կայն այս փոք­­րա­­­թիւ հա­­մայնքի ան­­դամնե­­րը նոյ­­նիսկ սահ­­մա­­­նուած ըլ­­լայ եկե­­ղեցա­­կան ծի­­սակա­­տարու­­թեամբ, կը շա­­րու­­նա­­­կեն հա­­յերէն սեր­­տել։ Ուղղա­­փառաց Ս. Ծնունդը տօ­­նելու կող­­քին կը նշեն նաեւ Պուրմա­­յի աւան­­դա­­­կան տա­­րեմու­­տը «Թին­­կեան»ը։ Կը պա­­հեն հայ­­կա­­­կան աւան­­դութիւննե­­րը, նոյ­­նիսկ անոնցմէ շա­­տեր հե­­տեւին պուտտա­­յական վար­­դա­­­պետու­­թեան, կը խնա­­մեն իրենց եկե­­ղեցին։

Այ­­սօ­­­րուայ հայ­­կա­­­կան սփիւռքը մե­­ծաւ մա­­սամբ ձե­­ւաւո­­րուած է ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թե­­­նէ մա­­զապուրծ փրկո­­ւած­­նե­­­րու ապաս­­տա­­­նած գաղ­­թօ­­­ճախ­­նե­­­րով։ Իսկ Միան­­մա­­­րի հայ հա­­մայնքը այժմու Պարսկաս­­տա­­­նի կեդ­­րո­­­նական հա­­տուա­­ծէն դէ­­պի Հա­­րաւա­­րեւե­­լեան Ասիա մե­­տաք­­սի առեւ­­տուրի պատ­­ճա­­­ռաւ ԺԷ. դա­­րուն եկող­­նե­­­րէն կը բաղ­­կա­­­նայ։

Հա­­յերը բա­­ցի աշ­­խա­­­տասէր ըլ­­լա­­­լէ, օտար լե­­զու­­նե­­­րու նկատ­­մամբ ու­­նա­­­կու­­թիւնով եւ իրենց դի­­ւանա­­գիտա­­կան կե­­ցուած­­քով նախ Աւա­­յի եւ ապա Ման­­տա­­­լայի ար­­քունի ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րուն ծա­­ռայե­­ցին իբ­­րեւ խորհրդա­­տու։ Աւե­­լի ետք անգլիական գա­­ղու­­թա­­­տիրա­­կան կա­­ռավա­­րու­­թեան հաշ­­ւոյն թարգմա­­նիչ եւ գրա­­գիր ըլ­­լա­­­լով աշ­­խա­­­տեցան։ Արե­­ւելեան Հնդկաս­­տա­­­նի ըն­­կե­­­րու­­թեան մէջ բարձրաս­­տի­­­ճան բաժ­­նե­­­տէրեր եղան։ Անգլիական BBC գոր­­ծա­­­կալու­­թեան բնակ­­չութեան տո­­ւեալ­­նե­­­րուն հա­­մաձայն Հնդկաս­­տան, Պուրմա եւ Ին­­տո­­­նեզիոյ հա­­յերու թի­­ւը ամե­­նաշատ հա­­սած է 1300-ի։

Ռա­­քէլ քաջ կը գի­­տակ­­ցի այս հա­­սարա­­կու­­թեան հա­­րուստ ան­­ցեալին։ Ան տա­­կաւին ու­­սա­­­նողա­­կան տա­­րինե­­րուն իր ըն­­կերնե­­րուն կը պատ­­մէ Սար­­գիս եղ­­բայրնե­­րու պատ­­կա­­­նող Սթրանտ հիւ­­րա­­­նոցի կամ Պաղ­­տա­­­սարի եւ որ­­դի­­­ներուն կող­­մէ կա­­ռու­­ցո­­­ւած Պաղ­­տա­­­սարի շէն­­քի մա­­սին։ Ռա­­քէլ տա­­կաւին կը պատ­­մէ Պիր­­մա­­­նիոյ մէջ ապ­­րած դժո­­ւարու­­թիւննե­­րը։ «Մեր կրօն­­քը տար­­բեր էր։ Տղա­­քը կը դժո­­ւարա­­նային հա­­յը բնու­­թագրե­­լու։ Մեզ օտար­­ներ ըլ­­լա­­­լով կը տես­­նէին եւ մերթ կը շփո­­թէին հնդիկ­­նե­­­րու, մերթ ալ մահ­­մե­­­տական­­նե­­­րու հետ»։

Ռա­­քէլ ինքզինք օտար չի տես­­ներ։ Հա­­կառակ որ կը խօ­­սի պիր­­մա­­­ներէն, կը նմա­­նի միան­­մարցի­­ներուն, բայց ամ­­բողջո­­վին միան­­մարցի չի զգար եր­­բեք։

Երկրոր­­դա­­­կան կար­­գէն զար­­մի­­­կը Շար­­ման Մի­­նուս Քա­­նատա ծնած ու մեծ­­ցած է։ Իսկ Շար­­մա­­­նի հայ­­րը անգլիական գա­­ղու­­թա­­­տիրու­­թեան շրջա­­նին Ռան­­կունի, այ­­սօ­­­րուայ Եան­­կո­­­նի մէջ մեծ­­ցած է։ Շար­­ման հա­­զիւ հօ­­րը հի­­ւան­­դութե­­նէն ետք սկսած է իր ան­­ցեալը պրպտել։ Յայտնա­­բերումնե­­րը մեծ զար­­մանք պատ­­ճա­­­ռած են իրեն։

1853-1878-ի մի­­ջեւ թա­­գաւո­­րած Ար­­գայ Մին­­տո­­­նի շրջա­­նին մաք­­սա­­­տան գան­­ձիչն էր Մկրտիչ Ժ. Մի­­նէս (իրա­­կանու­­թեան մէջ Մի­­նու­­սի այ­­լա­­­կեր­­պո­­­ւած ձեւն է)։ Իր թէ ժո­­ղովրդա­­կան եւ թէ ար­­քա­­­յական պիր­­մա­­­ներէ­­նի տի­­րապե­­տելու ու­­նա­­­կու­­թիւնը տես­­նե­­­լով ար­­քայ Մին­­տոն զինք օտար­­նե­­­րու նա­­խարար կը նշա­­նակէ։ Շար­­ման Մկրտիչ անոր լու­­սանկա­­րը տես­­նե­­­լով կ՚անդրա­­դառ­­նայ զար­­մա­­­նալի նմա­­նու­­թեան եւ կը գո­­չէ. «Այս իմ հայրն է»։

Շար­­ման Մկրտիչ 2014-ին վեր­­ջա­­­պէս կ՚այ­­ցե­­­լէ Եան­­կոն։ Քայլ առ քայլ կը շրջի քա­­ղաքի փո­­ղոց­­նե­­­րու վրայ, իր նախ­­նեաց հետ­­քե­­­րը յայտնա­­բերե­­լու հա­­մար։ Կ՚այ­­ցե­­­լէ նաեւ քա­­ղաքի կեդ­­րո­­­նի Ս. Մկրտիչ Յով­­հաննէս եկե­­ղեցին։ Ցա­­ւով ակա­­նատես կ՚ըլ­­լայ եկե­­ղեց­­ւոյ անխնամ վի­­ճակին։ Մա­­նաւանդ ալ կը տխրի տես­­նե­­­լով թէ հնդիկ Ճոն Ֆե­­լիքս, առանց իսկ քա­­հանա­­յի ձեռ­­նադրու­­թեան քա­­հանա­­յի պէս կը վա­­րուի եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ։ Տեղ­­ւոյն հա­­յերը հա­­մոզո­­ւած էին թէ Ճոն ֆե­­լիքս կ՚աշ­­խա­­­տի եկե­­ղեցա­­պատ­­կան տա­­րածքնե­­րը իւ­­րացնե­­լու։ Այսպէս Շար­­ման եւ Ռա­­քէլ միւս հա­­յերու հետ միասին ար­­շաւ մը կը ձեռ­­նարկեն Ֆե­­լիք­­սը հե­­ռաց­­նե­­­լու հա­­մար։ Այդ պայ­­քա­­­րէն ետք եկե­­ղեց­­ւոյ կա­­պը կ՚ամ­­րապնդո­­ւի Մայր Աթո­­ռի հետ։ Այս զար­­գա­­­ցումնե­­րու իբր հե­­տեւանք Ամե­­նայն Հա­­յոց Վե­­հափառ Կա­­թողի­­կոս Գա­­րեգին Բ. կ՚այ­­ցե­­­լէ եկե­­ղեցին։ Կա­­թողի­­կոսը այստեղ տես­­նե­­­լով ժո­­ղովուրդին ոգե­­ւորու­­թիւնը կ՚ըսէ թէ հոս եկած են ոչ թէ միայն եկե­­ղեցիին պահ­­պա­­­նուած ըլ­­լա­­­լը տես­­նե­­­լու այլ եկած ենք հայ ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րու աւան­­դութիւ­­նը վե­­րահաս­­տա­­­տելու նպա­­տակաւ։ Պար­­տա­­­ւոր են այս ժա­­ռան­­գը ամ­­րացնե­­լու։ Ար­­դա­­­րեւ այս այ­­ցե­­­լու­­թե­­­նէն ան­­մի­­­ջապէս ետք կա­­տարուող մկրտութիւններն ալ կ՚ար­­դա­­­րաց­­նեն Կա­­թողի­­կոսը պատ­­գա­­­մը։

Եկե­­ղեցին որ­­քան ալ փոք­­րա­­­թիւ հա­­մայնք մը ու­­նե­­­նայ, հայ­­կա­­­կան ժա­­ռան­­գի պահ­­պա­­­նուած ամ­­րոց մըն է։ Ան նաեւ ժա­­մադ­­րա­­­վայր մըն է Միան­­մար կամ այ­­լուր ծնած բո­­լոր հա­­յերու հա­­մար։ Վա­­տիմ Զա­­քարեան կ՚ըսէ թէ. «Երբ հոս եկայ եկե­­ղեցիի հա­­րեւա­­նու­­թեամբ հիւ­­րա­­­նոց մը իջե­­ւանած էի։ Երբ փո­­ղոցով կ՚անցնէի, զար­­մա­­­նալով նկա­­տեցի –Եան­­կո­­­նի հա­­յոց եկե­­ղեցի- ցու­­ցա­­­տախ­­տա­­­կը։ Ու­­րա­­­խացայ տես­­նե­­­լով թէ Եան­­կո­­­նի մէջ հա­­յեր կան»։

Էօզ­­պէ­­­քիս­­տան ծնած ու Ռու­­սաստան մեծ­­ցած Ռա­­քէլի նման Վա­­տիմն ալ ինքզինք միշտ հայ զգա­­ցած էր։ Նոյ­­նիսկ նոյն լե­­զուով չխօ­­սին, կը զգայ թէ ամուր կապ մը կայ իր եւ Միան­­մա­­­րի հա­­յոց մի­­ջեւ։ Այս է որ անոնք կը հա­­ւատան թէ հայ ժո­­ղովուրդի ար­­ժէ­­­քը եկե­­ղեցի­­ներու փար­­թա­­­մու­­թեամբ, հա­­յոց կա­­ռու­­ցած շէն­­քե­­­րու մե­­ծու­­թեամբ կամ հայ ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րու թի­­ւով չի ճշդո­­ւիր։ «Կա­­րեւո­­րը ուր որ ալ ըլ­­լան, Եան­­կոն թէ Ռու­­սաստան, Քա­­նատա թէ հայ­­րե­­­նիք, հա­­յերը իրար կա­­պող ան­­տե­­­սանե­­լի կապն է կա­­րեւոր եղա­­ծը»։

 

*Քա­­ղուած է հա­­մացան­­ցա­­­յին «Ֆրոն­­թիէր Միան­­մար» պար­­բե­­­րակա­­նի 27 Յու­­լիս 2019-ի հա­­մարէն։